ՀԱՄԱՎԱՐԱԿԻ ԱՅՍ ՊԱՐՏԱԴՐԱՆՔԻՆ ՏԱԿ

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Ձեզմէ աղէկ չըլլայ, պոլսահայ բարեկամ մը ունէի, որ նաեւ տերվիշ էր՝ այս բառին ազնիւ իմաստով, այսինքն՝ մօտաւորապէս փիլիսոփայ, առանց փիլիսոփայի յաւակնութիւններ ունենալու: Երբ ակնկալուած արդիւնք մը չստացուէր կամ կիսատ-պռատ ստացուէր, կ՚ըսէր… թրքերէնով. «Կարճ օրուան շահը՝ պզտիկ կ՚ըլլայ»:
Հիմա, համավարակի այս պարտադրանքին տակ, ա՛յդ է, որ յիշեցի:
Վասնզի պիտի գոհանամ քանի մը բառերու լուսաբանութեամբ:

տեղ տալ, տեղի տալ, տեղիք տալ

Արեւմտահայ մամուլի մէջ միշտ չէ որ այս երեքը ճիշդ ուտեղին կը գործածուին:

Տեղ տալ կը նշանակէ ունեցած, նստած կամ կեցած տարածութենէդ, որ ենթադրաբար քեզի կը պատկանի կամ յատկացուած է, մաս մը տրամադրել ուրիշին. օրինակ՝ գաղթականին տեղ տալ, որ կը նշանակէ տեղ մը յատկացնել անոր կեցութեան: Կարելի է նաեւ ուրիշին տեղ տալ գրաւած նստարանիդ վրայ քիչ մը ամփոփուելով կամ կամ բոլորովին հրաժարելով նստելէ: Տեղ կու տանք վերջապէս ճաշասեղանին շուրջ աթոռ մը ցոյց տալով անօթիի մը:
Տեղ կու տանք նաեւ գրութեան մը՝ հրատարակելով զայն մեզի պատկանող կամ մեր խմբագրած մէկ թերթի մէջ. այս տեղ տալը քիչ մը երկիմաստ է, առիթի կամ շնորհի կը վերածուի ան, երբ յիշեալ գրութիւնը կը պատկանի սկսնակի մը՝ սկսնակի յատուկ թերութիւններով: Կը նշանակէ քաջալերել զայն՝ մինչեւ որ կամաց-կամաց յղկէ իր ոճը: Դժբախտաբար գրողներ գան, որոնք մազ-մօրուք կը ճերմկցնեն՝ թերթերու մէջ «տեղ ստանալով»՝ առանց որակական որեւէ բարելաւում ցուցաբերելու:

Տեղի տալ կը նշանակէ զիջիլ, իսկ այս զիջողութիւնը կրնայ ունենալ բազմաթիւ երեսներ:
Երբ կը նկատենք, որ մեր խօսակիցը անուղղայ յամառ մըն է, տեղի կու տանք, կը զիջինք՝ ընդունելով կամ ընդունիլ ձեւացնելով անոր տեսակէտը, որովհետեւ կը ձանձրանանք ջուր ծեծելէ:
Տեղի կու տանք, երբ մեր խօսակիցը մէկ առ մէկ կը ջրէ մեր պաշտպանած տեսակէտ(ներ)ը եւ ազնուօրէն կը յարինք իր տեսակէտին: Թէեւ կը գտնուին այնպիսիներն ալ, որոնք բացարձակապէս կը մերժեն տեղի տալ՝ հակասկզբունքային նկատելով այդպիսի ընթացք մը եւ կը շարունակեն պնդել, որ «թռաւ նէ ալ՝ այծ է»:
Տեղի կու տանք, երբ կը հրաժարինք մեր դիրքերէն՝ չդիմանալով թշնամիի գերազանց ուժերուն, անոր գրոհներուն: Այլ խօսքով՝ կը նահանջենք:

Տեղիք տալ, — եւ ա՛յս է, որ ընդհանրապէս կը պակսի մեր գրողներու բառամթերքին, — մինչ անոր շատ լաւ կը տիրապետէ արեւելահայ գրողը, — կը նշանակէ առիթ տալ, պատճառ ճանդիսանալ բանի մը. օրինակ՝ «Թորոսին առաջարկը տեղիք տուաւ երկար վիճաբանութեանց», «Մարկոսին հագուկապը ամէնուն ծիծաղին տեղիք կու տայ», «Իր վարուելակերպով տեղիք կու տայ տղոց զայրոյթին» եւ այլն:
Այս վերջինին փոխարէն հակամէտ է արեւմտահայը «տեղի տալ» ըսել, ինչ որ ընդունելի չէ. ասոր իմաստը բացատրեցինք վերը:

անձիք եւ այլօք

Արեւելահայուն տգէտը ո՛չ միայն ինք կը սխալի, այլ նաեւ տեղիք կու տայ սխալագրութեանը արեւմտահայ գրողին, որ յաճախ կոյրզկուրայն կ՚ընդօրինակէ իր ազգակիցին ոճերը՝ լեզուական նորագոյն մարգրիտներ նկատելով զանոնք. այսպէս են բերուած երկու բառաձեւերը, չեմ ըսեր՝ բառերը, քանի նման բառ չունի հայերէնը:
Անձ բառը աշխարհաբարի մէջ կու տայ անձեր յոգնակին:
Գրաբարի մէջ բառս անձն էր, եւ յոգնակին կը կազմէր անձինք ձեւով:
Աշխարհաբարը կը սիրէ գրաբար տարրեր կիրարկել, այպանելի բան չկայ ասոր մէջ, սակայն կայ ծիծաղելի ըլլալու վտանգը, եթէ ենթական չի տիրապետեր կիրարկած տարրին՝ բառին, ոճին, դարձուածքին եւ այլնի: Եւ որովհետեւ շատ մը արեւելահայեր կը կիրարկեն անձիք սխալ ու անգոյ ձեւը, ահա ան հեզասահօրէն կը մտնէ նաեւ արեւմտահայուն բառամթերքին մէջ եւ իսկոյն կը սկսի կիրարկուիլ, քանի որդեգրողը անհամբեր է ցուցադրելու զայն:
Ուրիշ այլանդակութիւն մըն ալ այլօք կոչեցեալն է, որ նմա՛նապէս շատ սիրելի է կարգ մը արեւելահայերու եւ որը ի՛ր կարգին փութաջանօրէն կ՚ընդօրինակուի գաղափարակից արեւմտահայերու կողմէ:
Բառիս սկզբնաձեւն է այլ, յոգնակին՝ այլք, եզակի գործիականն է այլով, յոգնակի գործիականը՝ այլովք:
Ուրեմն՝ այլօք գոյութիւն չունի՜ ու վե՛րջ:

օրուընէ, տարուընէ, ժամանակուընէ

Մեր ոսկեղէնիկը ռամկացնող, — բերանս չ’երթար ըսելու՝ գռեհկացնող, — բառաձեւեր են ասոնք, որոնք ենթադրուած են կազմելու անոնց բացառական հոլովը:
Ճիշդ է, որ աշխարհաբարի հէնքը ռամկօրէն ըսուած լեզուն էր, իսկ բերուած բառերը այդ նոյն ռամկօրէնին մէջ յառաջացած են, բայց եւ այնպէս հսկայ աշխատանք ալ տարուած է, որ այդ ռամկօրէնը յղկուէր՝ հասնելու համար այս լուսաւոր օրերուն:
Չես գիտեր ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս, ասոնք մնացած են, անցած են պոլսահայ դասագիրքերու մէջ, սակայն այս չի նշանակեր, որ պէտք է յաւերժանային:
Պոլսահայերէնը աշխարհաբարի սկիզբն էր միայն, անցնող 100 տարիները պէտք է յաջողէին բարեփոխել կարգ մը անտեղի ու խոցելի աւանդոյթներ, որոնց շարքին է բերուած բացառականը, որ շատ ծանր է, անբարեհունչ ու վանողական: Մինչեւ իսկ պահուընէ ըսողներ կան:
Գրաբարը օրէ(ն) կ՚ըսէր, ինչո՞ւ չվերադառնալ գրաբարին եւ չըսել՝ օրէ, տարիէ, ժամանակէ, ատենէ, այսօրէ, երէկէ, այսպէս ալ ժամանակ ցոյց տուող միւս բառերով:
Մենք շատ դիւրաւ կ՚ըսենք՝ «Երէկէն այսօր… մեծահարուստ դարձաւ»:
Ուրեմն՝ օր—օրուան-օրէ-օրով … տարի-տարուան-տարիէ-տարիով
Հաւանաբար միակ բացառութիւնը պէտք է նկատել վաղը-վաղուան-վաղուընէ-վաղուանով յարացոյցը, որովհետեւ այլապէս ալ բացառիկ է այս բառը, որ կը վերջանայ «ը» ձայնաւորով, որ բնաւ սովորական չէ հայերէնին:

Ինքնիրե՞ն, թէ՞ ինքն իրեն

Ինքն իրեն՝ անջատ, ցոյց կու իր սեփական անձին ուղղուած արարք մը. օրինակ՝
Ինքն իրեն վնասեց:
Ինքն իրեն ըրաւ: (Այսինքն՝ ինքը իր սեփական անձին վնաս հասցուց)
—Հարց տուաւ ինքն իրեն:
—Առանձին նստած է եւ ինքն իրեն կը խօսի: (խօսակից չունի)
Կը համապատասխանէ, մօտաւորապէս, անգլերէնի himself-ին. «He asked himself»:
Ֆրանսերէնի՝ se դերանունին. «Il s’est demandé»:
Ասոնք բոլորը կը ծառայեն անդրադարձութիւն մը, այսինքն՝ ենթակայէն ծնունդ առնող եւ դէպի ենթական ուղղուող գործողութիւն մը բնորոշելու:
Դիմային տարբերութիւններ՝ ինքս ինծի— ինքդ քեզի—ինքն իրեն:
Ընդունելի է նաեւ ինք իրեն ձեւը:

Ինքնիրեն՝ կցեալ, ցոյց կու տայ ենթակային մէկ այնպիսի գործողութիւնը, որ տեղի կ՚ունենայ առանց այլ առարկայի միջամտութեան կամ օժանդակութեան. օրինակ՝
—Այս մոմը ինքնիրեն մարեցաւ: (մարող մը չեղաւ)
—Այս ծառը ինքնիրեն բուսաւ: (Տնկող մը, խնամող մը չունեցաւ)
—Խռովութիւնը ինքնիրեն հանդարտեցաւ: (Առանց ոստիկանութեան կամ այլ միջամտութեան)
—Հիւանդը ինքնիրեն քալեց: (Հաւանաբար նախապէս կ՚օգնէին, թեւը կը մտնէին, անթացուպ կու տային, կ՚ընկերանային եւ այլն)
—Տղաս ինքնիրեն կը սորվի դասերը: (Մենք չենք օգներ, կամ, — ինչպէս կ՚ըսենք, — «ուսուցիչ չենք բռնած»)
Ինքնիրեն չինարէն խօսիլ սկսաւ: (Սորվեցնող չեղաւ)
Դիմային տարբերութիւններ՝ ինքնիրենս–ինքնիրենդ–ինքնիրեն (ը):
Յոգնակին տեսականօրէն պիտի տայ՝
Ինքնիրեննիս պիտի գլուխ հանենք այս գործը:
Ինքնիրեննիդ փորձեցէք տեղ հասնիլ:
Ինքնիրեննին պարտին օրապահիկ ճարել:
Ծանօթ. — Ինչպէս նկատելի է, յոգնակի ձեւերը խորթութիւն մը, ռամկութիւն մը ունին:
Կարելի է օգտագործել եզակի ձեւերը՝ ինքնիրենս-ինքնիրենդ-ինքնիրեն(ը):
Օրինակ՝ Ինքնիրենս պիտի գլուխ հանենք այս գործը:

Պէյրութ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *