ԲԺ. ՕՀԱՆ ԹԱՊԱՔԵԱՆ
Գարնանային պայծառ առաւօտ. շրջապատիս ողորկ դալարիքը թաւիշի նման կը տարածուի իմ առջեւս, ու ես թարթիչներս բանալով նորածագ արեւին ճառագայթներուն, կը փափաքիմ արբենալ անով: Հորիզոնին վրայ արեգակը հրեղէն գունդի մը նման հետզհետէ բարձրանալով իր ճառագայթներուն ցանցովը կ՚ոսկեզօծէ շրջապատս. ան հաստատ ու անխռով՝ կարծես կը յայտարարէ. «Ես եմ աշխարհին լոյսը, յուսատու ճառագայթը հիւանդին, գունաւորող ձեռքը երանգաւոր ծաղիկներուն ու անվիճելի հեղինակը ծիրանի գօտիին», ապա բարձրանալով հորիզոնէն՝ ան իր ճառագայթներով կ՚ողջունէ աշխարհը. թռչունները աշխուժացած կը սկսին իրենց այգեբացի գովերգը, մերթ խենթերու նման ճախրելով վեր, մերթ իջնելով ու ոստոստելով ծառերու ճիւղերուն ու գետնի խոտերուն վրայ, ու կը տեսնես սկիւռները, որոնք կայծակնային արագութեամբ ցատկռտելով, իրենց երկար փնջիկ պոչերը գծագրելով կ՚անհետանան սաղարթներու ետին: Կատուն, որ ծուլօրէն կը պառկէր, կը սկսի յօրանջել ու իբրեւ արեւի շողերուն մէջ լողացող թիթեռնիկ՝ նազանքով կը շարժէ իր թաթերը. աստղերը հալած ու չքացած են արդէն, ու ոսկեղէն լուսինը դողդղալով ու դալկանալով, վաղուց իր տեղը զիջած է արեւին, նորընծայ արեւին գեղանի ժպիտին տակ տրամադրութիւնները կը բարձրանան, թարմ ծաղիկներ կը տեսնես շուրջդ ու սրտիդ խորերը կը զգաս անոնց բոյրը: Աքաղաղները վաղուց իրենց կուկուլիկուներով պատռած են արդէն մթնշաղի քօղը, ու մարդիկ նոր երազներով ու յոյսերով լի բերկրութեամբ կ՚ողջունեն արեւին ջերմ ճառագայթները: Բաց պատուհաններէ կ՚երգէ ձայնասփիւռը, ու եկեղեցւոյ զանգակներուն ղօղանջը կարծես միահամուռ կը ձայնակցի իբրեւ արձագանգը վերածնող կեանքին. ու կը զգաս, որ կեանքը գոյն ու իմաստ ստանալով՝ մոռացութեան մղած է նախկին տժգոյն օրերը, որոնք անցնելով մտած են ու կորսուած կեանքի ծալքերուն մէջ: Բարձր տրամադրութեան մէջ ես, ու հոգիդ՝ կուշտ, կը զգաս, որ սրտիդ վրայ ճնշող ամէն ծանրութիւն փետուր մըն է լոկ, կեանքը կը ժպտի քեզի իր երեսուներկու ակռաներով, ու կը կարծես, թէ հեքիաթներու աշխարհի մը մէջն ես:
* * *
Աշնանային ամպոտ երկինք, արեւը հակելով հորիզոնին վրայ կարմրագոյն երանգներով անհետացած է արդէն, ու մութը աստիճանաբար կը համասփռուի երկինքէն իջնող սեւ քօղի մը պէս: Ժամ մը ետք քամին կախարդական գաւազանի մը նման կը սկսի հալածել ամպերը, որոնք, բռնելով նահանջի ճամբան, կը փախչին: Կարկուտը ջարդուփշուր ընելէ ետք ամէն ինչ իր շուրջը, պարտասած՝ սուրը պատեան կը դնէ. կը զգաս, որ մռայլութիւն կը տիրէ շուրջդ, կը սկսիս շնչել ընդհատումներով ու այն տպաւորութիւնը կ“ունենաս, որ օդի պակաս կայ բոլորտիքդ:
Քանի գիշերը կը յառաջանայ, խաւարը կը խտանայ, ու ամէն ինչ գորշ կը դառնայ շուրջդ, մարդիկ, կենդանիները, նոյնիսկ ծառերն ու բուսականութիւնը յոգնած են կարծես եւ թուլցած, ու կը համոզուիս, որ օրերը կորսնցուցած են իրենց հմայքը ու դարձած անիմաստ եւ ձանձրանալի: Երկնակամարին վրայ շերտաւորուած ամպերուն ընդմէջէն կը տեսնես աստղեր, որոնք խաւարին մէջ մեծնալով կարծես կ“ուզեն մօտենալ քեզի. քամիէն փախչող ամպերուն ետին, մերթ ընդ մերթ, ամօթխած ու երկչոտ՝ կիսով քօղազերծուած ու մահիկի վերածուած՝ իր դալուկ դէմքը ցոյց կու տայ լուսինը. քիչ մը անդին սուլելով կ“անցնի շոգեկառքը, ու քամին իր հետ կը բերէ անոր խուլ փնչոցը: Քանի մը ժամ ետք, շրջակայքի բնակարաններուն ճրագները մարած են արդէն, ու շուրջդ կը տիրէ բացարձակ խոր մթութիւն: Կեանքը կանգ առած է, ու ամէն շարժում՝ դադրած: Խաւարին մէջ կը խորհրդածես, թէ երկինքի ետին հաւանաբար գոյութիւն ունի այլ աշխարհ մը, որ առեղծուած կը մնայ բոլորին ու անտեսանելի, անթափանցելի գաղտնիք:
Արեւածագ, արեւամուտ, գիշեր ու խաւար, օրուան մը երեք հանգրուանները մանրանկարները չե՞ն արդեօք մարդկային կեանքին. ծնունդ, չափահաս տարիք, մահ:
Արեւածագէն ցաթող լոյսին նման աշխարհ մուտք կը գործէ մանուկը, իր հետ բերելով խինդ ու ժպիտ, ցնծութիւն, սէր ու երջանկութիւն, ու ան ապրելէ ետք ամբողջ կեանք մը, աչքերը յառած արեւամուտին կ՚ուղղուի դէպի գիշեր ու խոր խաւար: Հաճոյքներով ու տառապանքներով շաղախուած կեանքի մը վերջալոյսը միթէ զուգահեռը չէ՞ արեւամուտին…:
Ապա գիշեր ու խաւար, որուն ընթացքին դալկացած դողդոջ մարմիններ, որոնցմէ շատեր իրենց բանականութիւնը Աստուծոյ յանձնած՝ ապրելու կամքը ու պայքարի ոգին կորսնցուցած՝ մխրճուած յուսահատութեան գորշ ցանցերուն մէջ, թախիծ թելադրող դէմքերով, ծերանոցներու ու անկելանոցներու իրենց խուցերուն մէջ կալանաւորուած, կը սպասեն հոգէառ հրեշտակին այցելութեան ու անոր մանգաղին…:
Ու այժմ, երբ գրի կ“առնեմ այս տողերը, յանկարծ մտքիս ալիքը ետ կը դառնայ, ու խոր խաւարին ընդմէջէն, կարծես աղօտ կերպով աչքերուս առջեւ կը տողանցէ կեանքին հրաժեշտ տուած բարեկամներու ու ծանօթներու տպաւորիչ փաղանգը, որոնց հետ առնչուած երջանիկ պահեր ու դրուագներ, վերանորոգուելով յաւէտ պիտի մնան իմ մօտ, որպէս անջնջելի քաղցր յիշատակներ:
Կարճ է օրը, ինչպէս յարաբերաբար կարճ է նաեւ կեանքը. տարուան տասներկու ամիսները ինծի կը յիշեցնեն պատին ժամացոյցը, որուն սլաքները մէկ թիւէն միւսը ցատկելով անվերջանալի պտոյտներ կը կատարեն…
Յունուար 1, յունիս 30, ապա դեկտեմբեր 31… վերջացած է արդէն տարին, ու տարիներուն հետ նաեւ՝ կեանքը: