Ներկայացում բժիշկ Օհան Թապաքեանի «Յուշեր եւ ապրումներ երազային Հալէպէն» գիրքին

ՍՈՆԱ ԹԻԹԻԶԵԱՆ-ԿԷՏԻԿԵԱՆ

Անցեալ տարի՝ 2018-ին, Մոնթրէալի մէջ լոյս տեսաւ բժիշկ Օհան Թապաքեանի «Յուշեր եւ ապրումներ երազային Հալէպէն» հատորը, զոր հեղինակը ձօնած էր Բերիոյ Թեմի նախկին առաջնորդ, իր բառերով՝ «բազմերախտ ու անբասիր եկեղեցական Բարձրաշնորհ Տէր Սուրէն Արքեպիսկոպոս Գաթարոյեանի»: Գիրքը կը բաղկանայ 348 էջերէ, կողքին վրայ տեղադրուած է Հալէպի հնամեայ բերդին նկարը, իսկ ետեւի կողքին վրայ հեղինակին նկարը, կցուած՝ կարճ կենսագրականով: Կողքին ձեւաւորումը կատարած է Եղիա Պաքմազճեան:Կենսագրականին մէջ նշուած է, որ բժիշկը իր նախնական եւ երկրորդական ուսումը ստացած է Հալէպ, ուր անցուցած է իր պատանութիւնն ու երիտասարդութեան վաղ տարիները, ուստի կեանքի ամենէն քաղցր օրերու յիշատակները կը կազմուին այդ վաղնջական քաղաքին մէջ, ուր կազմաւորուած էր հայկական մեծ գաղութ մը՝ ցեղասպանութենէն ճողոպրած մեր հայ ժողովուրդին բեկորներուն կողմէ:
Գիրքը յուշապատում մըն է եւ կը բաղկանայ 76 գրութիւններէ, որոնք ըստ խորքի կը բաժնուին երեք մասերու. Հալէպի մէջ հանրածանօթ մարդոց հետ կապուած իր յուշերը, Հալէպի գաղութային կեանքին վերաբերող անդրադարձներ, պատանութեան օրերուն ընկերներուն հետ կապուած դէպքեր եւ արկածախնդրութիւններ:
Հեղինակը իր յառաջաբանին մէջ կը նշէ հետեւեալը. «Սոյն հատորը կը պարփակէ յուշեր եւ պատկերներ 1940-1950-ական թուականներու երազային Հալէպէն, դիտուած իմ տեսանկիւնէն եւ իմ ակնոցով», սակայն գիրքը անձնական յուշապատում ըլլալէ աւելի նաեւ ունի վաւերագրական արժէք. ան որպէս հաւաստի աղբիւր պիտի ծառայէ ապագայի պատմագիրներուն եւ Հալէպի կեանքը ուսումնասիրողներուն համար:
Հատորը գրեթէ ամբողջական պատկերացում մը կու տայ Հալէպի կեանքին մասին, մարդոց ապրելակերպին, բարքերուն ու սովորութիւններուն, զգացական աշխարհին, մտածելակերպին, վարքին ու հոգեբանութեան մասին, որովհետեւ հեղինակը չի բաւարարուիր իր անձնական յուշերը պատմելով, ան կը նկարագրէ նաեւ շրջապատը, մարդիկը, դրացիները, թաղեցիները, թաղի եւ դպրոցի ընկերները, ընկերներուն հետ խաղերն ու արկածախնդրութիւնները եւ անոնց հետ կապուած երբեմն գեղեցիկ եւ երբեմն դառն յուշերը:
Հեղինակը իր յուշերը գրի առնելով, գրի առած է նաեւ Հալէպի մշակութային կեանքին հետ կապուած կարեւոր իրադարձութիւններ, օրինակ՝ Նշան Պէշիկթաշլեանի Հալէպ այցը եւ այդ օրերուն Հալէպի մէջ հրատարակուող «Արեւելք» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած «նշմարներ» խորագրով անոր երգիծական գրութիւնները:

Հեղինակը կ’անդրադառնայ Հալէպի մէջ գործող ակումբներուն, որոնցմէ է Հալէպի նշանաւոր Թիլէլի ակումբը, որուն մասին հեղինակը կու տայ հետեւեալ տեղեկութիւնը. «ՀՄԸՄ-ի Թիլէլի ակումբը 1940-ական թուականներուն եղած է Եղեռնէն ու բռնագաղթէն ճողոպրած հայ բեկորներու գլխաւոր հաւաքավայրը: Այնթապէն գաղթողները թէեւ մեծամասնութիւն կը կազմէին, սակայն անոնց կողքին շատ էր նաեւ Ուրֆայէն, Մարաշէն, Քիլիսէն, Ատանայէն, Տարսոնէն եւ այլ քաղաքներէ բռնագաղթած հայերուն թիւը: Անոնք առանց ժամանակ կորսնցնելու քով-քովի գալով՝ կազմեցին հայրենակցական միութիւններ, իւրաքանչիւրը իր քաղաքացիներուն օգտակար ըլլալու նպատակով:
Այդ տարիներուն իւրաքանչիւր «կորսուած» քաղաքի հայրենակիցներ, փոքր խումբերով կը գրաւէին ակումբի բակին անկիւնները, կը վիճէին անցեալն ու ներկան յուզող հարցերու մասին, մեծ յոյսեր տածելով իրենց վիճակուած կացութեան եւ պղտոր ու անստոյգ ապագային նկատմամբ, վերածելով ակումբին բակը փոքր Կիլիկիայի»:
Յուշերուն մէջ տեղ գրաւած են նաեւ Հալէպի եւ շրջակայքի զբօսավայրերը, որոնք վարժարաններու աշակերտութեանց, ակումբներուն եւ հայրենակցական միութիւններուն կազմակերպած պտոյտներուն հաւաքավայրերն էին. ինչպէս՝ Սեպիլը, Մաշաալէն, Մասպահ Ֆարուքը (Ֆարուք լողաւազան), Հալէպի կեդրոնական հանրային պարտէզը (մաշթալը) եւ այլն:
Շատեր վերջերս միջազգային լրատուամիջոցներէն լսեցին Հալէպի հիւսիսը գտնուող Ազէզ գիւղաքաղաքին մասին, որ, ինչպէս հեղինակն ալ կը նշէ, Թուրքիոյ կողմէ ներկայ իշխանութիւններուն դէմ գործող ընդդիմադիր ուժերուն պարենաւորման գլխաւոր դարպասներէն մին դարձած էր, բայց քիչեր գիտեն, թէ Ազէզը ժամանակին ունեցած է նաեւ հայ բնակչութիւն, 1936-ին հոն հիմնուած է ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղ, որուն մարզական խումբերը ամէն տարի կը մասնակցէին Հալէպի մէջ տեղի ունեցող ՀՄԸՄ-ի կազմակերպած տողանցքին, հոն ունեցած ենք եկեղեցի, որուն մասին հեղինակը շատ հետաքրքրական տեղեկութիւն մը կու տայ, երբ կը նկարագրէ սկաուտական խումբով իրենց այցը Ազէզ. «Երբ Ազէզ հասանք, եկեղեցւոյ բակին մէջ հսկայ կաթսայ մը օճախին վրայ դրուած էր, անոր շուրջ՝ կերակուր եփող կիներու եւ մանուկներու բազմութիւն մը: Կիներէն մին մեզի տեղեկացուց, թէ տարին մի քանի անգամ կը կրկնուի այս տեսարանը, ինչ որ առիթ կ’ընծայէ հաւատացեալներուն միասին ճաշելու ու մտերմական օր մը անցընելու», ապա կը պատմէ, թէ ինչպէ՛ս քահանան մերթ ընդ մերթ թրքախառն հայերէնով մը կ’ընէր պատարագի երգեցողութիւնը. օրինակ կ’ըսէր՝ Խաղաղութիւն «Հեբինիզէ» (բոլորին), կամ ստախօսութիւն, գողութիւն «էթմէմէլիիզ» (պէտք չէ ընենք), ապա հեղինակը կ’ընէ հետեւեալ գրառումը. «Արարողութեան վերջաւորութեան՝ առիթը ունեցանք մօտէն ծանօթանալու Տէր Հօր. ան հաստատեց, որ հաւատացեալներուն մեծամասնութեան թրքախօս ըլլալը զինք մղած է արարողութեանց ու քարոզին մէկ կարեւոր մասը թրքերէնով կատարելու»: Ապա կ’անդրադառնայ գիւղացիներէն Թորոս անունով թրքախօս հայուն, որուն տունը այցելելու առիթը կ’ունենան, հեղինակը կ’ըսէ. «Պատերը զարդարուած էին նկարներով՝ շրջանակով կամ ուղղակի պատին փակցուած: Հոն էին Խրիմեան Հայրիկի, Անդրանիկի ու ֆետայական խումբերու լուսանկարները: Հոն էր Եռագոյն դրօշակը՝ Մայր Հայաստանի սգաւոր պատկերը: Գիւղական խրճիթ մը, որուն համեստ ծածկոյթին ներքեւ Հայաստանն ու հայութիւնն էր, որ կը շնչէր»: Այս բոլոր պատումները կրնան յստակ պատկերացում մը տալ այդ թուականներուն Ազէզի մէջ ապրող մեր ժողովուրդին իրավիճակին, վարած կեանքին ու ապրելակերպին մասին, որոնք իսկապէս թանկարժէք տեղեկութիւններ պիտի նկատուին այդ շրջանի պատմութիւնը սերտողներու եւ ուսումնասիրողներու կողմէ: Նշենք, որ գիւղը վերջերս (նախքան պատերազմը) պարպուած էր արդէն հայութենէ, եւ անոր բնակչութեան մեծ մասը կը կազմէին քիւրտերը:
Հեղինակը կարեւոր անձնաւորութիւններու մասին իր անդրադարձին կողքին նաեւ կ’անդրադառնայ հալէպահայ այնպիսի անձնաւորութիւններու, որոնք յաջողած են Սուրիոյ մէջ բարձր դիրքերու հասնելու, կամ Սուրիոյ եւ օտար երկիրներու մէջ կայացած միջազգային մրցումներու մասնակցելու, որոնցմէ է Հալէպի հայ հրշէջ Լեւոնը, որ 1952 թուականին Լոնտոնի մէջ կայացած մարմնամշակումի միջազգային մրցումին մասնակցած է եւ արժանացած երկրորդ մրցանակին: Եղելութեան անդրադարձով հեղինակը ոչ միայն կարեւոր տեղեկութիւն մը կը փոխանցէ ընթերցողին, այլ անոր կողքին կը նկարագրէ հալէպահայութեան վերաբերմունքը եղելութեան օրերուն. օրինակ՝ ան կը յիշէ, թէ ինչպէ՛ս հրշէջներու կայանին դրան վրայ արաբերէնով փակցուած է յայտարարութիւն մը, որ կը տեղեկացնէ Լեւոնին մասնակցութիւնը սոյն մրցումին՝ «շռայլ բարեմաղթութիւններով», ապա քանի մը օր ետք «Արեւելք» թերթը իր կարգին հալէպահայութիւնը տեղեակ կը պահէր այս մասին՝ յաջողութեան ջերմ մաղթանքներով: Երկու շաբաթ ետք Մոնթէ Գարլօ ռատիոկայանը մարզական այլ լուրերու կարգին կը հաղորդէ Լեւոնին երկրորդ հանդիսացած ըլլալը, ապա, Լեւոնին Հալէպ վերադարձին ամբողջ հալէպահայութիւնը կը համախմբուի ՀՄԸՄ-ի Թիլէլի ակումբին մէջ՝ դիմաւորելու ՀՄԸՄ-ական Լեւոնը:
Հեղինակը իր գրութիւններուն մէջ քանիցս կ’անդրադառնայ Հալէպի մէջ Զատկուան տօնին յաջորդող ՀՄԸՄ-ի կազմակերպած ֆութպոլի մրցաշարքերուն, մասնակցութեամբ Լիբանանի եւ Սուրիոյ տարածքին գործող ՀՄԸՄ-ի բոլոր մասնաճիւղերուն, ինչպէս նաեւ տարի մը՝ Եգիպտոսէն եւ Պարսկաստանէն, ապա անոր յաջորդող նշանաւոր տողանցքին մասին, որուն կը մասնակցէին նաեւ սկաուտական խումբերը: Ան կը յիշէ. «Այդ քանի մը օրուան ընթացքին Հալէպ քաղաքին դիմագիծը կը փոխուէր, երբ նահատակեալ ժողովուրդի մը մնացորդացէն վերընձիւղուած սերունդն էր, որ կը քալէր Եռագոյն դրօշին առաջնորդութեամբ, եւ քաղաքը կը վերածուէր փոքր Հայաստանի մը»:
Հեղինակը այսպիսով կը ներկայացնէ նաեւ Հալէպի կենցաղն ու մանաւանդ սովորութիւն դարձած տարեկան ձեռնարկները. օրինակ՝ «Հալէպի Սուրբ Ծնունդն ու յարակից դէպքերը», «Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարանին քերմէսն ու յարակից յուշերը», բանակումները եւ այլն:
Գիրքին մէջ կը յիշատակուին Հալէպի կարգ մը վայրերը, ուր գործած է հալէպահայը եւ շահած՝ տեղացի ժողովուրդին գնահատանքն ու վստահութիւնը. օրինակ՝ Պուստան Քլէպը, որ հակառակ անոր որ կը կարծուի, թէ շուներու պարտէզ կը նշանակէ, բայց վայրը բացարձակապէս կապ չունէր շուներուն հետ, այլ ինչպէս կը վկայէ նաեւ հեղինակը. «Հոն կը գտնէք Հալէպի նշանաւոր վարպետները՝ մեքանիքի եւ թոռնոյի վերաբերեալ, որոնք բոլորը հայեր էին: Այսօր, Մոնթրէալի եւ Լոս Անճելոսի մէջ գործող հայ կարաժիստներուն մեծամասնութիւնը իրենց արհեստավարժութեան մկրտութիւնը ստացած են Պուստան Քլէպի թաղերուն մէջ»: Ապա կը յիշատակէ Ճիտէյտէի շուկան, որուն մասին գրութեան մէջ հետեւեալ վկայութիւնը կ’ընէ Ահմէտին կողմէ. «Ներգաղթի տարիներուն Ահմէտ վրդոված եւ յուզուած՝ թախծոտ ձայնով մը ըսաւ հօրս. «Մենք շատ կը սիրենք հայերը, ազնիւ ու պարկեշտ քաղաքացիներ են, ինչո՞ւ կը մեկնին»: Հեղինակը անդրադարձած է նաեւ արեւելեան հեքիաթներու աշխարհը յիշեցնող արեւելեան բաղնիքներուն, որոնք նկարագրուած են ամենայն հարազատութեամբ:
Կարելի չէ քանի մը տողով գիրքին մասին համապարփակ պատկերացում մը տալ, իր յուշերու փունջը կը կազմեն այլազան նիւթերու, վայրերու եւ անձնաւորութիւններու հետ առնչուած իր յիշատակներուն ամբողջութիւնը: Ուշագրաւը այն է սակայն, որ հեղինակը իր գրութիւնները յաճախ կ’աւարտէ մեկնաբանութեամբ մը, ինչպէս կը գրէ իր աշակերտական յուշերուն աւարտին. «Բարքերու որքա՜ն բարեշրջում, ինչքան մեծ է եւ հակապատկեր ներկային»: Իր գրութիւններուն մեծ մասը կ’աւարտին յուզումնախառն զգացումներով գրուած երկտողերով, որոնք ընթերցողին կը փոխանցեն հեղինակին անսահման կարօտը՝ երազային Հալէպին, երբ կը գրէ. «Անվերադարձ անոյշ օրեր», կամ «Յիշատակելի քաղցր օրեր»: Մինչ իր Յառաջաբանին աւարտին ան կը գրէ հետեւեալ տողերը. «Վերջին տարիներու քաղաքացիական պատերազմի միջոցին գործադրուած աներեւակայելի քանդումները, սպաննութիւններն ու բարբարոսութիւնները աւելի եւս կը շեշտեն եւ ցայտուն կը դարձնեն այդ երանելի տարիներուն քաղցրութիւնը»:
Լեզուին եւ ոճին անդրադառնալով կրնանք անվարան ըսել, որ հեղինակին ոճը կը յատկանշուի յստակութեամբ, ո՛չ լեզուին եւ ո՛չ ալ պատումին յարակից նիւթերուն մէջ կը գտնենք անորոշութիւն: Միտքերն ու զգացումները բացայայտ են, պայծառ, հասկնալի, եւ չկայ ցուցամոլութիւն իր նախադասութիւններուն կառուցուածքին մէջ: Հեղինակը իր գրելիքը վերականգնած է իր մտապատկերին մէջ եւ ամենայն հարազատութեամբ յանձնած թուղթին: Օտարոտի կամ օտարամուտ արտայայտութիւններ չկան, ընդհակառակը՝ կայ բնականութիւն, հարազատութիւն եւ ոչ մէկ ճիգ զանոնք պճնազարդելու: Բայց այս բոլորին հետ մէկտեղ կայ լեզուի եւ բառերու զգուշաւոր ընտրութիւն՝ ճիշդ բառը օգտագործելու եւ ճշգրիտ իմաստը արտայայտելու, ճիշդ հասկցուելու, հեռու անտեղի նորաբանութիւններէ եւ ճոռոմութենէ: Ողջամտութիւնն ու ուղղախոհութիւնը միշտ առկայ են անոր տողերուն եւ դատողութիւններուն մէջ, նոյնիսկ իր անձին ու անձնական արարքներուն հանդէպ: Մէկ խօսքով՝ հեղինակին ոճն ու լեզուն կը յատկանշուին առաւելագոյն պատշաճութեամբ:
Հուսկ, որպէս հալէպահայ, ապրած ու ըմբոշխնած ըլլալով հալէպահայ եռուն եւ միեւնոյն ժամանակ երազային կեանքը, «Յուշեր եւ ապրումներ երազային Հալէպէն» բժիշկ Թապաքեանի գիրքի ընթերցումէն ետք ունեցած եմ այն գոհունակութիւնը, որ տակաւի՛ն կան մտաւորականներ, որոնք գրի կ’առնեն մեր սփիւռքահայ կեանքի, այս պարագային Հալէպի, բարքերն ու սովորութիւնները, առօրեայ կեանքն ու մտածողութիւնը թափանցող իրենց յուշերը, որոնց համար մենք եւ գալիք սերունդները շնորհակալ ու երախտապարտ պիտի ըլլանք:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *