«ԷՐԻԿ-ԿՆԻԿ»

ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՅՈՒՇԵՐ ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԷՆ

Բժ. ՕՀԱՆ ԹԱՊԱՔԵԱՆ

1940-կան թուականներուն Հալէպի մէջ հայերէն դասագիրք վաճառող գլխաւոր 3 գրախանութներ գոյութիւն ունէին։ Ամենէ ճանչցուածը Կիւլէսէրին գրախանութն էր, որ շնորհիւ իր ունեցած առանձնաշնորհեալ դիրքին հայ նախակրթարաններուն մօտ, Ս. Քառասուն Մանկանց եկեղեցւոյ մուտքին ճիշտ դիմաց՝ եւ իր ունեցած գիրքերու բազմազանութեան, կը գոհացնէր հայ աշակերտութեան բոլոր պէտքերն ու պահանջները։
Ընդհանրապէս Կիւլէսէրին գրատան ունեցած գիրքերը գործածուած գիրքեր էին, որոնց մեծամասնութիւնը դպրոցական տարեվերջերուն վերագնուած էին աշակերտներէն։ Ան վատօրէն գործածուած գիրքերուն պատռտած էջերը կը փակցնէր ու վաճառելի վիճակի մէջ դնելէ ետք զանոնք՝ կը վերածախէր։
Երկրորդ գրախանութը պրն. Պօղարեանին կը պատկանէր ու կը գտնուէր նոյն թաղին մէջ քիչ մը անդին։ Գրախանութը մասնագիտացած էր գրական գիրքերու վաճառման մէջ, բայց ունէր նաեւ նախակրթական վարժարաններու նոր, չգործածուած գիրքեր։ Պէտք է նշել, որ պրն. Պօղարեան զարգացում ունեցող, գրականութեան մօտ, յարգելի անձ մըն էր, որ միաժամանակ կը դասաւանդէր հայ նախակրթարանի մը մէջ։
Երրորդ գրախանութը «Էրիկ-կնիկ» գրախանութն էր, որ կը գտնուէր Պօղարեան գրատան դիմաց, քիչ մը անդին։ Փոքր խանութ մըն էր սահմանափակ գիրքերով, սակայն գիրքերու կողքին ան կը վաճառէր նաեւ գրենական պիտոյքներ՝ մատիտ, գրիչ, ռետին, գծաքաշ, կարկին, եւայլն։ Գրախանութը կը գործէր կնոջ մը ու իր ամուսնին կողմէ։ Կինը քառասունի մօտ, կարճահասակ, նիհարակազմ, բարակ մէջքով ու սեւ մազերով անձ մըն էր։ Ան խանութին դռները բանալով՝ առաւօտները կ՚ընկերանար իր ամուսնին, բարձրակրունկ կօշիկներ հագած, ու երկար, ծունկերէն շատ վար, յաճախ անճաշակ շրջազգեստով մը։ Չար լեզուները իր հագած բարձրակրունկ կօշիկները կը վերագրէին իր կարճ հասակը նուազ բացայայտ դարձնելու ճիգին։
Աշակերտներս այն տպաւորութիւնը ունէինք, որ գրախանութին իսկական ղեկավարը կինն էր։ Ան, չոր ու տիրապետող կեցուածք մը ունէր յաճախորդներուն նկատմամբ, ինչ որ կը հակասէր ամուսնին՝ անոնց հանդէպ ցուցաբերած յարմարող, դիւրաբարոյ վերաբերմունքին հետ։ Աշակերտներ ու ծնողք կը նախընտրէին գրախանութ այցելել կնոջ բացակայութեան՝ ժպտուն, հիւրընկալ դէմք մը տեսնելու ու աւելի յարմար գիներով դասագիրքեր ունենալու յոյսով։
Ամուսինը յիսունի մօտ, միջահասակ, լեցուն կազմով, գլուխը կիսով ճաղատ անձ մըն էր։ Ան յաճախ կը բացակայէր գրատունէն։ Առաւօտները խանութին դռները բանալէ ետք, ան կ՚անհետանար, ու գրատուն կը վերադառնար կէսօրները, պրիմուս կազօճախին վրայ կնոջը պատրաստած ապուրը կամ համեստ կերակուրը ճաշակելու՝ ու ապա կը մեկնէր, երեկոյեան դարձեալ խանութ վերադառնալու համար։ Հաւանաբար ան երկրորդ աշխատանք մըն ալ ունէր, ընտանիքին ապրուստը բարելաւելու համար։
Յիշողութեանս մէջ է, որ տարի մը հօրս հետ միւս գրատուներու շրջանը ընելէ ետք անկարելի եղաւ գտնել ընդհանուր պատմութեան դասագիրքը, որ այդ շրջանին՝ հրապարակի վրայ դժուար գտանելի գիրք մըն էր։ Բախտով կարելի եղաւ այդ դասագիրքը գտնել ու գնել իրենց գրատունէն բարձր սակով։ Տուն վերադարձին հայրս նշեց չոր ու չաւուշ կնոջ մը հետ գործ ունենալու պարագան։
Գրախանութին ցուցափեղկին վրայ որեւէ գրութիւն գոյութիւն չունէր, ու որեւէ մէկ աշակերտ չէր գիտեր կնոջ ու իր ամուսնուն անունները։ Հետեւաբար, գրախանութը, առանց բացառութեան, բոլորին կողմէ ճանչցուած էր «Էրիկ-կնիկ» գրատուն անունով։

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *