ՄՈՎՍԷՍԻՆ ժԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ — ՄԱՀՈՒԱՆ Ա. ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԹԻՒ

ԷԼԻԶ ՇԱՐԱՊԽԱՆԵԱՆ

Առաջին յիշողութիւններս շատ կանուխէն են։ Հալէպի ճեմարանի գրասեղաններուն առջեւ դեռ պարմանուհիներ՝ «Արեւելք» օրաթերթին մէջ, Ապրիլ 24-ի առթիւ լոյս տեսած իր յօդուածին առաջին փիլիսոփայական տողը գրաւած էր մեր ժպիտը եւ ուշադրութիւնը։ «Ապրիլ 24։ Կեանքի թէ մահուան օր։ Թերեւս կեանքի, թերեւս մահուան»։ Յետոյ իր զանազան գրքերու հրատարակութեան առիթով, այցելութիւններ Թորոնթօ, շնորհանդէսներ եւ քննարկումներ։ Հանդիպում Վենետիկի մէջ, ապա քանի մը անգամ Փարիզի մէջ եւ վերջապէս յաճախակի հանդիպումներ Երեւանի եւ Ուշիի մէջ, իր «Երկերու լիակատար ժողովածու»-ի հրատակութեան առիթով Հայաստան զանազան այցելութիւններուն ընթացքին։ Հակառակ որ առողջական խնդիրները ակնյայտ էին, մահը եղաւ անակնկալ։ Կրկին Հայաստան այցելելու ծրագիրներ կը մշակէր, նոյն «Ժողովածու»-ի վերջին հատորի հրատարակութեան առիթով, երբ նախախնամութեան այլ ծրագիրները խափանեցին իր մտադրութիւնը։Ընթերցողին համար, հազուագիւտ հաճոյք է գրողի գրականութեան ծանօթանալէն անդին, ծանօթանալ նաեւ զայն արարողին։ Պչաքճեանի պարագային, գրողի կողքին, մարդն ալ ճանչնալու առիթը ունեցանք։ Ծնողքի գուրգուրանքով եւ բծախնդրութեամբ կը վարուէր իր ամեն մէկ տողին հանդէպ եւ մեծ հաճոյք կը ստանար երբ խօսքը վերաբերէր իր գրականութեան…
Սփիւռքահայ գրողը առեղծուածային երեւոյթ մըն է։ Սովորաբար, ան իր օրապահիկը ճարելու համար երկար ժամեր այլ աշխատանք կատարելէ ետք, ներքին մղումով, առանց որեւէ յստակ պատկերացումի թէ արդեօք իր աշխատանքին արգասիքը լոյս պիտի տեսնէ՝ կը ստեղծագործէ, ապա կը ձեռնարկէ զանազան միջոցներ ճարելով զանոնք հրատարակելու ու ապա գրքի տարածումը ապահովելու համար կապեր հաստատելու աշխարհասփիւռ իր բարեկամներուն ու ծանօթներուն հետ։ Ան գրող է, հրատարակիչ ու ցրուիչ միեւնոյն ժամանակ, առանց որեւէ նիւթական ակնկալութեան։ Նման պայմաններու առկայութեան, իսկական հրաշք է, որ սփիւռքի տարածքին տակաւին կը գոյատեւեն հայ գրողներ, որոնք յամառօրէն կը ստեղծագործեն։ Պչաքճեան սփիւռքահայ գրողի այս տիպարին լաւագոյն օրինակներէն է։
Մովսէս Պչաքճեան տասնմէկ հրատարակուած հատորներու հեղինակն է, եթէ չհաշուենք թարգմանական հրատարակութիւն մը։ Այս տասնմէկ հատորները կ՛ընդգրկեն մէկ թատրերգութիւն, մէկ պատմուածքներու հաւաքածոյ, մէկ բանաստեղծութեանց հատոր, երեք վէպ, չորս քրոնիկային հատորներ եւ մէկ օրագրութիւն։ Այլ խօսքով, Պչաքճեան ստեղծած է, գրական գլխաւոր բոլոր տարազներով։ Այս բազմազանութիւնը սակայն, տարազային է միայն։ Իրականութեան մէջ, Պչաքճեանի բոլոր ստեղծագործութիւնները ունին նոյն ելակէտերը, նոյն յենակները, նոյն ձգտումները, նոյն պաստառը, նոյն աշխարհահայեացքը, նոյն խորաթափանց վերլուծումները եւ վերջապէս նոյն ինքնուրոյն լեզուն։ Այս անշուշտ չ՚ենթադրեր, որ քառասունէ աւելի տարիներու վրայ երկարող իր ստեղծագործութիւնները միօրինակ են եւ կամ իրագործման նոյն մակարդակի վրայ կարելի է դասել զանոնք։ Սակայն պէտք չէ թերագնահատել անոնց իրագործման համար ներդրուած աշխատանքը, ներուժը եւ նուիրեալ յարատեւ աշխատանքը։
Պչաքճեանի գրականութիւնը կը թաւալի սփիւռքահայ իրականութեան շուրջ։ Սփիւռքահայու վտարանդի կեանքին վերաբերող հոգեկան եւ զգացական ներաշխարհը, օտար միջավայրի մէջ հայօրէն ապրելու մարտահրաւէրն ու անհեթեթ վիճակները, մանաւանդ սփիւռքահայ գրողին վիճակուած դժուարին եւ ապերախտ մթնոլորտը կը կազմեն իր գրականութեան առանցքը։ Պչաքճեան կ՚անդրադառնայ նաեւ այն անելին որուն մատնուած է այսօր սփիւռքահայութիւնը։ Անոնք զգացապէս եւ հոգեպէս կապուած ըլլալով հանդերձ հայրենիքին հետ, չունին ներքին ոյժը առնելու յաջորդ քայլը, վերացական հայրենիքը փոխարինելու իրական հայրենիքով։
Պչաքճեան չի բաւարարուիր ազգային մտահոգութիւններով, այլ կ՚արծարծէ աշխարհը յուզող ամեն կարելի ընկերային թէ քաղաքական նիւթ, կ՚արձանագրէ ամեն անարդարութիւն, կ՚ընդվզի, կը յուսալքուի, կը խանդավառուի, կը զարմանայ եւ վերջապէս կ՚անցնի ամեն տեսակի տրամաբանական եւ զգացական վիճակներէ։ Անոր ներկայացումները սակայն, դասախօսական չեն, հակառակ անոր, որ հեղինակը կը պարզէ յստակ կողմնորոշում։ Պչաքճեան կը գրէ զինք շրջապատող իրականութեան մասին, այդ իրականութիւնը ապրողի եւ վկայողի հաստատակամութեամբ, զայն ներկայացնելով հայկական իւրայատուկ տեսանկիւնէ, առանց անտեսելու քսաներորդ դարու վերջին կէսին առկայ միջազգային գրականութեան միտումները։
Գրողին համար լեզուն գործիքն է, հում նիւթը, ստեղծագործելու միջոցը։ Ինչպէս որ ճարտարապետը քարը կը կենդանացնէ եւ գեղանկարիչը՝ ներկերը, գրողը իր ընտրած լեզուն կը վերարարէ։ Լեզուն սակայն քարին ու ներկին նման անկենդան չէ։ Ան ունի ներքին կեանք եւ կը պարտադրէ որոշ մտածողութիւն։ Արեւմտահայերէնը ունի անսովոր իւրայատկութիւններ, ան չի խօսուիր փողոցը, շուկային մէջ, գիտութեան կաճառներու մէջ կամ տնտեսական ու առեւտրական հաստատութիւններու մէջ կամ խորհրդարաններու եւ պետական գրասենեակներու մէջ։ Ան կը խօսուի միայն յամառօրէն հայ ինքնութիւնը պահպանել ուզող տուներու մէջ, քանի մը երկոտասնեակ հայկական վարժարաններու մէջ, եկեղեցւոյ բեմերէն՝ ան ալ միայն քարոզի ժամանակ եւ սփիւռքի կազմակերպուած միաւորներու հաւաքներու ժամանակ։ Տրամաբանօրէն, ան զուրկ է զարգանալու, ժամանակին հետ քայլ պահելու բոլոր կարելիութիւններէն եւ անոր հետ ժամանակակից որակաւոր գրականութիւն ստեղծելը անկարելի կը թուի մինչեւ որ հաւասարութեան մէջ նկատի առնենք Պչաքճեանի նման ասուպներ։
Արեւմտահայերէնի հանդէպ Պչաքճեանի բծախնդրութիւնը ու անոր էութեան թափանցելու, զայն տարրալուծելու, ըմբռնելու, աժմէականացնելու բայց միշտ արմատներուն մօտիկ պահելու միտումները ակնյայտ են ամեն տողի մէջ։ Լեզուի մասին ուղղակիօրէն խօսած ատեն չէ միայն, որ կը նշմարենք Պչաքճեանի հոգատարութիւնն ու գուրգուրանքը իր լեզուին հանդէպ։ Ան երբեք չի լքեր իր ակնյայտ հետաքրքրութիւնը բոլոր լեզուներուն հանդէպ, լեզուական նրբութիւններու, իմաստային երանգներու, բառակազմութեան տարօրինակութեանց եւ ժամանակի ընթացքին բառին բովանդակութեան ընկերային փոփոխութեանց վերաբերեալ։ Ամեն բառ կ՚անցնի անոր տարրալուծարանէն, կը դառնայ խորհրդածութեան առարկայ։
Այս լեզուն ինքնատիպ է եւ գեղեցիկ։ Պչաքճեան արեւմտահայերէնի վարպետն է անկասկած։ Նոյնիսկ եթէ վայրկեան մը մոռնանք իր գրականութեան բովանդակութիւնը, անոր ընթերցումը վայելք մըն է եւ վերահաղորդութիւն մը մեր լեզուին հետ անոր ամենէն ջինջ ու առինքնող վիճակին մէջ։
Եթէ մօտիկ ապագային ազգօրէն չըմբռնենք արեւմտահայերէնի իւրայատուկ արժէքը եւ չգուրգուրանք անոր վրայ այնպէս ինչպէս Պչաքճեան եւ սակաւաթիւ ուրիշներ կը գուրգուրան, ցաւօք պիտի կորսնցնենք ազգային անգին գանձ մը, որ քանի մը դար յղկուելէ, փայլելէ եւ ճառագայթելէ ետք, պիտի չքանայ։
Պչաքճեան այն բախտաւորներէն է, որոնց գրականութիւնը ամբողջութեամբ լոյս տեսաւ Հայրենիքի մէջ, Հայաստան հրատարակչութեան կամ այլոց կողմէ, առիթը տալով հայաստանաբնակ ընթերցողին հաղորդուելու իրենց գրականութեան հետ։ Սփիւռքի մէջ արդէն հրատարակուած հատորներու կողքին իրմէ հրատարակուեցան նաեւ անտիպներ, լոյս տեսած գրախօսականներ, նկարներ եւ նամակներ։ «Լիակատար ժողովածու»-ի ութերորդ եւ վերջին հատորը լոյս տեսաւ յետ մահու։
Այն ինչ ժառանգ ձգեց մեզի` պատկառելի է։ Կը մնայ տեսնել, որ իր յետնորդները` մենք, ինչպէ՞ս պիտի վարուինք այդ ժառանգութեան հետ։

Ուշի

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *