Բարեւ, Հայաստան

ՄՈՎՍԷՍ ՊՉԱՔՃԵԱՆ

(Հատուածներ Մովսէս Պչաքճեանի «Բարեւ Հայաստան» վէպէն, 1975)

—Գիտե՞ս ինչու եկայ քովդ…
—Ինչո՞ւ։
—Որովհետեւ ցուցատախտակին վրայ հայերէն գրած ես…
Հայու թրթռացող զգացումներ սնուցանող մէկու մը հետ է գործս։ Կամ ինծի այդպէս կը թուի։—Ինչո՞վ կրնամ օգտակար ըլլալ ձեզի։
—Ծրագրած ենք Աւստրալիա գաղթել։ Վիզաները երէկ ստացանք։
Յաճախորդս երբ կը նկատէ որ հայերէն թերթեր կան գրասեղանիս վրայ եւ Պարոյր Սեւակի նկարը՝ապակիին տակ, կը սկսի քարոզի մը։ Կ՚ըսէ թէ երկիրը եւ միջավայրը ո՛չ մէկ կարեւորութիւն ունին հայ մնալու համար։ Ոսկին ամե՛ն տեղ ալ ոսկի է։ Հայ դատը կը լուծուի օր մը։ Օր մը անպայման Հայաստան կը գաղթեն, որովհետեւ վերջին հանգրուանն է։ Տնտեսական մտահոգութիւններով է որ Աւստրալիա կը մեկնին։ Քանի մը անգամ Երեւան գացած է ու շատ սիրած՝ մեր մայրաքաղաքը։ Դիլիջանը կը նմանցնէ Զուիցերիոյ։ Ամեն օր հայերէն լրագիր կը կարդայ, տունը գրադարան ունի։ Կնոջ պնդումով՝ զաւակները ֆրանսական դպրոց ղրկած է թէեւ, բայց լաւ հայերէն կը խօսին։ Սխալ գործած է։ Պէտք է անգլիական կամ ամերիկեան դպրոց ղրկէր։ Աւստրալիոյ մէջ անգլերէնը անհրաժեշտ է…
Եւ կը շարունակէ.
—Շատ զարգացած գտայ Հայաստանը։ Շինարարութիւնը մեծ թափով առաջ կ՚երթայ։ Գիտութիւնը հսկայաքայլ կը յառաջդիմէ։ Զաւակներս ֆութպոլի սիրահար են։ «Արարատ»ի արդիւնքները գոց գիտեն։ Գիտեն բոլոր կէտ նշանակող ֆութպոլիստներուն անունները, մրցումներուն վայրերը…
«Ուրեմն ինչո՞ւ Հայաստան չէք հաստատուիր», պիտի հարցնեմ, սակայն անմիջապէս կ՚անդրադառնամ, թէ հարցումս անհասցէ նամակի մը պէս պիտի կորսուի. հետեւաբար, անիմաստ բացատրութիւններ խնայելու համար նախ ինծի, յետոյ իրեն, կ՚ուղղեմ ուրիշ հարցում մը, երբ կը յիշեմ իր ակնարկութիւնը՝ հայերէն լեզուով գրուած ցուցատախտակիս.
—Մաքիավելլին կը ճանչնա՞ք…
—Մաքիավելլի՞ին…։ Մաքիավելլին ո՞վ է…
—Իտալացի այն «միամիտ» իշխանը, որ անվնաս գիրք մը գրած է «Իշխանը» խորագրով, ու թելադրած՝ որ նպատակի մը հասնելու համար միջոցներու մէջ խտիր չդրուի…
—Ի՞նչ ըսել կ՚ուզէք…
—Ցուցատախտակին հայերէնը….
—Չեմ հասկնար։
—Աւելի լաւ։ Քիչ առաջ, շրջելով գիտական սկզբունք մը՝ կը փորձէիք հաւատացնել թէ երկու կէտերու միջեւ ամենէն կարճ ճամբան կոր գիծն է եւ ոչ թէ ուղիղը…
—Չհասկցայ…։ Իմ գործիս հետ ի՞նչ կապ ունի այդ իտալացին…։
—Ոչի՛նչ, ոչի՛նչ…։ Վերադառնանք բուն հարցին…։ Սիտնի՞ թէ Մելպուրն…
—Ո՛չ Սիտնի, ո՛չ Մելպուրն։ Կ՚ուզենք Բըրթ երթալ…։
Գիներ ու միջոցներ կ՚առաջարկեմ։ Թուղթ մը կ՚ուզէ, որպէսզի արձանագրէ ստացած տեղեկութիւնները՝ ընտանեկան ժողովին ներկայացնելու համար։ Արձանագրելու գործողութիւնը կատարելէ, քանի մը ուրիշ հարցում եւս ուղղելէ եւ Աւստրալիոյ քարտէսը ուզելէ ետք՝ ոտքի կ՚ելլէ ու մեկնած պահուն կը հարցնէ.
—Մաքիավելլի՞, ըսիք…
—Ոչի՛նչ, մոռցէ՛ք։
—Ուրեմն, ցտեսութիւն։ Քանի օրէն կնոջս հետ կը հանդիպինք։
«Ձախորդ օրերը ձմրան նման
կու գան ու կ՚երթան,
վհատելու չէ,
կու գան ու կ՚երթան…»
(. . .)
Բայց իսկապէս, ի՞նչ է ուզածս։ Ինչո՞ւ կը տագնապիմ։ Ինչո՞ւ այսքան դժուար կը գրեմ վերջին այս գլուխը։ Ինչո՞ւ վկայութեան կանչեցի Վովա փիղը, աղուէսը, բոլոր կենդանիները։ Ինչո՞ւ դիմեցի արեւուն։ Ինչո՞ւ պատմեցի կրակի խորհրդաւոր, թերեւս բռնազբօսիկ պատմութիւն մը։ Ինչո՞ւ նոյնիսկ դիմեցի նոր զարթնող, կիսավայրենի նկատուած Ափրիկէի մէկ փիլիսոփային կարծիքին։ Ինչո՞ւ երբեմն այնքա՜ն «միամիտ» եղայ, երբեմն այնքա՜ն «ծիծաղելի»։ Բայց իսկապէս ինչո՞ւ գրել այս բոլորը, երբ գիտեմ, որ անոնց մէջ բազմաթիւ հակասութիւններ կան, նոյնիսկ զառանցանքներ, նոյնիսկ այնքան մեծ անհեթեթութիւններ։ Ինչո՞ւ գրեցի, երբ գիտեմ իւրաքանչիւր բառս պիտի ունենայ ճակատագիրը կլկլակի փրփրացող ջուրի պղպջակին։ Ինչո՞ւ այս յոռետեսութիւնը ժողովուրդիս նկատմամբ։ Ինչո՞ւ իւրաքանչիւր գաղութին խոցելիութիւնը կը մեծցնեմ այնքա՜ն՝ վերածելու համար աքիլլեսեան տակաւ խոշորցող կրունկի մը։ Բայց ինչո՞ւ բոլոր այս «ինչու»ները, երբ կը հաւատամ հայ ոգիի անպարտելիութեան, երբ գիտեմ, թէ հայկական գիտակցութիւնը անընկճելի է, կրնայ այնպէս ցնցել հայը, որ նոր Սարդարապատներ երկնէ։ Սակայն… սակայն ինչո՞ւ այս տարակուսանքը։ Ինչո՞ւ այս վախը։ Ինչո՞ւ Թէոտոր Պատալի նման սափրիչի վերածուելու այս սարսափը։ Երբ ամեն օր փոքր, սահմանափակ Սարդարապատներ կը կորսնցնենք, ի՞նչպէս կարելի պիտի ըլլայ պատրաստուիլ Մեծին, Ճակատագրականին։ Ի՞նչպէս պիտի հաւաքուինք։ Ո՞ր շեփորով։ Ո՞ր ահազանգով։ Բայց ինչո՞ւ այսքան յոռետես եմ, երբ գիտեմ, որ նոյնիսկ ֆութպոլի պարզ խաղի մը համար հազարաւոր հայեր, հազարաւոր մղոններ կտրելով, հաւաքուեցան Միւնիխի մէջ ու իրենց խորհրդանշական մասնակցութիւնը բերին խաղաղութեան շրջանի ազգային վերջին ճակատամարտին։
Ինչպէ՞ս յոռետես ըլլամ, երբ գիտեմ, որ հայը մի՛շտ կռուած է, մի՛շտ պայքարած՝ նոյնիսկ կանխաւ գիտնալով անհաւասար ճակատամարտներու ժխտական արդիւնքին մասին։
. . . . . . . . .
. . . . . . . . .
Ե՞րբ, իսկապէս ե՞րբ պիտի վերածուինք սովորական ժողովուրդի մը՝ սովորական քաղաքացիներով, սովորական վաճառականներով, գրողներով ու բանուորներով, գիտնականներով եւ ուսուցիչներով։ Ե՞րբ հայրենիքին «Բարեւ» կամ «Ցտեսութիւն» պիտի կարենանք ըսել սովորական հայրենիք մը ունեցողի նման՝ առանց բարդոյթի, առանց ցեղապաշտութեան, մեծամտութեան կամ ստորակայութեան զգացումի։ Ե՞րբ պիտի վերադարձնենք «գաղթ», «ներգաղթ», «արտագաղթ» բառերը բառարաններու մէջ իրենց յատկացուած տեղերուն ու իւրաքանչիւր հայու տեղափոխութիւնը այլեւս պիտի չնկատենք իսկ։ Ե՞րբ պիտի դադրինք դաւաճաններ փնտռելէ, դասալիքներ որոնելէ, մեղադրանքներ տեղացնելէ։ Ե՞րբ պիտի հրաժարինք նոր հպատակութիւններ փնտռելէ ու պիտի ունենանք նոյնութիւն մը ազգութեան եւ հպատակութեան…։
Ե՞րբ…

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *