Բժ. ՕՀԱՆ ԹԱՊԱՔԵԱՆ
Հալէպի հրշէջներու կայանը 1940-50-ական թուականներուն կը գտնուէր Նէյյալ թաղին մօտերը, բժիշկ Յակոբ Գասապեանի դարմանատան դիմացի կողմը, միաժամանակ ան մեր ամենօրեայ՝ դէպի դպրոց եւ կամ ակումբ՝ երթեւեկի ճամբուն վրայ էր։
Փոքրերուս համար, կայանին առջեւէն մեր անցած միջոցին հրդեհ ազդարարող, խլացնող, թոքերը պատռող երկարատեւ սոյլերը եւ հրշէջներուն զգեստաւորուած, մետաղեայ գլխարկներով, երկրորդ յարկէն երկաթեայ գլանաձեւ սիւնին վրայէն սահելով վար գալն ու հապճեպ կերպով ինքնաշարժերուն վրայ ցատկելը, ուշագրաւ ու հետաքրքրական երեւոյթ էր, ու պահ մը կանգ առնելով դիտէինք պարզուած արտասովոր ու տպաւորիչ երեւոյթը, — ինչ որ փոքր տարիքիս զիս մղած էր ծնողքիս ու շրջապատիս յայտարարելու, թէ երբ մեծնամ կը փափաքիմ հրշէջ ըլլալ, կամ քաղցրեղէնները շատ սիրելուս՝ փախլաւաճի…։
Ամառ առաւօտ մը, երբ հրշէջներու կայանին առջեւէն անցնելով դէպի ակումբ կ՚ուղղուէի թաղըներոջ մը հետ, կայանին մուտքի դրան առջեւ տեսանք հրշէջ մը, որ երիտասարդի մը հետ հայերէն կը խօսէր. ինչ որ մեզի յստակօրէն կը յայտնէր հայ հրշէջի մը ներկայութիւնը հաստատութեան անձնակազմին մէջ։ Մօտենալով իրեն, իմացանք իր անունին Լեւոն ըլլալը ու, քիչ մը աներեսաբար, իրմէ խնդրեցինք մեզի թոյլ տալ երկրորդ յարկ ելլելով, երկաթեայ գլանաձեւ սիւնին վրայէն սահելով վար իջնենք…։ Պահ մը վարանելէ ետք, Լեւոն բարեացակամ մօտեցումով ընթացք տուաւ մեր փափաքին, ու այսպիսով որոշ մօտիկութիւն մը ստեղծուեցաւ իր եւ մեր միջեւ։
Շաբաթներ ետք, երբ ակումբին մէջ երէց բարեկամներուս պատմեցինք Լեւոնին հետ մեր ունեցած արկածախնդրութեան մասին, անոնցմէ մին մեզի տեղեկացուց Լեւոնենց ընտանիքին հետ իրենց դրացիներ ըլլալու պարագան ու մօտիկութիւնը։ Ան նշեց նաեւ, որ Լեւոն հրշէջութեան կողքին, տարիներէ ի վեր կը հետեւի մարմնամշակութեան, աւելի եւս սրելով մեր հետաքրքրութիւնը անոր անձին նկատմամբ։ Օր մը, երբ կ՚անցնէի հրշէջակայանէն առջեւէն, ներս մտնելով տեսայ Լեւոնը, կարճ տափատով, մարմնին վերեւի մասը մերկ, որ ծանրութիւն բարձրացնելու փորձեր կը կատարէր… իր բազուկներուն մշակուած ու աճած դնդերները, ինչպէս նաեւ կուրծքին պրկուած մկանները տպաւորած ու հիացուցած էր զիս։
Ամիսներ ետք, երէց բարեկամէ մը իմացայ, որ Լեւոնին կրտսեր եղբայրը (անունը յիշողութենէս կը վրիպի) մարմնամշակումի դպրոց մը կը բանեցնէ հրշէջակայանին մօտերը, լատիններու եկեղեցիին կից, գետնայարկ վայրի մը մէջ ու ունի տասնեակներով հայ ու արաբ աշակերտներ…։
Այս պատեհութենէն անմասն չմնալու ու օգտուելու համար, թաղընկերս Ալպեր ու ես արձանագրուեցանք դպրոցին ու շաբաթը երկու յաճախումներով փորձեցինք հետեւիլ մարմնամշակումի դասընթացքներուն, սակայն շուտով անդրադարձանք ու համոզուեցանք, որ մարմնամշակումը վեր է մեր կարողութիւնէն ու մեր անտաշ, թոյլ մկաններով դժուար է ծանրութիւն վերցնելը, ուստի մեզի համար աւելի նպաստաւոր էր այդ ժամերը նուիրել մեր դպրոցական աշխատանքներուն։
1952 թուական, գարուն. դպրոց երթալու ճամբուն, հրշէջներուն կայանին դռան վրայ ուշադրութիւնս գրաւեց փակցուած յայտարարութիւն մը արաբերէն լեզուով, որ կը յայտնէր հրշէջ Լեւոն Հիմիտեանի մասնակցութիւնը Լոնտոնի մէջ կայանալիք մարմնամշակումի միջազգային մրցումներուն, շռայլ բարեմաղթութիւններով։ Քանի մը օր ետք «Արեւելք» օրաթերթը իր կարգին հալէպահայութիւնը տեղեակ պահեց այս մասին՝ յաջողութեան ջերմ մաղթանքներով։
Մօտ երկու շաբաթ ետք, կիրակի օր մը, երբ երեկոյեան Մոնթէ-Գարլօ ռատիոկայանը կ՚ունկնդրէի, խօսնակը, այլ մարզական լուրերու կարգին, յայտարարեց Լեւոն Հիմիտեանին Լոնտոնի մէջ կայացած մարմնամշակումի մրցոյթին իր դասակարգէն երկրորդ հանդիսացած ըլլալը, արժանանալով արծաթ մետալի…։
Կայծակի արագութեամբ այս մեծապէս հրճուեցնող լուրը տարածուեցաւ հալէպահայութեան, ինչպէս նաեւ տեղական շրջանակներուն մէջ։
Չեմ յիշեր Լեւոնին Լոնտոնէն Հալէպ վերադարձի թուականը, սակայն երեկուան պէս աչքերուս առջեւ են տակաւին այն յուզումնալից ու զգացական պահերը, որ հայութիւնը ապրեցաւ, երբ ՀՄԸՄ-ական Լեւոն՝ Եղեռնէն ճողոպրած հայու զաւակ, հպարտօրէն ներկայացուեցաւ հանրութեան ՀՄԸՄ-ի Թիլէլի ակումբին մէջ, արժանանալով խանդավառ երկարատեւ ծափահարութիւններու։ Լեւոն, ինք ալ զգայուն երիտասարդ, յուզուած ու արցունքի կաթիլները աչքերուն, կարծես երազ ըլլար, ինք ալ չէր հաւատար իր ստացած մրցանակին ու իր անձին հանդէպ կատարուած մեծարանքին։
ՀՄԸՄի երկար տարիներու պատասխանատու Լուտէր Մասպանաճեան, կանգնած Լեւոնին աջ կողմը, աւետարանի կողքի մը պէս Լեւոնի ճակատը համբուրելէ ետք, յայտարարեց.
«Պատմութեան ընթացքին, մեր վրայէն անցան պարսիկը, յոյնը, հռովմայեցին ու մարդկութեան ամօթը՝ թուրքը, բայց շնորհիւ մեր ապրելու ու յարատեւելու կամքին, հայ ազգը կայ ու պիտի մնայ յաւիտեան» ու, ցոյց տալով Լեւոնը, ան ըսաւ. «Վկայ Լեւոնին բազուկներուն լարուած դնդերները…»։
Լուսնկայ կէսգիշեր էր, ու տուն վերադարձի ճամբուն վրայ, ճրագները հատիկ-հատիկ իրենց աչքերը կը խփէին, տնեցիները վաղուց քնացեր էին, միայն հայրս սեղանին առջեւ նստած կը գրէր…։
Յիշատակելի, անվերադարձ օրեր…։