ՆԱՄԱԿ ԱՐՑԱԽԻՑ

ԶԱՐԻՆԷ ՍԱՌԱՋԵԱՆ

Բանասիրական գիտութիւնների թեկնածու, դոցենտ,
Արցախի պետական համալսարանի դասախօս

— Բարեւ, ԱՇԽԱՐՀ, — կամ միջազգային հանրութիւն, — թոյլ տուր «դու»-ով խօսել քեզ հետ, ինչպէս մեզ մօտ ընդունուած է խօսել հարազատ մարդու հետ, որովհետեւ քեզ հետ սրտաբաց զրոյց եմ բացելու: Ես Արցախն եմ: Գո՞ւցէ անունս քեզ ոչինչ չասի, որովհետեւ ինձ յաճախ կոչում են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղ: Գիտե՞ս, դու ինձ չես ճանաչում, բայց ուզում եմ մի փոքր պատմել իմ մասին, որովհետեւ քո կողմից ինձ ճանաչելը իմ գոյութեան համար էական նշանակութիւն կ՚ունենայ, քո՝ ինձ ճանաչելով հնարաւոր է այլեւս զաւակներս չզոհուեն, կեանքս բռնութեան չենթարկուի եւ իրաւունքներս կոպտօրէն չեն ոտնահարուի: Չէ՞ որ քեզ համար մարդու իրաւունքների պաշտպանութիւնը Continue reading “ՆԱՄԱԿ ԱՐՑԱԽԻՑ”

Գորոնագրութիւն — ՄԻԵՒՆՈՅՆՇԱԲԹԻՆԵՐՈՒ ԹԱԽԻԾԸ

Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

«Համավարակէն յետոյ» մը տակաւին չկայ: Չէր մտածուած այն ժամանակ, Ժահրի առաջին ալիքին գագաթնակէտային ժամանակներուն, երբ կարծես թէ անհրաժեշտ էր ապրուող տիսթոփիային գտնել Bred Easton Ellis-ի American Psycho-ի THIS IS NOT AN EXIT-էն տարբեր աւարտ մը:
Հարաւային կիսագունդին մէջ Դադար 2 է — Pausa 2. արժանթինցի լրագրող Hugo Alconada Mon-ի նոր լոյս ընծայած գրքի խորագրին հետեւումով (քսանհինգ անձնաւորութիւններու խորքային հարցազրոյցներու հաւաքածոյ մը, ուր անոնք կը խորհրդածեն Ժահրին բովէն անցած աշխարհի մասին): Երկրորդ ալիքը արդէն երկու ամիս է կ՚իջնէ, վարակուողներու եւ մահերու թիւերը կայունացած են ցած հարթակի մը վրայ, պատուաստի սատանայացում չէ եղած, Continue reading “Գորոնագրութիւն — ՄԻԵՒՆՈՅՆՇԱԲԹԻՆԵՐՈՒ ԹԱԽԻԾԸ”

ՁԻՒՆ, ԳԻՆԻ ԵՒ ԱԶՆԱՒՈՒՐ

ԹԱՄԱՐ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ

— Ուշադի՜ր եղէք, ճամբաները լաւ չեն նորէն։
Մայրս է, ընկալուչին միւս կողմը. չըսէ՝ չ՚ըլլար։ Իսկ երբ ականջի ետեւ նետեմ, պատասխանը չ՚ուշանար՝
— է՜հ, օր մը երբ մայր ըլլաք, այդ ատեն կը հասկնաք։
Այդպէս կ՚երեւի, որ բնաւ պիտի չհասկնամ։
Մեր միտքը դրեր ենք. Թորոնթոյէն հակիրճ փախուստի մը կը պատրաստուինք, հանգստավայրը՝ մօտ հինգ հարիւր քիլոմեթր դէպի արեւելք՝ Մոնթրէալ։

Սովորաբար միութենական առաքելութեամբ ճամբայ կ՚ելլենք դէպի Մոնթրէալ. խինդ ու ծիծաղ յառաջացնող շատ յիշատակներ կան։ Բայց խոստովանիմ, որ ահաւոր զգացում մը կը պատէ մեզ, Քինկսթընի սահմաններուն չմօտեցած, Թորոնթոյէն մօտ երկու ժամ անդին։ Continue reading “ՁԻՒՆ, ԳԻՆԻ ԵՒ ԱԶՆԱՒՈՒՐ”

ԳՐԱՄԵՔԵՆԱՅԻՍ ՀԵՏ

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Քանի մը օր առաջ կինս՝ Մարալը, տան մէկ խուլ անկիւնէն հանած էր գրամեքենաս, որ շուրջ քսան տարիէ հանգիստ կը ննջէր: Բացի անոր կափարիչը՝ մոռցուած հին ծանօթի մը հանդիպողի կարօտով: Անշուշտ ամբողջովին օտարացած էի ստեղնաշարին. իւրաքանչիւր տառ դժուար կը բարձրանար իր հանգստավայրէն եւ հաւանաբար «իւղոտել» կ՚ուզէր, իսկ ժապաւէնը բնականաբար կորսնցուցած էր իր սեւ մելանը եւ տուած «հարուածներս» չէին արձագանգեր էջին վրայ: Կարծես դարձած էր մնացորդ մը անցեալէն, զոր պատմութիւնը ձգած էր ետին, սակայն յիշատակներու ամբողջ աշխարհ մը կը բանար դիմացս: Չեմ գիտեր, թէ այս մէկը գործածած քանիերո՛րդ գրամեքենաս էր, երեքէն չորս տարբեր մեքենաներ գործածած էի, սակայն այս վերջինը ի՛մս էր. մտերիմ բարեկամ մը, իբրեւ անակնկալ նուէր, զայն բերած էր ինծի: Continue reading “ԳՐԱՄԵՔԵՆԱՅԻՍ ՀԵՏ”

ՍԱՌՆԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

ՆՈՐԱ ՊԱՐՈՒԹՃԵԱՆ

Քի՛չ մըն ալ սառնարան մնա, սպասէ։ Չենք կրնար հիմա գալ։ Զբաղած չենք, ոչ, բայց … ի՞նչ ըսեմ, սխալ ատեն ըրիր ընելիքդ։
Տղան արձակուրդը վճարած էր շատոնց, աղջիկն ալ հեռու կ՚ապրի։ Դիւրին չէ ամանորեան այս շրջանին ընտանեկան կարգադրութիւնները մէկէն ջուրը թափել եւ «չեմ կրնար չերթալ» ըսել։ Ամուսին, շրջապատ … կը հասկնաս, դուն ալ ամուսին եղած ես … եղած էիր ատենին … ես վստահ եմ, որ պիտի հասկնաս. լաւ հայր, հասկցող հայր էիր, յիշէ։ Continue reading “ՍԱՌՆԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ”

ՄԻԱՍԻՆ

ՊԵՐՃՈՒՀԻ ԱՒԵՏԵԱՆ

«Ծիծեռնակաբերդ բարձրացողները ձեռքերնուն մէջ ծաղիկ ունին,
իջնողները՝ սրտերնուն մէջ կսկիծ եւ աչքերու մէջ անօրինակ տխրութիւն մը»։
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

— Կարմիր կակաչներ, — աղջիկը գումարը երկարեց տարեց ծաղկավաճառ կնոջ:
Կողքի երիտասարդ ծաղկավաճառուհին մօտեցաւ:
— Նայէք ինչ սիրուն են իմ վարդերը, մի փունջ տա՞մ:
— Չէ՛, ես կակաչներ վերցրել եմ արդէն… — պատասխանեց աղջիկը:
Ու աչքերը խոնարհելով ձեռքի փունջին՝ շարունակեց բարձրաձայն մտածելով։
— Կարմիր փակ թերթիկները պահում են խոցուած, սեւ սիրտը:
Տարեց ծաղկավաճառուհիի դէմքի կնճիռները աւելի խտացան, աչքերուն մէջ յիշողութիւնը խլրտաց, ու արցունքի կաթիլը սահեցաւ այտին վրայ:
— Թոռս կորել է, եօթ ամիս առաջ զանգել էր մօրը թէ Շուշիում ենք… հիմի զոհուել է թէ գերի չգիտենք… Continue reading “ՄԻԱՍԻՆ”

ՊԶՏԻԿ ՀԵՐՈՍԸ

ԱՐԱՄ ՀԱՅԿԱԶ

Այս ճգնաժամային պահուն էր, որ անակնկալօրէն ձեռնառումբ մը պայթեցաւ Բերդի դրան առջեւ տարածուող հրապարակին վրայ։ Մետաղի ու քարի բեկորներ անձրեւեցին չորս կողմ ու փոշին, վառօդի ծուխին խառնուած, րոպէ մը վարագուրած պահեց հրապարակը։ Թուրքերը , դուռը քանդելու աշխատանքը դադրեցուցած, ինքնապաշտպանութեան անցան։ Այն ատեն, դրան վրայ դիրք գրաւողները իրենց ամբողջ ուշադրութիւնը կեդրոնացուցին դուրսէն եկողներուն վրայ ու կասեցուցին անոնց յառաջխաղացքը։ Մինչ այդ , ներսի թուրքերը կը կռուէին կատաղօրէն. գիտէին, որ եթէ այս Continue reading “ՊԶՏԻԿ ՀԵՐՈՍԸ”

«ԱՅՆ ԻՆՉ ԿԱՏԱՐՈՒԵԼՈՒ Է, ՊԻՏԻ ԿԱՏԱՐՈՒԻ»

ԱԼԵՔՍԱՆԴՐ ԹՈՓՉԵԱՆ

Հատուած «Բանկ Օտոման» վէպէն

Կոստանդնուպոլիս, Ելդըզ, յուլիս, 1896թ.

Երեք զամբիւղ դրուեց նրա առջեւ. իւրաքանչիւրի մէջ հարիւրական ձու: Նրան ասել էին, թէ ձուերն անկարելի է թունաւորել: Այնուհանդերձ պահանջում էր, որ ամեն առաւօտ Քիլարջի բաշիի՝ մառանապետի գլխաւորութեամբ զամբիւղները բերուեն իր սենեակ: Այնուհետեւ, երեք զամբիւղներից ընտրում էին 10-12 ձու, իր ներկայութեամբ խաշում, կճպում եւ երկու կէս անում: Ձուերի մի կէսը, ուշադիր զննելուց եւ իրար հետ համեմատելուց յետոյ, պահում էր իրեն, միւս կէսը պահանջում, որ խոհարարն ու Քիլարջի բաշին ուտեն իր ներկայութեամբ: Այնուհետեւ, համոզուելով, որ թունաւորուած չէ, սկսում էր իր համեստ նախաճաշը. Continue reading “«ԱՅՆ ԻՆՉ ԿԱՏԱՐՈՒԵԼՈՒ Է, ՊԻՏԻ ԿԱՏԱՐՈՒԻ»”

Առաջին դասապահը

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Յանկարծ զրոյցը փոխեց իր սովորական հունը, չես գիտեր ինչպէս:
— Ուրեմն, այդպէ՛ս… պարոն… համաձայնեցանք, — վերջապէս ըսաւ տարիքոտ եւ քիչ մըն ալ նիհարակազմ մարդը, — երկուշաբթի առաւօտ, Աստուած ուզէ, նախ կը մտնէ՛ք տնօրէնի գրասենեակ, եւ ապա ձեր դասացուցակը վերցնելէ ետք, կ՚անցնի՛ք ձեր դասարանը…, ձեր գործին…, հ՞ը…եղա՞ւ…: Continue reading “Առաջին դասապահը”

«Հայր մեր»-ը դուն գիտե՞ս, օղլո՛ւմ՝ Անդրանի՛կ

ԶԱՐԵՀ ՍԱՓՍԸԶԵԱՆ

Սուրիոյ բանակի ֆութպոլի խումբը, որ լաւագոյնը կը նկատուէր Սուրիոյ մէջ, Արեւելեան Եւրոպա իր շրջապտոյտին համար խումբը ուզեց զօրացնել յաւելեալ մէկ կամ երկու լաւագոյն խաղացողներով։ Եւ լաւագոյն թեկնածուն անշուշտ Անդրանիկն էր, Հալէպի ՀՄԸՄ-ի, նաեւ ամբողջ Սուրիոյ լաւագոյն ռմբարկուն, ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն յոյսը, իսկ հակառակորդ խումբի բերդապահներուն ահն ու սարսափը։ Երբ գնդակը Անդրանիկին ոտքը ըլլար եւ ան հակառակորդին բերդին մօտենար, համակիրները, մեծ եւ պզտիկ հաւասարապէս, տարօրինակ խանդավառութեամբ կը քաջալերէին զինք, խոստանալով համբուրել Continue reading “«Հայր մեր»-ը դուն գիտե՞ս, օղլո՛ւմ՝ Անդրանի՛կ”