1994. Ծաղկած խրամատներ — Բ.

Մ.

Շտապ օգնութեան մեքենան կանգ առաւ գիւղամիջում:
Մայրը երեխային ասաց. «Մի տես էն ի՞նչ մեքենայ է»:
Երեխան վազեց եւ յետ եկաւ, սարսափած նայեց մօր աչքերին ու ասաց.
«Մա՛մ, ես լսեցի, մեքենայի մէջ պապային են բերել… սպանուած»:
1994թ. Արցախ

Շարունակում եմ ընթերցողին ներկայացնել ազատամարտիկի յուշագրութիւնը, եւ եթէ դու, ընթերցող, տեսել ես պատերազմը, ուրեմն՝ դու էլ ես սրտով զգում ու շօշափում այս պատմութեան զարկերակը…
Պատերազմի անցած տեղերում ամայութիւն է մնացել: Այդ տեղերը մարդկանց սրտերում են, ոչ թէ հողի վրայ: Կիսատ մնացած մանկութեան, սիրոյ, երջանկութեան, երիտասարդութեան, անաւարտ երազանքների դժգոյն կերպարանքներ են թափառում այդ վայրերով, բայց մարդը չի հաշտւում, նա շարունակում է պայքարել պատերազմի թողած դատարկութեան դէմ, շարունակում է ապրել՝ հաւատալով, որ իր հոգու խրամատներում անպայման մի օր ծաղկելու են մանուշակները…

Խմբագիր

Բ. մաս
ՄԱՀՈՒԱՆ ՀԵՏ ԿԱՏԱԿԵԼՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԸ

Մեր՝ իմ, Դաւիթի, Արտիկի, Վալերիկի, Արտուրիկի ընկերութիւնն ամրացաւ կռիւներում: Մենք գիտէինք՝ իրար թիկունք ենք: Դէ, բացի այդ էլ, բոլորս էինք իրար թիկունք, որովհետեւ քիչ էինք ու հասկանում էինք՝ եթէ իրար թիկունք չլինենք, պատերազմը մեզ մէկ-մէկ կը պոկի, դէն կը շպրտի՝ առանց ափսոսանքի:

Continue reading “1994. Ծաղկած խրամատներ — Բ.”

1994. Ծաղկած խրամատներ

Մ.

Հազիւ վեց տարեկան տղան հօր հետ քայլելիս հարցնում է.
— Պա՛պ, եթէ բոլորը մեռնում են, ախր ինչու՞ ենք ծնուել…
1994թ. Արցախ

Եւ ահա ձեռքիս է ազատամարտիկի օրագիրը: Նա ինձանից մեծ է 18 տարով, բայց ես նրան ընկեր եմ համարում, որովհետեւ ազնիւ մարդիկ այսօր շատ քիչ են, իսկ այդ քչերի հետ ես աշխատում եմ ընկերութիւն անել: Նրա երիտասարդութիւնը, ինչպէս եւ շատերինը, «ծաղկել է» խրամատներում, բայց նրա համար այդ տարիները ոչ թէ կորցրած, այլ գտած տարիներ են: Հարցնում եմ՝ ինչո՞ւ, ասում է՝ երեւի բառապաշարս չհերիքի պատասխանել, այդ տարիները պէտք է պարզապէս ապրել, զգալ…

Continue reading “1994. Ծաղկած խրամատներ”

ԱՆԴՐՇԻՐԻՄԵԱՆ ԶՐՈՅՑ ԱԲՐԱՀԱՄ ԱԼԻՔԵԱՆԻՆ ՀԵՏ

ՎԱՐԴԳԷՍ ՇԱՄԼԵԱՆ

… Գիտցէ՛ք, որ մի՛շտ կենդանի եմ:
Իսկ աննշան եթէ մնայ
Երկրի մէկ խորշն հողակոյտն իմ,
Եւ յիշատակս ալ թառամի,
Ա՜հ, ա՛յն ատեն ես կը մեռնիմ:
Պ. ԴՈՒՐԵԱՆ

Աբրահա՛մ, դասընկերս իմ սիրելի: Գիտցի՛ր, որ ինծի եւ շատերու համար դեռ կենդանի ես ու յիշատակդ ալ միշտ անթառամ պիտի մնայ:
Երկրագունդի հակառակ երեսին վրայ գտնուելով` մահուանդ լուրը թերթերէն իմացայ, ներէ, որ յուղարկաւորներու թափօրին միանալ եւ ես ալ ափ մը հող շիրիմիդ մէջ նետել չկարողացայ: Ափսո՜ս, հազա՛ր ափսոս:

Continue reading “ԱՆԴՐՇԻՐԻՄԵԱՆ ԶՐՈՅՑ ԱԲՐԱՀԱՄ ԱԼԻՔԵԱՆԻՆ ՀԵՏ”

ՓԼՈՂ ԴՊՐՈՑՆԵՐԸ — Զ.

ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

ԻՆՉ ԸՍԻ՜Ր…

Խառն տարիներ էին, ինչպէս նախորդները: Այս անգամ ցնցումները կու գային Անթիլիասէն, կ՚անցնէին Պէյրութի հայկական թաղերէն ու հրդեհի մուլ ու մոծիրի պէս կը թափէին մեր կողմերը: Կաթողիկոսի ընտրութիւն կար, եղա՞ւ թէ չեղաւ, օրինակա՞ն է, թէ ոչ, տուրուտմբոցը շատցած էր գիւղին մէջ:

Continue reading “ՓԼՈՂ ԴՊՐՈՑՆԵՐԸ — Զ.”

Պատառիկներ Արա Արծրունիէն

ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

Երեկոյեան ժամերուն ո՛չ ներսի լոյսը, ո՛չ ալ դուրսի լոյսը բաւարար էին լուսաւորելու տան միջանցքը, բայց մութուլոյս էր նաեւ մէջս։ Ենթագիտակցութեանս մէջ «Մարիօ՛, ծաղկա՛ծ են ծառերը» թատրերգութեան կշիռը հոգիիս վրայ տակաւին կը շարունակէր իր ազդեցութիւնը ունենալ այս Մարդուն հանդէպ ունեցած տպաւորութեանս վրայ։ Continue reading “Պատառիկներ Արա Արծրունիէն”

ՓԼՈՂ ԴՊՐՈՑՆԵՐԸ — Ե.

ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
ՁՈՒԿԻՆ ԳԼՈՒԽԸ ԳԱՐԱՏՈՒՐԱՆԸ ՉԷ

Բայց մենք շատ պիտի ոգեւորուէինք, եթէ փլող տունը դպրոցներէն մէկնումէկը ըլլար: Քուներնիս կը փախէր, ու քոյրերս եւ ես կը խօսէինք, թէ հիմա ո՛ր տունը դպրոց պիտի ըլլայ, Լրջենց Գալոցի՞ն տունը, Սիրականի՞ն տունը, չէ, Եարալենց Նաթանին տունը… Continue reading “ՓԼՈՂ ԴՊՐՈՑՆԵՐԸ — Ե.”

ՓԼՈՂ ԴՊՐՈՑՆԵՐԸ — Դ.

ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
ՍԱՀՄԱՆԷՆ ԱՆԴԻՆ

Անոնք թէեւ երկու ոտք ունէին, բայց մէկ ոտքը փոխ առնուածի պէս էր, թեթեւ մը կը քաշէին, որովհետեւ բունը մնացեր էր սահմանին միւս կողմը՝ իրենց հայրական կալուածներուն մէջ, ուր այլեւս չէին կրնար ըլլալ: Իրաւ որ այդպէս չէր կրնար ըլլալ. եղածը տարիներու ծանր վաստակի հետեւանք էր, երբ ամեն օր գիւղէն մինչեւ իրենց հեռաւոր Continue reading “ՓԼՈՂ ԴՊՐՈՑՆԵՐԸ — Դ.”

Արիութիւնը մեր ժողովրդի բոլոր սերունդների արեան մէջ է — Սարդարապատի ճակատամարտի 100-ամեակին առթիւ

ԱՆԱՀԻՏ ԽԱՐՄԱՆԴԱՐԵԱՆ

Շտաբս-կապիտան Խորէն Խարմանդարեանցի յիշատակին

Ի՞նչ գիտենք մենք Սարդարապատի ճակատամարտի մասին: Ըստ ժողովրդի ճակատագրի եւ պատմութեան վրայ ունեցած ազդեցութեան՝ պատմաբաններն այն համեմատում են Աւարայրի ճակատամարտի հետ: Սակայն ճակատամարտն արդէն պատմութիւն է դարձել, վաղուց արդէն ոչ ականատեսներ կան, ոչ՝ մասնակիցներ: Հայկական Continue reading “Արիութիւնը մեր ժողովրդի բոլոր սերունդների արեան մէջ է — Սարդարապատի ճակատամարտի 100-ամեակին առթիւ”

ՀՐԱՉ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Բժ. ՕՀԱՆ ԹԱՊԱՔԵԱՆ
Հազուագիւտներու փաղանգին վրայի ամենաընտիր սերը. խիզախ վրիժառու, քաղաքականութեան ու դիւանագիտութեան ամենայետին նրբութիւններով օժտուած տաղանդաւոր ազգային գործիչ ու ղեկավար. ուղղամիտ, անկաշառ ու բացառիկ համեստ, որուն համատ տեւաբար կատարելիք գործն էր կարեւորը. Չէր ուզեր երեւնալ ու կը խուսափէր իր մասին խօսիլ տալէ։ Continue reading “ՀՐԱՉ ՓԱՓԱԶԵԱՆ”

Սուրբ Նշանի քովի Հաճիէն մինչեւ Barbershop. գլուխս սափրիչին յանձնելու անձկութիւնը եւ հօրս մազին խազը

ԽԱՉԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Պէյրութի Սուրբ Նշան եկեցեցւոյ մօտ էր Հաճիին սափրատունը ուր հայրս իր մազերը կը կտրէր եւ, հետեւաբար, մազ կտրելու իմ առաջին յիշատակներս ալ կապուած են անոր հետ: Հանրածանօթ էր Հաճին իր պատմութիւններով, որոնք մեծ հաճոյքով մտիկ կ՚ընէին իրենց կարգը սպասող յաճախորդները, որոնց շարքին կ՚ըլլայինք հայրս եւ ես, ընդհանրապէս շաբաթ օրերը երեկոյեան: Continue reading “Սուրբ Նշանի քովի Հաճիէն մինչեւ Barbershop. գլուխս սափրիչին յանձնելու անձկութիւնը եւ հօրս մազին խազը”