ՍԻՄԱ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Նոյեմբեր 2019-ին հարիւրամեակն է «Հայ Կին» կիսամսեայ հանդէսին։
Հայ կին գրողներու առջեւ մեծ պատեհութիւններ ընծայած է տպագրական մամուլը։ Ինչպէս Վիկտորիա Ռոու(*) նկատած է, Զապէլ Եսայեան, Մառի Պէյլերեան, Շուշանիկ Կուրղինեան, որոնք համեստ ընտանիքներէ էին, իրենց գրական փորձերը սկսան տպագրական մամուլի էջերէն։
Հայ կիներ նաեւ հիմնած են բազմաթիւ հրատարակութիւններ. նշենք Էլպիս Կեսարացեանի «Կիթառ» ամսագիրը՝ հիմնուած 1862-ին, Սրբուհի Երիցեանի «Տոմար ընտանեկան»ր՝ 1874-ին, Մառի Պէյլերեանի «Արտեմիս» պարբերաթերթը, Հայկանոյշ Մառքի «Ծաղիկ» պարբերաթերթը (1905-1907) եւ իր «Հայ կին» կիսամսեայ հանդէսը (1919-1932) ու Սիրան Սեզայի «Երիտասարդ հայուհի» պարբերաթերթը հիմնուած երբ «Հայ կին»ը թուրք պետութեան պարտադրութեամբ փակուեցաւ յունուար 1933-ին՝ իր ազգային քաղաքական կեցուածքին համար։
Հայկանոյշ Մառք ծնած է 1883-ին ու մահացած՝ 1966-ին Պոլիս։ Ամուսնացած է Վահան Թօշիկեանի հետ, որու «Արշալոյս» թերթին կնոջական բաժնի պատասխանատուն էր։ Իր գրական գործերը հրատարակուած են պարբերաթերթերու մէջ ինչպէս նաեւ 1921-ին բանաստեղծական հատոր մը լոյս ընծայած է «Ծուլութեան պահեր» խորագրին տակ։ 1954-ին հրատարակած է իր Հայ Կին պարբերականի խմբագրականներն ու իր կենսագրականը՝ «Կեանքս ու գործս» խորագրեալ հատորով մը, իր գրական-հասարակական գործունէութեան նուիրուած ձեռնարկի մը առոթով։
«Հայ կին» պարբերաթերթը իր առաջին թիւով կը յատկանշուի յետ-հայոց ցեղասպանութեան ազգային վերածննունդի հաւատքով եւ հայ կնոջ առաջ նոր ճամբայ բանալու մարտահրաւէրով։ Քառամեայ աղէտեալ տարիներու որբահաւաքի ու կրկնակ գործունէութեամբ կքած հայ կնոջ նոր դերակատարումի յոյսով է որ սկիզբ կ՚առնէ Հայկանոյշ Մառքի թերթը։
Լեռնա Էքմէքճողլու «Հայ Կին» կիսամսեայ հանդէսը կը նկատէ պաշտօնաթերթը Հայ Կանանց Ընկերակցութեան, որու ծրագիր կանոնագիրն ալ հրատարակուած է պարբերաթերթի առաջին թիւով։
Աշխատակիցներէն յիշենք Արշակուհի Թէոդիկ, Անայիս, Զարուհի Պահրի, դոկտ. Վահրամ Թորգոմեան, Վարդուհի Գալանթար, Շիրվանզադէ…։
«Հայ Կին» կիսամեայ հանդէսի թուայնացած օրինակները կրնաք գտնել. http://tert.nla.am/mamul/Hayguine/Table.html
*) Victoria Rowe, A History of Armenian Women’s Writing 1880-1922, էջ 131