Թատերգութիւ՞ն, թէ՞ թատրերգութիւն

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Հարցասէր բարեկամ մը կ՚ուզէ գիտնալ, թէ այս երկուքէն ո՛րն է ճիշդը. թատերգութիւնը թէ՞ թատրերգութիւնը:
Քանի մը անգամ պէտք է հանդիպած ըլլաք իմ յօդուածներուս մէջ այն մտքին, թէ լեզուն շատ յաճախ գեղեցիկը կը նախընտրէ ենթադրեալ ճիշդէն, եւ յիշէք առ այս բերած օրինակներս. բնական ձգտում մըն է այս, որ, կ՚ենթադրեմ, գոյութիւն ունի բոլոր լեզուներու մէջ, առաւել եւս հայերէնի: Գեղագիտական այս ձգտումը ենթագիտակցական է եւ կը գործէ մեր հաւաքական կամքէն անկախ: Շատ ու շատ երկար է շարքը այն բոլո՜ր կառոյցներուն, որոնք ժամանակին համընթաց յառաջացած են այս թաքուն, բայց միշտ արթուն ու տիրական զգացումի թելադրութեամբ:
Ահա այս զգացումին, — կարելի է մինչեւ իսկ ըսել՝ այս «զգայարանին», — թելադրանքով ալ հայերէնի մէջ յառաջացած ու հաստատուած են՝

ճարտասան փոխ.՝ ճարտարասան (արտար>արտ)
—հեկեկալ փոխ.՝ հեկհեկալ (հեկհեկ>հեկեկ)
թօթափել փոխ.՝ թափթափել (թափ>թօ)
Ուրեմն թափ կրկնութիւնը մեղմացնելու համար բառս նախ դարձած է թաւթափել, ապա ա՛յս ալ բարեփոխելով՝ ունեցած ենք թօթափել:
Նոյն ոգին մղած է մեր նախնիները, որ ըսեն՝
թագուհի փոխ.՝ թագաւորուհի
(աւորուհի>ուհի)
Իսկ թագուհի՝ բառացի կը նշանակէ «էգ թագ»:
—զանցառութիւն փոխ.՝ զանցարարութիւն
(արար>ար)
—օգոստափառ փոխ.՝ օգոստոսափառ (ոսոս>ոս)
—օդակայան փոխ.՝ օդանաւակայան
(օդանաւ>նաւ)
—տաւարած փոխ.՝ տաւարարած (արար>ար)
բաբախել փոխ.՝ բախբախել
(բախբախ>բաբախ)
—զրահանդերձ փոխ.՝ զրահահանդերձ (հահա>հա)

Մեր բարբառներուն մէջ ունեցած ենք՝
—փեսաւէր փոխ.՝ փեսայահրաւէր
(այահրաւէր>աւէր)
—հարսնաւէր փոխ.՝ հարսնահրաւէր
(ահրաւէր>աւէր)
—աշխարհայեացք փոխ.՝ աշխարհահայեացք
(հահա > հա)
—շնորհանդէս-ը՝ փոխ.՝ շնորհահանդէս (հահա>հա)

Ահա բառային այս յղկումի ու բարեփոխութեանց ծիրէն ներս պէտք է քննել թատերգութիւն-թատրերգութիւն զոյգը:
Մեզմէ ոմանք կը գրեն առաջինը, ուրիշներ երկրորդը:
Իսկ երբ այս երկրորդները խմբագիր են, թերթի տնօրէն, բայց մանաւանդ սրբագրիչ, ապա պարտաւոր ես հետեւիլ իրե՛նց «գիտցածին»:

* * *

Այսպիսի՛ն է հարցի պատմութիւնը:
Հինգերորդ դարուն հայերէնը արդէն փոխ առած էր երկու հոմանիշ բառեր.
թատր, որ ասորական ձեւն է (thatr),
թէատրոն, որ յունականն է (théatron):
Առաջինը, որ շատ կենսունակ եղած է աշխարհաբարի մէջ (օրինակ՝ «Պոլիսը արիւնալի ցոյցերու թատր հանդիսացաւ»), տուած է մեծաթիւ ածանցաւոր ու բարդ բառեր:
Իսկ երկրորդը հետզհետէ դարձած է թատրոն, որ իր կարգին կը գործածուի մինչեւ հիմա՝ իմաստային որոշ տարբերութեամբ նախորդէն: Մեր ներկայ քննարկումը ոչ մէկ ձեւով կ՚առնչուի այս վերջինին, ուրեմն դուրս կը ձգենք զայն:

* * *

Ամբողջ միջնադարը թատր արմատով հնարած է ընդամէնը երեք բառ՝ թատերախաղ, թատերասիրութիւն, թատերատես, որոնք, իրենց կառոյցին բերումով, բառակազմական ոչ մէկ վէճ կը յարուցեն:
Ան իր երկու ձեւերով՝ թատր եւ թատեր,(1) շատ կենսունակ եղած է 19-րդ դարու կէսերէն սկսեալ, երբ Պոլսոյ մէջ հիմը դրուեցաւ թատերական եռուն գործունէութեան մը. ստորեւ օրինակներ իւրաքանչիւրէն.

ա) թատերաբեմ
թատերասէր
թատերասրահ
թատերավայր
թատերապետ(2)

բ) թատերերգ
թատերերգակ
թատերերգու
թատերերգութիւն
թատերերգական

Ուրեմն առաջին խումբի բառերը, ոչ մէկ հարց կը յարուցեն:
Վիճայարոյցը բ. խումբի բառերն են, որոնց երկրորդ արմատը երգ է, եւ այս պատճառով իրարու յարադրուած են երկու եր-եր՝ երեր: Ահա այս կրկնութենէն է, որ փորձած է յղկել մեր լեզուն, իմա՝ այն թաքուն զգայարանը, որուն ակնարկեցի վերը:
Առաջին փորձով մը՝ նախ ջնջած է առաջին ե ձայնաւորը, եւ ունեցած ենք՝
թատրերգ
թատրերգակ
թատրերգու
թատրերգութիւն
թատրերգական

Սակայն լեզուն չէ գոհացած այսքանով, քանի մնացած են կրկնուող ր-եր՝ րեր:
Երկրորդ փորձով մը՝ ան թօթափած է նաեւ այդ ր-երէն առաջինը, եւ րեր դարձած է եր:
Եւ ստացած ենք՝
թատերգ
թատերգակ
թատերգու
թատերգութիւն
թատերգական

Այսինքն՝ թատերերգ > թատրերգ > թատերգ:

Եթէ մեր արդի կեանքին մէջ գործող ամենահեղինակաւոր հաստատութիւնը Ակադեմիան է, ապա պարտիմ ըսել, որ այս հաստատութեան հրատարակած քառահատոր բառարանը, որուն աշխատակցած են մեր ժամանակներու աւելի քան 20 լաւագոյն լեզուաբանները, կ՚ընդունի այս վերջին ձեւերը, ուր կը գտնենք միայն մէ՛կ եր:
Այլ խօսքով՝ տեսականօրէն թատերերգ «ճիշդ» ձեւէն նախ՝ թատրերգ-ին, ապա՝ թատերգ-ին անցումը լեզուի պատմական բարեշրջութեան գրաւականն է:
Ա՛յս է իմ պատասխանս բոլոր անոնց, որոնք կը հարցնեն՝ թատերերգութի՞ւն, թատրերգութի՞ւն, թէ՞ թատերգութիւն:
Սփիւռքի մէջ, ուր ամէն գրիչ շարժող վաւերական հայագէտ մըն է, անշուշտ միշտ ալ պիտի գտնուին իւրովի՜՜՜ մտածողներ: Հապա՞, կարելի՞ է առաջին հանդիպած ակադեմիկոսին պէս մտածել, ուրեմն ո՜ւր մնաց մտքի ազատութիւնը…

* * *

Պատմութեան մերժած բառաձեւերու կառչումը ինքնուրոյն բարդոյթ մըն է, հիւանդութիւն մը. օրինակ՝ մենք ունինք բախ(ել) եւ բխ(իլ) արմատները, որոնց զուգահեռ, — չես գիտեր ինչպէ՛ս, — յառաջացած են կոկորդդ պատռող ու անճոռնի բաղխիլ եւ բղխիլ այլանդակութիւնները: Ժամանակը ձերբազատած է մեզ այս վերջիններէն, եւ զանոնք չենք գտներ մեր արդի բառարաններուն մէջ, ինչ որ բարեբախտութիւն մըն է:
Սակայն ահա կան մոմիացած, հնամոլ ու մանկամիտ ուղեղներ, որոնք հետեւողաականօրէն կը գրեն բաղխել-բաղխիլ եւ բղխել-բղխիլ: Այսպիսիները իրենց յառաջացած տարիքին մօրը ստինքէն կախուած արարածներ են:
Եւ կա՛ն այդպիսիները:

armenag@gmail.com

1) Հայերէնը ունի խումբ մը բառեր, որոնք կը վերջանան երկու բաղաձայնով, որոնց միջեւ կը յառաջանայ ե ձայնաւորը սեռական հոլովի մէջ եւ ասով ալ կը կազմեն նոր բառեր.
օրինակ՝ եզր>եզեր-ային, կայսր>կայսեր-ական, վագր>վագեր-աձի, աստղ>աստեղ-ային… ասոնց շարքին է թատր-թատեր:

2) Այս ա. ցանկին մէջ կը մտնեն 30-է աւելի բառեր. տե՛ս Ակադեմիայի քառահատորը:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *