ԳԻԺ ԵՄ ԲԱՅՑ ՀԱՅ ԵՄ

ԽԱԺԱԿ ԱՅՆԹԱՊԵԱՆ

1993 թուականին երբ որպէս արտասահմանցի ուսանող առաջին անգամ Երեւան հասայ, առաջին օրը չորս կամ հինգ անգամ խելագար հռչակուեցայ։ Ամենամութ ու ցուրտ թուականն էր, քաղաքը ոչ լոյս ունէր, ոչ ալ ջուր ունէր… Երեւանի մէջ շաբաթը երկու անգամ լոգանք ընդունիլը այդ ժամանակ շռայլութիւն կը համարուէր։ Իսկ ես հասնելուս պէս պայուսակէս օճառ մը ու անձեռոց մը հանեցի եւ ամենայն ուրախութեամբ բաղնիքին տեղը հարցուցի։ Ժամանակ շատ չունէի, Արարատը արդէն տեսած էի, պէտք էր Սասունցի Դաւիթին քով երթայի… Մանկութեանս երազը այդպէս էր, չէի կրնար փոխել։ Բայց նախ պէտք էր լոգանք մը առնել…
Եղբայրս ու իր սենեկակիցը՝ հալէպցի Բենիկը զարմացած իրար նայեցան ու խոր մտածմունքի մէջ ինկան… Քիչ ետք սենեակին դուռը բացուեցաւ ու եագուպիեցի Մուսան ներս մտաւ։ Ձեռքիս օճառն ու անձեռոցը տեսնելուն պէս, անմիջապէս եղելութիւնը հասկցաւ, գնաց սենեակին մէկ անկիւնը նստաւ ու ինքն ալ նոյն մտածկոտ կերպարանքը ստացաւ… Յետոյ Սեպուհը եկաւ, վերջը Զոհրապը, հալէպցի Յակոբը, դիմացի Հրաչը, պարսկահայ Շանթը նոյնիսկ հնդիկ Փրաշանթը ու բոլորին դէմքը ընդունեց նոյն մտահոգ կերպարանքը… Խնդիրը բարդ էր.
— Ասպետին «իմփրթնի» եղբայրը եկած է, ու անմիջապէս լոգանք կը պահանջէ …
— Էս ո՞վ ա, արաա՜… Կարողա՞ գիժ ա…
Ինձմէ քանի մը ամիս առաջ եկողներէն մէկը, որ ինքզինք արդէն տեղացի կը կարծէր, զիս «իմփըրթնի», այսինքն դուրսէն եկած կը համարէր … Ուրիշ մըն ալ զիս «գիժ» կ՚անուանէր, որ խելագար կը նշանակէր…
Խնդիրը որ սկիզբը շատ դժուար թուեցաւ, զարմանալիօրէն շատ արագ լուծուեցաւ։ Տղոցմէ մէկը լոգնալու իր կարգը մեծ սիրով ինծի զիջեցաւ, յետոյ ձեռքէս բռնեց զիս բաղնիք տարաւ ու մեծ դժուարութեամբ ապահոված իր ջուրը ինծի տուաւ: Այս բոլորին վրայ դեռ հետս լոգնալու դասընթացք մըն ալ ըրաւ…
— Այս գործիքին անունը «կիպիտելնիկ» է, ջուր կը տաքցնէ։ Այս կողմը ջուրով լեցուն ամանին մէջ կը դնես, յետոյ թելը հոսանքին կը միացնես ու կը սպասես: Չըլլայ որ յանկարծ ձեռքդ ջուրին մէջ մտցնես, հոսանքը քեզ կը խփէ: Ջուրը տաքնալէն ետք «կիպիտելնիկ»ը կ՚անջատես, ջուրով լեցուն երկրորդ ամանը կը մօտեցնես ու տաք ջուրը պաղին հետ կը խառնես։ Յետոյ դուռը ներսէն կը կղպես, պատուհանը կը գոցես, վարագոյրը կը քաշես ու լոգանքդ կը վայելես…
Անմիջապէս անցայ գործի… «Կիպիտելնիկը» միացուցի ու ջուրը տաքցուցի: Ձեռքս բնաւ ջուրին մէջ չդրի: Տաքնալէն ետք «կիպիտելնիկը» անջատեցի, պաղ ու տաք ջուրերը իրար հետ խառնեցի, դուռը ներսէն գոցեցի, հագուստներս հանեցի ու հազիւ լոգնալու սկսած էի, դրան թակոցը լսեցի…
— Կը ներէք, որ խնդրեմ փուռին մէջի «կարտոֆիլներ»ը մի հատ շուռ չէ՞ք տայ…
Լսածէս թէեւ շատ բան չհասկցայ բայց նկատելով որ բաղնիքին մէկ անկիւնը ելեկտրական փուռ մը կայ, հասկցայ թէ խնդրանքը այդ փուռին հետ կապուած պէտք է ըլլայ։ Փուռին դռնակը բացի ու ափսէի մը վրայ շարուած «փաթաթէս»ները տեսնելով ինձմէ խնդրուածը կռահեցի… պատառաքաղ մը արի, մէկիկ մէկիկ «կարտոֆիլներ»ը շուռ տուի ու հասկցայ թէ Զէյթունի հանրակացարանին բաղնիքը նաեւ խոհանոցի դեր կը խաղայ, իսկ այնտեղ լոգանք ընդունողը օգնական խոհարարի պաշտօն կ՚ունենայ:
Կարտոֆիլի բուրմունքին տակ, քթիս տակէն երգ մը մրթմրթալով կամաց կամաց լոգանքս ընդունեցի, յետոյ չորցուեցայ, սափրուեցայ, հագուստներս հագայ, «պրիլյանթ»ի տուփը բացի ու մազերուս քսեցի եւ հայելիին նայելով ինիսունականներու երեւանեան մոտային բաւական խորթ, «իմփրթնի» սանրուածք մը ընդունեցի։ Ես իմ տեսքէս այնքան գոհ մնացի որ ակամայ երգիս ձայնը բարձրացուցի… Բայց երբ սխալմամբ աչքերս պատուհանին կողմը դարձան, «իմփրթնի» մազերս բիզ-բիզ կայնեցան… «Դաւիթ Անյաղթ»ի փողոցին կողմը, մայթին վրայ շարուած խումբ մը հանդիսատես ունէի… «պատուհանը կը գոցես ու վարագոյրը կը քաշես»ը մոռցած էի…. Հանդիսատեսներէն մէկը աջ ձեռքին ցուցամատով զիս մատնացոյց ըրաւ, յետոյ ափը շուռ տալով՝
— Էս ով ա, արաա՜ … Կարողա՞ գիժ ա, — ըսաւ:
Վախէս անմիջապէս վարագոյրը քաշեցի ու նախքան լուրը տարածուի եւ ով ըլլաս բացայայտուի, հանրակացարանէն փախուստ տուի։ Փողոց դուրս գալով ինքզինքս «թրամուայ»ի մը մէջ նետեցի ու վարորդին դիմելով.
— Բարեւ, — ըսի, — Սասունցի Դաւիթին քով կը տանի՞ք ինծի…
Վարորդը վերէն վար ինծի նայեցաւ ու ան ալ իր կարգին.
— Էս ով ա, արաա՜ … Կարողա՞ գիժ ա, — ըսաւ:
«Թրամուայ»ին մէջի բոլոր ուղեւորներուն հայեացքը անմիջապէս ինծի ուղղուեցաւ ու կարճ լռութենէ մը ետք ամեն մէկը իր կարծիքը տուաւ… Մէկը մազերուս նայելով հաստատ ամերիկացի է ըսաւ, միւսը ֆրանսացի ըլլալս աւելի տրամաբանական գտաւ իսկ ուրիշ մը ՝ «որտեղից ուզումա լինի, խելագարի կը նմանի» ըսաւ…
Վերջապէս թրամուայը բարեկամութեան հրապարակը հասաւ ու վարորդը ինծի դիմելով.
— Իմփրթնի ախպեր, էստեղ իջի ու մեթրոն նստի… Մեթրոն քեզ մուրազիդ կը հասցնի, — ըսաւ:
«Սասունցի Դաւիթ» կայարանը հասնելուս պէս մեթրոյէն դուրս ելայ ու ամբողջ մարմնովս փշաքաղուեցայ …. Իմ պատկերացուցածէս շատ աւելի վեհ ու հզօր Սասունցի Դաւիթ մը տեսայ։ Առանց շուրջս հաւաքուող հետաքրքրասէր բազմութիւնը նկատի առնելու արձանին մօտեցայ ու մտքովս ձիուն վրայ բարձրացայ: Մտքիս մէջ ես Սասունցի Դաւիթի վերածուեցայ ու խրոխտ հայեացքս բազմութեան ուղղելով ճառ մը խօսեցայ.
— Եթէ ինծի հարցնէք թէ հայոց պատմութեան մեծագոյն հերոսը ով է, ես առանց երկար բարակ մտածելու ձեզի կ՚ըսեմ՝ Ես եմ, Սասունցի Դաւիթը… պիտի ըսէք Բայց Սասունցի Դաւիթը իրական չէ,այլ առասպելական հերոս է, իսկ ես պիտի ըսեմ ո’չ, տեսէք՝ իրական է… Լաւ փնտռեցէք ու պիտի տեսնէք թէ ամեն մէկուդ մէջ Սասունցի Դաւիթ մը կայ, որ անխորտակելի իր կեցուածքով ձեր ոգեղէն պատուանդանին վրայ կանգնած է ու բարձրաձայն կը գոռայ … «Հէ՜յ… թէ քնած էք, արթուն կացէք…»
Չեմ գիտեր ճառս ինչ տեսակ տպաւորութիւն ձգեց բայց երկար ու խոր լռութիւն մը տիրեց… Մինչեւ որ հաւաքուածներէն մէկը լռութիւնը ընդհատեց.
— Ի՞նչ ա ասում էս մարդը, բան չեմ հասկանում:
— Ասում ա Սասունցի Դաւիթը դու ես:
— Ո՞նց թէ Սասունցի Դաւիթը ես եմ… Էս մարդը գիժ է…
— Երեւի գիժ է, բայց հաստատ հայ է:

Այնճար

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *