Պաղ կազոզ մարսողական

ԱՐԱ ՄԽՍԵԱՆ

Հալէպի Նոր Գիւղի «սերվիսի թաքսիներու տեղը», Վասպուրական ակումբէն քանի մը մեթր անդին, երեք մայրուղիներու խաչմերուկին վրայ՝ յիսունական եւ վաթսունական թուականներուն, հայ մարդ մը երեկոները իր բացօթեայ շարժական կրպակէն՝ որ իսկականին մէջ կապոյտ ու կոկիկ ձեռնասայլ մըն էր միայն՝ զովացուցիչ (կազոզ), մսաշօթ (լահմաճուն), եւ «աշխարհի ամենէն ընտիր թանը» կը ծախէր գործէն վերադարձող մարդոց եւ անցորդներուն։ Իր ծախած մսաշօթին, թանին եւ զովացուցիչներուն գովասանքը կը ներբողէր թաւ ու լեցուն պարիթոն ձայնով։ Այդ դրուատիքը երաժշտութեան եւ արտասանութեան ընդելուզումէն յօրինուած երգա-խօսակցական գովազդ մըն էր. «պա՜ղ կազո՜՜՜զ, ճեներա՜՜՜լ, մարսողակա՜՜՜ն, պա՜ղ թա՜՜՜ն, կազդուրի՜՜՜չ, տա՜ք ու համե՜ղ լահմաճո՜՜՜ւն»… Հալէպ ապրած տասնութ տարիներուս ընթացքին անգամ մը իսկ ոեւէ մէկուն բերնէն չեմ յիշեր լսած ըլլալ իր աւազանի անունը։ Բոլորն ալ Կազոզճի կը կոչին զինք։ Կ՚երեւի՝ աւազանի անունը արտասանելը քրէական յանցանք կը համարուէր։ Եւ այդպէս, անունը ինծի համար մինչեւ այսօր Կազոզճի կը մնայ։
Բաժակը մասամբ մը կը լեցնէր զանազան գոյնի եւ համի պտղահիւթերով, յետոյ մէկ ձեռքով գաւաթը կը բռնէր նիհար ծորակի մը տակ, մինչ միւս ձեռքով կը դարձնէր ծորակին բանալին: Նիհար ծորակէն ֆշշալով ու փռնգտալով դուրս կը ժայթքէր ձեռնասայլի մութ ներքնամասին մէջ թագնուած տակառին պարունակութիւնը կազմող բնածխատ (carbonated) ջուրը, որ տեղատարափ կարկուտի ուժգնութեամբ կը ճեղքէր պտղահիւթի ապակեայ մակերեսը եւ ջախջախուած ապակիի հազար ու մէկ գունագեղ փշրանքներ կը տարտղնէր մեծ գաւաթէն ներս՝ եւ բաւական մըն ալ՝ անկէ դուրս։ Խառնուրդը պէտք էր անմիջապէս, մէկ շունչով մինչեւ մրուրը խմել՝ լիովին վայելելու համար պտղահիւթին համին նրբութիւնը եւ՝ ցատկռտելով ռունգերէդ վեր խուժող զով ու չարաճճի պղպջակներուն յարուցած խտղտանքը։
Ձեռնասայլի առաստաղին ամրացուած երկու դարակներուն վրայ շարած էր երփներանգ պտղահիւթերով լեցուած սրուակներ, որոնք պզտիկ թիկնապահներու պէս կազմ ու պատրաստ կը սպասէին, որ Կազոզճին իրենցմէ մէկը կամ միւսը պաշտօնի կոչէ՝ բնածխատ սառ ջուրին հետ միախառնուելով յաճախորդի մը երաշտ կոկորդը աղէտալի խցումէ փրկելու յոյժ մարդասիրական գործին ի խնդիր։ Իմ նախնտրած զովացուցիչս ձմեռուկի կեղեւին պէս կանաչ հեղուկ մըն էր, որ աւելի դաղձի (անանուխ) համ ունէր, քան՝ որեւէ տեսակ պտուղի։ Արդէն, կանաչ հիւթ արտադրող պտուղ ո՞վ տեսեր է, որ… Ամառ երեկոներ, ակումբէն տունդարձիս, ճամբորդատար կառքէն իջնելէ ետք առաջին կանգառս կ՚ըլլար Կազոզճիին կապոյտ ձեռնասայլը։ Կազոզճին, եթէ շատ զբաղած չըլլար, կառքէն իջնելս կը տեսնէր եւ կը սկսէր կանաչ հեղուկէ զովացուցիչը պատրաստել։ Մէկ շունչով կը խմէի, կը վճարէի, շնորհակալութիւն կը յայտնէի եւ կազդուրուած՝ կ՚ուղղուէի դէպի տուն, որ այդ վայրէն վեց թաղ անդին գտնուող «պախալ» Անդրանիկի թաղին հարաւային կողմը, կրաղիւսէ երկյարկանի տուն մըն էր։
Հիմա, այդ երանելի օրերէն յիսուն տարի ետք, երբ ամրան հեղձուցիչ տօթը կոկորդէս վար կը սողոսկի եւ կը սպառնայ խոնաւութեան մինչեւ վերջին շիթը քամել հոնկէ, միտքս կ՚երթայ այդ հին օրերու ձմեռուկի կեղեւի գոյնով դաղձահամ զովացուցիչին եւ կարծես խմած՝ տեղական նարնջագոյն, դեղին կամ սրճագոյն զովացուցիչս հրաշքով մը կը վերածուի այդ դրախտային խաչմերուկին վրայ Կազոզճիին պատրաստած դալարագեղ խմիչքին, որ կը զովացնէ ու կը կազդուրէ զիս։

Ռէյսին, Ուիսքոնսին

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *