Կաղանդչէքը

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

«Անհաւատալի բայց իրաւ»։
Վերնագիրս կրնար ա՛յդ ըլլալ։ Կրնար նաեւ ըլլալ «Աղուոր անակնկալ մը»։
Սակայն զայն «Կաղանդչէք» անուանեցի, որովհետեւ շատ հեռու չէինք ամանորէն, եւ այդ բառը կ՚արտայայտէ որոշ խորհուրդ մը. ունի նուէր մը ըլլալու հանգամանքը ։ Եւ վստահ եմ, որ զայն ինծի ղրկողն ալ ունէր այդ յետին նպատակը ։
Եւ ձեզ աւելի երկար սպասումի մէջ պահելու փոխարէն՝ պատմեմ պատմութիւնս, յետոյ դո՛ւք կրնաք որոշել, թէ ճիշտ վերնագիրը դրե՞ր եմ, թէ՞ ոչ։ Continue reading “Կաղանդչէքը”

ԿԱՐՄԻՐ ԹԱՇԿԻՆԱԿԸ

ԱՆԱՀԻՏ ՂԻԱՍԵԱՆ

Որովհետեւ նորանց ոտները չարութեան են վազում,
եւ շտապում են արիւն թափելու:
Գիրք Առակաց, Գլուխ 1

Քամի էր թեթեւ: Լուացքի պարանի վրայ կանացի սպիտակ վարտիքները հաճոյքով տարուբերւում էին: Չափերով մեծ էին, հնամաշ ու տեղ-տեղ էլ` դեղնած: 52-ամեայ կինը մօտեցաւ պատուհանին, նայեց երկնքին` Continue reading “ԿԱՐՄԻՐ ԹԱՇԿԻՆԱԿԸ”

* * *

ԱՐՄԷՆ ԱՒՕ

Ինչ-որ մէկը գնաց անտառ
Ու ետ չեկաւ,
Ասում են, թէ կաղնուն թիկնած՝
Հոգին հանգաւ։

Ասում են, թէ երբ որ մեռած
Նրան գտան, Continue reading “* * *”

ԳՐԻԳՈՐ ԱՃԷՄԵԱՆԻ ՄԵԾ ԵՐԱԽՏԻՔԸ — ՀՕՐ՝ ԳՈՒՐԳԷՆ ՄԱՀԱՐԻԻ ԵՐԿԵՐՈՒ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ 18 ՀԱՏՈՐՈՎ

ԳՐԻԳՈՐ ԱՃԷՄԵԱՆ

Գրիգոր Աճէմեան շուրջ կէս դար իր կեանքը նուիրեց իր հօր՝ մեծանուն հայ գրող Գուրգէն Մահարիի ամբողջ գրական ժառանգութիւնը ընթերցողին սեփականութիւնը դարձնելու նպատակին։ Մասնագիտական մօտեցումով իր աշխատասիրութեան արդիւնքը եղան 18 հաստափոր հատորներ՝ շուրջ 12 000 էջերով։ Այս գործի խմբագիրները հանդիսացան Վարդան Մատթէոսեան (Նիւ Ճրզիէն) եւ Արքմենիկ Նիկողոսեան (Երեւանէն) ։ Continue reading “ԳՐԻԳՈՐ ԱՃԷՄԵԱՆԻ ՄԵԾ ԵՐԱԽՏԻՔԸ — ՀՕՐ՝ ԳՈՒՐԳԷՆ ՄԱՀԱՐԻԻ ԵՐԿԵՐՈՒ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ 18 ՀԱՏՈՐՈՎ”

Եգիպտականք (Դ)

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Բոլոր տուեալները առկայ են ենթադրելու, թէ մեհենագրական ոճը ուղիղ ժառանգուած էր պատկերագրութենէն, որ եղած է հնագոյն ժողովուրդներու գրաւոր հաղորդակցութեան առաջին փուլը, այն, ուր գիրերու բացակայութեան՝ մարդիկ իրենց մտքերը նկարներով կը հաղորդէին իրարու. օրինակ՝ կը գծէին հաւ մը կամ խնձոր մը, ուտելու գործողութիւնը ցոյց կու տային դէպի բերան ուղղուած ձեռքով, ու տակաւին՝ առնելու եւ տալու գործողութիւնները, ինչպէս քնանալու եւ Continue reading “Եգիպտականք (Դ)”

ԴԷՊԻ Ո՞ՒՐ Է ԱՐՇԱՒՈՒՄ ՍԵՐԻԱԼԱՄՈԼՈՒՑՔԸ

ԱԼԻՍ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ

Խմբագրութեան կողմէ. ընթերցողին կը ներկայացնենք վերջին տարիներուն հայկական եթերը ողողած «սերիալ»ներու (հեռատեսիլային պատմուածքաշարք) մասին սոյն ակնարկը, նկատի ունենալով, որ համացանցային այս դարուն անոնց տարածման դաշտը դուրս եկած է Հայաստանի աշխարհագրական սահմաններէն։

«Ով ուրախութեամբ չի նայում, թող նախանձի»… Սրանք «հեռուստասերիալների աստղային սցենարիստ» Դիանա Գրիգորեանի բառերն են մի հարցազրոյցի ժամանակ, որ գրեթէ «մարգարեկան» են: Այո՛, ես անձամբ ոչ թէ ուրախութեամբ, տխրութեամբ, ոչ էլ ցաւով եմ նայում մեր «հայրենական» սերիալների օր օրի տարածուող Continue reading “ԴԷՊԻ Ո՞ՒՐ Է ԱՐՇԱՒՈՒՄ ՍԵՐԻԱԼԱՄՈԼՈՒՑՔԸ”

ԾՆՆԴԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ — ՎԱՀԷ ՕՇԱԿԱՆԻ ԶՕՐԱԿՈՉԸ ՀԱՅ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

ԱՆՈՅՇ ԱԿՆԵՐԵԱՆ
ՆԱԽԱԲԱՆԸ

Վահէ Օշականի «Գրական հռչակագիր»ը(1) կը ներկայացնէ իր գրական հանգանակը։ Կ՚ամփոփէ տարիներ շարունակ Օշականի արտայայտած մտքերը հայ մտածողութեան, հայերէն գրական լեզուի եւ նոր գրականութեան մը կարելիութեան, արեւմտահայերէնի գոյավիճակին, հայ սփիւռքեան իրականութեան եւ ինքնութեան մասին, որոնք իր մտաւորական վաստակի կորիզը կազմած են։ Հետեւաբար, իր իսկ գրածները եւ խօսածերը մօտէն դիտարկելու, հասկնալու եւ կամ Continue reading “ԾՆՆԴԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ — ՎԱՀԷ ՕՇԱԿԱՆԻ ԶՕՐԱԿՈՉԸ ՀԱՅ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ”

ՏԱՐԵԴԱՐՁ

ՎԱՀԷ ՕՇԱԿԱՆ

Տարեդարձ է այսօր, հէ՛յ Պարոն Վրէժ,
Տէր Զօր ծնար, անյիշատակ վայրերու մէջ հասակ առիր
քիչ մը դրամ, քանի մը բառ արաբերէն
երգ մը հայերէն, տարին մէկ հեղ պարահանդէս,
Հայաստանի պզտիկ կարօտ մը, որ կը մաշի
եւ օթոյի պզտիկ երազ մը, որ կը մեծնայ:
Նախ մարդիկը խաբեցիր, յետոյ դուն քեզ խաբեցիր Continue reading “ՏԱՐԵԴԱՐՁ”