«ԿԻՆ՝ ԱՏԵԱՆ ԵՒ ՄԱՏԵԱՆ» — ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆԻ ՎԿԱՅԱՐԱՆԸ

Ս.Ա.Յ.

Վերջերս լոյս տեսաւ Վեհանոյշ Թեքեանի, «Կին՝ ատեան եւ մատեան» խորագրեալ հատորը (Զանգակ հրատարակչատուն, Երեւան 2022, 360 էջ), խմբագրութեամբ Յարութիւն Պէրպէրեանի։ Կողքի նկարազարդումը Նշան Գազազեանի «Ինքնաբարձրացում» խորագրեալ գործն է (ըստ Մայա Անճելուի երկին)։ Կողքի ձեւաւորումը՝ Նշան Գուլեանի։ Լոյս տեսած է Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան աջակցութեամբ։
Ինչպէս կողքի բացատրականը կը նշէ՝ «Քերթողական եւ արձակ կտորներու այս հաւաքածոն Վեհանոյշ Թեքեանի վաստակին մէջ կիներու մասին խօսող արտադրութեան մէկ ճաշակն է։ Հոն կը ներկայանան այլատեսակ կիներ՝ տարբեր մշակոյթներէ, ցամաքամասերէ ու ընկերային յարաբերութեանց ժամանակաշրջաններէ։ Անոնք իրե՛նց հոգեխառնութեամբ եւ ձայնով կը դիմակայեն սովորականն ու անսովորը, տարբեր պետութիւններու օրէնքները, դատարաններն ու պարտադրուող ինչ-եւ-ինչ աւանդութիւնները, մեղքերն ու սրբութիւնները ու կը կազմեն սեփական կամքով ատեան եւ կը մատուցուին որպէս ժամանակակից մատեան»։
«Հարկ է ընկալել գեղեցիկ բառերէն անդին ու տեսնել Թեքեանի տողերուն մէջ տեղ գտած փիլիսոփայական կայծերը, մտաւորական խորութիւնը, սփիւռքահայու, գրողի ու մարդու տագնապները պատկերելու նորարար ձեւերու առանձնայատկութիւնը, կնոջ խնդիրները գեղագիտացնելու վարպետութիւնն ու այդ խնդրի հիմնական (ու շուկայի վրայ գրեթէ մենաւոր) տեղը իր քերթողութեան եւ ստեղծագործական արձակին մէջ», կը գրէ Յակոբ Կիւլլիւճեան։
Տասնամեակներ առաջ Մինաս Թէօլէօլեան Վեհանոյշ Թեքեանի գրական ստեղծագործութեան ընդմէջէն կ՚ողջունէր «արտերկրի Անմիջական Սերունդին ստեղծագործական բացառիկ տաղանդով, ինքնատպութեամբ ու մտածական տարով հարուստ բանաստեղծը՝ քերթողութեան թէ արձակի մէջ հաւասարապէս»(1)։ Անի Աստուրեան, իր «Կիները՝ Վեհանոյշ Թեքեանի էջերուն ընդմէջէն» յօդուածը կ՚եզրակացնէ ըսելով թէ՝ «Թեքեան լեզու տուած է բոլոր կիներուն»(2)։
«Կին՝ ատեան եւ մատեան» խորագրեալ այս հատորը՝ նուիրուած հեղինակի մեծ մօր՝ Թագու նէնէին եւ աղջկան՝ Նայիրիին, կը բաղկանայ երկու բաժիններէ եւ կը մէկտեղէ տասնըհինգ արձակ գրութիւններ եւ քառասուն բանաստեղծութիւններ՝ հեղինակի զանազան երկերէն, որոնք սակայն ընդհանրապէս չեն նշուած։

Վկայարանը կը սկսի «Նշանագիր» հատորէն [այս եւ բոլոր յղումները, երբ չեն յիշուած հատորին մէջ, յօդուածագրին պրպտումով բացայայտուած են] «Լուսազարթնում» խորագրով պատումով մը, ուր հեղինակը Հայաստան այցելութեան մը ընթացքին հեռաձայն կը ստանայ Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի արխիւագէտ Գոհար Ազնաւուրեանէն, որուն մասին լսած էր թէ ՝ «ութսունի սահմաններուն է»։ Գեղարուեստական գեղեցիկ պատկերաւոր արձակի ընդմէջէն Թեքեան ընթերցողին կը նկարագրէ իրենց հանդիպումը, ուր ի յայտ կու գայ տիկ. Ազնաւուրեանի անհուն սէրը հայ գրականութեան հանդէպ։ Գոհար Ազնաւուրեան իրեն զգացուցած էր, թէ «հայրենիքը սփիւռքահայ գրողի մը հոգիին լոյսով եւ մութով օծուն էջերուն հրուանդանն է»։
«Կէսօրուան աւելի ազատ կ՚ըլլայ. այդ պահուն կ՚երթամ։ Քանի մը պատկերասրահներէ կ՚առաջնոդէ իր սենեակը։ Աշխատասենեակը կը բուրէ խուց։ Պատուհանին քով նեղ սեղան մը կայ, վրան՝ դարակակալ։ Սեղանը գոց կանաչ է կամ սեւ։ Թերեւս ոչ մէկը, ոչ ալ միւսը։ Տուած գոյնս՝ տպաւորութեանս արտացոլումն է։ Սեղանին երկու կողմերուն աթոռներ կան։ Նստեցանք. պատրաստ ենք լիակամ ընկալելու բոլոր ձեւերը որոնք յայտնուին պիտի Գիրի ճանապարհին։
«Ձեռքը ծնօտին՝ պահ մը կը դիտէ զիս, ես ալ կը դիտեմ զինք, իր աչքերու թուխ ամպերէն ընդգծուող ծիածանները կը տեսնեմ, այնտեղ կամարուող բազմախաւ խօսքերը, եւ յանկարծ մեր միջեւ գտնուող ժամանակի ու տարածութեան բոլոր աւելորդ գիծերը կը ջնջուին։ Դուրսը ձիւնը թաթերը տարածած կը հանգչի, բայց արեւը հեռուներէն վազվզեր հասեր է այս պատուհանին քով ու ներս մտնել կ՚ուզէ։ Պատմութիւնը բարձրաձայն կը շարունակուի հիմա, ալեւոր մազերը իմաստի կայծկլտում կու տան երբ որ կը պատմէ Վարուժանի մասին։
«Նոր վերադարձած է Միացեալ Նահանգներէն, ուր հանդիպած է անոր ժառանգորդներուն. ինք «ժառանգ» կ՚ըսէ։ Մինչեւ իսկ կրցած է Վարուժանի զգեստը ձեռք ձգել, բաճկոնը, գլխարկը, անձնական իրեր, եւ անշուշտ՝ նամակներ….
«— Այստեղ պահպանում ենք, — կ՚ըսէ, — հաւաքում ենք Սփիւռքի տարբեր գաղթօճախներից… — շարունակութիւնը չեմ լսեր։ Մթնոլորտին մէջ ծանրութիւն մը կայ որ կը փշաքաղէ, թթուածինի պակաս, մէկը եկած է հին աշխարհներէն եւ հոգիիդ հետ կը խօսի»։

Արձակ բաժնի յաջորդ գրութիւնները հեղինակի մանկապատանեկան, դպրոցական տարիներու, ընտանեկան, իրենց թաղի տարբեր բնակիչներու, ազգականներու մասին յուշապատումներ են, ինչպէս «Զարուկը եւ մնացեալը», «Տոհմածառ» հատորէն հատուած մը, ուր կը ծանօթանանք հեղինակին մեծ հօր, որ պանիրի գործարաններ հիմնած էր Սուրիա եւ Լիբանան եւ որ ամեն այցելուի կը հարցնէր. «ինչո՞վ կը զբաղիք… կեանքի չափ կարեւոր էր իրեն համար ուրիշներու ձեռք չբանալէ զատ՝ նաեւ ուրիշներու բեռը թեթեւցնելը…մենք հայ էինք…լաւագոյնը ընելու էինք։
«Տարօրինակ բան էր հայ ըլլալը…»
Հեղինակը հայաստանասէր-ոչ-հայաստանասէր հանգոյցին առաջին անգամ իրազեկ կը դառնայ 11 տարեկանին, երբ ակռան նոր քաշուած էր…ու հօր եւ մեծ հօր հետ այցի գացած էին մեծ հօր հօրաքրոջ աղջկան՝ Էմէին, որ հիւանդ էր։ Էմէն կը կարդար հայաստանասէր թէ ոչ-հայաստանասէր կողմերու թերթերը ու կը քննադատէր։ Զարուկը Էմէի զաւակներէն մէկն էր որ դժբախտ վերջ ունեցած էր, որմէ ետք «Էմէն իր հիւանդութիւնները, թերթերը, ասեղները մոռցած՝ փողոցները» ինկած էր….
Գիտակ ընթերցողը կրնայ անդրադառնալ, թէ արձակ բաժնի գրութիւններուն մեծամասնութիւնը նախապէս լոյս տեսած է իր «Տոհմածառ» հատորին մէջ՝ 1997-ին։ Անոնցմէ նշենք «Բանակում» (տխուր գրութիւն մը՝ պատանեկան սեռային եւ հոգեկան բռնութեան մասին), «Ձուկն էր լողում» (դպրոցական տարիներէն մինչեւ օրերս երկարող յուշերու շարան մը, որ կը սկսի իրենց երգի ուսուցչուհին «Ձուկն էր լողում» երգը սորվեցնելէն՝ ներշնչուած՝ Աստղիկ Քամալեանի Պէյրութի ելոյթէն, իր մէջ արեւելահայերէնի ու արեւմտահայերէնի առաջին հանդիպումէն, մինչեւ Ամերիկա՝ իր թոռան հետ երկխօսութիւն մը, անցնելով Լիբանանի պատերազմի հրդեհներէն, ամուսնութենէն ու ամուսնալուծումէն), «Աշխարհ մը եւ քանի մը տիեզերք», «Տոքթորան», «Խաչակիր», «ճերմակ սփռոցին վրայ թափած սուրճ», «Անկէզ մորենի», «Եռանկիւն մէկ անկիւնով»։ Յատկապէս ուշագրաւ է «Ճերմակ սփռոցին վրայ թափած սուրճ» պատմուածքը, ուր հեղինակի ընտանեկան պարագաներու պատումով ընթերցողը իրազեկ կը դառնայ սփիւռքեան բազմաշերտութեան։ Հոն կան հայ կիներու տարբեր կերպարներ, ինչպէս է նաեւ պարագան իր «Հայոց պատմութիւն» երկարաշունչ բանաստեղծութեան, որ ընթերցողին կը ներկայացնենք այս գրութեան կից։
Իսկ «Տիկին Ճէմիլէին հաւը» պատմուածքը առնուած է «Ճեղքուած մանրանկար» հատորէն. «Քլեմանսոյ թաղին քովնտի փողոցի մը մէջ, դարձդարձիկ զառիվարին երկայնքին, քառայարկ շէնքի մը լռած բնակիչ»ն է Ճէմիլէն՝ զաւակներուն հոգով մտահոգ, — Լիբանանի պատերազմի օրերուն ամուսինը գացած է կռիւ ու անհետացած, — որ հաւ մը կը սկսի պահել, որ զաւակները հաւկիթ ունենան…։ Նոյն հատորէն հոս կը գտնենք «Էութիւն» գրութիւնը, ուր Թէքեան ընթերցողը հաղորդակից կը դարձնէ պաղեստինեան ազատագրական մարտիկներէն Սուհէյլային, որու մարմինը Թէքեանի համար «մարդու կողմէ հայթաթուած ցաւերու շտեմարան է…կանաչ էութիւն է։
«Թերթերը գրեցին որ Սուհէյլան Պէյրութ հասաւ։ Վեց տարիներէ ի վեր պատերազմական գերի էր, բանտարկուած՝ Իսրայէլի մէջ։ Ոտնակոխած էր քսանութ տարիներու սահմանին։ Պաղեստինի ազատագրութեան անդամները կազմակերպեցին, որ խօսի Սուհէյլան։ Ան հազիւ կրցաւ փսփսալ։ Իր բառերը կարենալ լսելու համար պէտք է բանտ հասնէիր. Պաղեստի՛ն, դպրոցը որուն վրայ ռումբ նետեցին, քսանչորս մանուկներ սպանեցին ու ձերբակալեցին անոնց ուսուցչուհին՝ Սուհէյլան, որովհետեւ դէմ էր պաղեստինեան հողերու գրաւման։ Սուհէյլան կարենալ հասկնալու համար պէտք է արիւնաթաթաւ ոսկորներ տեսած ըլլայիր. հայրենիքէդ զրկուած զգայիր. պէտք է երկիրդ տարբեր պետութիւններու քմահաճոյքներուն ենթարկուած ըլլար»։

Բանաստեղծութիւնները նոյնպէս ընտրուած են տարբեր հատորներէ. օրինակ՝ «Սնունդ եւ անդունդ» հատորէն հոս կը գտնենք «Հայոց պատմութիւն», «Մամա», «Մայրս», «Ալզհայմըրզէ տառապողին մենախօսութիւնը», «Մորենիներ» բանաստեղծութիւնները. «Բազմածուփ աշխարհ»-էն առնուած՝ «Դեղձենիի եւ գետնախնձորի պատմութիւն» բանաստեղծութեան մէջ, ԱՄՆ-ի մէջ, իր զաւակներուն համար գետնախնձոր կեղուելու ընթացքին Թեքեան ընթերցողին գեղարուեստի լեզուով կը յուշագրէ Լիբանանի գիւղացի դաշտերու մէջ աշխատող Ֆարիտան, որուն սիրուն, տակաւին պարմանի ու Վեհանոյշ Թեքեանի տարեկից աղջիկը, Իզապէլ, որ տարիքոտ հողագործի մը հետ ամուսնացած էր եւ ունեցած իր երազած սպիտակ վարագոյրներով տունը։ Սակայն ամուսինը կը ծեծեր զինք — առանց պատճառի՝
Տասնհինգ տարեկան էր երբ կու լար Իզապէլ
գլուխը ուսիս դրած,
չէի կրնար հասկնալ
իր անյոյս արցունքները
եւ իմ ատելութիւնս՝ այդ մարդուն նկատմամբ։

Կը կեղուեմ գետնախնձորները
դուրս հանելով անոնց հինցած աչքակէտերը,
զաւակներս կը սպասեն տապկուած գետնախնձորներուն։
Պատուհանէն՝ դեղձենին աւելի ու աւելի կը մթնէ
Կ՚ըսէ՝ շերտաւորէ՛ անցեալդ,
շերտ-շերտ կտրէ, մի վախնար
Կը դիմանաս անոր, կ՚ազատագրուի՛ս այլեւս.

Բայց գետնախնձորը հիմա
այնքան խոշորցած է
որ չե՜մ կրնար ազատիլ անկէ։

«Բազմածուփ աշխարհ»-էն «Օրօր Հայկին» բանաստեղծութեան մէջ Թեքեան որպէս մայրական օրօր կը նշէ՝
Հայ ես տղաս, յիշէ միշտ որ պարտք ունիս ոչ ոքի
Բացի ինքնութենէդ։

«Կին՝ ատեան եւ մատեան» հատորին մէջ ներառուած բանաստեղծութիւններէն մաս մը նուիրուած են ամուսնալուծման երեւոյթին, ինչպէս՝ «Ապահարզան», «Ընտանեկան ատեան», «Ամուսնալուծումէ ետք»։
Վեհանոյշ Թեքեանի արձակն ու բանաստեղծութիւնը պատմողական են եւ միշտ ներկայ են իր հեղինակի ձայնն ու ապրած փորձութիւնը։
Բագին ամսագրի 2019-ի 3-4 թիւը նուիրուած էր Վեհանոյշ Թեքեանի գրական վաստակի 50-ամեակին. խմբագրականին մէջ իր գրական մեծ ներդրումը ընդգծուած է իր հրատարակութիւններու խորագիրներ շեշտող հետեւեալ տողերով.
«Հայ գրականութեան Տոհմածառ-ին վրայ փայլող աստղ մըն է Վեհանոյշ Թեքեանի անունը, որ իր ստեղծագործութիւններով կը պատկերէ խօսող հոգեվիճակներու Բազմածուփ աշխարհի մը մանրանկարը։ Հոն տողերը սաղմոս-ներով հիւսուած ուռկան-ներ են մեզ ներքաշող մինչեւ Կիզակէտ-ը բանին, մինչեւ ճշմարտութիւնը եսին։ Հոն տողերը վահան են ամրացնող, նուաճելու՝ լեզու, սփիւռք եւ հայրենիք։ Թեքեանի անունը ինքնին եղաւ Նշանագիր մը, յիսուն տարուան վրայ երկարող շարժումի մը, բանաստեղծութենէն արձակ, արձակէն՝ բանաստեղծութիւն»։
Յարութիւն Պէրպէրեան կը շեշտէ, որ բանաստեղծութեան թէ արձակի մէջ միշտ ալ սփիւռքեան փորձառութիւնը եղած է կիզակէտը Վեհանոյշ Թեքեանի գրականութեան(3)։

1) Մ. Թէօլէօլեան, «Դար մը գրականութիւն», բ. հատոր 1920-1980, բ. տպագրութիւն, էջ 586։
2) Բագին ամսագիր, 2019, թիւ 3. նուիրուած Վեհանոյշ Թեքեանի գրական վաստակի 50-ամեակին։
3) https://www.aztagdaily.com/archives/464704

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *