Յարգելի Վիգէն Աբրահամեան,
խմբագիր «Հորիզոն գրական»-ի,
Ապրիլի թիւին մէջ ներկայացումը կայ «ԿԻՆ՝ ԱՏԵԱՆ ԵՒ ՄԱՏԵԱՆ» գիրքիս՝ Ս.Ա.Յ.ի կողմէ։
Շնորհակալութիւն յայտնելով հանդերձ իր կամեցողութեան եւ ժամանակին, լուրջ նկատողութիւններ ունիմ։
Առաջին. – Ըստ երեւոյթին, գրախօսողը վրդոված է որ գրութիւններուն տակ չեմ դրած անունը այն գիրքին, որմէ առնուած է կտորը։ Հատընտիրներու պարագային հարկ է նշել թէ ո՛ր գիրքէն առնուած է տուեալ գրութիւնը, այդ մէկը միշտ կիրարկած եմ։ Սակայն այս գիրքը հատընտիր չէ՛, մէ՛կ թեմա ունի՝ ԿԻՆ. եւ ուրեմն հարկ չկայ ոչ-անհրաժեշտ տեղեկութեան։ Եթէ գիրքի անուն չէ դրուած, կը նշանակէ թէ հեղինակը կարեւոր չէ՛ նկատած։ Եւ արդէն գրախօսողի մը պարտականութիւնը տրուա՛ծին մասին գրել է, եւ ոչ թէ ի՛ր փնտռածին։ Ոճիր չէ կատարուած, որ մարդ հետախուզէ թէ ո՛ւրկէ ծայր առած է դէպքը։
Երկրորդ. – Առհասարակ նախընտրելի է որ գրախօսողը ժամանակ տրամադրէր կարեւորի՛ն, եւ պատանեկան տարիքի պատմուածքներու կողքին անդրադարձ կատարուէր նաեւ հասո՛ւն կիներու պատումներուն։ Պատմուածքներու ներկայացման հաւասարակշռութիւն չկայ, այդ բնոյթին նշումն իսկ չկայ։ Անշուշտ ան ազատ է նոյնիսկ միայն մէ՛կ գրութեան մասին խօսելու։ Բայց այս պարագային՝ երբ գիրքին բոլոր արտաքին երեւոյթները մանրանասն ներկայացուցած է, բովանդակութի՛ւնն ալ նոյն ուշադրութիւնը կը պահանջէ։ Երբ կը նշէ թէ քանի՛ արձակ եւ քանի՛ բանաստեղծութիւն կայ, (ես անգամ չէի համրած), ուրեմն բովանդակութեան պարագային ալ պէտք է արդարութիւն ընել այլազանութեան։ Այդ ծանր նժարին բացակայ ըլլալը խոցելի է։
Երրորդ. – Կ՚ըսէ թէ բոլորն ալ հրատարակուած են։ Ճիշդ չէ՛։ Բանաստեղծութեան շարքին մէջ կան մինչ այդ անտիպ քերթուածներ։ Իսկ արձակի բաժնին մէջ՝ վերամշակուած պատումներ։
Յարգանքով՝
Վեհանոյշ Թեքեան
Ապրիլ 24
Սիրելի աշխատակցուհի, յարգելի տիկ. Թեքեան,
Շնորհակալ ենք ձեր նամակին համար, որով որոշ ճշտումներ կ՚ընէք։ Այդ ճշտումները այսու կը յանձնենք մեր ընթերցողներու ուշադրութեան։ Գալով գրախօսողի նախընտրութիւններուն, մենք որեւէ ձեւով չենք ուզած ու չենք ուզեր միջամտել։ Կասկած չկայ, որ ձեզի պէս վաստակաւոր գրողին մը գիրքը այլազան բովանդակութիւն ունի, մինչ գրախօսողը նախընտրած է անդրադառնալ ձեր ի մի բերած գրութիւններէն գրական բնոյթի հին գործերուն։ Թերեւս փափագելի պիտի ըլար, որ իր կողմէ նշուած ըլլար իր այդ ընտրանքը։ Ուրիշ մը եթէ ուզէ անդրադառնալ ձեր աւելի նոր կամ հրապարակագրական էջերուն եւս, սիրով անոր ալ տեղ պիտի տանք։
Մենք միշտ շնորհակալ ենք մեր աշխատակիցներու սիրայօժար ու շարունակական աշխատակցութեան համար, որով մենք ալ գոհունակութիւն կը զգանք, որ տարիներու վրայ երկարող մեր նոյնպէս սիրայօժար խմբագրումի աշխատանքն ու մեր աշխատակիցներուն բեմ մը հայթայթելու մեր այս ճիգը կը գնահատուի անոնց կողմէ։
Ձեր վարձքը կատար։ Ձեր գրիչը թող մնայ միշտ բեղուն։
ՀԳ-ի խմբագրութիւն