Ինչո՞ւ կը գրեն(ք)

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Գրելու մասին յաճախ գրած եմ, եւ ընդհանրապէս խօսքը ի՛նչ գրելուն մասին է եղած։ Այս անգամ սակայն հարցադրումը տարբեր է, ու անոր անդրադառնալուս պատճառը կամ շարժառիթը Le Devoir օրաթերթի 23-24 ապրիլ 2022 թիւի շաբաթական գրական յաւելուածի իր սիւնակին մէջ Louis Cornellier-ի ստորագրած «Écrire» («Գրել») յօդուածն է։
Ինչո՞ւ կը գրեն, կամ ինչո՞ւ կը գրենք, ընդհանրապէս։
Կարելի է անշուշտ այս հարցումին պատասխանել մի քանի ձեւով, բոլորն ալ լակոնական ոճով.
— Որովհետեւ կը գրենք
Կամ՝
— Որովհետե՛ւ…
Կամ՝
— Կը գրե՛նք։
Գոռնըլիէ, սակայն, այսքան ժուժկալ չէ, եւ իր յօդուածն ալ կը բովանդակէ ուրիշ գրողներու վկայութիւնները կամ մտածումները այն ներծին պահանջքին մասին, որ գրելու կը մղէ մէկը։ Ան իր յօդուածը կը սկսի ամենէն առաջ խօսելով գրելու արարքին մասին, որ այնքան ալ դիւրին բան մը չէ ըստ իրեն։ Ճիշտ է, կ՚ըսէ ան, գրիչ շարժելը այնքան դժուար չէ որքան մեքենական կռան մը գործածելը, սակայն գրելու ատեն «գաղափարներ կան, որ պիտի յստակացնես, լեզուի օրէնքներ կան, որ պիտի յարգես, ոճդ պիտի մշակես ու այդ բոլորը պիտի բերես քով.քովի՝ գրութեան մը մէջ, որ չես գիտեր ինչպէ՛ս պիտի ընդունուի»։
Առաջին հերթին ան կը մէջբերէ իմաստասէր ու մանկավարժ Philippe Meirieu-ի կարծիքը, թէ «Մի՛ հաւատաք անոնց, որոնք կ՚ըսեն, թէ դիւրութեամբ կը գրեն. անոնք խաբեբաներ են»։ Ու կ՚աւելցնէ անոր ըսածը, թէ «Երբեք չես կրնար հանդարտօրէն սկսիլ գրել, որովհետեւ գրելիքդ գրելէդ առաջ գոյութիւն չունի»։ Երկարամեայ հրապարակագիր Foglia, որ աւելի քան 4000 քրոնիկ ստորագրած է La Presse օրաթերթին մէջ, կարծես յօդուածագրին թարգմանն իսկ կը հանդիսանայ խոստովանելով՝ «Ոչ մէկ հաճոյք կայ գրելու մէջ. հաճոյքը գրած ըլլալուն մէջ է»։
Գրելը այդքան տառապալից ըլլալով հանդերձ, ու ձախողութիւնը՝ այդքան յաճախակի, ինչո՞ւ կը յամառինք գրելու, — հարց կու տայ Գոռնըլիէ. «Ինչո՞ւ։ Ուրկէ՞ կը ստանանք այդ բնազդը (ոչ-սեռային), այդ անընկճելի թռիչքը, որ մեզ կը մղէ բառերը շարելու մէկը միւսին քով՝ յուսալով, որ ուրիշներ մեզ պիտի ընթերցեն ու հասկնան»։
Անկէ ետք ան կը դիմէ George Orwell-ին՝ անոր «Ինչո՞ւ կը գրեմ» գրութեան, ուր մեծանուն հեղինակը չորս պատճառներ կը նշէ բացատրելու համար գրելու իր խանդը։
Առաջին՝ «զուտ եսասիրութիւնը», այսինքն՝ «ցանկութիւնը ըլլալու հետաքրքրական, վիճելի ու անցնիլ յաւերժութեան»։ Օրվել դիտել կու տայ, թէ նոյն տրամադրութիւնը կը տեսնուի արուեստագէտներուն, գիտնականներուն, քաղաքական դէմքերուն ու գործարարներուն մէջ. մարդոց մեծամասնութիւնը կը գոհանայ ուրիշին նման ըլլալով, կաղապարին մէջ մտնելով, նոյնը չէ սակայն գրողներու պարագային, որոնք կը ձգտին ըլլալ «ամբողջական անհատներ»։
Երկրորդ՝ «գեղագիտական խանդավառութիւնը», աշխարհի ու լեզուի գեղեցկութեան զգացումը, որ կը կրենք մեր մէջ եւ կ՚ուզենք բաժնել ուրիշներու հետ։ Երրորդ՝ «պատմական ոգեւորութիւնը», այսինքն՝ աշխարհը յայտնաբերելու եւ իրականութիւնը ըսելու ցանկութիւնը։
Վերջապէս՝ «քաղաքական նպատակը». Այսինքն՝ «աշխարհը տուեալ ուղղութեամբ մը հրելու տենչը, փոխելու համար հասարակութեան ունեցած մտապատկերը եւ յառաջացնելու այն ընկերութիւնը, որուն համար կ՚արժէ պայքարիլ»։ Չեն կրնար խուսափիլ ասկէ, կ՚աւելցնէ յօդուածագիրը, նոյնիսկ անոնք, որոնք «արուեստը արուեստին համար» դաւանելով՝ կը մերժեն այս նպատակը։ Անո՛նք ալ քաղաքական տեսակէտ մը յայտնած կ՚ըլլան։ Օրվել կը հաստատէ, թէ նկատի առնելով այն պատմական պայմանները, որոնք ընկերացած են իր կեանքին, իր բոլոր գրութիւնները, գեղագիտական մտահոգութիւնը ունենալով հանդերձ, գրուած են ընդդէմ բռնատիրութեան ու յաղագս ժողովրդավար ընկերվարութեան։
Լը Տըվուարի աշխատակիցը իր յօդուածը կ՚աւարտէ հետեւեալ պարբերութեամբ. «Եթէ պէտք ըլլար ամփոփել ի՛մ գրութիւններս կենսաւորող գլխաւոր մտադրութիւնը, պիտի ըսէի՝ անոնք գրուած են ընդդէմ ֆրանսական Քեպէգի անհետացման, յանուն ընկերվար-ժողովրդավարութեան եւ արտայայտելու համար կենսասիրութիւնը՝ գրականութեան ընկերակցութեամբ»։
Եթէ հիմա վերնագրի երրորդ դէմքէն գանք առաջին դէմքին, յատկապէս անոր եզակիին՝ ի՛մ բանաձեւումին, պէտք է ամեն բանէ առաջ հակադրուիմ անոնց, որ գրելու արարքին մէջ իսկ չե՛ն տեսներ հաճոյքը, անոր ճիգին պատճառած ուրախութի՛ւնը, անկախ արդիւնքին տալիք կամ գուցէ չտալիք գոհունակութենէն։
Ինծի համար բառերը քով քովի շարելը, անոնց կարգը փոխելը, զանոնք տեղափոխելը, ջնջելը, ուրիշ բառով մը փոխարինելը, գրածս չհաւնիլն ու վերսկսիլը, այլ խօսքով՝ միտքս արտայայտելու համար ճիշտ բառը ճիշտ տեղը դնելու տեւական ճիգը չափազանց մեծ հաճոյք մըն է, ինչպէս է պարագան որեւէ ստեղծագործութեան, որուն վերջնական արտադրութեան իւրաքանչիւր բաղադրիչին յայտնաբերումը կը նմանի նոր ուղի մը, նոր բացատ մը կամ նոր անտառ մը, նոյնիսկ նոր աշխարհ մը բացայայտելուն։
Երկրորդ, այո, ինծի համար ալ գրելը հաղորդակցութեան միջոց մըն է, նախընտրա՛ծ միջոցս է՝ առնչուելու համար հարազատներուս՝ ընկերներուս, բարեկամներուս, նոյնիսկ ընդդիմադիրներուս հետ, անոնց հետ խօսելու, վիճելու, համոզելու կամ տարհամոզելու համար, տեսածս կամ կարդացածս բաժնեկցելու եւ վայե՛լքս իրենց ալ փոխանցելու համար։
Բայց ի՞նչ է գրելու բո՛ւն նպատակս։
Եւ այստեղ ձեւով մը կը միանամ Լուի Գոռնըլիէի՝ ըսելու համար, որ գրելուս ալֆան եւ օմեղան հայերէն լեզուս է, որուն սէրը մէջս մշակուեր է ամենէն փոքր տարիքէս՝ ծնողքիս, ուսուցիչներուս, Պատանեկանի վարիչներուս, ապա զարգացմանս մէջ իրենց բաժինը ունեցած բոլոր դերակատարներուն կողմէ, ընթերցումներո՛ւս ճամբով ու կեանքիս բովանդա՛կ ընթացքին՝ իմ ալ ունեցած հասարակական համեստ գործունէութեանս բերումով։
Կը գրեմ՝ ցոյց տալու համար, որ կ՚ապրի՛ հայերէնը՝ զայն լռութեան մատնելու բոլոր ճիւաղային փորձերուն դէմ-յանդիման։
Կը գրեմ՝ ըսելու համար, որ տեսէ՛ք որքան ճկուն, որքան փարթամ, որքան արդիական է ան։
Կը գրեմ՝ ցոյց տալու համար, որ ամեն բան կարելի է հայերէնով արտայայտել՝ Աստուծոյ հետ խօսելէն մինչեւ գիտական ամենէն բարդ հանելուկները լուծելը, ամենէն նրբին զգացումներէն մինչեւ իմաստասիրական ամենէն խրթի՛ն գաղափարները բնութագրելը։
Կը գրեմ, որ զաւակներս, թոռներս, ընթերցողներս ու ամե՛ն հայ առաջին հերթին սիրեն իրենց լեզուն, գիտակցին անոր գեղեցկութեան՝ ոսկեղինիկութեա՛ն, ճի՛շտ խօսին, ճի՛շտ գրեն եւ կենդանի՛ պահեն զայն։
Գրելէն անդին ունեցած գաղափարական ամբողջ կերտուածքս, թափած ամբողջ ջանքս ու ճիգս հասարակական ոլորտներուն մէջ պարզապէս խթանելու ու զօրացնելու համար է լեզուին հանդէպ ունեցած կիրքս։ Վերջակէտ։

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *