Մուսալեռցի Պետրոս Աբաջեանի յուշագրութիւնը

Ս.Ա.Յ.

2022ի գարնան, Երեւանի մէջ լոյս տեսաւ Հորիզոն գրականի աշխատակից՝ Պետրոս Աբաջեանի յուշերը «Յուշեր իմ մասին կամ մի մուսալեռցի հայի կեանքի պատմութիւնը» խորագրին տակ։ 120 մեծադիր եւ լուսանկարներով յագեցած էջերու մէջ Աբաջեան հաճելի պատումով ընթերցողին կը փոխանցէ իր կեանքէն ապրումներ։ Որպէս նախաբան իր յուշերուն, Աբաջեան համեստօրէն ընթերցողին ներողամտութիւնը կը խնդրէ, թէ այս հրատարակութեան մէջ ինք գրի առած է իրեն համար կարեւոր, երբեմն գուցէ աննշան դէպքեր ու ապրումներ։
Յուշագրութիւնը կը սկսի իր մանկութենէն իրեն մնացած առաջին յիշողութեամբ, ուր ինք պպզած կը խաղար առուակի մը մէջ։ Առուակը բաւական ջրառատ էր, «բայց հատուելով սայրերով տրորուած ճանապարհի հետ, շատ լայնացել է։ Ջուրը հազիւ հասնում է կոճերիս։ Իմ հագին միայն մօրս կարած սպիտակ վարտիքն է, որը թրջուում է» (էջ 3)։ Աբաջեան այն ժամանակ, երբ տակաւին Մուսալեռ էին, հազիւ երկու-երկուքուկէս տարեկան էր։ Իսկ իր երկրորդ յուշը 1939 թուականէն է, երբ Մուսալեռէն կը տարագրուէին Հալէպ. «Աւտոբուսը, որով գնում ենք, բերնէբերան լցուած է բազմաթիւ իրերով, անկողիններով, կապոցներով եւ այլն։ Անցնում ենք ծովի մօտով։ Մթնշաղ է եւ ծովը կապոյտի փոխարէն պղտոր է թուում։ Հորիզոնը ծովի կողմից շատ բարձր է եւ քանի որ ափը չի երեւում, ինձ թուում է թէ հիմա ջուրը կը թափուի մեքենայի մէջ» (էջ 3)։
Ապա Աբաջեան ընթերցողին հետ կը բաժնեկցի իր ընտանեկան եւ նախնիներու մասին իրեն հասած տեղեկութիւնները։ Առաջին գրաւոր վաւերաթուղթը Մեծի Տանն Կաթողիկոս Կիլիկիոյ Յովհաննէս Հաճնեցիի 1720 թ. կոնդակն է, որով կը տեղեկացուի թէ Սիսէն ՄուսաԼեռ առաքուած է զէյթունցի Պետրոս քահանան։ Ան ալ իր երկու որդիները՝ Յակոբ եւ Պօղոս, նոյնպէս քահանայ ձեռնադրել տուած է ու հաստատուած Եօղուն Օլուգ՝ շրջանի ամենամեծ գիւղը։ Տարիներ վերջ անոնք դաւանափոխ եղած են ու հետեւած Հայ Աւետ. կամ բողոքական եկեղեցւոյ։ Ճիւղաւորուելով՝ Աբաջեաններէն ոմանց ազգանունը փոխուած է Պօյաճեանի, Տէր Պետրոսեանի։ Իր Պօղոս պապիկի եղբօր որդին՝ Յակոբ Ապաճեանը գրած էր իր յուշերը Մ. Լեռնցի գրչանունով։ Գերդաստանի ամենայայտնի գրիչ եւ տաղանդ ունեցողներն էին՝ Եդուարդ Պօյաճեանն ու Զուլալ Գազանճեանը (Պետրոս Աբաջեանի հօրաքրոջ՝ Նուրիցա Ապաճեան կամ Աբաջեանի եւ Գէորգ Գազանճեանի զաւակը)։
Պատումը կը շարունակուի ժամանակագրական կարգով. հեղինակի Հալէպի յուշերէն դրուագներ, ներգաղթի օրերը՝ երբ կը փոխադրուին երկրորդ կարաւանով Սեւ ծովու վրայով նախ Հոկտեմբերեան ապա Երեւան, յետոյ խորհրդային Հայաստանի իր աշակերտական կեանքէն նկարագրումներ, այդ տարիներու համատարած չքաւորութեան նեղութիւնները, Ստալինի մահուան լուրը եւ այլն։ Ընթերցողը կ՚ընտելանայ հեղինակի ներաշխարհին, ուսումնատենչութեան, ինչպէս նաեւ համալսարանական կրթական կեանքին, հայրենի մտաւորական շրջանակին, ընտանիք կազմելուն, ճամբորդութիւններուն, բարեկամական, ազգականական, Սփիւռք-Հայաստան կապերուն։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *