ԹԱՒՐԻԶԻ Գ. ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԸ ԹԱՒՐԻԶ՝ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻՆ ԵՒ ՋՈՒԼՖԱ՝ Ս.ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՆԱԽԱՎԿԱՅԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Ի.Չ.

Երրորդ տարին ըլլալով տեղի ունեցաւ Թաւրիզի հայագիտական գիտաժողովը, ուրբաթ 27 եւ երկուշաբթի 30 սեպտեմբեր 2019-ին, Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդարանին եւ Մաղարդայ Ս. Ստեփանոս Նախավկայի վանքին մէջ, թեմակալ առաջնորդ Գերշ. Տ. Գրիգոր Ս. Եպս. Չիֆթճեանի հովանաւորութեամբ եւ թեմին կազմակերպութեամբ, մասնակցութեամբ տասնեակ մը հայագէտներու եւ յարակից բնագաւառներու մասնագէտ ուսումնասէրներու Թաւրիզէն, Գերմանիայէն, Անգլիայէն, Ֆրանսայէն, Զուիցերիայէն եւ Թուրքիայէն։ Continue reading “ԹԱՒՐԻԶԻ Գ. ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԸ ԹԱՒՐԻԶ՝ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻՆ ԵՒ ՋՈՒԼՖԱ՝ Ս.ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՆԱԽԱՎԿԱՅԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ”

Ալեքսանդր Թոփչեանի «Բանկ Օտոման»ը` պարսկերէն

Հայ ժողովրդի պատմութեան 19-րդ դարավերջին եւ 20-րդ դարասկզբին տեղի ունեցած մի շարք կարեւորագոյն իրադարձութիւններ արգելեալ նիւթեր էին Խորհրդային Հայաստանի գրեթէ ամբողջ գոյութեան ընթացքում: ՕրինակԿ. Պոլսի Օսմանեան բանկի գրաւման եւ դրան յաջորդող քաղաքում տեղի ունեցած հազարաւոր հայերի ջարդի պատմութիւնը, հասկանալի պատճառներով, չարտացոլուեց խորհրդահայ գրողների երկերում: Անկախութիւնից յետոյ էլ կարծես չէին շտապում խախտել այդ պարտադրուած լռութիւնը:

Continue reading “Ալեքսանդր Թոփչեանի «Բանկ Օտոման»ը` պարսկերէն”

ՊԱՏԻՒՍ ԱՐԺԱՆԱՒՈՐԱՑ — Հ. Սահակ վրդ. Քէշիշեան (1917-2005)

Ընթացիկ մարտի 9-10 շաբաթավերջին, նախաձեռնութեամբ Պէյրութի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի սաներու եւ արիներու նորակազմ միութեան, աշխարհի չորս ծագերուն նշուեցաւ ճեմարանի բազմամեայ տնօրէն, թարգմանիչ, գրականագիտական, պատմական ու թարգմանչական բնագաւառներու անխոնջ մշակ Հայր Սահակ վրդ. Քէշիշեանի ծննդեան 100-ամեակը։

Continue reading “ՊԱՏԻՒՍ ԱՐԺԱՆԱՒՈՐԱՑ — Հ. Սահակ վրդ. Քէշիշեան (1917-2005)”

ՊԱՏԻՒՍ ԱՐԺԱՆԱՒՈՐԱՑ

Կը տեղեկանանք, թէ մեր երկարամեայ աշխատակից Գրիգոր Ջանիկեան արժանացած է Հայաստանի գրողներու միութեան եւ ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան համատեղ մրցանակին։ Իրեն շնորհուած է 2018 թուականի մրցանակաբաշխութեան առաջին մրցանակը՝ արձակի բաժնէն, իր «Սպարտակ, 80-ամեայ արծիւ-մահապարտի վիպասքը գրքին» համար։

Continue reading “ՊԱՏԻՒՍ ԱՐԺԱՆԱՒՈՐԱՑ”

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔՀՆՅ. ՇՄԱՒՈՆԵԱՆ — ՀԱՅ ԼՐԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴԻՐԸ

ԲԱԲԳԷՆ ԹՕՓՃԵԱՆ

Ան ծնած է Պարսկաստանի Շիրազ քաղաքը 1750 թուականին: Սկզբնական իր կեանքին մասին սակաւ են մեր ծանօթութիւնները: Թէեւ ան ճանչցուած է ու կը կրէ Շմաւոնեան մականունը, սակայն իր տպարանէն լոյս տեսած 1789-90-ի «Նահատակաբանութիւնը կոյս Մարիանէի» վերահրատարակուած հատորին մէջ, յիշուած է որպէս «Շիրազցի Յարութիւն քահանայ, որդի Շմաւոնի»:

Continue reading “ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔՀՆՅ. ՇՄԱՒՈՆԵԱՆ — ՀԱՅ ԼՐԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴԻՐԸ”

«Հրաժեշտէն ետք» հայրենիքում

ԼԻԼԻԱ ԵՂԻԱԶԱՐԵԱՆ

Օ, ներեցէք, ընկերներ,
Որ վերստին պիտի մեկնիմ ձեր աշխարհէն…
Իմ աշխարհի տէրերն անտէր
Կը ստիպեն որ աճապարեմ։
Պ. Հերկելեան

Յունիսի 12-ին Երեւանի Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանում տեղի ունեցաւ լիբանանահայ նշանաւոր բանաստեղծ Պետիկ Հերկելեանին նուիրուած «Հրաժեշտէն ետք» խորագրով գրական-երաժշտական ձեռնարկը։ Continue reading “«Հրաժեշտէն ետք» հայրենիքում”

Ոչ եւս է Կարէն Ա. Սիմոնեան

ՓԱՐԻԶ—Երկուշաբթի 9 յուլիսին, Փարիզի «Մոնսուրի» հիւանդանոցին մէջ 82 տարեկանին մահացաւ յայտնի արձակագիր, թատերագիր, հրապարակագիր, թարգմանիչ, քաղաքական գործիչ եւ «Հորիզոն գրական»-ի վաղեմի աշխատակից Կարէն Արամի Սիմոնեանը: Continue reading “Ոչ եւս է Կարէն Ա. Սիմոնեան”

Ոչ եւս է Տայանա Տէր Յովհաննէսեան

Մարտ 1-ին մահացաւ հանրածանօթ բանաստեղծ եւ Նիւ Ինկլընտի բանաստեղծներու ակումբի նախագահ Տայանա Տէր Յովհաննէսեանը: Ծնած Պոսթընի մէջ 21 մայիս 1934-ին, խարբերդցի ծնողներէ, ան աւարտած է Պոսթընի համալսարանի ամերիկեան գրականութեան ճիւղը։ Հարվըրտ համալսարանի քերթողական արուեստի նշանաւոր բանաստեղծ Ռապըրթ Լոուէլի առաջնոդութեամբ՝ մասնագիտացած է բանաստեղծութեան բնագաւառին մէջ։ Continue reading “Ոչ եւս է Տայանա Տէր Յովհաննէսեան”

Մեր գրողները միջազգային գրական փառատօների չեն մասնակցում եւ առաջիկայ տարիներին դժուար էլ մասնակցեն

ԵՐԵՒԱՆ—Այսօր ամենակարեւորը ժամանակակից հայ գրողին թարգմանելու խնդիրն է, եւ սա իրենց քաղաքականութեան գլխաւոր ուղղութիւնն է, իր տարեկան ամփոփիչ ասուլիսում ասաց Հայաստանի գրողների միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեանը 20 դեկտեմբերին: Continue reading “Մեր գրողները միջազգային գրական փառատօների չեն մասնակցում եւ առաջիկայ տարիներին դժուար էլ մասնակցեն”