ՕԳՈՍՏՈՍ 2019-Ի ԹԻՒԸ

Սիրելի ընթերցող,«Հորիզոն գրական»ի 2019 օգոստոսի թիւի նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։

Բարի ընթերցում։

ԳԻԺ ԵՄ ԲԱՅՑ ՀԱՅ ԵՄ

ԽԱԺԱԿ ԱՅՆԹԱՊԵԱՆ

1993 թուականին երբ որպէս արտասահմանցի ուսանող առաջին անգամ Երեւան հասայ, առաջին օրը չորս կամ հինգ անգամ խելագար հռչակուեցայ։ Ամենամութ ու ցուրտ թուականն էր, քաղաքը ոչ լոյս ունէր, ոչ ալ ջուր ունէր… Երեւանի մէջ շաբաթը երկու անգամ լոգանք ընդունիլը այդ ժամանակ շռայլութիւն կը համարուէր։ Իսկ ես հասնելուս պէս պայուսակէս օճառ մը ու անձեռոց մը հանեցի եւ Continue reading “ԳԻԺ ԵՄ ԲԱՅՑ ՀԱՅ ԵՄ”

Պաղ կազոզ մարսողական

ԱՐԱ ՄԽՍԵԱՆ

Հալէպի Նոր Գիւղի «սերվիսի թաքսիներու տեղը», Վասպուրական ակումբէն քանի մը մեթր անդին, երեք մայրուղիներու խաչմերուկին վրայ՝ յիսունական եւ վաթսունական թուականներուն, հայ մարդ մը երեկոները իր բացօթեայ շարժական կրպակէն՝ որ իսկականին մէջ կապոյտ ու կոկիկ ձեռնասայլ մըն էր միայն՝ զովացուցիչ (կազոզ), Continue reading “Պաղ կազոզ մարսողական”

Վաչէ Սարգսեանի վերադարձը

ՍԻՐԱՆՈՅՇ ԴՒՈՅԵԱՆ

Օրեր առաջ Երեւանի մէջ լոյս տեսաւ խորհրդահայ աքսորական գրականութեան հայ ընթերցողին առայժմ անյայտ կոթողային գործ մը` Վաչէ Սարգսեանի Ակեղդամա եռահատոր վէպի առաջին` Անկրկնելի պատմութիւն հատորը: Վէպը գրուած է 1960-1980-ական թուականներուն` հեղինակի` աքսորէն վերադառնալէն շատ չանցած: Continue reading “Վաչէ Սարգսեանի վերադարձը”

Բնութեան զուգահեռ երեւոյթներ

ԲԺ. ՕՀԱՆ ԹԱՊԱՔԵԱՆ

Գարնանային պայծառ առաւօտ. շրջապատիս ողորկ դալարիքը թաւիշի նման կը տարածուի իմ առջեւս, ու ես թարթիչներս բանալով նորածագ արեւին ճառագայթներուն, կը փափաքիմ արբենալ անով: Հորիզոնին վրայ արեգակը հրեղէն գունդի մը նման հետզհետէ բարձրանալով իր ճառագայթներուն ցանցովը կ՚ոսկեզօծէ շրջապատս. Continue reading “Բնութեան զուգահեռ երեւոյթներ”

Ներկայացում բժիշկ Օհան Թապաքեանի «Յուշեր եւ ապրումներ երազային Հալէպէն» գիրքին

ՍՈՆԱ ԹԻԹԻԶԵԱՆ-ԿԷՏԻԿԵԱՆ

Անցեալ տարի՝ 2018-ին, Մոնթրէալի մէջ լոյս տեսաւ բժիշկ Օհան Թապաքեանի «Յուշեր եւ ապրումներ երազային Հալէպէն» հատորը, զոր հեղինակը ձօնած էր Բերիոյ Թեմի նախկին առաջնորդ, իր բառերով՝ «բազմերախտ ու անբասիր եկեղեցական Բարձրաշնորհ Տէր Սուրէն Արքեպիսկոպոս Գաթարոյեանի»: Գիրքը կը բաղկանայ 348 էջերէ, կողքին վրայ տեղադրուած է Հալէպի հնամեայ բերդին նկարը, իսկ ետեւի կողքին վրայ հեղինակին նկարը, կցուած՝ կարճ կենսագրականով: Կողքին ձեւաւորումը կատարած է Եղիա Պաքմազճեան: Continue reading “Ներկայացում բժիշկ Օհան Թապաքեանի «Յուշեր եւ ապրումներ երազային Հալէպէն» գիրքին”

Լոյս տեսաւ Զաւէն Պիպէռեանի ինքնակենսագրական ֆրանսերէն վէպը

Zavèn Bibérian, Car vivre, c’était se battre et faire l’amour (Istanbul : Aras Yayıncılık, August 2019)

Ֆրանսացի պատմագէտ եւ թարգմանիչ _ եւ մեր վաղեմի աշխատակից _ Հերվէ Ժորժըլէնի խմբագրութեամբ, ծանօթագրութիւններով եւ ներածականով լոյս տեսաւ Սփիւռքի մեծագոյն վիպագիրներէն Զաւէն Պիպէռեանի ինքնակենսագրական վէպը, հեղինակի ֆրանսերէն բնագրով։ Continue reading “Լոյս տեսաւ Զաւէն Պիպէռեանի ինքնակենսագրական ֆրանսերէն վէպը”