Սիւզան Խարտալեան
Ելակի կարմիր կաթիլը դաստակիս,
գետ՝ կպչուն-քաղցր,
կը սահի յոյլ ու անշտապ Continue reading “Ritorno a Sorrento Լպստել”
Ելակի կարմիր կաթիլը դաստակիս,
գետ՝ կպչուն-քաղցր,
կը սահի յոյլ ու անշտապ Continue reading “Ritorno a Sorrento Լպստել”
Ամեն տարի, երբ ապրիլը կը բացուի, տանս որոշ անկիւնները կը դառնան մրջիւններու սեփականութիւնը։ Նախակարապետ հետախոյզները առաջինը կը յայտնուին խոհանոցին ու հիւրասենեակին մէջ. անոնք անշեղ նպատակասլացութեամբ կը քննեն ամեն մէկ ծալք ու անկիւն՝ սեղանը, հացի տուփը, մինչեւ իսկ Continue reading “Սիման եւ մրջիւնները”
ընկերներուս, խենթանոցէն փախչիլ ուզողներուն համար.
անտառի եզրը կը փնտռես
ծառերը կարծես ճաղեր են
արծաթափայլ կոճղերը
բանտի պատեր
որ դուն չես կառուցած։ Continue reading “Շրջանակը”
Կարօտ
Կարօօտ
Կարօօօտ
Կարօօօօտ Continue reading “ԿԱՐՕՏ”
ականջներուս մէջ կռնչիւն
ուղեղս կ‘ուտէ
հռհռոցներ սուլոցներ ճռճռոցներ
ի՞նչ ձայներ են Continue reading “Բեւեռացում”
արքայական ռեհան
զմրուխտեայ կայծ
քաղաքային այգիին մէջ
կը ճօճիս անխօս
չեմ ուզեր ծունկի գալ
քնքուշ ցօղուններուդ առջև Continue reading “Vasilikos”
կոկորդիդ փարած չոր հազ մը
զայրացնող
գիսախռիւ գանգուր մը մոխրագոյն
տաղտկալի
կօշիկին հետ տուն մտնող Continue reading “Թելի եզրին”
Ամբողջ օրը այսօր կը թափառէի մտքովս երկու տեղ։
Ահաւոր կարօտ ունիմ Փարիզի հանդէպ… կամ ալ փարիզեան երիտասարդ տարիներու անվերջանալի թուացող ժամանակին կարօտ. ամեն բան դեռ կարելի էր, ամեն երազ, ամեն սէր հնարաւոր էր, անկուշտ ապրելու օրեր էին։ Continue reading “Տուր ինծի սրինգը եւ երգէ՛”