«ԿԱՐ – ՉԿԱՐ»

ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

Կը նկատեմ, որ դիմացի կիսաւեր տան տանիքին վրայ, կուրծքը ցուիքի քարին սեղմած, գլուխը վեր տնկած՝ քարադոդոշ մը կը հանգչի։ Երկարօրէն, յուլօրէն։ Մենք քարթոշ կ՚ըսենք. սա սովորական ու փայլուն մորթով մողէզներէն աւելի մեծ է, սեւին տուող ծալք-ծալք մորթով ժանգոտած սողուն մը։
Կը յիշեմ, վա՜հ, մեր մանկութեան օրերու նոյն քարադոդոշն է կարծես։ Continue reading “«ԿԱՐ – ՉԿԱՐ»”

ԱԶԱՏԱԲՈՒԽ ՈՒՂԵՂԸ

ՆՈՐԱ ՊԱՐՈՒԹՃԵԱՆ

ազատաբուխ ուղեղը պայթելէն ոչ ոք կրնայ կեցնել
աստուածիկ մը հոն մեծնալու կամք կը յայտնէ վճռօրէն
կը խշխշայ ներսիդին ծուռին բոցը շիփշիտակ
լենալ կ՚ուզէ լիանալ յորդեցնել
արդար պահը խոստումին
այլ կերպ ըլլալ չի կրնար
ան պիտի չվերանայ ճամբան կոտրած կուժի պէս Continue reading “ԱԶԱՏԱԲՈՒԽ ՈՒՂԵՂԸ”

Եգիպտականք — Բ —

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Առաջին վերծանումները

Ռոզեթեան քարի առաջին շերտին մէջ յստակօրէն զանազանելի են հինգ յատուկ ձուաձեւ շրջանակներ, իւրաքանչիւրը ձախ ծայրէն օժտուած ուղղահայեաց գծիկով մը:
Շամպոլիոն դիւրաւ կրցաւ ենթադրել, թէ այդ շրջանակներուն մէջ կը գտնուի Պտղոմէոս (Ptolmis) փարաւոնին անունը, քանի որ յունական հատուածին մէջ ճիշդ հինգ անգամ յիշուած է այդ անունը: Continue reading “Եգիպտականք — Բ —”

ՊԱՏԱՆԵԿՈՒԹԵԱՆ «ՀԱՄԵՄԱՏԱԲԱՐ ԵՐՋԱՆԻԿ» ՉՈՐՍ ՏԱՐԻՆԵՐԻ ՅԻՇԱՏԱԿՆԵՐԸ

Մ. Մ. ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ

Եթէ միայն անոնք լեռ չելլէի՜ն…
Օ՜, միամտութիւնը մեր ժողովուրդին, որ հաւատաց ամեն
բանի եւ չկրցաւ չափել ահաւորութիւնը դիւային ծրագրին…
Արամ Հայկազ, «Չորս տարի Քիւրտիստանի լեռներուն մէջ» (էջ 11)

Ծանօթ խմբագրութեանՕրերս Երեւանի մէջ լոյս տեսաւ Արամ Հայկազի «Չորս տարի Քիւրտիստանի լեռներուն մէջ» հատորը, խմբագրութեամբ Մարգարիտ Խաչատրեանի, որ Հայկազի գրքի այս երկրորդ հրատարակութեան կցած է ընդարձակ եւ ուշագրաւ վերջաբան մը։ Ստորեւ, ընթերցողին կը ներկայացնենք անոր առաջին մասը։ Continue reading “ՊԱՏԱՆԵԿՈՒԹԵԱՆ «ՀԱՄԵՄԱՏԱԲԱՐ ԵՐՋԱՆԻԿ» ՉՈՐՍ ՏԱՐԻՆԵՐԻ ՅԻՇԱՏԱԿՆԵՐԸ”

Զրոյց՝ դրախտային ծննդավայրիս հետ

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Զարմանալի է կեանքը: Արդէն տասը եւ աւելի տարիներ անցած են՝ քեզի հետ իմ վերջին հանդիպումէս: Անհաւատալի: Ի՜նչ արագավազ է եղեր մեր ապրած այս դարը: Ու ամենօրեայ մտահոգութիւններուս մէջ տակաւին քիչ առաջ էր, երբ կրկին անգամ յիշեցի մեր միասին անցուցած օրերը:
Հիմա, որ մօտս չես, ժամերս սկսած են երազին ալիքներուն մէջ ման գալ, Continue reading “Զրոյց՝ դրախտային ծննդավայրիս հետ”

ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ — Խոկումներ/Գրիգոր Նարեկացիի »Մատեան Ողբերգութեան«ի Ընթերցմամբ, Ա. Տետր

Հեղինակ՝ Գառնիկ Աւ. Քհնյ. Գոյունեան, Մոնթրէալ, 2022, մեծադիր 48 էջ:

ԲԱԲԳԷՆ ԹՕՓՃԵԱՆ

Նոր լոյս տեսած ու ճաշակաւոր տպուած այս տետրը չորրորդն է Արժ. Տ. Գառնիկի տետրաձեւ հրատարակութիւններուն: Նախկիններն են՝ «Արամ Ա./Հայ Աստուածաբանական Մտքի Վերանորոգման Համար» (Մոնթրէալ, 2005, Հորիզոն Յաւելուած), Ալեքսանդր Շմեմանի «’’Հայր մեր’’/Բացատրութիւն» (Մոնթրէալ, 2020), եւ «Հաւատքի Հանգանակ (Բացատրութիւն)» (Մոնթրէալ, 2021): «Խոկումներ»ը ձօնուած է Continue reading “ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ — Խոկումներ/Գրիգոր Նարեկացիի »Մատեան Ողբերգութեան«ի Ընթերցմամբ, Ա. Տետր”

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ՝ ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆԻ «ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ՈՒՂՂԱԳՐԱԿԱՆ, ՈՒՂՂԱԽՕՍԱԿԱՆ, ՈՃԱԲԱՆԱԿԱՆ ՈՒՂԵՑՈՅՑ»-Ը

Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքէն ուրախութեամբ իմացանք, որ Նայիրի հարթակին վրայ այժմ հասանելի է մեր վաղեմի աշխատակից Արմենակ Եղիայեանի Արեւմտահայերէնի ուղղագրական, ուղղախօսական, ոճաբանական ուղեցոյց-ը՝ թուային եւ բաց ձեւաչափով։ Continue reading “ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ՝ ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆԻ «ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ՈՒՂՂԱԳՐԱԿԱՆ, ՈՒՂՂԱԽՕՍԱԿԱՆ, ՈՃԱԲԱՆԱԿԱՆ ՈՒՂԵՑՈՅՑ»-Ը”