Սիրելի ընթերցող,
«Հորիզոն գրական»ի նոյեմբեր 2021-ի թիւի նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։
Բարի ընթերցում։
Սիրելի ընթերցող,
«Հորիզոն գրական»ի նոյեմբեր 2021-ի թիւի նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։
Բարի ընթերցում։
* * *
Ճղուած շորերի
գոյնն ամենալաւն է.
հագիդ,
թէ պահարանում:
Ամենաանկեղծ զգացողութիւնը,
միլիոն տարի յետոյ էլ
կը գտնուի
ծածկուած շորերի գրպաններում: Continue reading “* * *”
Քի՛չ մըն ալ սառնարան մնա, սպասէ։ Չենք կրնար հիմա գալ։ Զբաղած չենք, ոչ, բայց … ի՞նչ ըսեմ, սխալ ատեն ըրիր ընելիքդ։
Տղան արձակուրդը վճարած էր շատոնց, աղջիկն ալ հեռու կ՚ապրի։ Դիւրին չէ ամանորեան այս շրջանին ընտանեկան կարգադրութիւնները մէկէն ջուրը թափել եւ «չեմ կրնար չերթալ» ըսել։ Ամուսին, շրջապատ … կը հասկնաս, դուն ալ ամուսին եղած ես … եղած էիր ատենին … ես վստահ եմ, որ պիտի հասկնաս. լաւ հայր, հասկցող հայր էիր, յիշէ։ Continue reading “ՍԱՌՆԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ”
Այն ինչ որ այսօր թուղթին պիտի յանձնեմ, ոեւէ մէկուն չեմ պատմած, որովհետեւ եղածը պատանիներու յատուկ, շատ անձնական «որոշում» մըն էր… : Սակայն ի նկատի առած մեր ազգի ու առհասարակ մարդկութեան ոգեղէն արժէքներու հետեւողական նսեմացումն ու նաեւ անոնց անտեսումն ու նոյնիսկ կորուստը, կը կարծեմ թէ ճի՛շդ ժամանակն է այն պատմելու, ցոյց տալու համար թէ ինչպէ՞ս եւ ինչո՛ւ իմ սերունդը ջրդեղուած էր ազգային ու մարդկային ոգեղէն արժէքներով ու հետամուտ էր այն պահել ու պաշտպանել ամեն գնով…: Continue reading “«Ուղղելու ծուռը…»”
Մարդկային մտածողութեան իսկական յայտնագործութիւններից մէկը կարելի է համարել մետալեզուի գաղափարը[1]: Մետալեզուն այն արհեստական, միջանկեալ լեզուն է, որի միջոցով ուսումնասիրւում է բուն լեզուն: Մարդու տրամաբանական գործունէութիւնը յանգեցրել է նրան, որ հնարաւոր է դարձել լեզուի կառուցուածքային առանձնայատկութիւնների հիման վրայ կոդաւորել մի նոր սիմվոլների լեզու՝ այն անուանելով մետալեզու: Continue reading “ՎԵՐՆԱԳԻՐԸ՝ ՈՐՊԷՍ ՄԵՏԱԼԵԶՈՒ ԼԵՒՈՆ ԽԵՉՈՅԵԱՆԻ ԱՐՁԱԿՈՒՄ”
Օհան Թապաքեան, «Սարէն ձորէն», Մոնրթէալ, 2021, 214 էջ
Բժիշկ Օհան Թապաքեանի «Սարէն ձորէն» գիրքը, վերջերս Մոնթրէալի մէջ հրատարակուած, ձօնուած է հայրենիքի պաշտպան հայոց քաջարի բանակին եւ Արցախի պատերազմին նահատակուած հայ զինուորներուն ու կամաւորներուն անթառամ յիշատակին:
214 էջերէ բաղկացած գիրքը, ինչպէս գիրքին խոհագիրը կը յուշէ, կը բովանդակէ այլազան նիւթեր. հեղինակը յառաջաբանին մէջ անոնց մասին կը նշէ հետեւեալը. «Սոյն հատորին գրութիւններէն մէկ քանին լոյս տեսած են «Հորիզոն» շաբաթաթերթին կամ «Հորիզոն գրական»-ի Continue reading “Բժիշկ Թապաքեանի նոր հատորը”
Պ. Հերեան, «Ընտրանի», Լուսաբաց հրատարակչատուն, Երեւան, 2020, 432 էջ
Վաղամեռիկ բանաստեղծ, արձակագիր, գրականագէտ՝ Պետրոս Հերեանի (1954-1987) «Ընտրանի» խորագրով այս հատորը կազմուած, խմբագրուած եւ հանրութեան ներկայացուած է Ալեքսանդր Թոփչեանի կողմէ։ Այս հատորի նախաբանը՝ «Ընդհատուած թռիչք» խորագրով, «Հորիզոն գրական»-ի սեպտեմբեր 2021-ի Ա. Թոփչեանի անժամանակ մահուան նուիրուած թիւին մէջ լոյս տեսած էր։ Հատորը կը մէկտեղէ Հերեանի հրատարակած գիրքերը որպէս ամբողջական ժողովածու։ Continue reading “Պ. Հերեան, «Ընտրանի»”
Ըսեմ սկիզբէն, որ սովորական գիրքի մը մասին չէ որ պիտի գրեմ։
«La récidive» հատորը, համահեղինակութեամբ Marie-Eve Morasse / Dr Ari Meguerditchian-ի (Les éditions La Presse հրատարակչական), առաջին տպագրութեամբ լոյս տեսած 2021 հոկտեմբերին, այո՛, սովորական գիրք մը չէ, թէեւ տեսքով ու 192 էջերով կրնայ որեւէ ուրիշ գիրքի նմանիլ։ Continue reading “Յանդգնութիւն, սէր եւ տաղանդ”