ՆՈՐԱ ՊԱՐՈՒԹՃԵԱՆ
Քի՛չ մըն ալ սառնարան մնա, սպասէ։ Չենք կրնար հիմա գալ։ Զբաղած չենք, ոչ, բայց … ի՞նչ ըսեմ, սխալ ատեն ըրիր ընելիքդ։
Տղան արձակուրդը վճարած էր շատոնց, աղջիկն ալ հեռու կ՚ապրի։ Դիւրին չէ ամանորեան այս շրջանին ընտանեկան կարգադրութիւնները մէկէն ջուրը թափել եւ «չեմ կրնար չերթալ» ըսել։ Ամուսին, շրջապատ … կը հասկնաս, դուն ալ ամուսին եղած ես … եղած էիր ատենին … ես վստահ եմ, որ պիտի հասկնաս. լաւ հայր, հասկցող հայր էիր, յիշէ։
Տղադ դժուար տարի մը անցուց։ Ալ հիմա կրնամ բացէ ի բաց ըսել քեզի։ Վերջին գալուն սիրտը չտարաւ. «հօրս այս վիճակը չեմ ուզեր մէյ մըն ալ տեսնել» ըսաւ մեկնած պահուն։ «Հայրս աս մէկը չէ, հայրս ատ միւսն է՝ եռանդուն, դիւրագրգիռ, արագաշարժ, ստեղծագործ, կատակասէր։ Ի՞նչ եղեր է հիմա»։
Ես իրաւունք տուի իրեն, գիտցիր։ Շատ ազդուեցաւ զաւակդ, խղճացի։ Քեզ այսպէս տեսնել չուզեց։ Զինք մխիթարեցի. «Ես հոս եմ, գնա հանգիստ եւ մի մտածեր» ըսի։ Ինքզինքիս խոստացայ այլեւս ամեն օր չհեռաձայնել լուրերդ տալու եւ զաւակներուդ հարցումներուն ալ կլորցուած պատասխանել։ Երիտասարդ են, չընկճեմ զիրենք։ Կեանքերնին թող ապրին։ Ընտանիք ունին։
Սիրալիր ամուսին մըն էիր ատենին, վայելցնող, յար ներկայ, ծանրակշիռ, խօսքդ օրէնք էր տան մէջ։ Հոս գալէդ ի վեր միայն կը հայհոյէիր, այն ալ եթէ բերանդ բանայիր խօսելու։ Կը յիշե՞ս այն երեկոն, երբ ըստ առօրեայ սովորութեանս եկած էի, ուզեցիր որ քեզ հետս տուն տանիմ։ Չէիր հասկնար որ այլեւս կարելի չէ ատիկա։ Երբ փորձեցի բացատրել, վերակացուին եւ ծառայողներուն ներկայութեան սուրճին լեցուն գաւաթը վրաս շպրտեցիր եւ չեմ գիտեր ո՞ր լեզուով հայհոյանքներ տեղացուցիր գլխուս։ Վերակացուէն յետոյ իմացայ, որ արաբերէն եւ թրքերէն հայհոյեր ես։ Այդ լեզուները ես ուրկէ՞ հասկնամ, բայց հայհոյանքը հասկցայ։ Խղճահար մարդիկ զիս հանգստացնել ու մխիթարել ջանացին, բայց ես մինչեւ առտու լացի։ Զաւակներուդ չպատմեցի, անոնք առջի հայրիկը կ՚ուզեն։
Ես քեզ շալակիս ունէի։ Ամեն օր, ամեն օր վազելով եկայ ընթրիքի պահուն, կոկորդէդ վար երկու դգալ ապուր իջեցնելու։ Չէի վստահեր խնամատարներուն, անոնց ըսածին կէսին անգամ չէի հաւատար։ Ես աչքիս տեսածին, սրտիս դաւանածին կը հաւատամ։ Կը զգայի, օ՛հ, այն ալ ինչպէս, որ կը խուսափէին ինձմէ։ Բնական է, ամեն օր գանգատ ունէի։ Մեղմօրէն գլուխնին կերայ։ Օր մը՝ հագուստները լուացարանէն դեռ չեն բարձրացած, օր մը՝ գաւաթը աղտոտ է, օր մը՝ կօշիկը չեմ գտներ, օր մը՝ դեղերը ծանր կու գան, շատ կը քնանայ։ Կարծես միայն դուն էիր հոն։
Ինծի համար դուն էիր։ Քեզմով կ՚ապրէի։ Դարձայ խնդրայարոյց եւ շատախօս, պահանջկոտ։
Քեզի համար, գիտցած ըլլաս, ըրի կրցածս եւ շատ աւելին։ Այնքան լաւ սերտած էի քեզ, մարմինդ, նայուածքդ, ելեւէջներդ, որ ժամանակիդ զգուշացնող ճչակը նախ ինծի հասաւ։ Ինձմէ զատ ոչ ոք հասկցաւ։ Իրաւացի էի կուրօրէն չվստահելու անոնց «արհեստավարժ» վերաբերումին, զոր մէջէս ծաղրած էի միշտ։ Ոչ ալ հարցուցի։ Անմիջապէս պէտք եղած կարգադրութիւնները ըրի. ուր, երբ, ինչպէս, ինչ ճաշակի։ Կարծես դուն արդէն պարպած ըլլայիր անկողինդ, երբ դեռ կը փոխուէին սաւաններդ եւ սնունդդ ու դեղորայքդ կանոնաւորաբար սենեակդ կը բարձրանային։ Զարմացուցի շուրջիններս, վերակացուն ապշահար կը դիտէր զիս, երբ կը ներկայացնէի իմ գալիք օրերուս յստակ ժամանակացոյցը, զաւակներուս յարմարութեան համեմատ տրուած որոշումները, քու սենեակիդ մէջ մնալիք ապրանքներուն ճակատագիրը եւ մանաւանդ ճակատագիրը այն չպահուելիք բանին, որ մարդիկ կը թողուն վերջաւորութեան։ Դեռ կը յիշեմ ինչպէս կմկմաց վերակացուն. «Բայց տիկին, ո՞վ գիտէ, Աստուած միայն կ՚որոշէ պահը»։ Ի՞նչ գիտնայ խեղճը։ Ես ամուսինիս կենսաբանն եմ եղած։ Ան չի հասկնար ասանկ բաներ։
Իմ խիղճս հանգիստ է։ Ամեն բան ըրի տեղը տեղին, պաղարիւնով, ինչպէս որ պէտք էր։ Երկար համբերութիւն ցոյց տուի քեզի հանդէպ։ Դժուար մարդ էիր, քմահաճ արեւելքցի, տղամարդու տեսակ մը, որ քեզմով յայտնաբերեցի։ Երիտասարդ էի, առնականութեանդ սիրահարուեցայ։ Յետոյ, քեզի հանդուրժել պէտք եղաւ։ Բազմատասնեակ տարիներ համբերեցի, արուեստագէտ կողմդ զիս հմայեց միշտ։ Մնացի։ Մնացինք։
Բայց զաւակներուս չեմ ստիպեր, որ իրենց հօրը տեսութեան եւ հաճոյք պատճառելու համար երկար ճամբայ կտրեն կամ յետաձգեն գործ կամ արձակուրդ։ Բաւարարուէ ինձմով. քեզի համար ես զոհուեցայ։ Աւելին մի ուզեր այլեւս։
Ամանորեան արձակուրդը տարին մէկ անգամ կու գայ։ Քիչ մը սառնարանը սպասէ, սա օրերը անցնին։
Փարիզ, 31 դեկտեմբեր 2019