Վ.-Ա. Ա.
Ըսեմ սկիզբէն, որ սովորական գիրքի մը մասին չէ որ պիտի գրեմ։
«La récidive» հատորը, համահեղինակութեամբ Marie-Eve Morasse / Dr Ari Meguerditchian-ի (Les éditions La Presse հրատարակչական), առաջին տպագրութեամբ լոյս տեսած 2021 հոկտեմբերին, այո՛, սովորական գիրք մը չէ, թէեւ տեսքով ու 192 էջերով կրնայ որեւէ ուրիշ գիրքի նմանիլ։
Ան վէպ մը չէ, թէեւ կը կը կարդացուի վէպի մը նման, նոյնիսկ գաղտնի ոստիկանական վէպի մը նման՝ հեւքով, մէկ շունչով…։ Յուշագրութիւն մըն ալ չէ, նոյնիսկ եթէ հեղինակներուն պատմողական ոճը շատ կը մօտենայ ոչ միայն յուշագրութեան, այլ յաճախ նաեւ օրագրութեան։ Նամակագրութիւն մըն ալ չէ, հակառակ անոր, որ նամակներ ու ել-նամակներ կան փոխանակուած Մարի-Էւին ու Արիին միջեւ, երբեմն նաեւ նամակներ ուղարկուած այլոց։ Այդ տեսակէտէն կը յիշեցնէ «Momo et Loulou»-ն, որուն մէջ երկու բարեկամ գրագիտուհիներ իրարու կը պատմեն իրենց մանկութիւնը՝ մէկը Քեպէգի, միւսը Եգիպտոսի մէջ։ Տակաւին երկխօսութիւն մըն ալ չէ, նոյնիսկ տրամախօսութեան ալ մօտեցող, թէեւ այդպիսի էջեր ալ կան, ուր երկու հեղինակները կը թուին, թէ սեղանի մը շուրջ նստած կը զրուցեն։
Հապա ի՞նչ է ան՝ այս գիրքը։
Սակայն գիրքին մասին խօսելէ առաջ կ՚արժէ ներկայացնել երկու գրողները։ Ովքե՞ր են անոնք։
Առաջինը՝ տիկին Մորասը, երիտասարդ լրագրողուհի մըն է, որ կ՚աշխատի Մոնթրէալի ամենէն մեծ՝ նոյն այդ La Presse անունով հանրածանօթ, բայց այլեւս միայն առցանց հրատարակուող օրաթերթին համար՝ ստորագրելով կրթութեան վերաբերեալ յօդուածներ։
Երկրորդը՝ բժ. Արի Մկրտիչեան, շատերուս ծանօթ, Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանի Բաստրմաճեան երկրորդականէն շրջանաւարտ՝ արդէն որոշ վարկի տիրացած, Մորասին գրեթէ տարեկից ուռուցքաբան-վիրաբուժն է, որ ՄգԿիլ համալսարանի բժշկական նորակառոյց համալիրը փոխադրուած Արքայական Վիգթորիա (Royal Victoria) հիւանդանոցի անձնակազմին մաս կը կազմէ, կը դասաւանդէ նոյն համալսարանի բժշկական բաժանմունքին մէջ ու կը վարէ Սրբոյ Մարիամայ (St-Mary’s) հիւանդանոցի գիտահետազօտական կեդրոնը։
Մորաս հիւանդն է՝ քաղցկեղով վարակուած, աւելի ճիշտ՝ 27 տարեկանին անգամ մը վարակուելէ ու բուժուելէ ետք, աւելի քան տասնամեակ մը անց, վերստին ինկած նոյն հիւանդութեան կարթին մէջ (որմէ ալ գիրքին անունը՝ «La récidive», այսինքն՝ «Կրկնումը»), իսկ Մկրտիչեանի վիճակուած է այս անգամ ի՛նք ըլլալու անոր վիրաբուժը, որ մասնակիցը պիտի հանդիսանայ այդ քաղցկեղի դէմ պայքարին։ Իրարու անծանօթներ են, թէեւ վիրաբուժը կարդացած է լրագրողուհիին յօդուածները։
Գիրքին էջերուն ընդմէջէն մենք հետզհետէ պիտի յայտնաբերենք, թէ ինչպէս մտերմութիւն մը, հարազատութիւն մը կը հաստատուի բժիշկին ու հիւանդին միջեւ, այլեւ իրենցմէ իւրաքանչիւրին ու անողոք հիւանդութեան ալ միջեւ։
Գիրքին սկիզբէն մինչեւ վերջ կայ պատմութեան կարմիր թել մը, որ օգտագործուած է բոլոր հնարքներով, որոնց անդրադարձայ քիչ վերը՝ նամակագրութիւն, օրագրութիւն եւ այլն, եւ որ վառ կը պահէ ընթերցողին հետաքրքրութիւնը շարունակաբար։
Իւրաքանչիւրը իր կողմէն, հազուադէպօրէն նաեւ երկուքին ալ կողակիցները՝ իրենց ճամբով, մեզի պիտի ներկայացնեն իրենց հոգեկան վերիվայրումները, ապրումները, մտածումներն ու իրենց ապրած կեանքի մանրամասնութիւնները, առանց սակայն կտրելու այդ կարմիր թելը։
Անոնք պիտի խօսին կեանքի ու մահուան մասին, երջանկութեան ալ մասին՝ երբեմն իմաստասիրական մակարդակի հասցնելով զրոյցը, պիտի խօսին իրենց սիրելիներուն մասին, փոխադարձաբար՝ իրենց կողակիցներուն, որոնց պիտի հանդիպին անխուսափելիօրէն, եւ որոնք այսպէս կամ այնպէս մասնակից են իրենց տագնապներուն. տակաւին պիտի խօսին իրենց գործի նրբութիւններուն ու դժուարութիւններուն մասին, գործողութեան սենեակին եւ այլ մանրամասնութիւներու՝ առանց որ դիպաշարը կանգ առնէ։ Մահուան մասին խօսած ատեն, Արի չի կրնար չանդրադառնալ 1915 թուականին, վերապրած մեծհօր յուշերուն եւ Տէր Զօրի նահատակաց յուշարձան-տաճարին, ուր կ՚ուզէ օր մը զաւակները առաջնորդել՝ որպէս իրենց ինքնութեան կարեւոր նշանաձողերէն մէկը։
Ի հարկէ մեծ յանդգնութիւն կ՚ուզէ, որ առանց պատնէշներ դնելու իրենց ու ընթերցողներուն միջեւ, գրողները այդքան անկեղծ բացայայտուին անոնց։ Կարեւոր տեղ կը գրաւէ իւրաքանչիւրին համար միւսին վստահութիւնը ձեռք ձգելու ճիգը, բժիշկին դժուարութիւնը՝ հիւանդին յայտնելու ունեցած հիւանդութիւնը, իսկ այս վերջինիս դժուարութիւնը ընդունելու այդ իրականութիւնը։ Տեղ մը Արի, բժիշկ-հիւանդ յարաբերութեան մէջ գաղտնապահութեան աւանդոյթին չդաւաճանելու համար, Մարի-Էւին գործողութեան փոխարէն ուրիշի մը վրայ իր կատարած միջամտութիւնը պիտի նկարագրէ, ստորագրելով գիրքին ամենէն բաբախուն էջերը, միեւնոյն ժամանակ ընթերցողին հաղորդելով նոյն այն ապրումները, որ ան կրնար ունենալ եթէ Մարի-Էւին գործողութիւնը ըլլար պատմուածը։ Բացատրական ոճով ներկայացուած էջերէն ետք իրապէս տպաւորիչ է կարդալ յաջող վիրաբուժական գործողութեան մը յառաջացուցած ապրումները բժիշկին հոգիին մէջ։ Իսկ Մորաս այնքան պարզ, անսեթեւեթ, բայց միաժամանակ անմիջական հաղորդականութեամբ կու տայ գործողութեան մը ենթարկուողին նոր յուզաշխարհը, որ կը դառնայ ընթերցողին սիրելի անձնաւորութիւն մը։ Չես կրնար անտարբեր գտնուիլ այն տողերուն նկատմամբ, երբ կը նկարագրէ գործողութենէն ատեն մը ետք փողոց իջնել վազելը՝ ինքզինք համոզելու համար թէ… կենդանի է։ Մորաս կը հասնի այն եզրակացութեան, որ կենդանի ըլլալու երջանկութիւնն ու հաճոյքը կ՚ապրին ցաւին ու վախին հետ միասին, ու գրքի աւարտին այնքան երջանիկ կը զգայ, որ աղջիկը այնքան մեծցեր է, որ անոր լուացուած գուլպաները սխալմամբ կը յայտնուին իր դարակին մէջ…
Նաեւ կ՚ուզէ մեծ սէր, որ իւրաքանչիւրը կը զգայ իր ասպարէզին, իր սիրելիներուն, եւ այս պարագային իրարու հանդէպ՝ որպէս նոյն ճակատամարտին մասնակից դաշնակիցներ։ Արի յատկապէս կը սիրէ ուռուցքաբանութեան իր ասպարէսը, ու կը վերյիշէ, թէ ինչպէս իր մեծ մօր ընկերուհիները, որոնց մտքէն չէին ջնջուեր Ցեղասպանութեան թողած հետքերը, կը փորձէին տարհամոզել զինք, որ չընտրէ ա՛յդ մասնագիտութիւնը՝ այդ «փիս հիւանդութեան», որուն անունն անգամ չէին արտասաներ, մինչ ինք այնտեղ կը տեսնէր համատեղուած կենսաբանական, ֆիզիքական ու հոգեբանական երեսները բժշկութեան ու զայն կ՚ընդունէր որպէս մարտահրաւէր։
«Լա Փրես»-ի 2021-10-10 թիւով հրատարակուած իրենց հետ Catherine Handfield-ի ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին բժիշկը քանի մը բառով կը բանաձեւէ գիրքին ամբողջ պատգամը՝ «Քաղցկեղը բանի մը վերջաւորութիւնն է, բայց նաեւ նոր բան մըն է, եւ այդ նոր բանին մէջ շատ կեանք կայ»։
Վերջապէս այս ամենը այնքան հեզասահ կերպով ընթերցողին ներկայացնելու համար անկասկած մեծ տաղանդ ալ է պէտք, եւ Մորաս ու Մկրտիչեան յայտնօրէն անով ալ օժտուած են, քանի որ կրցած են այս գիրքը մէջտեղ բերել։
Այստեղ աւելցնենք նաեւ, որ իր այս գիրքէն իբր հեղինակի իրաւունք ստանալիք ամբողջ շահոյթը Արի պիտի նուիրէ Սուրբ Յակոբ վարժարանի հիմնադրամին։
Կասկած չկայ, որ Մորաս, հիւանդ թէ առողջ, պիտի շարունակէ գրել, ինչ որ իր կոչումն իսկ է։ Յոյսս է, որ բժ. Մկրտիչեան, այս հանգրուանէն անդին, ի՛նք եւս գրիչը վար չդնէ։ Եւ եթէ նաեւ իր մայրենի լեզուով ալ հանդէս գայ, ապա ան ալ շարունակած կ՚ըլլայ Ռուբէն Սեւակի աւանդութիւնը։