Պ. Հերեան, «Ընտրանի»

Ս.Ա.Յ.

Պ. Հերեան, «Ընտրանի», Լուսաբաց հրատարակչատուն, Երեւան, 2020, 432 էջ
Վաղամեռիկ բանաստեղծ, արձակագիր, գրականագէտ՝ Պետրոս Հերեանի (1954-1987) «Ընտրանի» խորագրով այս հատորը կազմուած, խմբագրուած եւ հանրութեան ներկայացուած է Ալեքսանդր Թոփչեանի կողմէ։ Այս հատորի նախաբանը՝ «Ընդհատուած թռիչք» խորագրով, «Հորիզոն գրական»-ի սեպտեմբեր 2021-ի Ա. Թոփչեանի անժամանակ մահուան նուիրուած թիւին մէջ լոյս տեսած էր։ Հատորը կը մէկտեղէ Հերեանի հրատարակած գիրքերը որպէս ամբողջական ժողովածու։ Հատորի կողքի զետեղուած է Փ. Կիրակոսեանի «Պետրոս Հերեան յանձնառու բանաստեղծը» դիմանկարը եւ հեղինակէն տասնաբանեայ խոհեր, իսկ հատորի ներսը ընթերցողը կը գտնէ Կիրակոսեանի «Բանաստեղծը» խորագրեալ իւղաներկի պատճէնը։
Հատորի խմբագիր Ա. Թոփչեան իր նախաբանին մէջ Պ. Հերեանը կը նկատէ իր մէկ քերթուածի վերնագրին նման՝ «հմայքի տղան» ու կ՚եզրակացնէ.
Եթէ Պետրոս Հերեանն իր երեք ժողովածուից, մէկ վիպակից եւ աւարտաճառից յետոյ այլեւս ոչինչ չգրէր եւ կամօքն Աստծոյ այսօր մեր կողքին լինէր, մենք դարձեալ մեր գնահատումի եւ երախտագիտութեան խօսքը կ՚ասէինք այդ թէկուզ ծաւալով ոչ մեծ, բայց արժէքաւոր ժառանգութեան համար։

Պետրոս Հերեան գրչանունն է վաղամեռիկ մտաւորական Պետիկ Հերկելեանի (1954-1987)։ Մուսա-լեռցի ծնողներու զաւակ, ան ծնած է Այնճար, Լիբանան։ Նախնական եւ երկրորդական ուսումը ստանացած էր իր ծննդավայրի Ազգային Յառաջ Կիւլպէնկեան ամենօրեայ կրթական օճախէն ներս։ Ապա հետեւած է Պէյրութի »Համազգային»-ի Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկի դասընթացքներուն, աւարտելով 1985-ին՝ ներկայացնելով Վազգէն Շուշանեանի «Սիրոյ եւ արկածի տղաքը» վէպի մասին իր աւարտաճառը։
1976-1978 Հերեան Յունաստանի «Ազատ օր» թերթի խմբագրի պաշտօն վարած է իսկ 1978-էն սկսեալ մաս կազմած է «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրական կազմին։
Ան սկսած է գրել դպրոցական տարիներէն ու իր առաջին բանաստեղծական հատորը լոյս տեսած է 1973-ին «Պատուհանէն դուրս» խորագրով։
Այս «Ընտրանի» խորագրեալ հատորի մէջ ժամանագրական կարգով զետեղուած են իր երկերը, ինչպէս իր առաջին լոյս ընծայած «Պատուհանէն դուրս» բանաստեղծութիւններու հատորը, որուն յաջորդած էր 1983-ին հրատարակուած «Բառը» բանաստեղծութիւններու հաւաքածոն, ապա 1985-ին լոյս տեսած «Եւ երկիր պագանեմ» քերթողագիրքը, որմէ ետք 1986-ին լոյս տեսած իր «Եուհու» երգիծական քաղաքական վիպակը եւ «Եուհու»-ի մասին Ա. Ալիքեանի անդրադարձը։
«Ընտրանի» հատորին մէջ ընթերցողը կը գտնէ նաեւ Պ. Հերեանի գրական վերլուծական ուսումնասիրութիւնները, ինչպէս Վազգէն Շուշանեանի «Սիրոյ եւ արկածի տղաքը» վէպի մասին իր աւարտաճառը եւ այլ գրական էջեր, որոնք իր ընկերները հրատարակած էին յետ մահու։
Ինչպէս Մուսա լեռան հերոսամարտին մասին Պետրոս Հերեան գրած էր ատենին, ինքն ալ կ՚ապրի մեր մէջ իր հրատարակութիւններուն ընդմէջէն։
Բարի ընթերցում։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *