Բժիշկ Թապաքեանի նոր հատորը

ՍՈՆԱ ԹԻԹԻԶԵԱՆ ԿԷՏԻԿԵԱՆ

Օհան Թապաքեան, «Սարէն ձորէն», Մոնրթէալ, 2021, 214 էջ

Բժիշկ Օհան Թապաքեանի «Սարէն ձորէն» գիրքը, վերջերս Մոնթրէալի մէջ հրատարակուած, ձօնուած է հայրենիքի պաշտպան հայոց քաջարի բանակին եւ Արցախի պատերազմին նահատակուած հայ զինուորներուն ու կամաւորներուն անթառամ յիշատակին:

214 էջերէ բաղկացած գիրքը, ինչպէս գիրքին խոհագիրը կը յուշէ, կը բովանդակէ այլազան նիւթեր. հեղինակը յառաջաբանին մէջ անոնց մասին կը նշէ հետեւեալը. «Սոյն հատորին գրութիւններէն մէկ քանին լոյս տեսած են «Հորիզոն» շաբաթաթերթին կամ «Հորիզոն գրական»-ի սիւնակներուն մէջ», ապա կարճ պատմուածքներուն անդրադառնալով կ՚աւելցնէ. «Անոնց մէկ քանին կը պատկանին միջազգային գրականութեան, որոնցմէ քանի մը հատը, քիչ թէ շատ չափով փոփոխութեան ենթարկուած են, մէկ մասն ալ բացարձակ արգասիքն են երեւակայութեանս»:
Ուրեմն գիրքը կը բովանդակէ զանազան յուշեր հեղինակին կեանքէն, թարգմանութիւններ, միջազգային գրականութենէն ներշնչուած գրութիւններ, կարճ պատմուածքներու ձեւով, մտորումներ եւ ուսումնասիրութիւններ, ինչպէս նաեւ գոհարներ միջնադարեան գրականութենէն: Այս մասին հեղինակը կ՚ակնարկէ. «Այլազան նիւթերու շուրջ ինքնատիպ գրութիւններով, որոնց մեծամասնութիւնը կը կրէ երեւակայութեանս դրոշմը, փորձած եմ ճոխացնել հատորին բովանդակութիւնը»:
Հատորը նուիրուած ըլլալով Արցախի պատերազմի զոհերուն, առաջին գրութիւնն ալ նուիրուած է հայու աննկուն ոգիին, որ դարեր շարունակ հայ անհատը պինդ կապուած կը պահէ իր հայրենիքին: Հեղինակը Արցախեան պատերազմի օրերուն ճակատ մեկնող բանակէն ու կամաւորներէն ներշնչուած թուղթին կը յանձնէ իր զգացումներն ու յուզումները՝ գրելով. «Յուզիչ է տեսարանը Երեւանի հրապարակին վրայ խռնուած հազարաւոր մայրերուն, հայրերուն ու հայ ժողովուրդի զաւակներուն, որոնք իրենց զինուորագրուած զաւակներն ու կամաւորները կ՚առաքեն մարտադաշտ… Ամեն կողմէ կ՚արձագանգէ «Յաղթելու ենք»-ը, մինչ քիչ մը անդին նախորդ սերունդներու հսկաներ՝ Արամ Մանուկեան ու Գարեգին Նժդեհ, իրենց պատուանդաններուն վրայ հպարտ կայնած, կարծես հոգի առած, բոցավառ աչքերով կը հետեւին պարզուած տեսարանին ու կը խրախուսեն հայ զինուորները»: Ապա ան գրութիւնը կ՚աւարտէ «Փա՛ռք հայրենիքին, փա՛ռք մեր քաջարի բանակին, յաւե՛րժ փառք մեր նահատակ հերոսներուն» խօսքով, որ կարծէք ամբողջ հայ ժողովուրդի կուրծքէն կը ժայթքի:

Հետաքրքրական է տեսնել նորատիպ գիրքի մը մէջ գոհարներ միջնադարեան հայ գրականութենէն՝ Ներսէս Շնորհալիէն, Յովհաննէս Երզնկացիէն, Մխիթար Գօշէն, Վարդան Այգեկցիէն եւ այլոց քառեակներէ, որոնցմէ մէկուն մէջ ուսման ու գիտութեան մասին Երզնկացին կ՚ըսէ.
«Քանի զմիտքդ սուրբ ունիս
Ու ջանիւ ես սիրող ուսման,
Հոգիդ է պայծառ գունով, որ
Լոյս տայ քեզ ի մթութեան»:

Հեղինակին թարգմանական տաղանդը կը բացայայտուի պարսիկ տաղանդաւոր գրող Օմար Խայեամին քառեակներէն մէկ քանիին թարգմանութեամբ, որոնց մէջ գրողը գինիի արբեցումով կեանքի հանդէպ իր մտորումները կ՚արտայայտէ. օրինակ.
«Եթէ քանի մը օր հեռու մնամ գինիէն,
Ամեն ինչ շուրջս թոյն կը դառնայ անդարման:
Թոյներու բոյն կը դառնայ աշխարհ, վիշտերով լի,
Ու միայն գինին կը մնայ անոր դարման»:

Հայաստանը իր յատուկ տեղը կը գրաւէ հեղինակին մտքին, հոգիին ու գիրքերուն մէջ, որոնք հարազատ թարգմանները կը նկատուին իր զգացումներուն ու խորհրդածութիւններուն: «Հորիզոն» շաբաթաթերթի կազմակերպած ուխտագնացութիւններուն մասնակցած բժիշկ Թապաքեան իր տպաւորութիւնները յանձնած է «Հորիզոն»-ի էջերուն, ուր Անիի աւերակներուն այցելութեան մասին տեղ մը կ՚ըսէ. «Աչքերուս առջեւ կը ներկայանայ Բագրատունի վերջին պատանի թագաւորը՝ Գագիկ Բ.-ը, արքունի պճնազարդ պալատին մէջ բազմած իր գահին վրայ, մարգարտազարդ թագը գլխին, արմուկները հաստատած գահին արմկալներուն վրայ, ու իր մօտ կանգնած քաջարի պատուական հայը՝ սպարապետ Վահրամ Պահլաւունին, ճակտին վրայ մարգարտացած քրտինքով, աչքերուն մէջ անդոհանք, վճռական արծաթահունչ պերճախօսութեամբ կը խրատէ պատանի թագաւորը՝ մերժելու յունաց կայսեր հրաւէրը, մինչ քիչ մը անդին Վեստ Սարգիս, սադայէլական դիմագիծով, գաղտագողի մտիկ կ՚ընէ կատարուած խօսակցութիւնը…»: Հեղինակը իր յուզումը հազիւ կը զսպէ ըսելով. «Այժմ չկայ նիւթեղէն Անին, ամայութեան մէջ աւերակներու կոյտ մըն է ան, սակայն իւրաքանչիւր հայու համար ան կը մնայ անքակտելի մէկ մասնիկը հոգեկան հայրենիքին»:
* * *
Թապաքեանի յուշերուն շարքը կը սկսի հին դպրոցական օրերէն՝ «Միաբերան» պատմուածքով, երբ Հալէպի Ազգային Հայկազեան վարժարանի աշակերտ էր ան, դասընկերներու մէկ չարաճճի սակայն անմեղունակ համաձայնութեան մը յուշագրութեամբ, որուն մէջ հեղինակը իր կարօտը կ՚արտայայտէ հետեւեալ խօսքերով. «Այժմ լուսարձակ մը ձեռքիս անցեալի անուշ օրերն ու ընկերներս կը փնտռեմ», յայտնելով թէ անոնք արդէն առյաւէտ բաժնուած են այս աշխարհէն:
Թապաքեանի յուշագրութիւնները կը յատկանշուին ինքնուրոյնութեամբ մը, որոնց մէջ հեղինակին իւրայատուկ դրոշմը կը զգացուի տողերուն ու բառերուն ետին թաքնուած անսահման կարօտի ու երանելութեան անվերադարձ այդ օրերուն տենչանքով:
Ասոնց մէջ կան նաեւ ոդիսականներ, ինչպէս՝ «Վերարկուի մը ոդիսականը»: Բժիշկը այս պատմուածքին մէջ կը վերապրի Մոնթրէալ հաստատուած իր առաջին օրերը, որոնց ընթացքին, ինչպէս բոլորս գիտենք ու անցած ենք նոյն ճանապարհէն որպէս գաղթականներ, անցուկ վիճակի կը մատնուի ան, յատկապէս երբ առաջին անգամ կը վայելէ երկրին սաստիկ ցուրտն ու բուքը: Ուրեմն բարեկամի մը առաջնորդութեամբ ան գրեթէ իր ամբողջ քսակը տրամադրելով կը գնէ յիսուն առ հարիւր զեղչով անգլիական տոկուն կերպասով վերարկու մը: Ապա կը սկսի ոդիսականը դժուարաւ ձեռք ձգուած այդ վերարկուին, երբ ուրիշի մը վերարկուին հետ կը փոխանակուի սխալմամբ, ապա հազիւ երկու ամիս զինք պաշտպանած այդ վերարկուն կը կորսուի, երբ հիւանդի մը օգնութեան կը փութայ, առանց ուշք դարձնելու վերարկուն գետին նետած ըլլալուն: Ան կ՚ըսէ. «Ի զուր փնտռեցի գետին նետած վերարկուս, բայց անկարելի եղաւ զայն գտնելը, հազիւ երկու ամսուան կեանք ունեցող, ցամքած քսակով գնուած, առեղծուածներով լի գեղեցիկ, տաքուկ վերարկուս»:
Հեղինակը այլ գրութիւններով ուզած է հեռանալ առօրեայի տաղտուկէն եւ մեզ փոխադրել իր մտային աշխարհի հեռու հորիզոնները, իրեն հետ բաժնեկցելու իր մտորումներն ու խորհրդածութիւնները: Ուշագրաւ են իր մտածումները, որոնք մեզ եւս կը մղեն իյնալու մտատանջութեան մէջ երբեմն՝ կեանքի ու մահուան հանդէպ, Աստուծոյ, արդարութեան, յարատեւութեան, իմաստութեան ու բախտի, երջանկութեան ու ծերութեան, բնութեան զանազան տեսանելի ու անտեսանելի երեւոյթներու մասին:

Աստուծոյ գոյութեան մասին, փիլիսոփաներու խօսքեր մէջբերելու կողքին, ան հետեւեալը կը գրէ. «Ամեն բան խորհուրդ է մեր շուրջ, սկսելով տիեզերքէն. Աստուած խորհուրդ է, լուսաւոր խորհուրդ մը, որ իր վրայ կը կեդրոնացնէ մարդկութեան ցաւերն ու տանջանքները, զանոնք վերածելով յոյսի ու լոյսի», իսկ արդարութեան մասին ան կ՚ըսէ. «Թեւաբեկ, հաշմանդամ դարձած ու ամլութեան դատապարտուած Արդարութիւն»:
Հեքիաթապատումի ձեւով ներկայացուած միջազգային գրականութեան պատկանող իր գրութիւնները սակայն, կրկին կ՚անցնին հեղինակին ոսպնեակէն ու կը ստանան իր իւրայատուկ դրոշմը: Հետաքրքրաշարժ կերպով պատմուած այդ գրութիւններուն մէջ կ՚արտացոլայ հեղինակին երեւակայութիւնը՝ համեմելով այդ չոր ու ցամաք պատմութիւնները եւ հարստացնելով զանոնք իր վերստեղծելու ու վերակենդանացնելու մտային շնորհներով:
Այս բոլորին կողքին կան նաեւ հեղինակին մենախօսութիւնները՝ երբեմն ինքնիր հետ, երբեմն ալ տարբեր տարրեր լեզու հանելու յատկութեամբ, ինչպէս՝ սենեակի հայելիին լեզուով երբ կ՚ըսէ.
«Ամո՛ւր կապէ մէջքիդ գօտին
Ու մի՛ համակերպիր տարիքի քմահաճոյքին,
Բա՛ց լաւատեսութեան վարդագոյն առագաստները
Ու վայելէ՛ կեանքի հաճոյքները»:

Հատորին վերջաւորութեան կան ուսումնասիրութիւններ արտակարգ ու բնածին տաղանդ Պետրոս Դուրեանի մասին, արաբ բազմատաղանդ գրագէտ Ճպրան Խալիլ Ճպրանի, գիտական ոլորտին մէջ հայկական ածականներ կրող տարրերու, Թուրքմենչայի դաշնագրին պատմական կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի արաբական տիրապետութեան տակ ապրած մօտ 150 տարիներուն մասին:
Այսպիսով գիրքը կը հրամցնէ մեզի այլազան նիւթեր, առանց յստակ բաժանմունքներու, այլ իւրաքանչիւր նիւթ երբ աւարտի ընթերցողին մօտ կը ստեղծուի անյագ հետաքրքրութիւն մը յաջորդ նիւթին նկատմամբ, որոնք անսպասելի շարքով մը ելեւէջներու ու դարձդարձիկ ճամբաներու կ՚առաջնորդեն ընթերցողը:

Հեղինակին ոճն ու լեզուն, ինչպէս իր նախորդ գիրքերուն մէջ, կը կրեն յստակութեան ու պարզութեան դրոշմը: Հոն առկայ է, ըստ տուեալ նիւթին, իրադրական ոճը, այսինքն միջավայրին եւ խօսակիցին հետ առնչուած ոճը, կայ ըստ կարիքի հանդիսաւոր կամ պաշտօնական ոճը, յատկապէս իր ուսումնասիրութիւններուն մէջ. յուշագրութիւններուն մէջ ընդհանրապէս տիրապետող է փաղաքշական ոճը, որ ունի ջերմ, մտերմիկ ու բարեկամական լեզու, երբ ան կ՚արտայայտէ սէր, համակրանք կամ նոյնիսկ հակակրանք խօսակիցին կամ երեւոյթին նկատմամբ, սակայն հեռու անպատշաճ արտայայտութիւններէ: Գրութիւններուն մէջ երբեմն կը հանդիպինք երգիծական-քննադատական ոճին, յատկապէս պատմուածքներուն կամ հեքիաթային կարճ պատումներուն մէջ: Իսկ բժշկական առօրեայէն առնուած յուշագրութիւններուն մէջ կամ գիտական ոլորտին առնչուող գրութիւններուն մէջ առկայ է նաեւ գործառնական-գիտական ոճը: Ինչպէս նիւթերը, այնպէս ալ լեզուն եւ ոճը այլազան են, պատշաճելու համար տուեալ նիւթին, սակայն կայ ընդհանուր յայտարար մը հեղինակին ոճին մէջ, որ կը յատկանշուի անպաճոյճ ու բացայայտ լեզուով, միեւնոյն ժամանակ սակայն բառերու ոճական եւ յուզարտայայտչական երանգաւորումներու զգուշաւոր ընտրութեամբ:
Հուսկ, անկարելի է քանի մը տողով ամփոփել հատորին այլազան ու չափազանց հետաքրքրական նիւթերը, թելադրելի է կարդալ զանոնք ու ըմբոշխնել անոնց այլազանութեան մէջ թաքնուած վերիվայրումները, որոնք մերթ կ՚առաջնորդեն լուրջ ու խոհուն մտորումներու, մերթ կը տանին դէպի միջնադար, մերթ կը հրաւիրեն մեզ հին օրերու բարքերու ու սովորութիւններու, ապրելակերպի ու մտայնութիւններու խորքը թափանցելու, մերթ կը տանին դէպի հայրենիք ու վիրաւոր Արցախ, մերթ դէպի զուարճալի մթնոլորտ, ինչպէս նաեւ հեքիաթներու աշխարհին նման երազային, բայց միեւնոյն ժամանակ խորիմաստ պատմութիւններու ոլորտներ:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *