Յարութիւն Պէրպէրեան
Ալիքներդ ունկերուս մէջ կը շառաչեն
կամ մեղմաձայն կը փսփսան տակաւին …
Նախահայրերս բարձր լեռներու,
խորունկ կիրճերու
բնիկիներն էին, Continue reading “Միջերկրական”
Ալիքներդ ունկերուս մէջ կը շառաչեն
կամ մեղմաձայն կը փսփսան տակաւին …
Նախահայրերս բարձր լեռներու,
խորունկ կիրճերու
բնիկիներն էին, Continue reading “Միջերկրական”
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան 95-ամեակին առթիւ, այս օրերուն, կը նշուի նաեւ, երկու տարուան ակամայ յապաղումով, իր Բագին պարբերաթերթի 60-ամեակը՝ օգտուելով միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ ընկ. Զաքար Քէշիշեանի ալ ներկայութիւնէն։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Մոնթրէալի մէջ մարտ 13-ին կայացած հանդիսութեան արտասանուած խօսքերէն երեքը՝ որոշ յապաւումներով։ Թղթակցութիւնը տեսնել Հորիզոնի 25 մարտ – 1 ապրիլ 2024-ի թիւին մէջ։
Բագին կրնայ նշանակել կուռքի սեղան, զոհարան, հեթանոսական սեղան, հեթանոսական տաճար, խորան, մեհեան։ Continue reading “60-ԱՄԵԱԿ ԲԱԳԻՆԻ”
Չորսդիս կորսուող հայրենիք,
չորսդիս կորսուող բառեր,
չորսդիս մարդիկ աներդիք,
չորսդիս ողբի խուլ ձայներ:
Չորսդիս կորսուող յոյսեր, Continue reading “Invictus”
Անցիր քաոսին, խաժամուժին ընդմէջէն,
անցիր խժալուր աղմուկին մէջէն,
փորձէ չշնչել մարմիններուն
ճենճերումի հոտը խեղդող,
որ աւելի քան դար մը առաջ
անհաւատալի տարողութեամբ Continue reading “Աղէտ”
Բեւեռային գիշե՞ր է սա,
ուր ինկած ենք արիւնլուայ:
մութին՝ ձայներ աղաղակող,
սակայն կարծես լսող չկայ:
Գարշապար մը գլխուդ վրայ
կը փորձէ քեզ միշտ մղել վար,
սակայն անվերջ կ’ընդդիմանաս Continue reading “Քերթուածներ”
Քանի մը օր առաջ կինս՝ Մարալը, տան մէկ խուլ անկիւնէն հանած էր գրամեքենաս, որ շուրջ քսան տարիէ հանգիստ կը ննջէր: Բացի անոր կափարիչը՝ մոռցուած հին ծանօթի մը հանդիպողի կարօտով: Անշուշտ ամբողջովին օտարացած էի ստեղնաշարին. իւրաքանչիւր տառ դժուար կը բարձրանար իր հանգստավայրէն եւ հաւանաբար «իւղոտել» կ՚ուզէր, իսկ ժապաւէնը բնականաբար կորսնցուցած էր իր սեւ մելանը եւ տուած «հարուածներս» չէին արձագանգեր էջին վրայ: Կարծես դարձած էր մնացորդ մը անցեալէն, զոր պատմութիւնը ձգած էր ետին, սակայն յիշատակներու ամբողջ աշխարհ մը կը բանար դիմացս: Չեմ գիտեր, թէ այս մէկը գործածած քանիերո՛րդ գրամեքենաս էր, երեքէն չորս տարբեր մեքենաներ գործածած էի, սակայն այս վերջինը ի՛մս էր. մտերիմ բարեկամ մը, իբրեւ անակնկալ նուէր, զայն բերած էր ինծի: Continue reading “ԳՐԱՄԵՔԵՆԱՅԻՍ ՀԵՏ”