Մեր ՄԱՅԻՍ 2024-ի թիւը

Սիրելի ընթերցող,

«Հորիզոն գրական»ի ՄԱՅԻՍ 2024-ի թիւի նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։

Բարի ընթերցում։

ՔԱՐԸ (Շուշիի Կանաչ ժամի սրբատաշ քարերից մէկի խոհերից)

Անահիտ Գաբրիէլեան

Ամեն ինչ սկսուեց յանկարծակի… Մի օր քարն օտար շունչ զգաց, օտար դէմքեր նկատեց… Օտար ափերը նախկին տէրերի ափերի պէս չէին շոյում իր կողերը, օտարները ակնածանքով չէին համբուրում իր դէմքը, չէին խաչակնքում երեսներին… Նախկին հարազատ դէմքերը էլ չերեւացին… դադարեց մանուկների քաղցրանուշ ճռուողիւնը… Continue reading “ՔԱՐԸ (Շուշիի Կանաչ ժամի սրբատաշ քարերից մէկի խոհերից)”

ՊԵՏՐՈՍԻ ԲԱԺԻՆ ՈՍՏԻԿԱՆԸ

Վազգէն Գաբրիէլեան

Երկու տարի առաջ Արտակը, ծառայողի պաշտօն ստանալով, ընտանիքով գիւղից մարզկենտրոն տեղափոխուեց: Իննսունմէկին մօտեցող, բայց դեռ առոյգ Պետրոսը, որ կնոջ մահից յետոյ ապրում էր եղբօր տղայի՝ Արտակի տանը, նոր զրուցակիցներ գտաւ քաղաքային զբօսայգում: Տարեցները նրանից աւելի ջահել էին, ընդունեցին որպէս «մեծ ախպէր», ներողամիտ ժպտում էին նրա մեկնաբանութիւնների Continue reading “ՊԵՏՐՈՍԻ ԲԱԺԻՆ ՈՍՏԻԿԱՆԸ”

Եղիսաբեթ մեծմայրիկիս գրտնակը

ՆԱԶԱՆ Ա.

Նախորդ օրէն կը սկսէր մեծ պատրաստութիւնը։
Գրտնակը, ալիւրը, մանրուած սոխը, աղն ու պղպեղը՝ այսինքն գործածուելիք միջուկը, բացի միսէն, եւ փուռի ամենամեծ ափսէները սառնարանէն եւ պահարաններէն դուրս կը հանուէին։ Մայրս կը հեռաձայնէր Յասմիկ մօրաքրոջս եւ նախապէս կը պատուիրէր. «Յասմի՛կ, վաղը առաւօտ կանուխ եկուր, չուշանա՛ս, ամեն ինչ պատրաստած ենք, կանուխ եկուր, որպէսզի եփելն ալ կանուխ Continue reading “Եղիսաբեթ մեծմայրիկիս գրտնակը”

ՅԻՇԵԼՈՎ ՄԵՐ ԱՆՄԱՀՆ ԶԱՀՐԱՏԸ (1924-2007)

Գէորգ Պետիկեան

Այսպէս ամեն առաւօտ
Հրաժեշտ կ՚առնեմ կը բաժնուիմ ես ինձմէ
— Տանս դուռը երբ կը փակեմ ետեւէս
գիտեմ թէ
Եսս ներսն է —
եւ ամէն քայլ զիս կ՚անջատէ
իմ եսէս
ԶԱՀՐԱՏ

Վերի նշած տողերս շատ-շատերուն ծանօթ, եւ նոյնքան ալ անծանօթ, պոլսահայ մտաւորական-բանաստեղծ Զահրատին կը պատկանին, այլ խօսքով՝ պոլսահայ մտաւորական-բանասատեղծ Զարեհ Continue reading “ՅԻՇԵԼՈՎ ՄԵՐ ԱՆՄԱՀՆ ԶԱՀՐԱՏԸ (1924-2007)”

ՍԱՂՄՈՍՆԵՐ ՎԱՍՆ ԱՌԱՒԵԼ ԿԵԱՆՔԻ (Ե.)

ԳԱՌՆԻԿ Աւ. Ք. Գ.
ՍԱՂՄՈՍ 26

Տէր, ստուերներու մէջ կ՚ապրիմ,
եւ ըստ ցանկութիւններուս՝ ստուերներ են կեանքիս երիվարները,
որոնց ետեւէն կը վազեմ թեւաւոր եռանդովը ոտքերուս:
Պատահի որ մէկը բռնեմ եւ ագարակին մէջ դնել երազելով սկսիմ տօնել յաջողութիւնս,
անիկա արդէն խոյս տուած կ՚ըլլայ: Continue reading “ՍԱՂՄՈՍՆԵՐ ՎԱՍՆ ԱՌԱՒԵԼ ԿԵԱՆՔԻ (Ե.)”

Կարդալով Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի «Խճանկարներ հայկական ցեղասպանութենէն» հատորը

Դոկտ. Տանիա Օհանեան

Ստորեւ մեր ընթերցողին կը ներկայացնենք բժ. Կարպիս Հարպոյեանի «Խճանկարներ Հայկական Ցեղասպանութենէն» հատորի մասին դոկտ. Տանիա Օհանեանի գրութիւնը, որ հեղինակը ներկայացուց այս տարուան 16 ապրիլին՝ Մոնթրէալի մէջ։

… հաւաքուած ենք, նուիրեալ հայու մը հրատարակութիւնը ներկայացնելու համար։ Աշխատասիրութիւնը անուանուած է՝ Continue reading “Կարդալով Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի «Խճանկարներ հայկական ցեղասպանութենէն» հատորը”

Նոր եւ ոչ այնքան նոր հրատարակութիւններ

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Այս անգամ կ՚ուզեմ անդրադառնալ չորս գիրքերու, որոնցմէ միայն մէկը նոր չէ, սակայն նոր անցաւ ձեռքս, մէկը պարբերաթերթի բացառիկ թիւ մըն է, իսկ երրորդ մը՝ յոբելենական այլ հատոր մը։ Շնորհակալութիւն՝ բոլորին ստացման համար։ Continue reading “Նոր եւ ոչ այնքան նոր հրատարակութիւններ”