Եղիսաբեթ մեծմայրիկիս գրտնակը

ՆԱԶԱՆ Ա.

Նախորդ օրէն կը սկսէր մեծ պատրաստութիւնը։
Գրտնակը, ալիւրը, մանրուած սոխը, աղն ու պղպեղը՝ այսինքն գործածուելիք միջուկը, բացի միսէն, եւ փուռի ամենամեծ ափսէները սառնարանէն եւ պահարաններէն դուրս կը հանուէին։ Մայրս կը հեռաձայնէր Յասմիկ մօրաքրոջս եւ նախապէս կը պատուիրէր. «Յասմի՛կ, վաղը առաւօտ կանուխ եկուր, չուշանա՛ս, ամեն ինչ պատրաստած ենք, կանուխ եկուր, որպէսզի եփելն ալ կանուխ վերջացնենք՝ պզտիկներուն տուն գալէն առաջ»։
Այդ օրը մեր ամենէն ուրախալի օրը կ՚ըլլար։ Մօրաքոյրս առաւօտ կանուխ դուռը կը զարնէր եւ անպայման մեզի անակնկալ մը բերած կ՚ըլլար։
Մեծմայրիկիս համար մանթը պատրաստելը սուրբ գործ էր։ Առաւօտ բոլորէս կանուխ կ՚արթննար, խոհանոցի գոգնոցը վրան կ՚անցընէր եւ սպասողական դիրքով բազկաթոռին վրայ կը նստէր։ Երբ մենք մեր դպրոցները երթայինք եւ տունը իր խաղաղութիւնը գտնէր, տան կիները գործի կ՚անցնէին։ Մօրաքոյրս եւ մայրս անպայման երգել կը սկսէին՝ իրենց երգացանկէն մի քանի երգ ընտրելով, ուրախ տրամադրութիւն տարածելով, իսկ մեծմայրս իր շատ սիրելի  երկար-բարակ գրտնակը ալիւրով լաւ մը կը պատէր, մեծ սեղանին եզերքը ապահով ձեւով կը տեղաւորէր։ Երբ լեցնէր ալիւրը հսկայ ամանին մէջ, ուր խմորը պիտի շաղուէր, անպայման կը խաչակնքէր՝ «Յիսուս Քրիստոս» մը աւելցնելով։
«Յասմի՛կ, ալիւրը բեր, տասնհինգ գաւաթ այստեղ պարպէ, հինգ հաւկիթը զարկ, վրան աւելցուր կամաց-կամաց, քիչ մը աղ դիր, հինգ ապուրի դգալ բուսական իւղ, եւ առածին չափ գաղջ ջուր պիտի աւելցնենք», կը հրահանգէր մօրաքրոջս։ Խմորը ո՛չ թուլիկ պիտի ըլլար եւ ո՛չ ալ թանձր։ Խմորը շաղելը իր գործն էր, ի՚նք գիտէր երբ լաւագոյն արդիւնքը կրնար ձեռք ձգել, մանաւանդ որ գաղջ ջուրով շաղելը միայն իր «վարպետութիւնն» էր։
Մեծմայրիկս խմորը բանալը ուրիշին չէր զիջեր, ան կրնար կըս-կլոր եւ շատ բարակ բանալ՝ սեղանին լայնքին տարածելով։ Մօրաքս նոյն գրտնակով երկար երիզներ կը քաշէր բացուած խմորին վրայ, իսկ մայրս այդ երիզները համաչափ կը կտրէր եւ  փոքր քառակուսիներու կը վերածէր։ Յետոյ միսի գնդիկները խմորէ քառակուսիներուն վրայ արագ-արագ կը զետեղէին, մէկ առ մէկ մատներու ճնշումով կը գոցէին ու ձեռագործի նման բոլորաձեւ կը շարէին փուռի ափսէին մէջ։
Մանթը եփելն ալ յատուկ արարողութիւն էր. կրակը միջակ պիտի ըլլար եւ ոչ շատ զօրաւոր, որպէսզի մանթըները կարմրէին բայց  չայրէին։
Գիտէինք, որ մեր դպրոցէն վերադարձին, անպայման մանթըին անուշ բոյրը շէնքի մուտքէն պիտի առնէինք։ Երբեմն նոյնիսկ այդ ժամուն տակաւին վերջին ափսէները փուռը մտած չէին ըլլար, սակայն վստահ կրնայինք ըլլալ, որ մեր  բաժինէն մաս մը պիտի համտեսէինք։
Բայց, իսկապէս, ո՞վ կրնար անօթութիւնը զսպել զգլխիչ բոյրը առնելով, մանաւանդ երբ դպրոցի ժամերէն ետք անօթի կը հասնէինք տուն։
– Տղա՛ք, համբերեցէք, մեր գործը չէ վերջացած, տակաւին եփելիք ունինք, սպասեցէք, որ հասկնանք ուր հասանք,– կը սաստէր մօրաքս։
Ուրեմն մենք՝ երեք անհամբեր սովածներս, խոհանոցի մուտքին պնակները առած ետեւ-ետեւի կը շարուէինք եւ կը կրկնէինք՝ «գոնէ եփած տաք-տաք մանթըներէն քիչ մը տուէք համտեսենք», իսկ մեծմայրիկս, դառնալով մօրս, կ՚ազդարարէր՝ «Արշօ՛, ասոնց բան մը ըրէ, հեռացուր խոհանոցէն, կամ սա առաջին եփածներէն քիչ-քիչ դիր թող ուտեն»։ Այո, գիտէինք արդէն, որ վերջիվերջոյ մեծմայրիկիս սիրտը պիտի տկարանար, եւ ինչպէս միշտ՝ «Արշօ, եփածներէն քիչ-քիչ տուր թող ուտեն, տղաքը անօթի եկած են» պիտի ըսէր եւ մայրս ալ պիտի յօժարէր…։
Գործի աւարտին, մեծմայրիկիս գրտնակը կը պահուէր խոհանոցի պահարանին ամենէն ապահով եւ երեւելի տեղը։ Երբ իր հինգերորդ զաւկին՝ Յասմիկ մօրաքրոջս ամուսնութիւնէն ետք, իր «մեյտան»ի տունէն փոխադրուած էր եւ ստիպուած եղած էր իր զաւակներուն տուներուն մէջ բնակիլ, իր անբաժանելի գրտնակը մօրս յանձնած էր, որպէսզի մանթըի արտադրութիւնը շարունակէ…։ Ահա նոյն այդ գրտնակն էր, որ տեղ գտած էր մեր խոհանոցի պահարաներէն մէկուն մէջ։
Եղիսաբէթ մեծմայրիկս շատ հաւատացեալ էր, Երուսաղէմէն բերած վարդարանը եւ Աւետարանը ձեռքին բռնած կ՚աղօթէր բոլորիս համար, մէկուն գործի յաջողութեան, ընտանիքի հիւանդ անդամներէն մէկուն առողջութեան, աշխարհի խաղաղութեան, ննջեցեալներուն հոգիներուն համար։
Վերջին անգամ երբ Աղեքսանդրիա գացի եւ մնացի այնտեղ մի քանի շաբաթ, մեծմայրիկիս վարդարանը գտայ փոքրիկ սատաֆով նախշուած տուփի մը մէջ։ Առի այդ փոքրիկ տուփը եւ հետս բերի վարդարանը՝ մեծմօրմէս հիմա ինծի մնացած թերեւս միակ յուշօնը, որպէսզի, ամեն անգամ երբ տուփը բանամ, իր օրհնութիւնները լսեմ, իր հետ ապրած յիշատակներս վերապրիմ եւ աւելին՝ իր ձեռքով պատրաստած մանթըին բոյրը առնեմ…։
Մեծմայրիկս իր երկրային կեցութիւնը աւարտեց Սուրբ Ծնունդէն ետք, տնօրհնէքի եկած տէր հօր ներկայութեան, խունկի, օրհնուած աղ ու հացին եւ առ Աստուած երգուած աղօթքներուն ընթացքին, զարմացնելով թէ մեզ եւ թէ տէր հայրը…։
Ահա այդ օրերէն տարիները գլտորած եւ անցած են, սակայն ամեն անգամ, որ մանթըի բոյր կամ համ առնեմ՝ մեծմօրս, մօրաքրոջս եւ մօրս ալիւրոտ ձեռքերը եւ գոգնոցները կը յիշեմ։ Այս կիները մեր տան համն ու հոտն էին, հակառակ իրենց ունեցած կեանքի բոլոր վերիվայրումներուն, մեր կեանքի կենդանի պատմութիւններն էին։
Այո՛, մեծմայրիկիս վարդարանը բերի, բայց օրհնեալ գրտնակը մնաց հոն…։

Մոնթրէալ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *