Սիրելի ընթերցող, «Հորիզոն գրական»ի մայիս 2021-ի թիւի նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։
Բարի ընթերցում։
Սիրելի ընթերցող, «Հորիզոն գրական»ի մայիս 2021-ի թիւի նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։
Բարի ընթերցում։
Գրաքննադատի եւ լրագրողի իմ գործունէութեան ամբողջ ընթացքում կտրականապէս դէմ եմ եղել «չեմպիոնական» արատաւոր այն սկզբունքին, որ շատ յաճախ մեզանում կիրառւում է արուեստի եւ գրականութեան գործիչների վաստակը գնահատելիս: «Ամենամեծին» եւ «ամենատաղանդաւորին վերջերս աւելացաւ «ամենահանճարեղը», կարծես հանճարեղ լինելը քիչ է եւ դեռ պէտք է մի բան էլ վրան աւելացնել:
Պօղոս Գուբելեանի գրականութեանը ծանօթ եւ ըստ արժանւոյն գնահատել իմացող գրաքննադատը, ենթադրում եմ, պիտի մի պահ տրուի նման գայթակղութեանը` նրան որակելու որպէս Սփիւռքի գրականութեան անցած յիսուն տարիների ամենա… Չենք թաքցնում, այդ գայթակղութիւնը մեզ էլ է փորձութեան ենթարկել, բայց Continue reading “ԿԵԱՆՔԻ ԹԵԼԱԴՐԱՆՔՈՎ — (ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 85 ԵՒ ԳՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ 65-ԱՄԵԱԿՆԵՐԻ ԱՌԻԹՈՎ)”
Ծայրէն սկսինք…
Գուժկան հեռաձայն մը Փարիզէն: Որուն մղկտող ցաւին ու սարսափելի էութեան քիչ յետոյ պիտի տեղեակ դառնայի…։ Հեռաձայնի միւս ծայրէն Ալեքսանդր Թոփչեան իր եղբօր՝ Ստեփանին մահուան այդ պահուն ինծի անհաւատալի թուացող գոյժը կը յայտնէր ինքնազուսպ շեշտով մը:Ու այդ օրերուն դժբախտաբար, մեր սիրելի գրչեղբօր՝ Ստեփանին մահուան սարսափելի գոյժը միակը պիտի չըլլար մեզ զգետնողն ու գրողի մեր էութիւնը ցնցողը: Ամսուան մը ընթացքին, գուցէ քիչ մը աւելի երկար ժամանակահատուածի երկայնքին, հանրածանօթ բուռ մը գրող-մտաւորականներ զոհ պիտի երթային տիրող աշխարհասփիւռ համաճարակին ու սրտի կաթուածի: Continue reading “ԱՀԱԳՆՈՂ ԶԳԱՑՈՒՄ՝ Ի ՏԵՍ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՐՈՒԱԾՈՂ ՎԵՐՋԻՆ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԵԱՆ…”
Սկիզբը՝ նախորդ թիւով
Յաջորդ առաւօտեան, ժամանակէն շուտ արթնցայ: Մտազբաղ ու անտրամադիր իջայ նախաճաշի: Պարտք կը զգայի հեռաձայնել Սիլիային ու իր ամուսինին, սակայն վստահ չէի որ պիտի յօժարին լսել զիս: Հազիւ նստայ, յանկարծ մատուցողը մօտեցաւ ու տեղեկացուց որ կին մը ինծի կը հարցնէ: Ոտքի ելայ ու ի՜նչ տեսնեմ սիրելի ընթեցող… Սիլիան էր, որ լայն ու համակրելի ժպիտ մը դէմքին մօտեցաւ, բարեւեց ու այս անգամ սրտանց ողջագուրուեցաւ հետս, աւելցնելով.
—Կը ներէք որ երէկ կոպիտ վարուեցայ ձեզի հետ:
—Ի՞նչ կ՚ըսէք, կոպիտ ու անկիրթ վարուողը ես էի: Ես յանցաւոր եմ թէ քու եւ թէ ամուսինիդ առաջ: Ես պէտք է որ ձեր քովը գայի, սակայն վստահ չէի որ կ՚ընդունիք զիս: Ի զուր տեղը այդքան վշտացուցի ձեզ… խնդրեմ, նստէք միասին նախաճաշենք… Continue reading “ԵՍ ՀԱՍԿՑԱՅ — Արկածախնդրութիւնը արուեստի զարգացման գրաւականն է (Բ.)”
Տարազը կամ ազգային հագուստը իւրաքանչիւր ազգի հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան կարեւոր մասն է, որն ամփոփում է էթնոսի ինքնատիպութիւնն ու ազգային խառնուածքի առանձնայատկութիւնները: Լինելով կենսապահովման միջոց եւ կենսակերպի անբաժան մաս՝ տարազները նաեւ գեղարուեստի նմոյշ են, ազգային մտածելակերպի խորհրդանիշ: Տարազը համարւում է իւրատեսակ այցեքարտ, քանի որ տեղեկատւութիւն է փոխանցում կրողի սոցիալական դիրքի եւ պատմական ժամանակաշրջանի մասին: Continue reading “ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՏԱՐԱԶԻ ԻՆՔՆԱՏԻՊՈՒԹԻՒՆԸ”
Ներկայ տարուան՝ 2021-ի սկիզբը լոյս տեսաւ նախ թրքերէն, ապա անգլերէն THE BALYANS — Ottoman Architecture and Balyan Archive («Պալեանները — Օսմանեան ճարտարապետութիւնը եւ Պալեան արխիւը») հատորը, լաթակազմ եւ ընտիր թուղթի վրայ (352 մեծադիր էջեր՝ 26 սմ x 31 սմ, բազմաթիւ ներծալ էջերով), հեղինակութեամբ Պիւքէ Ուրասի։
Հեղինակը օգտուած է բազմաթիւ աղբիւրներէ. թարգմանուած են ԺԹ. եւ Ի. դարերու հայկական վաւերաթուղթեր, պատճէնահանուած Continue reading “ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ՝ Պալեաններուն նուիրուած պատկառելի հատոր մը”
Երեւան, 23 յունուարի, Արմէնփրես: «Իտալիան արգելափակել է «TikTok»-ը որոշ օգտատէրերի համար…»:
—Այս ալ արգելափակումի ուրիշ այլանդակ պարագայ մը, որ այլեւս… չի զարմացներ, երբ նկատի ունենանք, որ անոր ետին կեցողը «Արմէնփրես»-ն է, որուն հայագիտական մակարդակին ու ճաշակին, այլեւ հայեցի զգացողութեան ծանօթ է սփիւռքահայ ընթերցողը: Կը մնայ, որ արժանանանք այն բախտին, ուր կարելի դառնայ այս կայքի Continue reading “ՀԱՅԵՐԷՆԸ ԿԸ ԶՈՒԱՐՃԱՆԱՅ (Գ.)”