ԱՀԱԳՆՈՂ ԶԳԱՑՈՒՄ՝ Ի ՏԵՍ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՐՈՒԱԾՈՂ ՎԵՐՋԻՆ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԵԱՆ…

ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ

Ծայրէն սկսինք…
Գուժկան հեռաձայն մը Փարիզէն: Որուն մղկտող ցաւին ու սարսափելի էութեան քիչ յետոյ պիտի տեղեակ դառնայի…։ Հեռաձայնի միւս ծայրէն Ալեքսանդր Թոփչեան իր եղբօր՝ Ստեփանին մահուան այդ պահուն ինծի անհաւատալի թուացող գոյժը կը յայտնէր ինքնազուսպ շեշտով մը:Ու այդ օրերուն դժբախտաբար, մեր սիրելի գրչեղբօր՝ Ստեփանին մահուան սարսափելի գոյժը միակը պիտի չըլլար մեզ զգետնողն ու գրողի մեր էութիւնը ցնցողը: Ամսուան մը ընթացքին, գուցէ քիչ մը աւելի երկար ժամանակահատուածի երկայնքին, հանրածանօթ բուռ մը գրող-մտաւորականներ զոհ պիտի երթային տիրող աշխարհասփիւռ համաճարակին ու սրտի կաթուածի:
Սկսելու համար նշենք անունը տաղանդաւոր արձակագիր՝ Սահակ Թութճեանի, բանաստեղծ գրական քննադատ՝ Գէորգ Քրիստինեանի, Մարտիկ Մատէնլեանի, Կարպիս Տէր Եղիայանի, Արմէն Տօնոյեանի, Անթուան Գարամանլեանի եւ մասնաւոպէս գրող, քննադատ ու հմուտ գրականագէտ Ստեփան Թոփչեանի: Սեւ այդ ցանկին վրայ պէտք է աւելցնենք քանի մը տարի առաջ մեզմէ յաւէտ բաժնուած Յակոբ Կարապենցին ու Ալիսիա Կիրակոսեանին անունները, որոնք իրենց կարգին հարստացուցած էին գրական մեր կեանքը Ամերիկայի տարածքին:
Որպէս հայ դպրութեան նուիրեալ ծառաներ, տեսակ մը որբացածի զգացում կը պատէ մեր հոգիները երբ մտաբերենք գրական այն շէնշող մթնոլորտը, որ կը տիրէր այժմ մահացած մեր ընկերներու ներկայութեամբ: Աստուած իմ, այս ի՛նչ ահաւոր կորուստ է… Որպէս սփիւռքահայ գրասէրներ ու գրողներ, որբացած կը զգանք մենք զմեզ: Շլմորած ու հոգեպէս ցնցուած, ոչ միայն մեր գրչեղբայրներու անժամանակ կորուստով, այլ մասնաւորապէս Արցախի 44 օրուան պատերազմի պատճառած արհաւիրքներու, մարդկային ու հողային կորուստներու հետեւանքով: Այդ մասին մտածելն իսկ սարսափի ու անդոհանքի կը մատնէ մարդս: Կարելի է երկար անդրադառնալ վերոյիշեալ հոգեկան ցնցումներուն: Սակայն այս պահուս պիտի կեդրոնանանք Ստեփանին եւ միւս գրողներու ցաւալի կորուստին վրայ: Ի դէպ, մեր կողմէ կիրարկուած չափի զգացումը մեզի կը յուշէ բաւարարուիլ այսքանով ու շեշտը դնել մեզի հարազատ գրչեղբօր՝ Ստեփանին հետ մեր մտերմութեան ու բարեկամական կապերու վրայ:
Թէ ինչպէս եւ ինչ առիթով առնչուեցայ Թոփչեան եղբայրներուն հետ, որոնց գրական յանդուգն տեսութիւնները լարուած հետաքրքրութեամբ կը կարդացուէին ամբողջ Սփիւռքի տարածքին:
Ութսունական թուականներուն, Ստեփանի գլխաւորութեամբ տարուած երկարատեւ պայքարներու գնով՝ այդ զոյգ մը տաղանդաւոր ու մարտունակ եղբայրները ձեռնարկեցին «Սփիւռքահայ գրականութիւն» շարքի հրատարակութեան: Անոր առաջին հատորը լոյս տեսաւ 1985-ին «Սովետական գրող» հրատարակչատունէն:
Սակայն հազիւ լոյս տեսած, ի ցաւ հայրենի եւ մասնաւորապէս սփիւռքահայ գրասէրներուն, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով ազնիւ գրողներու, անմիջապէս հրապարակէն հաւաքուեցաւ նոր լոյս տեսած տարեգիրքը, ուր լայնօրէն տեղ տրուած էր սփիւռքեան տարբեր գաղութներէն հետեւեալ նորարար գրողներու. անոնց շարքին՝ Իգնա Սարըասլան՝ Թուրքիա, Վարանդ՝ Պարսկաստան, Հիլտա Գալֆայան՝ Ֆրանսա, Զօրայր Միրզոյան՝ Պարսկաստան ու Պօղոս Գուբելեան՝ ԱՄՆ:
Այդ ճակատագրին արժանանալու համար, ո՞ւր եւ ի՞նչ բանի մէջ կը կայանար Թոփչեան եղբայրներու կարծեցեալ յանցանքը: Արդեօք անոնք սխալմամբ թուրք հեղինակներո՞ւ յատկացուցած էին իրենց տարեգրքին սուղ էջերը…, թէ՞ անարժան, անարիւն հայ գրողներու: Ո՝չ, հազար անգամ ո՝չ: Գաղտնիքը կը կայանար անոր մէջ որ Սփիւռքէն ղրկուած զրպարտագիր մը, իբր թէ դաշնակցական հակումներով զոյգ մը գրողներու տեղ տուած էին Թոփչեանները իրենց տարեգիրքին սուղ էջերուն մէջ: Սփիւռքահայ զրպարտիչներուն ամօթալի այդ արարքը պատճառ դարձաւ, որ պետական որոշումով հրապարակէն անհետանար սփիւռքահայ գրողներու ստեղծագործութիւններուն նուիրուած կարեւոր այդ շարքը, որ սովետահայ քարացած մտքերը յեղաշրջելու կոչուած էր: Իրենք զիրենք «հայաստանասէ՜ր ու յառաջդիմակա՜ն» մտաւորական համարող այդ սողունները կատարեցին իրենց ցաւալի պարտականութիւնը… եւ վե՜րջ:
Դժբախտ այդ պատահարը պատճառ դարձաւ, որ լայնախոհ ու իրաւ հայրենասէր Թոփչեան եղբայրներուն հետ բարեկամական սեղմ կապեր հաստատէինք:
1992 ին առաջին անգամ Թոփչեան տաղանդաւոր եղբայրներուն հանդիպեցայ Երեւանի մէջ, ուրկէ մանչուս հետ կը փորձէինք պատերազմող ու իր գոյութեան համար մարտնչող Ղարաբաղ անցնիլ:
Ջեռուցիչի, ելեկտրական հոսանքի եւ հոսող ջուրի չգոյութեան՝ պանդոկները փակ էին, եւ մենք ստիպուած՝ բարեկամի մը պարապ յարկաբաժինը իջեւանեցանք: Մենք ալ մեր կարգին, ինչպէս որեւէ երեւանցի, սննդեղէն ճարելու սուր տագնապը կ՚ապրէինք: Օր մը ձիւնապատ փողոցի մը սառած սալահատակին վրայ երբ հերթի կայնած էի վասն հանապազօրեայ հացի, այնտեղէն պատահմամբ անցնող անցորդ մը, ամերիկացի քաղաքացիներուս խեղճացած վիճակը տեսնելով, սկսաւ բարձրաձայն հռհռալով խնդալ: Ստեփանն էր… ակամայ մեզ ալ վարակեց անոր խնդուքը: Պէտք է ընդունինք, թէ հայրենիք մեր կեցութեան շրջանին Թոփչեանները, Տէր Գուլանեանն ու ղափանցի Դերենիկը մօտիկէն զբաղուեցան մեր կեցութեամբ ու որպէս խաւար այդ օրերուն Երեւան ժամանած հազուագիւտ հիւր գրող, անարժանս պետական հեռուստակայան հրաւիրեցին եւ առիթ տուին որ երկու տարբեր առիթներով, Գրողներու միութեան սրահը, եղանակին առաջին ելոյթները ունենայի: Յետոյ արդէն Ալեքսանդրը Փարիզ հաստատուեցաւ, իսկ Ստեփանը Գալիֆորնիայի մեր ափերը յայտնուեցաւ, ուրկէ սկիզբ առաւ մեր մտերմութիւնը:
Տաղանդաւոր երկու եղբայրներն ալ արտասահմանի մէջ շարունակեցին ստեղծագործական իրենց աշխատանքները: Այդ մասին անդրադարձած եմ ժամանակին: Պէտք է շեշտել որ ողբացեալ մեր գրչեղբայրը հմուտ գրականագէտ մը ըլլալու կողքին տաղանդաւոր գեղանկարիչ էր, որուն գործերը կը փնտռուէին արուեստասէրներու կողմէ: Տակաւին միտքէս չեմ կրնար վանել այդ նուիրումը, որուն լծուած էր մեր ընկերը «Երուանդ Քոչար» մենագրութեան նուիրուած վերջին գործը գրած շրջանին: Կարծես կը զգար գալիքը ու գիշեր ցերեկ ճգնելով օր առաջ կ՚ուզէր իր աւարտին հասցնել հոյակապ այդ գործը:
Սրտաբեկ պիտի փնտռենք մեր մտերիմ ընկերոջ ներկայութիւնը:
Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի վարպետ…

20 ապրիլ 2021
Լոս Անճելըս

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *