ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ
Սկիզբը՝ նախորդ թիւով
Յաջորդ առաւօտեան, ժամանակէն շուտ արթնցայ: Մտազբաղ ու անտրամադիր իջայ նախաճաշի: Պարտք կը զգայի հեռաձայնել Սիլիային ու իր ամուսինին, սակայն վստահ չէի որ պիտի յօժարին լսել զիս: Հազիւ նստայ, յանկարծ մատուցողը մօտեցաւ ու տեղեկացուց որ կին մը ինծի կը հարցնէ: Ոտքի ելայ ու ի՜նչ տեսնեմ սիրելի ընթեցող… Սիլիան էր, որ լայն ու համակրելի ժպիտ մը դէմքին մօտեցաւ, բարեւեց ու այս անգամ սրտանց ողջագուրուեցաւ հետս, աւելցնելով.
—Կը ներէք որ երէկ կոպիտ վարուեցայ ձեզի հետ:
—Ի՞նչ կ՚ըսէք, կոպիտ ու անկիրթ վարուողը ես էի: Ես յանցաւոր եմ թէ քու եւ թէ ամուսինիդ առաջ: Ես պէտք է որ ձեր քովը գայի, սակայն վստահ չէի որ կ՚ընդունիք զիս: Ի զուր տեղը այդքան վշտացուցի ձեզ… խնդրեմ, նստէք միասին նախաճաշենք…
—Կուշտ եմ, սակայն սիրով սուրճ մը կ՚առնեմ…
Իմ ազնիւ ու կիրթ ընթերցող, Սիլիան նստաւ սուրճ պատուիրեց ու բացատրեց.
—Երէկ, երբ տուն հասայ, ամուսինս նշմարեց որ անտրամադիր եմ ու մտազբաղ: Կենթադրէր որ փորձած էք դարպասել զիս ու վշտացուցած: Քու հանդէպ իր ունեցած կասկածները փարատելու համար ես ամեն ինչ պատմեցի իրեն: Ան մեղադրեց զիս, ըսելով. «Մոյսէյը իսկական արուեստը գնատող տղամարդ է, ես սիրեցի այդ մարդը: Վաղը պէտք է որ երթաս ներողութիւն խնդրես ու հոս բերես զինք: Կ՚ուզեմ անպայման ծանօթանալ հետը»: Գիտես Ռոպերթոն քեզմէ պակաս չէ, հիմա կը մտածէ թէ ինչպէ՞ս ընէ որ կարողանայ Տոնաթելլոյի կամ Միքէլ Անճելոյի նման մեծերու արձանները շօշափել, ստուգելու համար անոնց յօրինուածքներն ու նեշնչուելու անոնցմէ: Օ՜, Մոյսէյ, գործս միշտ խենթերու հետ եղած է…:
Ես պապանձեցայ…: Սիլիան նշմարեց որ յուզուած եմ, ձեռքը մտերմաբար ուսիս դրաւ ու շարունակեց.
—Լա՜ւ… հասկնալի է, ամեն ինչ լաւ է ու բնական: Գիտեմ երկու ժամ ետք Փատովա պէտք է որ մեկնիս:
—Ճի՛շդ է…
—Հիմա ամեն ինչ փոխուեցաւ, նախ, այստեղէն ուղիղ Ռոպերթոյի արուեստանոցը պիտի երթանք, ուր ես կեցուածք պիտի ընդունիմ, իսկ դուն առիթ պիտի ունենաս մեզ դիտելու եւ ուսումնասիրելու…: Ան անհամբեր կը սպասէ մեզի:
—Բայց…
—Գիտեմ, գիտեմ, ես արդէն վաղուան նոյն ժամուն տեղ ապահոված եմ ձեզի համար, կը մնայ որ դուք համաձայնիք…:
Ի՞նչ ըսեմ սիրելի ընթեցող, այսպէս ալ կ՚ըլլայ եղեր…: Անսպասելիօրէն ամեն ինչ փոխուեցաւ:
Սիլիայի կողակիցը զիս դիմաւորեց հարազատի նման: Քաղաքի արուարձաններուն մէջ, իրենց տան կողքը կառուցուած արուեստանոցը իր յարմարաւէտութեամբ ու բնական լուսաւորման սկզբունքներով, կը յիշեցնէր Ռուբէն Նաքեանի Stamford-ի արուեստանոցը: Ծանօթացման կարճատեւ զրոյցէ մը ետք, Սիլիան անմիջապէս կողքի սենեակը մտաւ ու վերադարձաւ ուսերուն պարեգօտ մը մը, որուն շարժումներէն ի յայտ կու գար որ տակէն բան մը չէր հագած: Մինչ այդ ես հարեւանցիօրէն աչք մը նետեցի անոր կարգ մը քանդակներուն վրայ, որոնք իսկապէս գեղեցիկ էին ու ինքնատիպ: Մինչեւ որ ես կարծիքս յայտնեմ Ռոբպերթոն ընդմիջեց.
—Որոշած եմ յղի կնոջ գեղեցկութիւնը դրսեւորել առանց յիշեցնելու նախկիններուն…:
—Բայց ձեր կնոջ յղութիւնը տակաւին յայտնի չէ…
—Խնդիրը ճի՛շդ այդ է, մեծ որովայնով յղի կին պատկերելը դիւրին է եւ շատեր իրագործած են արդէն: Իմ նպատակս կերտել է կնոջ այնպիսի կերպար մը, ուր դրսեւորուի անոր թէ յղութիւնը եւ թէ իգական հմայքը միաժամանակ, առանց որովայնի մեծութեան:
—Օ՜, ահաւասիկ ստեղծագործական մարտահրաւէր մը, որ բացառիկներու միայն վերապահուած է, բայց ո՞ւկէ այս գաղափարը ծնաւ ձեր մէջ:
—Կնոջս առաջին յղութեան շրջանին, նշմարեցի որ ան շատ աւելի գեղեցիկ է ու հմայիչ, քան առաջ, ու թէեւ քանի մը կերպար ծեփակերտեցի, սակայն չէի խորացած, աւելի ճիշդը չէի կրցած խորանալ թեմային մէջ: Այս յղութեան հետեւեցայ իրեն ու համոզուեցայ յղի կինը իւրաքանչիւր օր աստիճան մը աւելի կը գեղեցկանայ, թէ արտաքնապէս եւ թէ ներքնապէս: Այս օրերուն անոր կանացի հմայքը գիղարուեստական ուրիշ տարածականութեան վրայ է: Արդէն իսկ մէջս հասունցած է, սակայն վէճ մը կայ մեր մէջ: Ես կ՚ուզեմ զինք քանդակել իբրեւ բագոսուհի ու ձեռքը տալ հռոմէական գինիի բաժակ մը, անոր համար, որ Bacchus-ը միաժամանակ թէ Գինիի եւ թէ Բեղմնաւորման աստուածն էր, իսկ ինք կ՚ուզէ որ կարմիր վարդ մը բռնած ըլլայ, իբրեւ մաքուր սիրոյ արտայայտութիւն, որուն արդիւնքը յղութիւնն է: Ո՞ր մէկը ճիշդ կը գտնես:
— Իրականութեան մէջ երկուքն ալ իմաստալից են ու գեղեցիկ, կարելի է երկուքն ալ ծեփակերտել եւ կ՚ունենաս երկու կերպար…: Այնուամենայնիւ սակայն ես կը նախընտրէի նուռը:
—Նո՞ւռը:
—Այո, նուռը:
—Բայց ինչո՞ւ նուռը: Այո, թէեւ տեսքը գեղեցիկ է, սակայն ես կ՚ուզեմ իմաստ մը տալ անոր:
—Ճիշդ անոր համար, որ նռան իմաստն ալ գեղեցիկ է ու կը յարմարի բեղմնաւորման գաղափարին հետ: Հին աշխարհի մէջ նռնենին պաշտուած է իբրեւ Կենաց ծառ: Նոյնիսկ Սուրբ գիրքի, Թալմուտի ինչպէս նաեւ՝ Գուրանի մէջ յիշատակուած է իբրեւ բուժիչ յատկութիւններ ունեցող սրբազան պտուղ: Դուն պէտք է որ գիտնաս թէ Վերածնունդի մեծերէն շատեր Մանուկ Յիսուսին ձեռքը նուռ պատկերած են: Դեռեւս երէկ էր որ Uffizzi-ի մէջ հանդիպեցանք Botticelli-ի Madonna della melagrana (նուռով Աստուածածինը) ստեղծագործութեան, որուն դիմաց բաւականին երկար մնացինք:
—Օ՜ Santa Maria, դուն ճիշդ ես, ի՞նչպէս չեմ անդրադարձած մինչեւ հիմա…
—Իսկ մենք հայերս շատ գեղեցիկ աւանդութիւն մը ունինք: Հին ժամանակներուն կիները կ՚ամչնային իրենց ամուսիններուն ըսելու որ իրենք յղի են: Փոխարէնը երբ գործէն կը վերադառնար փեսան, նորահարսը նուռ մը կը նուիրէր անոր…:
—Grazzie, grazzie mille, դոտտորէ Մոյսէ, գտա՛նք Սիլիա, գտանք. լաւ է չէ՞: Ուրեմն ես կը քանդակեմ քեզ նուռը նուիրած պահուն՝ մերկ, սակայն հեզ ու շիկնանքը այտերուդ գեղջկուհիի կերպարով: Հրաշալի է, այս էր փնտռածս: Նոր յղացք է…: Իսկ հիմա գործի…:
Իմ աւանդապաշտ ընթերցող, Ռոպերթոն անմիջապէս անցաւ կարկահին դիմաց, իսկ Սիլիան ներսէն նուռի փոխարէն խնձոր մը բերաւ, պարեգօտը հանեց, մէջտեղը դրուած հռոմէական խոյակին վրայ ելաւ ու պտուղը երկարեց ամուսնուն, ծիսական երկիւղածութեամբ: Ռոպերթոն ուսումնասիրելէ ետք Սիլիայի կեցուածքը, չհաւնեցաւ: Հնաոճ ծածկոց մը գտաւ, գետին փռեց ու խնդրեց որ Սիլիան անոր վրայ սկսի քայլել ու մերկ ըլլալով հանդերձ, ան պէտք է որ պարզամիտ ու ամչկոտ գեղջկուհիի մը նման նուռը նուիրէ ամուսնուն: Ապա պահ մը կեդրոնանալէ ետք, սկսաւ ծեփակերտել: Կը կարծէի թէ Երեւանի ու Պէյրութի բնորդուհիներու նման, անշարժ պիտի մնայ Սիլիան: Մինչդեռ Ռոպերթոն Ռոտէնի նման, մերթ ընդ մերթ կը քալեցնէր զինք, կը խօսեցնէր… հարցեր կու տար սիրոյ, երեխաներու, ընտանիքի, յղութեան վերաբերող զգացողութիւններու եւ առհասարակ կեանքի տարբեր երեսներու մասին: Իմ ճանչցած կերպարուեստագէտներուն մէջ, այս ոճով կ՚աշխատէին Փօլ Կիրակոսեանն ու Մ. Մազմանեանը: Ես ուղղակի կ՚ըմբոշխնէի Սիլիայի գեղեցկութիւնը անոր իգական գրաւչութիւնն ու հմայքը: Ի՞նչ մեղքս պահեմ հնարաւոր չէր զուտ մասնագիտական աչքով դիտել նման հրաշալի էգ մը:
Թէեւ արեւու մեղմ ճառագայթներու տակ հուրհրատող Սիլիայի մարմնէն կենսալից տռփանք կը հոսէր, այնուամենայնիւ կը մնար իբրեւ պարկեշտութեան ու վեհանձնութեան մարմնացում, ուր շռայլօրէն կը դրսեւորուէր յղի կնոջ իւրայատուկ գեղեցկութիւնը: Ահաւասիկ հո՛ս է որ ի յայտ կու գար իր բնորդուհիի վարպետութիւնն ու տաղանդը:
Երբ տակաւին հայեացքս կը տարուբերէր անոր կուրծքերու ու զիստերու միջեւ, յանկարծ աչքիս զարկաւ անոր մորթի գունային իւրայատուկ յօրինուածքը: Ձեռքի շարժումներով արուեստագէտէն արտօնութիւն ստանալէ ետք, ակնոցս դրի, մօտեցայ Սիլիային ու վերէն վար լաւ մը զննեցի անոր մարմինը ու տեսայ որ այսպիսի բաց վարդագոյն ու թափանցիկ նրբերանգ դժուար թէ գտնուի բնութեան մէջ: Հիւսիսային իտալուհիները սպիտակամորթ կ՚ըլլան, իսկ հարաւայինները՝ թուխ: Ինք մէջտեղէն էր՝ Փատովայէն: Սակայն իր մորթի գոյնը թուխի եւ սպիտակի խառնուրդը չէր, այլ բոլորվին տարբեր, զոր նկարագրելը թէեւ այնքան ալ դիւրին չէ, սակայն փորձեմ։
Իմ նրբաճաշակ ընթերցող. մեր մեծագոյն աշուղը՝ Սայաթ Նովան տեղ մը իր սիրուհիի՝ Աննայի այտերու գոյնը կը համեմատէ «գուլգազի» բաց ու թափանցիկ վարդագոյնի հետ, որ չափազանց ուրոյն ու առինքնող նրբերանգ մըն է: Եթէ պատահաբար տեսած ըլլաք «գուլգազի» (մուսալեռցիք քանի մը տեսակ տոհմիկ ճաշեր կը պատրաստեն անկէ եւ «կուլուկուս» կ՚անուանեն զայն) շերտուածքը, այն ատեն միայն կրնաք ըմբռնել թէ ի՞նչ կիսաթափանց նրբերանգի մը մասին է խօսքը: Սիլիան իրապէս բացառիկ գեղեցկութեամբ օժտուած էր: Երբ ակնարկեցի իր մարմնի գոյնի իւրայատուկ գրաւչութեան ու բացատրութիւններ տուի իր մորթի հազուագիւտ նրբերանգի մասին, ան ուղղակի հրճուեցաւ: Ապա մետաքսէ շալ մը գցեց ուսին, նստաւ ու ըսաւ.
—Ճիշ՛դ է որ ես իտալացի եմ, սակայն ճիշդ է նաեւ որ կովկասեան արիւն կայ մէջս, մեծ մայրս վենետիկցի հայ վաճառականի մը եւ courtesan-ի մը աղջիկը եղած է: Հաւանաբար իրենցմէ ժառանգած եմ այս բոլորը: Դուն առաջինը չես, որ կը նշմարես մաշկիս գրաւչութիւնը. այդ էր պատճառը որ բեմադրիչներէն շատեր կ՚առաջարկէին մերկ նկարահանել զիս: Սակայն խնդիրը այն է, որ ինչքան ալ կատարեգործուած ըլլան հիմակուան լուսանկարչական գործիքները, մարմնիս հմայքը նոյն նրբութեամբ չեն կրնար արտայայտել:
Ռոպերթոն, որ կը հետեւէր մեր խօսակցութեան, միջամտեց.
—Եթէ ես գեղանակարիչ ըլլայի, գուցէ ջրաներկով կը փորձէի ստանալ այդ կիսաթափանց նրբերանգը: Քարի որոշ տեսակներու, ինչպէս alabaster-ի պարագային, թափանցիկութիւնը հնարաւոր է, սակայն երանգը՝ ոչ:
Թէ ինչպէս ժամանակը կը սահէր չզգացինք: Յանկարծ Ռոպերթոն անսպասելիօրէն դադար յայտարարեց: Յոգնած էր: Իր աշխատանքը թաց լաթով մը փաթթեց, դուրս ելանք, պարտէզին մէջէն անցանք ու մտանք ներս, ուր վայելուչ հագուած կին մը սեղանը կը պատրաստէր:
—Ամուսինիս մայրն է, տիկին Ռաֆայելլան:, — ըսաւ Սիլիան ու շարունակեց, — ինքն էր որ մեզ ամուսնութեան մղեց, որուն համար երկուքս ալ գոհ ենք: Մանաւա՛նդ ինծի համար փրկութիւն եղաւ մայրանալը: Դուն եղբօրս պէս ես, այդ է պատճառը որ կրնամ մտերմաբար խօսիլ հետդ:
—Այո, ես նոր քոյր մը գտած եմ, որուն համար թէ ուրախ եմ եւ թէ շնորհակալ… Աստուծմէ:
Ըսի սիրելի ընթերցող, այո՛ «քոյր» ըսի, սակայն չհաւատացի ես ինծի: Ինչպէ՞ս կ՚ըլլար որ այս տեսակ գեղուհիի մը մերկութիւնը դիտել ետք շարունակել ընդունիլ զինք իբրեւ քոյր: Այնուամենայնիւ, անոր կիրթ վերաբերմունքն ու իմ բարոյական սկզբունքերս, կը թելադրէին ըլլալ զուսպ ու պարկեշտ իր հանդէպ:
Ճաշը աղօթքով սկսանք ու վերջացուցինք յղի կնոջ գեղեցկութեան կենացը խմելով: Թարգմանչական դժուարութեան հետեւանքով, թէեւ մեր զրոյցը դանդաղ կ՚ընթանար, սակայն հարուստ էր ու բովանդակալից: Ռոպերթոն խիստ հետաքրքրուած էր «sfumato» ով, որ պատճառ եղած էր մեր հանդիպման ու բարեկամութեան: Թէեւ հարցը խիստ մասնագիտական բնոյթ ունէր, սակայն չէի կրնար չպատասխանել: Հետեւաբար հետեւեալ բացատրութիւնը տուի.
—Ինչքան գիտեմ, Լէոնարտոն ներկերու բարակ շերտերու միջոցով է որ կը ստանար այդ կախարդական «շուքը»: Ես արագօրէն աջ ձեռքի մատներով շփեցի հրեշտակի դէմքը: Այդ պահուն թէեւ կեդրոնացումս թոյլ էր ու ժամանակը կարճ, սակայն զգացողութիւնս գերլարուած ու ահազանգային վիճակի մէջ էր: Զգացի որ յօրինուածքը այնքան մեղմ էր ու ողորկ, կարծէք թէ վրձին չէր դպած անոր: Դարերէն եկող հմայիչ դող մը անցաւ մատներէս ներս, ու տարածուեցաւ ողջ էութեանս վրայ: Հասկցայ որ իսկական արուեստը այնպիսի ոգեղէն ուժ կը պարունակէ իր մէջ, զոր կարելի չէ բացատրել…: Հարկաւոր է զգալ ու ապրիլ…:
— Արկածախնդրութիւնդ ոչ միայն տեղին է, այլեւ գնահատելի: Արուեստը առանց արկածախնդրութեան ոչ միայն զարգացում չ՚ապրիր ու չի յառաջդիմեր, այլեւ անոր գոյութիւնն իսկ կը վտանգուի: Ես պիտի փորձեմ օրինաւոր ճանապարհով ուսումնասիրել Տօնաթելլոյի, Միքէլանճելոյի, Պերնինիի կամ Անթոնիօ Գանովայի նման մեծերու քանդակներուն յօրինուածքը, իսկ եթէ չարտօնեն՝ պիտի դիմեմ նոյն միջոցին, թէկուզ բանտ երթալու գնով: Թէեւ Սիլիան այս հարցին մէջ դէմ է ու չի քաջալերեր զիս, սակայն կ՚ենթադրեմ որ ներքնապէս համաձայն ըլլալու է, որովհետեւ միշտ կ՚ըսէ որ «նախ խենթութիւնդ սիրած եմ եւ յետոյ սիրահարուած…»:
Սիլիան անմիջապէս հակադարձեց.
—Ատիկա ճիշդ է, սակայն եթէ ես ալ իրեն պէս խենթ մը չըլլայի, ոչ իր խենթութիւնը պիտի սիրէի եւ ոչ ալ պիտի սիրահարուէի… իր խելառութեան: Արուեստը թէեւ արկածախնդիր խենթերու պէտք ունի, բայց չափի զգացողութիւնն ալ կարեւոր է ու գուցէ նաեւ անհրաժեշտ:
Վէճը չխորացնելու համար, հարկաւոր էր թեման փոխել.
—Երկուքիդ ալ յաջողութիւն կը մաղթեմ հաւասարապէս, որովհետեւ ձեզմէ իւրաքանչիւրին յաջողութիւնը միւսին հպարտութիւնն է կ՚ենթադրեմ: Ժողովրդական իմաստութիւնը կը յուշէ որ «նմանօրինակ վէճերը ոչ միայն համ ու բոյր, այլ նաեւ աշխուժութիւն կը պարգեւեն ու կ՚իմաստաւորէն զոյգերու առօրեան»: Ես ալ իմ հերթին վիճելի հարց մը ունիմ: Հոս տղամարդու կերպար մը ունիս, որուն առնանդամը այնքան փոքր է, որ երեխայի «բուբուլի» կը նմանի: Նոյնն է պարագան վերածնունդի ռահվիրաներուն: Ինչպէս Մայքլ ինչո՞ւ անգլերէնը Անճելոյի «Ադամի» ու «Դաւիթի» վեցէկները, որոնք այնքան ճղճիմ են, որ ճկոյթ մատիս չափ ալ չկան: Գրեթէ նոյն մօտեցումը կայ հին յունական եւ հռոմէական կերպարուեստին մէջ: Արդեօ՞ք յոյներունն ու իտալացիներունը այդպէս պզտիկ կ՚ըլլայ, թէ յատուկ պատճառ մը գոյութիւն ունի…:
Ամուսինները իրարու նայեցան, ժպտացին ու Ռոպերթոն բացատրեց.
—Թէեւ ճիշդ նկատած ես, սակայն ենթադրութիւնդ սխալ է: Աւանդութիւնը հին Յունաստանէն կու գայ, որոնք առնանդամը փոքր կը քանդակէին, նախ ցոյց տալու համար կերպարներու սեռային ժուժկալութիւնն ու պարկեշտութիւնը,եւ ապա այդ մէկը կրթուածութեան ու զարգացածութեան նշան կը համարուէր…: Այլ ժողովուրդներ գռեհկացնելով, մեծ ու տնկուած կը պատկերէին զանոնք:
— Բայց հելլէներն ու հռոմէացիները տնկուած ու մեծ առնանդամներ շատ քանդակած ու պատկերած են:
—Այո, բայց ատիկա աստուածներու ու կիսաստուածներու պարագային է…: Ինչպէս օրինակ satire-ները:
Սիրելի ընթերցող, այս «երեւոյթը» յաճախ կը զբաղեցնէր միտքս, որովհետեւ ուսանողներէս ոմանք երբեմն նոյն հարցը կու տային: Իսկ ես յստակ պատասխան չունէի…:
—Ձեր տուած բացատրութիւնը տրամաբանական է ու համոզիչ: Շնորհակալ եմ: Այս անգամ Սիլիային ուղղուած հարց մը ունիմ:
—Խնդրեմ.
—Այսքան գեղեցիկ ու բարեձեւ ըլլալով, ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ որ ձախողած էք նորաձեւութեան ասպարէզին մէջ:
—Նախ ոչ թէ ձախողած եմ այլ՝ կամովին հրաժարած:
—Ինչքան գիտեմ կիներուն համար չափազանց փնտռուած ասպարէզ մըն է fashion-ը: Ինչո՞ւ հրաժարիլ…
—Երեւութապէս այդպէս է. Այո: Նախ՝ մրցակցութեան դիմանալու համար չի բաւեր ըլլալ գեղեցիկ ու բարեձեւ եւ համաչափ մարմին ունենալ։ Եւ ապա՝ անոնց փնտռածը սիրուն պուպրիկներ են, ոչ թէ տաղանդաւոր ու անհատականութեան տէր գեղեցկուհիներ:
—Այդ ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ չեմ հասկնար:
—Առաջին հերթին արժանապատւութիւնդ կը տրորեն ու խամաճիկի կը վերածեն քեզ: Դուն պարզ դերակատար մըն ես եւ ոչ թէ ստեղծագործող դերասան: Նկատի առ որ միլիոնաւոր գեղեցկուհիներ կը մտնեն այս ասպարէզէն ներս, ու շատ քիչեր միայն կրնան յաջողիլ ու հնարաւորութիւն կ՚ունենան վայելելու իրենց ձեռք բերած համբաւն ու հարստութիւնը: Ու այն ալ դաժան փորձութիւններէ ու սարսափելի տառապանքներէ ետք միայն:
—Զարմանալի բաներ կ՚ըսէք տիկին Սիլիա: Առաջին անգամն է որ նման ժխտական կածիք կը լսեմ fashion-ի մասին…:
—Այո, դուրսէն այդպէս կ՚երեւի:
—Իսկ ներսէ՞ն…
—Է՜ , ինչ ըսեմ, դուն քու անձիդ տէրը չես: Ամեն ինչդ հսկուած է: Ուտել-խմելէն մինչեւ սիրոյ ու սեռի փոխյարաբերութիւնները: Ընտանեկան կեանք ըսուածը անհեթեթ (absurd) հասկացութիւն է իրենց համար: Իսկ ամենէն սարսափելին այն է, որ դուն պարտաւոր ես կատարելու վերադասներու սեռային ցանկութիւնները, որոնց բնոյթը, տեսակն ու նո՛յնիսկ քանակը իրենք կ՚որոշեն:
—Այս բոլորը ահաւոր են ու անհաւատալի, գուցէ՞ դառնացած էք, ատոր համար կը չափազանցէք: Հաւանաբար մասնակի երեւոյթներ են…
—Բնաւ երբեք, մէկ խօսքով դուն՝ դո՛ւն չես: Տիկնիկ մըն ես, զոր կարելի է նո՛յնիսկ «նուիրել»… ուրիշներուն:
— Ամե՞ն տեղ այդպէս է:
—Այլ ընկերութիւններու մասին չեմ կրնար վկայութիւն տալ, սակայն կ՚եթադրեմ որ միւսներուն քով եւս նմանօրինակ բարքեր ըլլալու են: Ես չեմ կրնար խրտուիլակի պէս ապրիլ: Անփոխարինելի է ընտանեկան ջերմութիւնն ու անոր պարգեւած երջանկութիւնը… Ի վերջոյ հոս է որ սէրը մաքուր է ու կեանքդ լիարժէք կերպով կ՚իմաստաւորուի…:
—Իսկ ձեր ներկայ գործէն գո՞հ էք: Ինչքան գիտեմ հոս եւս բոլորովին մերկ այնպիսի կեցուածքներ պէտք է որ ընդունիք, որոնք կը թելադրեն դասատուները կամ գուցէ երբեմն նաեւ ուսանողները:
—Հոս երկու գլխաւոր պատասխանատուութիւն կայ: Առաջինը՝ առողջութեանս ու մարմնիս բարեձեւութեանը հոգ տանիլն է, իսկ երկրորդ՝ կեցուածք ընդունելու ատեն պէտք է որ համապատասխան արտայայտչականութիւն ունենամ: Հոս քեզի չեն նայիր իբրեւ արուներուն կիրքերը բաւարարող էգի, այլ իբրեւ գեղեցկութիւն մը, որ արժանի է անմահանալու ու նպաստելու արուեստի զարգացման: Ես հպարտ եմ որ տաղանդաւոր արուեստագէտի մը, թէ ներշնչման աղբիւրն եմ ու թէ գեղեցկութեան իտէալը:
—Ի հարկէ, այնպէս ինչպէս Ռամպրանթի Սասկեան, Կոյայի Մախան կամ Տալիի Կալան էին: Անոնք իբրեւ այդպիսին անցած են պատմութեան: Վաղը պիտի ըսեն Ռոպերթոյի Սիլիան…: Այս օրերուն շատ քիչ են ձեր նման զոյգերը: Հիացած եմ ձեր ընտանեկան ջերմ մթնոլորտով ու շնորհակալ՝ այս ասպնջական ընդունելութեան համար:
Սիրելի ընթերցող յանկարծ յիշեցի որ քանի մը հին իլիկներ մնացած էին գրպանս: Հանեցի ու դնելէ ետք սեղանին, ըսի.
—Փիւնիկեան իլիկներ են ասոնք, նուազագոյնը երկու հազար տարուան հնութիւն ունին: Որովհետեւ իրենց ձեւոյթով կնոջական կուրծքի կը նմանին, կիներէն շատեր, ոսկիէ շրջանակի մէջ կ՚անցնեն ու վիզերնէն կը կախեն: Յարգելի տիկին, կը խնդրեմ հատ մը ընտրէք: Կ՚ուզեմ յիշատակ մը ձգել ձեզի, ձեր երկրորդ յղութեան առիթով: Եւ Աստուած տայ որ աղջիկ ծնի, անոր վիզէն կը կախէք …:
Չէին սպասեր նման անակնկալի մը: Ռոպերթոն խոստացաւ որ շրջանակը ինք կը ձեւաւորէ, ու Սիլիան յիշատակ մը կ՚ունենայ միաժամանակ՝ թէ ինձմէ եւ թէ իրմէ…: Ապա դուրս ելանք փողոց, ուր բաւական քալելէ ու ժամանակ անցընելէ ետք, երեկոյեան երկուքը միասին հիւրանոց հասցուցին զիս ու բաժնուեցանք… յուզումով:
* * *
Անցան տարիներ: Օր մըն ալ Երեւանի իմ լաւ ընկերներես մէկը՝ Հրանդը հրաւիրեց զիս «Վահագնի» թաղամասին մէջ գտնուող իր առանձնատունը, ուր ընդունելութիւն մը կազմակերպած էր Եւրոպայի տարբեր երկիրներէ ժամանած ու Արցախէն նոր վերադարձած խումբ մը քանդակագործներու, որոնք, գործերնին աւարտած, պիտի վերադառնային իրենց երկիրները: Ռոպերթոն հոն էր: Զիրար վերագտած հարազատներու նման ողջագուրուեցանք ու նստանք խնճոյքի: Ամենէն առաջ, բջիջայինի մէջէն ցոյց տուաւ իրենց երկրորդ երեխային՝ դստեր լուսանկարը, որուն վիզէն կախուած էր «իլիկը» եւ ապա աւելցուց.
— Գիտես մեր աղջկան անունը Melo դրինք, այսինքն՝ Melograno որ նուռ կը նշանակէ: Միշտ կը յիշենք ձեր «խենթութիւնը» ու կը վիճինք… ու կը զարմանանք ձեր համարձակութեան վրայ:
Շրջանցելու համար յուզումս, հարց տուի իր տպաւորութիւններու մասին, ան աչքերուս նայեցաւ, խոր շունչ մը քաշեց ու ըսաւ.
—Դուք հայերդ հարուստ ու ինքնատիպ մշակոյթի տէր ազգ էք: Ստեղծել գիտէք, սակայն զարմանալիօրէն, ձեր արուեստը պահել եւ տարածել չէք գիտեր: Մտածեցէք թէ ինչո՞ւ աշխարհը ծանօթ չէ ձեր մշակոյթին…:
Իմ մշակութասէր ընթերցող, Ռոպերթոն մատը ճիշդ բաց վէրքիս վրայ դրաւ ու… սեղմե՛ց: Այդ պատճառով ալ մեկնաբանութիւնը կը վերապահեմ ձեր առողջ դատողութեանն ու իրատեսութեան…:
(Շար. 2 եւ վերջ)
Մոնթրէալ, մարտ 2021