ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ
Նիկոլ Փաշինեանին
Կը մխայ Երկիրը լռութեան հրդեհի մէջ
Երկիրը՝ պատմութեան շոգի,
Կիրակնամուտի խնկաման՝ շպրտուած
Աւերուած խորանի շեմին. Continue reading “ԳՈՅԱՍՈՒԶՈՒՄ”
Նիկոլ Փաշինեանին
Կը մխայ Երկիրը լռութեան հրդեհի մէջ
Երկիրը՝ պատմութեան շոգի,
Կիրակնամուտի խնկաման՝ շպրտուած
Աւերուած խորանի շեմին. Continue reading “ԳՈՅԱՍՈՒԶՈՒՄ”
Կոյր ու գուլ մարդի՛կ, առանց երազի
առանց լսելու հէքեաթն այս վսեմ,
իրար կոկորդից պատառ էք հանում
եւ դարձնում աշխարհն՝ ահաւոր ջեհնեմ:
ԱՒԵՏԻՔ ԻՍԱՀԱԿԵԱՆ
Երկիրը քոնն է, մեծաւոր, երկրի սրտախինդ ուրախութիւնն ու վայելքը, խրախճանքն ու ծափուծիծաղը քոնն են ու մերը չեն, մերը Խորենացու ողբն է: Երկրում մեր երեխաները չէ՝ քո երեխաներն են ապրում. մեր երեխաները նրանց յանցաւոր-թանձր ստուերներում յուսահատութիւնից ծմրում ու դեռ կեանք չտեսած՝ կեանքն անիծում են: Երկիր աշխարհը քոնն է ու երգն է մերը. «Աշխարհը մերն է, մերը, աշխարհը մերն է, այս աշխարհում ամեն մի հայ աշխարհի տէրն է»: Continue reading “Մարդ եղիր, մա՜րդ”
Հայ գրականութեան մէջ յատուկ տեղ ունին մեր ժողովուրդի ապրած մեծ կորուստները, աքսորի կեանքը, մեր ազատագրական պայքարը… Մեծ Եղեռնը… Continue reading “Մի քանի խորհրդածութիւններ Հայաստանի հանրապետութեան հարիւրամեակին առթիւ”
ԳՐԻԳՈՐ ՋԱՆԻԿԵԱՆ
Ճիշտ որ զինուորն ամեն ինչ վերջում է իմանում:
Կամաւորականները չիմացան ու դեռ երկար պիտի չիմանային, թէ ինչո՛ւ Սպարապետը անսպասելի զօրակացք եկաւ, ինչո՛ւ իրենց ախպերական բանակը աշխարհազօրային դարձաւ, հազարապետ Ակնունին գերարդիական զրահատոկուն ունեցաւ: Մինչդեռ արար-աշխարհն արդէն գիտէր… Continue reading “ՆՈՅԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ — (Հատուած «Հայի յաւերժութիւնը» վէպից)”
Չեմ գիտեր ինչպէս, յանկարծ, օր մը ես ինծի անդրադարձայ, որ լուռ եմ: Անխօս եւ աշխարհէն կարծես կտրուած ու քաշուած կեանք մը կ՚ապրիմ: Յաճախ ալ անկարծիք: Անաղմուկ նոյնիսկ շատերու համար՝ անտարբեր: Խոտէ բարձի նման, ինչպէս կ՚ըսէ առածը. ուր որ դնես հոն կը մնայ, նոյն տեղը, իր նոյն չափով եւ կազմով: Continue reading “Բոլորին նման՝ ես ա՞լ…”
Թէեւ ամիսներէ ի վեր փոխադրուած էին մեր թաղը, բայց հակառակ ատոր՝ Սարգիսեաններուն մէկը չէր այցելած գրեթէ, ոչ ալ գնահատութեամբ կը խօսուէր անոնց մասին։ Մարդիկ այդպէս են միշտ. աղքատը կ՚արհամարհեն իրենց անտարբերութեամբ միայն. իսկ տեսակ մը յագեցած վրէժխնդրութենէ մղուած՝ թունոտ անարգանք ունին անոր նկատմամբ, որ իր ամբողջ հարստութիւնն ու համբաւը կորսնցուցեր է ալ։ Continue reading “Առաջին յարկի վարձակալները”
Յետ-Եղեռնի արեւմտահայ արձակի նոր վարպետներէն Սոնա Տէր Մարգարեան-Թնկրեանի ծննդեան հարիւրամեակն է 2018-ը։
Ծնած 1918-ին Պոլիս, Սոնա զաւակն էր մտաւորական Արփիար Տէր Մարգարեանի։ Նախնական կրթութիւնը ստանալէ ետք Սամաթիոյ Սահակեան վարժարանէն ներս, Սոնա Տէր Մարգարեան ուսումը կը շարունակէ Եսայեան ու ապա Կեդրոնական վարժարաններէն ներս, միաժամանակ հետեւելով երաժշտական ձայնամարզումի Continue reading “Սոնա Տէր Մարգարեան-Թնկրեան — Ծննդեան 100-ամեակին առթիւ”
Աքիլլէսի կրունկ
Աքիլլէսը յունական դիցաբանութեան մեծագոյն հերոսներէն էր, որ դաշնակից այլ թագաւորներու հետ արշաւեց Տրովադա՝ ետ դարձնելու գեղեցիկ Հելենը, որ առեւանգուած էր տրովադացի իշխան Բարիսի կողմէ: Աքիլլէս ճանչցուած էր իբրեւ անխոցելի մարտիկ մը, որովհետեւ անոր մայրը զինք վաղ մանկութեանը թաթխած էր Ստիքս գետի ջուրին մէջ, որ ունէր մարդկային մարմինը անխոցելի դարձնելու յատկութիւնը: Continue reading “Թեւաւոր խօսքեր եւ դարձուածքներ — Բ.”
Ինչպէս գիտենք, Զարթօնքի առաջին գործիչները` Գր. Օտեանը, Ն. Ռուսինեանը եւ միւսները, մտայղացել եւ մեծ ջանքերի գնով Սուլթանի հաւանութեանն էին արժանացրել հայ հանրութեան մէջ «Ազգային սահմանադրութիւն» յորջորջուող մի «Կանոնադրութիւն», որի առաքելութիւնը հայութեան առաջադիմութեանը ծառայելն էր` գաւառի եւ կենտրոնի միջեւ կապող օղակ դառնալը, Ազգային եւ Կրօնական ժողովների գործունէութեան մէջ կարգուկանոն մտցնելը, եկեղեցականների եւ մեծահարուստների ներազգային իրաւունքներն ու պարտականութիւնները որոշ բանական շրջանակի մէջ դնելը: «Ազգային սահմանադրութեան» միջոցով հնարաւորութիւն էր ստեղծուել համախմբելու ազգի կարող ուժերն այնպիսի առաջնային խնդիրների շուրջ, ինչպիսին էին կրթութիւնը, դպրոցը, հիւանդանոցը, աղքատախնամը, տպագրական գործը, հայ եկեղեցին խորթ ազդեցութիւններից հեռու պահելը: Continue reading “ԱԿԱՆՋԴ ԲԵՐ՝ ԱՍԵՄ — Յակոբ Պարոնեանը ներազգային յարաբերութիւնների բովանդակութեան մասին”