Սոնա Տէր Մարգարեան-Թնկրեան — Ծննդեան 100-ամեակին առթիւ

Ս.Ա.Յ.

Յետ-Եղեռնի արեւմտահայ արձակի նոր վարպետներէն Սոնա Տէր Մարգարեան-Թնկրեանի ծննդեան հարիւրամեակն է 2018-ը։
Ծնած 1918-ին Պոլիս, Սոնա զաւակն էր մտաւորական Արփիար Տէր Մարգարեանի։ Նախնական կրթութիւնը ստանալէ ետք Սամաթիոյ Սահակեան վարժարանէն ներս, Սոնա Տէր Մարգարեան ուսումը կը շարունակէ Եսայեան ու ապա Կեդրոնական վարժարաններէն ներս, միաժամանակ հետեւելով երաժշտական ձայնամարզումի դասընթացքներու պետական երաժշտանոցէն ներս։ 1936-էն կը սկսեալ կը վարէ ուսուցչական պաշտօններ եւ կը շարունակէ երաժշտութեամբ զբաղիլ ու պետական երգչախումբէն երգել։ 1940-ական թուականներէն կը սկսի հրատարակել Պոլսոյ կեանքէն եւ կերպարներէն պատմուածքներ։ 1950-ին լոյս կը տեսնէ իր պատմուածքներու հատորներէն առաջինը «Կեանքին մէջէն» խորագրով, իսկ 1968-ին «Կեանքին հետ» հատորը։ Ան հրատարակած է նաեւ վէպ մը Մարուքեանները խորագրով եւ գրած է թատերական չորս արարէ բաղկացած «Քարէ պուպրիկը» խորագրով գործ մը։
Մինաս Թէօլէօլեան(*) Սոնա Տէր Մարգարեան-Թնկրեանը կը նկատէ ինքնատիպ գրագէտ մը ու «պոլսահայ մերօրեայ պատմուածքին ու վէպին արժանաւոր մշակը», իր «պատմուածքին ու վէպին մէջ՝ որքան տիպարներու, անոնցմով բեմադրուող բարքերու, ապրումներու ու կենցաղային հակումներու հակադրութեան, դասակարգային եւ անհատական ուրոյն նկարագիրներու, նո՛յնքան եւ կառոյցի, թեքնիքի, լեզուի, պատկերացումի թէ վերլուծական պահանջներու գրական կերպադրումը հաշտ է սեռին ու թեմաներու պարտադրած մշակման ու ներկայացման ընթացքին։ Կու գայ կեանքէ՛ն. կը զարգանայ դիտելու տեսնելու եւ թափանցելու համասեւեռ խորացումով մը, եւ գիտէ փոխանցել՝ առանց համոզելու որեւէ ճիգ ընելու»։
1981-ին հաստատուած է Նիւ Եորք՝ իր զաւկին մօտ(**)։ Հոն շարունակած է իր գրական գործունէութիւնը, հրատարակելով «Վէմ» պարբերաթերթը մինչեւ իր մահը 1986-ին։
Սոնա Տէր Մարգարեան-Թնկրեան այցելած է Հայաստան ուր գնահատանքի եւ հրատարակութեան արժանացած են իր գործերը եւ 1982 դեկտեմբերին՝ գրագիտուհիին երկու հատորներէն ու մամուլէն առնուած կարգ մը ստեղծագործութիւնները ամփոփուեցան «Սահանք» խորագրով հատորի մը մէջ, խմբագրութեամբ «Սովետական Գրականութիւն» պարբերաթերթի վարիչ-խմբագիր՝ Ստեփան Կուրտիկեանի։

*) Մինաս Թէօլէօլեան, Դար մը Գրականութիւն, բ. հատոր, էջ 372-374
**) Տես՝ Սփիւռքահայ արդի գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան, Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994, հատոր Ա.՝ էջ 526-527, 536 եւ հատոր Բ.՝ էջ 780։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *