Մի քանի խորհրդածութիւններ Հայաստանի հանրապետութեան հարիւրամեակին առթիւ

ՍԻՄԱ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

Հայ գրականութեան մէջ յատուկ տեղ ունին մեր ժողովուրդի ապրած մեծ կորուստները, աքսորի կեանքը, մեր ազատագրական պայքարը… Մեծ Եղեռնը…Ինչպէս Ռուբինա Փիրումեան կը գրէ. «գեղարուեստական գրականութիւն եւ քաղաքական գաղափարախօսութիւն… շաղկապուած են… այն ազգերի մօտ, որոնց պատմութիւնը յագեցած է օտար տիրապետութիւնների դէմ մղուած պայքարով, որոնք իրենց զանգուածներով, մտաւորականներով, բանաստեղծով ու ռազմիկով տոգորուած են հայրենիքը բռնագրաւող արտաքին թշնամուց ազատագրելու ձգտումով, (անոնց մշակոյթը) ամբողջապէս արտայայտութիւնն է հենց այդ ձգտումի… Նման մի ճնշուած ժողովրդի գրականութիւնը չի կարող զերծ մնալ այդ պայքարը մարմնաւորող գաղափարութիւնից։(1)
Հայ ազատագրական պայքարն ու մեծ աղէտը հայ գրականութեան մէջ տեղ գտած են ու ստացած «Աղէտի գրականութիւն» կոչումը(2)։
Հայ մշակոյթի եւ գրականութեան Զարթօնքի շրջանէն ի վեր ազատութեան, մարդկային իրաւունքներու գաղափարը մեր գեղարուեստական գրականութեան մէջ բարձր հնչած էր ու եղած հայ ազատագրական պայքարի խթանիչ կայծը։ «Հորիզոն գրական»ի խմբագրական կազմի հանդիպումներէն մէկուն հարց դրուած էր, թէ արդեօ՞ք Հայաստանի Ա. հանրապետութիւնը իր անդրադարձը ունեցած է հայ գրականութեան վրայ։ Մալխասի վիպականացուցած նկարագրականէն դուրս թերեւս չկայ Ա. Հանրապետութեան գոյութեան պատմական դէպքին ականատես ժամանակակից գրողներուն մօտ գրական փորձ։
Հայ գրական ստեղծագործական երկերու մէջ պետականութեան գաղափարը կարելի է գտնել յետ հայկական Զարթօնքի շրջանի գրական գործերուն մէջ, ինչպիսին են Րաֆֆիի վէպերը, կամ Ռաֆայէլ Պատկանեանի Վարդան Մամիկոնեանի յիշատակին գրած ազատատենչ բանաստեղծութիւնը, թէ Միքայէլ Նալպանտեանի «Մեր Հայրենիք» բանաստեղծութիւնը, որ գրաքննութենէն խուսափելու համար նուիրած է Իտալիոյ ազատագրումին(3)։

Հայրենիքին նուիրուած բազմաթիւ գործերու կը հանդիպինք հայ գրականութեան մէջ։ Հայաստանի առաջին անկախ հանրապետութեան ծնունդին առթիւ այդ հանրապետութեան Ճափոնի մօտ դեսպան նշանակուած Տիանա (Դիանա) Աղաբէկ Աբգար գրած է բանաստեղծութիւններ նուիրուած Հայաստանի առաջին հանրապետութեան, որոնք, ըստ Լեւոն Գ. Մինասեանի, Վանքի 1921-ի օրացոյցին մէջ լոյս տեսած են։ Ահաւասիկ առաջին տունը այդ բանաստեղծութիւններէն մէկէն.

Աստուած պաշտպանեա՛ Հայաստան
Պահեա ազատ եւ անարատ,
Օրհնեա նորա լեռք ու դաշտք
Աղբիւրք, գետք եւ ծովակ,
Պարգեւե՜ա շնորհ երկնային,
Սիրով քոյ կեցցո դու զհային
Ցնծա մեր հայրենիք։
Աստուած պաշտպանեա Հայաստան։

Դիանա Աղաբէկ Աբգար
Եոքոհամա, Ճափոն, փետրուար 1920

Սոնա Զէյթլեան իր Հայ Կնոջ Դերը Հայ Յեղափոխական Շարժման մէջ (1992) գիրքի Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի անդամ հայուհիներու բաժնի չորրոդ մասին մէջ կու տայ հետեւեալ կենսագրական տեղեկութիւնները Աբգարի մասին.
Ան ծնած է 1854-ին (այլ աղբիւրներ կը նշեն 1859) Նոր Ջուղայի մէջ ու ընտանիքին հետ հաստատուած Կալկաթա, Հնդկաստան։
Կրթութիւնը ստացած է տեղւոյն հայկական վարժարաններէն ու ապա անգլիական հիմնարկներէ ներս։ Ամուսնանալէ ետք մետաքսի առեւտրական Աբգար Միքայէլ Աբգարեանի հետ, 1889-ին կ՚անցնին Ռանկուն, Պիրմանիա։ Յաջորդ տարին ընտանիօք կը հաստատուին Ճափոն, նախ Քոպէ, ապա Եոքոհամա։ 1906ին ամուսնի յանկարծական մահէն ետք ան յանձն կ՚առնէ առեւտրական գործը։
1919 ան նշանակուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Ճափոնի մօտ եւ Եոքոհամայի հիւպատոս։
Մահացած ու թաղուած է Ճափոնի մէջ 1937-ին։
Իր անգլերէն հրատարակութիւններէն Սոնա Զէյթլեան նշած է՝ Ճշմարտութիւնը հայկական ջարդերու մասին, Եոքոհամա, 1910. Անիրաւուած Հայաստան, Եօքոհամա, 1910. Իր անունով, 1911. Խաղաղութիւն եւ ոչ խաղաղութիւն, Եոքոհամա, 1912. Մեծ չարիքը, Եոքոհամա, 1913. Հայաստան խաչուած Եւրոպայի կայսերապաշտութեան խաչի վրայ, Եոքոհամա, 1918։
Իր քաղաքական գրութիւններուն կողքին գրած է բանաստեղծութիւններ եւս։
1892ին կը հրատարակէ Սիւզան անգլերէն գրական գործը։ Իսկ 1905-ին կը հրատարակէ Ճափոնի ժողովուրդին նուիրուած երկ մը պատերազմի մասին։
Աբգար ինչպէս իր ժամանակակից այլ մտաւորականներ մեծապէս ծառայեց հայոց ցեպասպանութենէն վերապրած բեկորներուն ինչպէս նաեւ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան անկումէն ետք օգտակար եղաւ Սիպերիայէն արեւմուտք ապաստան որոնող հայ գաղթականներուն։
Սինկափուրի հայ համայնքին ան տուած էր իր հովանաւորութիւնը եւ կարիքաւոր հայութեան օգնութեան համար դիմած էր Ինտոնիզիոյ հայ համայնքին։
Իր զաւակներն ու թոռները հաստատուած են Ա.Մ.Ն. 2004-ին թոռներէն մին հրատարակեց Աբգարի From the Book of One Thousand Tales, Stories of Armenia and its people, 1892-1922։

Հայաստանի անդրանիկ խորհրդարանի անդամութեան ընտրուած երեք կին երեսփոխաններէն Պերճուհի Պարտիզպանեան-Բարսեղեան (1886-1940) եւս գրական գործեր թողած է որոնց մէջ նաեւ բանաստեղծութիւն մը Հայրենիքս խորագրով։ Բարսեղեան գրած էր իր այդ բանաստեղծութիւնը 1915-ի հայկական ցեղասպանութեան ընթացքին իր մտաւորական ամուսնին՝ Սարգիսի նահատակութենէն ետք։ Կորուստի մասին է Բարսեղեանի հայրենիքին նուիրուած բանաստեղծութիւնը(4).
Ուզեցի ատել, ուզեցի անիծել քեզ,
Հայրենիքս արիւնոտ,
Անիծել քեզ վշտի գալարումներուս,
Մենակ օրերուս, անհայր զաւակիս համար,
Անիծել արեան հեղեղներդ, որ ողջ երազներս
քշեցին տարան.
Բայց դու քու վէրքդ ցոյց տուիր ինձ,
քու մե՜ծ վէրքդ դարաւոր,
Եւ ես, անիծելու փոխան, լա՜ցի քեզի համար
Ու կու լամ քեզ հետ…

Պերճուհի Պարտիզպանեան ծնած է Էտիրնէ։ Կրթութիւնը կը ստանայ Ֆիլիփէ, աշակերտելով Ռոստոմ եւ Լիզա Զօրեաններուն։ Պատանի տարիքին կը հանդիպի Սարգիս Բարսեղեան յեղափոխական գործիչին ու անոր թելադրութեամբ կը հիմնէ օրիորդաց գրական խմբակ մը։ Ան ուսումը կը շարունակէ Ժնեւի մէջ։ Ուսանողական տարիներէն կը սկսի գրել։ Իր պատմուածքներու ժողովածուն կը հրատարակուի Փոթորիկէն վերջ խորագրին տակ։ Ժողովածուն նաեւ անգլերէնի կը թարգմանուի եւ լոյս կը տեսնէ After the Storm խորագրով։ Բարձրագոյն ուսումը աւարտելէ ետք կը վերադառնայ երկիր ու կը դասաւանդէ նախ Կիրասոնի մէջ ապա Սարգիս Բարսեղեանի հետ Վանի մէջ։ Օսմանեան սահմանադրութեան հրչակումէն ետք կ՚ամուսնանայ Սարգիսին հետ սակայն, ինչպէս վերեւ յիշեցինք, ամուսինը հայ մտաւորականութեան հետ որպէս Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ կը նահատակուի Մեծ Եղեռնի ընթացքին։ Յետ-Եղեռնի շրջանի զաւկին հետ նախ Պուլկարիա ապա Թիֆլիս կը փոխադրուի ուր կը շարունակէ ուսուցչութեամբ զբաղուիլ։ Հայաստանի անկախութեան շրջանին կը հաստատուի Երեւան ուր կ՚ընտրուի խորհդարանի անդամ եւ այլ հայուհիներու հետ գաղթականներու եւ որբերու խնամատարութեամբ կը զբաղի։ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան անկումէն ետք կը հաստատուի Ֆրանսա ուր կը շարունակէ ցեղասպանութենէն վերապրած հայ տարագիր ժողովուրդին հոգատարութեամբ զբաղիլ, յատկապէս Փարիզի Նանսէնեան գրասենեակին միջոցաւ, միաժամանակ շարունակելով գրել։ Իր պատմուածքներէն մի քանին արժանացած են ամերիկեան հրատարակիչ Edward J. O’Brienի մրցանակին։ Սոնա Զէյթլեան Պերճուհի Բարսեղեանի գրութիւններու մթնոլորտը կը գտնէ տխուր եւ իր ստեղծած հերոսները՝ ենթակայ ճակատագրի անողոք հարուածներուն(5)։ 2016-ին Համազգայինի Վահէ Սէթեան հրատարակչատունը Յակոբ Պալեանի խմբագրութեամբ լոյս ընձայեց իր վիպականացած ինքնակենսագրական երկին՝ «Խանձուած օրերը» խորագրին տակ, որ յուշագրութիւնն է Եղեռնին, ամուսնին կորուստին, աքսորի, յետ-Եղեռնի Պուլկարիա որբացած զաւկին հետ Պուլկարիա մեկնումին, Թիֆլիս անցնումին, որբահաւաքի աշխատանքին։ Գիրքին մասին 21 ապրիլ 2017-ին «Հորիզոն» շաբաթաթերթի էջերուն վրայ Սրբուկ ստորագրած էր հետեւեալը.
«Խանձուած օրերը» յուշագրութեան մէջ աչքի ինկող երկու յատկանշական երեւոյթներ կը գրաւեն ընթերցողը` կրթութիւնն ու իգական սեռին ազգային պարտականութեան գիտակցութիւնը:
Դէպքերը, որոնց մասին կը խօսի հեղինակը, բնականաբար տեղի կ՚ունենան Համաշխարհային Ա. պատերազմին սկիզբը: Պոլիս ենք. հոն կը տեսնենք ՀՅԴ-ի գործունէութիւնը, մասնաւորաբար դասախօսութիւններու ճամբով զգաստացնելու ու արթնցնելու պոլսահայութիւնը եւ ի մասնաւորի հայ երիտասարդութիւնը… Պոլսահայ հարուստ ընտանիքի զաւակ մեր հեղինակը` խանդավառ տիրող ազգայնաշունչ մթնոլորտէն ու միշտ ընտանիքէն գաղտնի, ներկայ կը գտնուի դասախօսութիւններուն, ուր կը ծանօթանայ դաշնակցական գործիչ ու իր ապագայ ամուսինին` Արա Օտապաշեանին (Վանայ Սարգիս): Հոս է, որ յստակ կը դառնայ ուսման անհրաժեշտութիւնը, մասնաւորաբար իգական սեռին համար ապագայի նկատառումներով` ազգին օգտակար դառնալու: 1915 մարտ-ապրիլ, մտաւորականներու ձերբակալութիւններ, որոնց շարքին նաեւ Պերճուհի Բարսեղեանի ամուսինը, որ տունէն անվերադարձ կը տարուի` թուրք ոստիկաններու առաջնորդութեամբ:
Աննկարագրելի տառապանք, յուզում. որոշ շրջանի մը համար յուսալքում. առանձին իր երեք ամսուան զաւկին հետ ու առանց նիւթական ապահովութեան: Սակայն ի վերջոյ կամքն ու հաւատքը կը վերակենդանանան: Կը տեսնէ իր նմանները ու աւելի վատ վիճակի մէջ եղողները, եւ հոն կը սկսի յուշագրութեան ամէնէն զգայացունց բաժինը, բայց նաեւ ծրագրուած աշխատանքի մը ձեռնարկութիւնը: Հոս ընթերցողը կը փոխադրուի նկարագրուած ժամանակաշրջանը եւ կ՚ապրի սիրտ այրող ու հոգի մաշեցնող հայ ժողովուրդի պատմութեան ամէնէն բարդ օրերը, երբ պարպուած այր մարդոցմէ եւ մտաւորական խաւէն զրկուած հայ կանայք ամէն ճիգ ի գործ կը դնեն փրկելու համար առեւանգուած ու բռնի ուժով իսլամանալու ենթարկուած հայ մանուկները, որպէսզի հայը ապրի ու գոյատեւէ … Այո՛ գոյատեւէ, որովհետեւ մտահոգութիւնը, որ կը կճէր անոնց հոգիները, թէ փրկուած մանուկներէն ոեւէ մէկը կրնար ըլլալ միակ ժառանգորդը ամբողջ գաւառի մը. այս իրականութիւնը զանոնք կը մղէր ձեռնարկելու նոյնիսկ փրկութեան ամենաբարդ գործողութեան: Ահաւասիկ, այդ օրերու պայմաններուն մէջ նմանօրինակ գործողութիւններ կազմակերպելը, այդ ալ տառապանք ապրած հայ կանանց կողմէ, իսկապէս յոյս, հաւատք ու հպարտութիւն ներշնչող երեւոյթներ են, ու անոնց ունեցած այդ հաւատքն է, որ զիրենք կը հասցնէ Հայաստանի անկախութեան տօնակատարութեան…
«Խանձուած օրերը» յուշագրութիւնը յստակ պատգամ ունի փոխանցելու մեր նոր սերունդին ու յատկապէս հայ օրիորդներուն, որոնք պիտի ըլլան մեր ապագայ մայրերը` հայ ազգին սիւները:

ՆՇՈՒՄՆԵՐ
1) Գրականութեան դերը Հայոց ազգային ազատագրական պայքարում, Մոնթրէալ, Համազգային-Գանատա 2003, 3, 7։
2) Տես Marc Nichanian, Writers of Disaster: Armenian Literature in the Twentieth Century, volume one, The National Revolution. 2002, Կոմիտաս Հիմնարկ։ Նաեւ Rubina Peroomian, Literary Responses to Catastrophe: A Comparison of the Armenian and the Jewish Experience, 1993։
3) Ռուբինա Փիրումեան, վերոնշեալ, էջ 42
4) Սոնա Զէյթլեան, Հայ Կնոջ Դերը Հայ Յեղափոխական Շարժման մէջ 1992 էջ 194։
5) Նոյն, էջ 195։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *