Բոլորին նման՝ ես ա՞լ…

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Չեմ գիտեր ինչպէս, յանկարծ, օր մը ես ինծի անդրադարձայ, որ լուռ եմ: Անխօս եւ աշխարհէն կարծես կտրուած ու քաշուած կեանք մը կ՚ապրիմ: Յաճախ ալ անկարծիք: Անաղմուկ նոյնիսկ շատերու համար՝ անտարբեր: Խոտէ բարձի նման, ինչպէս կ՚ըսէ առածը. ուր որ դնես հոն կը մնայ, նոյն տեղը, իր նոյն չափով եւ կազմով:
Ատենէ մը ի վեր, ոչ մէկ ձայն-ձիւն կը լսուէր ինձմէ: Լուռ էի: Նոյնիսկ լռակեաց: Բայց նման «բաներ», նման մակդիրներ ինծի համար խորթ կը թուէին ըլլալ։ Ճիշդ չէին։ Ես իրենց գիտցածը չէի։ Սխալ բան մը ըլլալու էր, կ՚ըսէի մտովի: Սխալ եւ անհաւատալի: Ես որ…:
Այո՛, ճիշդ էր, որ ինծի, այսչա՜փ լռութիւն չէր վայելեր: Պէտք է մասնակցէի ընդհանուր կեանքին։ Աշխարհը անհանգիստ էր։ Ամեն օր եւ ամեն վայրկեան տեսակաւոր լուրեր մարդոց ականջները կը լեցնէին։ Նոյնիսկ տեսանելի էր, որ տխրութիւն եւ անկէ ծնած դժգոհութիւն ալ կար նաեւ հայ կեանքին մէջ։ Իսկ ինձմէ՝ ոչ մէկ լուր… չեմ գիտեր ինչո՞ւ… ոչ մէկ բառ եւ կամ բախտաւոր պարագային՝ ոչ մէկ կարծիք: Այս բոլորին առաջքը առնելու մտադրութեամբ, որոշեցի ձեւով մը հանդիպում մը, տեսակցութիւն մը կազմակերպել, դասաւորել ես ինծի հետ:
Յանդգնութիւն՝ ներաշխարհս պեղելու եւ դուրս բերելու՝ թէ ես ու՞ր եմ, ի՞նչ կ՚ընեմ։ Ես եւ անձս՝ միայն: Զարմանալի չէ՞:
Այնպէս կ՚երեւէր, թէ ես ու անձս երկար ատենէ ի վեր իրարու հետ չէինք զրուցած: Ու այս մէկը կամ այս ձեւն ու որդեգրումը, պատեհ առիթ մը պիտի ըլլար տարիներու անկեղծ եւ խորք ունեցող մեր մտերմութիւնը, վերակենդանանար: Կեանքի վատն ու լաւը զատորոշել։ Պարզ երկու բառերու փոխանակում մը, խօսակցութիւն մը մեր երկու «անկեղծներուս» միջեւ:
Ուստի համաձայնեցայ, ու ես ինծի հարցումներ պատրաստեցի:
Նախ, փորձեցի հարցումներս դասաւորել, դասակարգել: Օրինակ՝ ազգայինին առանձին տեղ տրամադրեցի ու փորձեցի չխառնել միջազգայինին կամ հայաստանեանին հետ: Նոյնպէս տնտեսականը՝ ընկերայինին: Որոշեցի նաեւ, իր տեսակին մէջ հազուագիւտ այս հանդիպումը հեռու պահել բոլորի աչքերէն եւ ականջներէն: Թող ո՛չ ոք իմանար, թէ ինչե՜ր կը մտածէինք, ես ու անձս:
—Շատ շատ, — կը համոզէի ինքզինքս, — այդ «հրաշալի» պահուն, եթէ մէկը մեզ տեսներ եւ կամ աւելի ճիշդ ե՛ս, անձիս հետ խօսած պահուս, զիս տեսնողներ ըլլային, անկասկած պիտի կարծէին, թէ ես իսկապէս խենթ մըն էի։ Արդեօ՞ք ինծի կը վայելէր նման բան: Թերեւս…։ Նոյնիսկ պիտի ըսէին. «հէ՜յ վախ, այս մէկն ալ խելքը թռցուցած է»: Մէկ խօսքով՝ խենթացած: Խենթ մը: Պարզ, անվնաս խենթ մը։
Բայց, յանկարծ իբրեւ հակադարձութիւն՝ կ՚արդարանայի, թէ աշխարհի վրայ հազարաւոր մարդիկ կային, որոնք ճամբան իրենց քալած պահուն կամ ինքնաշարժ վարելու ժամանակ, առանձին կը խօսէին: Նոյնիսկ շատերու ծանօթ եմ, որոնք անխօս եւ անձայն, ձեռքով ու ոտքով, իրենք իրենց հետ կը զրուցէին: Թերեւս ալ կը վիճէին: Այս բոլորը հաւանաբար յարատեւ տագնապի մը երգերն էին։ Կամ…: Ո՞վ գիտէ: Բայց ինծի ի՛նչ:
—Է՜հ, ասոնք բոլորն ալ խենթ պէտք է՞ հաշուել: Մեղա՜յ: Չեմ կարծեր:
Տակաւին անդին կային մարդիկ, որոնք իրենց քնացած ժամանակն ալ կը խօսէին: Նաեւ կ՚ըսեն, թէ ոմանք ալ լոգանքի ժամանակ, թէ՛ կ՚երգեն, թէ՛ կը խօսին, նոյնիսկ՝ իրենք իրենց հետ կը վիճին: Նորէն կը կրկնեմ… ինծի ի՞նչ:
Հաստատապէս՝ այս մէկը սակայն ուրիշ հարց էր: Իմս՝ ուրիշ:
Վերջապէս, կը համոզէի ես զիս, որ մարդիկ, ընդհանրապէս առանձին գտնուած պահուն, այդ մինակութիւն ըսուած երանելի պահուն, վարժութիւն ըրած են առանձին խօսիլը, բայց խենթեր չեն եւ ոչ ալ խենթացածներ՝ այլ պարզ սովորութիւն: Եւ այս մէկը ճիշդ է: Ուրեմն, ոչ մէկ հարց: Ալ կը բաւէ՛։ Ո՛չ մէկ կասկածանք։ Եւ վերջ:
Եւ որպէսզի անհամ եզրակացութիւններու եւ կամ ըսի ըսաւներու դուռ չբանայի, երկուքով որոշեցինք, մեր այս զրոյցի ժամն ու վայրը գաղտնի պահել: Այդպէս ալ համաձայնեցանք ու համերաշխ սկսանք գործադրել: Մինչեւ հոս, ամեն բան սահուն ընթացաւ:
Բայց յանկարծ, երբ հարցումներուն հասանք, չես գիտեր ինչպէ՞ս մեր միջեւ սուր վէճ, անհամաձայնութիւն եւ երկպառակտում մը ծագեցաւ: Տարակարծիք եղանք:
Ըստ անձիս՝ հարցումներուն մէջ կային այնպիսի բաժիններ, որոնք «արգիլուած» էին, յատկապէս ազգայինէն ներս: Սփիւռքեան մեր կեանքին պատկանող:
—Արգիլուած՝ եւ վերջ: Չես կրնար: Փափուկ հարց է: Շատեր կրնան վիրաւորուիլ: Ուստի «ոտքերդ վերմակիդ համաձայն երկարէ»: Այսչափ: Անցնի՛նք յաջորդին:
—Բայց, ազգովին մենք գանգատներ շատ ունէինք եւ տուժած ենք այդ սխալներէն, այդ հակասական պատկերներով լեցուն իրավիճակներէն, — արագ կ՚արդարանամ։ Անօգուտ։ Անձս ինծի իրաւունք չտուաւ «խորունկ» եւ այսպէս կոչուած, մեր ազգային կեանքի մասին «վտանգաւոր» հարցումներ հարցնել։
Անձնապէս կը կարծէի, որ այս բոլոր «արգիլեալ պտուղները» կը կազմէին ողնասիւնը մեր ժողովուրդի առօրեային: Անոր համար, ինծի արգիլած էր, ազգին «նաւը շարժել», կամ՝ քարկոծել եւ կամ ալեկոծել, ինչպէս կ՚ըսէ ամերիկացին:
—Որովհետեւ… շատ փափուկ հարցեր էին: Ջուրերը պղտորելու ժամանակը չէր: Քեզի չի խառնուիր այդ «ջուրերուն» էութիւնը, անոնց մաքուր, ջինջ կամ պղտոր ըլլալը բնորոշելը: Քեզմէ մեծերը կան: Հոն, ազգային այս սահմանէն ներս հարց ըսուածը գոյութիւն չունի. Հասկցա՛ր: Հիմա մարդկութիւնը ուրիշ պաշտամունք ունի. դրամի։ Անոր համար ամեն բան սահուն կ՚ընթանայ. գիտցիր: Ամեն ինչ փայլուն է: Ուստի,եթէ հարցեր չկան. բնականաբար՝ խնդիրներ ալ գոյութիւն չունին: Ալ հերիք է եւ բաւական:
Կարծես զիս պիտի խեղդէր: Նշմարելի էր ճակտի քրտինքը: Անկեղծ ըսելով մէջս տեսակ մը վախ մտաւ: Զգացի, որ կրնայի մեծ վիճաբանութեան մը դռները բանալ եւ նոյնիսկ «վրաս յարձակելով, դանակի խաղեր ըլլային»: Եւ որպէսզի տարիներու մեր միջեւ ստեղծուած, հիւսուած եւ գոյութիւն ունեցած բարեկամութիւնը մեր ազգին հարցերուն երեսէն չկտրուէր կամ չքանդուէր, հլու եւ անձայն ու անբողոք՝ համաձայնեցայ եւ այսպէս բոլոր ազգային հարցումները զանց ըրի: Հիմնովին մտքիս տետրակի էջերէն սրբեցի բոլորն ալ:
Գլուխս երկար շարժեցի։ Ինչպէ՞ս թագցնել մարդոց հոգեկան մերկութիւնը։ Բայց՝ այս է եղեր կեանքը։ Ապա վերջը՝ անցանք միջազգայինին:
Հոս էր, որ այս անգամ ես «ոտքս կոխեցի» ու պնդեցի, որ ալ փախուստ չկար, պէտք է լրջօրէն կարծիք յայտնել: Անձս փորձեց համոզել, թէ մեծ երկիրներու քաղաքական հաշիւներուն իր խելքը չէր հասներ:
—Չեմ հասկնար, — ըսաւ անմեղօրէն եւ յստակ: Միակ հասկցած բանս այն էր, որ մեծ տէրութիւն կոչուածը, որ շատ առատ դրամ եւ միաժամանակ հզօր զօրք ունի, տէր է բոլոր անգիր իրաւունքներուն: Ոչ ոք կրնայ զինք հարցուփորձել: Մեզի ի՜նչ, անո՛նց այս հիւանդ աշխարհը վարելու քաղաքականութիւնը կամ առաքելութիւնը։
Ճարահատ եւ ստիպուած, ազգայինին նման՝ սրբեցի նաեւ միջազգայինի բաժինն ալ:
Հապա հայաստանեա՞նը:
—Անցնինք՝ շեշտեց. դո՛ւն չես կրնար հասկնալ…, հիմա ատոր ատենը չէ: Չես տեսներ, որ հոն ինչե՜ր կը պատահին: Միայն բարի մաղթանքներ պէտք է ընել: Խոհեմ շարժիլ: Այսքան:
Այս անգամ ալ առանց վիճելու եւ յաւելեալ լուսաբանութիւններ պահանջելու՝ լռեցի։ Մէկ խօսքով՝ հնազանդեցայ: Ստիպուած այս բաժինն ալ սրբեցի:
Ապա անցանք «ընկերային»ին:
—Բայց, ի՜նչ ընկերային, — բացականչեց անձս: — Ո՞վ քեզի իրաւունք կու տայ այս մասին արտայայտուելու, — բռնկեցաւ բարձրաձայն: — Ինչու մի հարցներ: Նկատելի է, չէ՞, որ հոս ալ յաճախ անարժանը արժեւորուած է եւ անարդարը՝ արդարացած…
Վախէս՝ անմիջապէս այս մէկն ալ սրբեցի: Իսկապէս իր այս բռնկումին իմաստը չհասկցայ: Յետոյ, անդին մնացին քանի մը տնտեսական եւ «խըվըր— զըվըր» հարցումներ:
—Այս բաժնին համար պէտք չունինք այնչափ ծանրանալու, — կրկին անգամ պատճառաբանեց անձս, ինքզինք արդարացնելու ոճով եւ մտադրութեամբ: Ապա մտերմօրէն համոզեց թէ երկուքս ալ լաւ գիտէինք, որ «կուշտը, անօթիին վիճակէն երբեք չէ հասկցած», ուստի անիմաստ պիտի ըլլար այս մասին կարծիք յայտնելը:
Իսկ վերջին, այս բոլոր զիջումներէս ետք, ըսաւ.
—Այս բոլորէն ետք, յայտնի եղաւ, որ այս օրերուն իսկապէս, դո՛ւն ալ փոխուած ես եւ դասուած «անտարբերներու» շարքին: Կը կարծեմ, որ ալ քաջութիւնը չունիս դուն քեզ դիտելու։
Վայրկեանին, իր խօսքին իմաստը չկրցայ հասկնալ: Երկար նայեցայ իր դէմքին, աչքերուն, թերեւս նոր բան կրնայի կռահել:
—Այսինքն…, — ըսի համարձակ ու բարձրաձայն: Իսկապէս, որ ալ համբերութիւնս հատած էր:
—Մարդիկ կը կարծեն, որ դուն անկարծիք ես եւ նոյնքան ալ «կորսուած» կ՚երեւիս, — գոչեց երեսիս:
—Հա՜, ուրեմն այդպէ՞ս, — ըսի հնազանդ աշակերտի նման, դո՛ւն ալ անանկ կարծէ, — ըսի ինքզինք պաշտպանող ամբաստանեալի մը հեւքով եւ ապա լռեցի:
Ու այսպէս, այդ օր, հազիւ ես իմ անձիս հետ քանի մը վայրկեաններու սահմաններու մէջ առանձնացած էի, յանկարծ տեսայ, որ արդէն հարցում—մարցում չէր մնացած: Ամեն բան ցնդած էր: Կարծես սփիւռքեան մեր կեանքը, առօրեան եւ իրավիճակը քննելու կամ զննելու կարիք ալ չկար: Ամեն բան «սահուն» էր եւ …:
Ինծի այնպէս կը թուէր, որ իսկապէս ես ալ վարակուած էի «միւսներէն»: Արդեօ՞ք ես ալ անձնապէս գոհ էի եղածէն, հրամցուածէն ու միւսներուն նման կը խուսափէի «նաւը շարժել»: Շուարած էի։ Մտահոգ եւ անհանգիստ։
Ուրեմն, իր իսկ արժեւորումով՝ ոչ մէկ տարբերութիւն իմ եւ «անոնց» միջեւ:
Է՜հ, այդպէս թող կարծեն, շարունակեցի, ես չմնացի աշխարհը համոզող։ Ուրեմն ըստ իրեն՝ ո՛չ կարծիք եւ ոչ ալ տեսակէտ ունէի, պարզապէս խոտէ բարձ…։
Ահա՛ քեզի կեանք:
Ահա՛ քեզի նոր վիճակ եւ երեւոյթ: Կը կարծէր, որ իսկապէս հայութեան աղմուկէն ինքզինքս կամովին դուրս ձգած էի:
Հասկնալի էր: Ինք չարաչար կը սխալէր, ինչպէս նաեւ կը սխալէին միւսները: Բոլորը: Անհրաժեշտ էր շուրջի «ըսի-ըսաւներէն» հեռու մնալ, ականջ չկախել: Իսկ հիմա տեսնելով ինքնութեանս վերաժեւորումն ու գնահատանքը, թէեւ ներքնապէս մտահոգ եւ դժգոհ էի, բայց ուրախ էի, որովհետեւ իսկապէս դարձած էի առաւել ինքնավստահ:

Լոս Անճելըս

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *