Պարոն Արտաշէսը

Կարօ Պօհճալեան

Աթապայի հրապարակի բանուկ անկիւններէն մէկուն վրայ, Աւետիս Չագըճեանը Primus վաճառանիշով խոհանոցի օճախի, ռատիոներու, եւ շուէտական ուրիշ ապրանքներու ներկայացուցչական մեծ վաճառատուն ունէր:
Շէնքին ճակատի վերի մասին վրայ, գիշերները վառող-մարող գունաւոր լոյսերով ծանուցումներ կ՚երեւային, որոնց մէջ տիրական դիրքով Continue reading “Պարոն Արտաշէսը”

«Հունա Ալ Գահիրա»

Կարօ Պօհճալեան

Հին թաղերու փողոցներուն մէջ, աղմկոտ սրճարաններէն եկող ռատիոյի խօսնակներու բարձր ձայնը, երբեմն ընթացիկ յայտագիրը յանկարծ կ՚ընդմիջէր եւ՝ «Հունա ալ Գահիրա» ըսելով ունկնդիրներուն կը յիշեցնէր, որ կայանի ձայնային սփռումը Եգիպտոսի մայրաքաղաք Գահիրէէն կը կատարուէր: Continue reading “«Հունա Ալ Գահիրա»”

«Ընթերցուածս Առակաց» եւ Խաւարման գիշերը

Կարօ Պօհճալեան

Եղանակը գարուն էր, բայց անապատէն փչող մարտ ամսուան Խամսինի հովերը դեռ չէին սկսած:
Կային օրեր, երբ գարունը տարուան եղանակներու բեմին վրայ, երբեմն հովերու նոր պարեր կը սկսէր եւ դաշտերու բոյսերուն վրայ ալ ձրի զօրաւոր հով ու առատ արեւ կը բաժնէր:
Բայց այդ տարին դպրոցի մեր զբօսանքի ժամերուն, հովերը բակին մէջ դեռ թեթեւ կը փչէին եւ Աղա Կարապետ Գալուստի կիսանդրիին առջեւի մանուշակներուն գլուխներն ալ մեղմօրէն կը շոյէին ու մասնաւոր Continue reading “«Ընթերցուածս Առակաց» եւ Խաւարման գիշերը”

Երգող արեւին երկիրը…

Կարօ Պօհճալեան

Երկաթուղիի գլխաւոր կայարանի տոմսավաճառի խուցին մէջ տարեց մարդ մը սեղանիկի մը առջեւ նստած, տրցակներով տոմսերը կը համրէր:
— Բարե՛ւ, — ըսի խցիկին կլոր պատուհանին առջեւ, — աշխարհի ամենախաղաղ անկիւնը երթալու տոմսակ ունի՞ք…
Մարդը վայրկեան մը դադրեցաւ տոմսակները համրելէ եւ.
— Ի՞նչ տեսակ խաղաղ երկիր, — հարցուց:
— Տեղ մը, ուր պատերազմ չըլլայ, մարդիկ զիրար յարգեն, համերաշխ ապրին եւ «դրսեցի»ի խտրականութիւններ տեղի չունենան… Continue reading “Երգող արեւին երկիրը…”

Ոսկին, Փռլանթը եւ Փերուզը…

Կարօ Պօհճալեան

Մանկապարտէզի բակին նայող խոշոր պատուհաններով դասարանին մէջ, դասապահը սկսելու զանգին ձայնը շատոնց մարած էր, բայց օրիորդ Ազատուհին չէր երեւցած եւ կ՚ուշանար գալու: Մենք սպասումի մէջ էինք:
Յանկարծ դասարանին դուռը բացուեցաւ, օրիորդ Աղաւնին ձեռքը գիրք մը բռնած ներս մտաւ եւ կարեւոր լուր մը բերողի ձեւով բարձրաձայն ըսաւ. Continue reading “Ոսկին, Փռլանթը եւ Փերուզը…”