Կարօ Պօհճալեան
Երկաթուղիի գլխաւոր կայարանի տոմսավաճառի խուցին մէջ տարեց մարդ մը սեղանիկի մը առջեւ նստած, տրցակներով տոմսերը կը համրէր:
— Բարե՛ւ, — ըսի խցիկին կլոր պատուհանին առջեւ, — աշխարհի ամենախաղաղ անկիւնը երթալու տոմսակ ունի՞ք…
Մարդը վայրկեան մը դադրեցաւ տոմսակները համրելէ եւ.
— Ի՞նչ տեսակ խաղաղ երկիր, — հարցուց:
— Տեղ մը, ուր պատերազմ չըլլայ, մարդիկ զիրար յարգեն, համերաշխ ապրին եւ «դրսեցի»ի խտրականութիւններ տեղի չունենան…
Մարդուն դէմքը փոխուեցաւ եւ մտածկոտ արտայայտութիւն մը ստացաւ: Յետոյ հասկցած ըլլալու ձեւով մը գլուխը երկու անգամ շարժեց եւ.
— Ուրի՞շ, — հարցուց:
— Կ՚ուզէի, որ երթալիք երկիրս ցուրտ չըլլար եւ մանաւանդ տաքի մօտ ալ կլիմայ մը ունենար, որպէսզի դաշտերուն մէջ բերքերը շուտ հասուննային եւ առատ ըլլային:
Տարեց մարդը համբերութեամբ մտիկ ըրաւ ըսածներս, յետոյ ձեռքի տրցակէն տոմսակներու քանի մը էջ դարձուց ու.
— Ա՞յդ է բոլորը, — հարցուց:
— Մոռցայ ըսելու, որ այդ երկիրը պէտք է հայ կեանք ունենայ, հոն հրատարակուող հայերէն թերթեր ըլլան, ակումբներ, եկեղեցի եւ դպրոցներու բակին մէջ ալ հայերէն խօսող ու վազվռտող երեխաներ ըլլլան…:
Տոմսավաճառը յանկարծ անհամբեր շարժումով մը ետ հրեց նստած աթոռը, ոտքի ցատկեց ու խցիկին պատուհանին մօտեցաւ: Ես նոր նշմարեցի, որ ան միջահասակ էր, սեւ ալեխառն մազեր ունէր եւ աչքերուն ծանր կոպերը յոգնած մարդու տպաւորութիւնը կու տային իր դէմքին նայողին…:
— Տե՛ս, — ըսաւ ան պատուհանին առջեւ բառերը հատիկ-հատիկ արտասանելով, — տաք կլիմայ, խաղաղ երկիր, հայ կեանք եւ դպրոցներու բակին մէջ ալ խաղացող հայախօս երեխաներ, այսօր շատ քիչ են եւ գրեթէ գոյութիւն չունին այլեւս…:
Տոմսավաճառին ձայնը փոխուած էր: Ես վայրկեանին չկրցայ որոշել, թէ մարդը յուզուա՞ծ էր, թէ պահանջներէս բարկացած, բայց ատենին խորհելով որ կը չափազանցէր՝
— Խաղաղ երկիր, տաք կլիմայ եւ հայ կեանք, — պնդեցի:
— Օ՜, — նեղացաւ մարդը, — դուն դեռ պիտի շարունակե՞ս ըսածներուս չհաւատալ եւ անիմաստ պահանջներուդ վրայ ալ հաստատ մնալ…:
— Անիմա՞ստ… ինչպէ՞ս թէ անիմաստ, — առարկեցի։
— Անիմաստ, որովհետեւ պէտք է գիտնաս, որ այսօր ուր որ ալ երթաս, աշխարհը ամեն տեղ տակն ու վրայ է: Դուն շուրջդ չե՞ս նայիր, չե՞ս տեսներ, թէ կեանքի ապահովութիւնը եւ հանգիստ ապրիլը, ոեւէ մարդ արարածի համար, քու փնտռած արժէքներէդ շատ աւելի կարեւոր են…:
— Թերեւս… սակայն արժէքներու տրուած կարեւորութիւնը մեզմէ կախում ունի, — պատասխանեցի, բայց վայրկեանին խորհելով որ մարդն ալ ըսածին մէջ մասամբ իրաւունք ունէր, պահ մը տրամադրութիւնս ինկաւ:
Կայարանին մէջ գացող-եկողներու եռուզեռը շատցած էր հիմա, եւ ամեն կողմէ յանկարծ երեւցող ու աճապարանքով քալող բեռնակիրներ, սայլակներու կամ ուսերու վրայ ճամպրուկներ բեռցուցած, կառամատոյցներու առջեւ սպասող շոգեկառքերուն կողմը կ՚ուղղուէին:
— Տի՜ւթ…
Հեռուէն մեկնելու պատրաստ շոգեկառք մը բարձր սուլեց:
— Ո՛չ, — պատասխանեց հարցումիս միջահասակ տոմսավաճառը, — ո՛չ, այդ շոքեկառքը մինչեւ մօտիկ նաւահանգիստին քաղաքը կ՚երթայ ու յետոյ գիծերուն վրայ ետ կը դառնայ: Եթէ ուզես դեռ անկէ անդին ուրիշ հեռու երկիրներ երթալ, պէտք է նաւով կամ օդանաւով շարունակես ճամբորդութիւնդ: Բայց չմոռնաս ճամբորդելէդ առաջ նախ քեզի եւ ընտանիքիդ համար անհրաժեշտ արժէքներուն մասին մտածել ու անկէ ետք միայն երթալիք տեղդ որոշել:
— Խաղաղ երկիր… դպրոցներու բակին մէջ հայախօս…
Մարդը ձեռքի վանողական ուժեղ շարժումով յանկարծ խօսքս կտրեց.
— Ինքնախաբէութիւն, — մռլտաց քիթին տակէն ու պահ մը ետք, կարծես արդէն ձանձրացած ըլլար ըսածներէս, չուզեց լսել մնացեալը, գնաց սեղանին վրայէն տոմսակներու տրցակ մը ձեռք առաւ եւ քիչ առաջուան էջեր դարձնելու եւ համրելու գործը սկսաւ այնքան աշխուժութեամբ շարունակել, որ կարծես թէ գիշերը ցերեկին խառնելով էջերուն համրելը պիտի չվերջանար:
— Ուրեմն ըսել կ՚ուզես, որ այսօր պայմանները փոխուած են, եւ բոլոր ուզածներս մէկ երկրի մէջ գտնելը անկարելի՞ դարձած է, — հարցուցի խօսակցութիւնը իր հունին դարձնել փորձելով…
— Ես ուզեցի միայն այսօրուան իրականութիւնը բացայայտել քեզի, — պատասխանեց մարդը նեղացած շեշտով…:
Խորհեցայ որ մարդը թերեւս իրաւունք ունէր: Ամեն ոք՝ իր տեսանկիւնէն…: Ի վերջոյ ես ալ իմ տեսակէտս ունէի…
— Էհ, — ըսի ձայնիս մէջ անմիջապէս հաշտարար շեշտ մը դնելով, — քանի որ այդպէս է, գոնէ առանց պատերազմի, խաղաղ անկի՞ւն մըն ալ չես կրնար ճարել ինծի…:
Մարդը ինձմէ յայտնօրէն բարկացած էր, հարցումս չլսել ձեւացուց:
— Նոյնիսկ եթէ միւս պահանջածներէ՞ս ալ հրաժարիմ…
Տոմսավաճառին դէմքը անմիջապէս պայծառացաւ, ճակտին պռստած յօնքերը վայրկենաբար անհետացան ու բարձրաձայն՝
— Եա սալա՜մ, — երկնցուց պատուհանիկին առջեւ, — դուն վերջապէս իրատես դարձար եւ խելքով մտածելու սկսար, բայց հիմա կեցիր, տեսնեմ, գիտցածներէս ո՞ր երկիրը երթալու քեզի տոմսակ կարելի պիտի ըլայ ճարել:
— Ո՛ւր կ՚ուզէ թող ըլլայ, միայն չմոռնա՛ս՝ տաք կլիմայ եւ անպայմա՛ն խաղաղ ու խտրականութիւն չունեցող երկիր պէտք է ըլլայ, — յիշեցուցի մտահոգուած:
Մարդը պահ մը մտածեց, յետոյ ձեռքին երկու կամ երեք մատները ծալեց, «Ուահետ, իթնէյն»ով համրեց ու յանկարծ՝
— Տե՛ս, — սկսաւ գոհունակ ժպիտով, — հեռու՜ն, ծովերէն անդին երկիրներ կան, ուր եթէ օր մը այցելես, պիտի տեսնես, որ բոլորն ալ հիւրընկալ եւ խաղաղ ու ապահով ապրելու տեղեր են:
Ես յուսադրուեցայ:
— Բայց անոնց մէջ հատ մը կայ, որ այդ յատկութիւնները ունենալէ զատ, դեռ կանաչ բուսականութեամբ, առատ ջուրերով եւ յատկապէս պտղատու ծառերով ալ հարուստ է…
Հաւատալս չեկաւ…
— Իրա՞ւ կ՚ըսես… աշխարհի մէջ այդպէս երկիր կրնա՞յ գոյութիւն ունենալ, — ընդմիջեցի զարմացած…
Մարդը բթամատը վեր դարձուց իբրեւ հաստատական նշան:
— Օհօ՜, գոյութիւն ունի, հարկաւ, եւ դեռ խաղաղ ըլլալէ զատ ալ, շատ ընդարձակ է, — աւելցուց:
— Ո՞ւր է այդ երկիրը եւ ինչպէ՞ս կ՚երթցուի, — հարցուցի հետաքրքրուած:
— Հողը բարեբեր, գեղեցիկ բնութեամբ օժտուած, իսկ կլիման ալ ճիշտ ուզածիդ պէս բարեխառն է, — շարունակեց ալեհերը առանց հարցումիս պատասխանելու:
Խցիկի պզտիկ պատուհանին առջեւ, յանկարծ խնամուած լայնատարած կանաչ դաշտերով, պտղատու ծառերով եւ հոտաւէտ պարտէզներով գեղեցիկ երկիր մը երեւակայեցի, եւ վայրկենական մտքի թռիչքով հոն փոխադրուեցայ:
Մարդը իրականութեան մէջ լաւ պատմող էր եւ կը տիրապետէր յարմարագոյն բառերով նկարագրածը ճոխացնելու դժուար արուեստին:
— Հեռո՜ւ, մեծ ու կապոյտ ծովերէ անդին, — շարունակեց մարդը, — այդ երկիրը խիտ անտառներ եւ բարձր երկինք ունի, ուր գունաւոր թռչուններ յաճախ լուռ կ՚անցնին եւ սահուն կապոյտին մէջ, թեւերնին շարժելով կը թեւածեն ու հանդարտ կը հեռանան…: Հոն ամբողջ տարին արեւ կայ, ճերմակ արեւ, որ անդադար կ՚երգէ եւ իր երգին տաք ու գեղեցիկ ձայնը քաղաքներուն եւ դաշտերուն վրայ կը տարածէ…:
Ես հիացած էի մարդուն պատմելու ձեւէն: Ան վարպետ գեղանկարիչի մը պէս, վրձինը ձեռքի երփնապնակի մը գունաւոր բառերուն թաթխելով, իրարու ետեւէ, իւղաներկէ գեղեցիկ կտաւներ կը ներկէր առջեւս…
Սակայն որքան որ պարզ եւ գեղեցիկ էին իր բառերը, վայրկեանին ես չհասկցայ փոխաբերական իմաստով գործածած իր «արեւը կ՚երգէ»ն եւ հարց տուի, թէ արեւը ինչպէ՞ս կրնար երգել…
— Կ՚երգէ, այո՛, կ՚երգէ… անշուշտ թէ կ՚երգէ, — կրկնեց եւ վստահ շեշտով, — արեւը վերէն իր ճառագայթներուն լարերովը ամեն տեղ օրն ի բուն կ՚երգէ, բայց մարդիկ չեն լսեր իր երգին ձայնը, — հաստատեց…:
— Չե՞ն լսեր…
— Միայն դաշտերուն ծաղիկները կը լսեն այդ ձայնը… ու երբ կաթիլ-կաթիլ ըմպեն եւ զգան արեւուն ձայնին հետ բաշխուած ջերմութիւնը, բարակ ձողիկներու վրայ վեր դարձած ժպտուն գլուխներով կամաց-կամաց կը բացուին, եւ դաշտերուն մէջ գոյներու տօնախմբութիւն սկսելով, չորս դին հոտաւէտ ծաղիկներու բոյր կը տարածուի…:
Հոս մարդը վայրկեան մը կեցաւ եւ կարծես ծաղիկներուն բոյրը շնչել ուզէր, բաւական խորունկ շունչ քաշեց:
Դիմացը կայարանի գլխաւոր մուտքին բարձր մասին վրայ, կարմիր, դեղին, կանաչ ու բաց կապոյտ երփնապակիներով կազմուած նկարներու ետեւ, արեւը վայրկեան մը դուրսէն լոյս վառեց…:
Տոմսավաճառը պահ մը դադրեցաւ խօսելէ:
Ես հաճոյքով սպասեցի եւ տպաւորուած իր նկարագրականէն, պահ մը ինծի այնպէս թուաց, որ արեւի լոյսին տակ ձեռք-ձեռքի տուած ժպտուն ծաղիկները, բոյրերը, եւ մարդուն գեղեցիկ բառերով ալ մտքիս մէջ անոնց յանկարծ սկսած դարձդարձիկ պարերը, ես միշտ պիտի յիշէի ու երբեք չմոռնայի…:
Ես սիրած էի պատմելու հետաքրքրական իր ձեւը, եւ եթէ կարելի ըլար, պիտի ուզէի, որ շարունակուէին ու չվերջանային պատմածները:
Հիացած էի, բայց պահ մը ետք խորհելով որ կրնար թերեւս անգիտակցօրէն չափազանցած ըլլալ, թերահաւատ, հազիւ համարձակեցայ հարցնել.
— Ի՞նչ է այդ գեղեցիկ երկրին անունը…
— Պրազիլ, — պատասխանեց մարդը արագ ու անվարան:
— Պրազի՞լ…
Դեռ մինչեւ վայրկեան մը առաջ, մտքիս մէջ իր նկարագրած երկրին մասին հետզհետէ կազմուող կախարդական բոլոր պատկերները յանկարծ չքացան:
Միջահասակ մարդը շուտով կարդաց դէմքիս փոփոխութիւնը:
— Ի՞նչ կայ… ի՞նչ եղաւ, — հարցուց մէկէնիմէկ զարմացած:
Ես Պրազիլի մասին իր պատմածներէն եւ գովածներէն բոլորովին տարբեր բաներ լսած էի, եւ գիտէի, որ հոն երկու թուանշաններով տեւական սղաճ եւ տարածուած կաշառակերութիւն կար, կառավարական ու հարուստ ընկերութիւններու բարձր եւ միջակ մակարդակի պաշտօնատարներ, դրամով օրէնք, պատիւ եւ ամեն տեսակ իրաւունք գնելու սովորութիւն ունէին:
— Այդ երկրէն զատ ուրիշ տեղ չկա՞յ երթալու, — հարցուցի ես հիասթափուած ու բարկացած:
— Ինչո՞ւ… ի՞նչ եղաւ… ամեն մարդ հոն կ՚ուզէ երթալ, հիմա դո՞ւն եղար Պրազիլը չհաւնող, — հարցուց խօսակիցս վշտացած շեշտով:
— Երկիրը կրնայ գեղեցիկ ըլլալ, բայց հոն օրէնք յարգող չկայ…
— Է՛հ, ի՞նչ կը սպասէիր… ես արդէն սկիզբէն քեզի չըսի՞, որ աշխարհը հիմա ամեն տեղ տակն ու վրայ է… բայց տե՛ս, դուն լաւ մտածէ, հոն պատերազմ չկայ, եւ ա՛յդ է ամենէն կարեւորը, դուն ինչո՞ւ այդքանով չես գոհանար… ի վերջոյ կեանքի ապահովութիւն ունենալն ու հանգիստ ու խաղաղ ապրիլը կարեւոր չե՞ն քեզի համար…:
Մարդը խօսքերուն տպաւորութիւնը տեսնելու համար պահ մը ուշադրութեամբ երեսիս նայեցաւ:
Խորհեցայ, որ թերեւս իրաւունք ունէր, բայց նախընտրեցի չպատասխանել:
— Հա՛, — վերսկսաւ ան քիչ ետք, — ես գիտեմ, դուն նորէն այդ անիմաստ գաղափարներուդ ետեւէն ես, բայց եթէ մտածածդ եւ զգացածդ քեզի կամ քեզի պէսներուն համար այդքան կարեւոր է, ուրեմն թող ամեն ընտանիք ազգի լեզուն յաջորդ սերունդներուն սորվեցնելու պաշտօնը իր վրան առնէ, ու եթէ խնդիրը այս ձեւով նոյնիսկ կարելի չըլլայ բոլորովին լուծել, գոնէ մինչեւ նոր ժամանակներու գալը, որոշ չափով թեթեւցած կ՚ըլլայ…:
Չարութիւն չկար մարդուն ձայնին մէջ, կար միայն կուռ տրամաբանութիւն, համոզելու փորձ եւ կեանքը ապրելու ու վայելելու մտահոգութիւն…:
Վայրկեան մը չգիտցայ ինչ ըսելս:
— Է՛հ, — շարունակեց մարդը քիչ ետք, — հիմա դիմացդ միայն երկու ճամբայ ունիս, մէկը ինքնախաբէութեանն է եւ միւսն ալ իրատեսութեանը: Եթէ որոշես ինքնախաբէութեան ճամբուն հետեւիլ, ուրեմն ասկէ ետք աշխարհի վրայ խաղաղ անկիւն մի՛ փնտռեր:
— Ինչպէ՜ս….
— Փնտռելդ իմաստ չունի, աւելի լաւ կ՚ըլլայ որ տեղդ մնաս ու միայն ընկերներուդ հեռանալը դիտես, որովհետեւ ա՛յս է բոլոր իրատես մարդոց այս օրերու նախընտրութիւնը:
Խորհեցայ, որ մարդը լաւ գիտէր իր տեսակէտը պաշտպանելու ձեւը:
Ան շարունակեց խօսիլ, քիչ մըն ալ ծանրացաւ հեռու եւ խաղաղ ապրելու հեռանկարին վրայ, գովեց ծովերէն անդին գտնուող հարաւի երկրին ուրախ երգերը, յիշեց Քարնաւալին արեւէն այրած մորթով հոլանի կիներու տռփոտ եւ ցանկայարոյց պարերը, ամռան հաճելի տաք գիշերները ու վերջացնելէ առաջ աւելցուց.
— Լա՛ւ մտածէ, կեանքը ապրիլ ու վայելել է պէտք, — յետոյ ալ թեւէս բռնելով, — մի՛ մոռնար, յիշէ՛ ըսածս… ա՛յս է շատերու նախընտրութիւնը՝ կեանքի իրականութիւնը, — աւելցուց համոզիչ շեշտով:
— Կեանքի իրականութի՜ւն …
Որքա՜ն հեշտօրէն կը խօսէր տոմսավաճառը, եւ որքա՜ն դժուար էր չընդունիլ ու չհամաձայնիլ այդ իրականութեան…:
Բեռնակիրներ տակաւին կը շարունակէին մեր քովէն անցնիլ եւ հիմա գրեթէ վազելով շոգեկառքերուն կողմը կ՚ուղղուէին:
— Տի՜ւթ… անգամ մըն ալ փչեց կառամատոյցին առջեւ արդէն նաւահանգիստ երթալու պատրաստ շոգեկառքը եւ զօրաւոր դղրդիւնով առջեւ շարժեցաւ:
Անմիջապէս պատուհաններէն դուրս մեծ ու պզտիկ սեւ գլուխներ եւ շարժող ճերմակ թաշկինակներ երեւցան: Ես դիտեցի այդ տեսարանը ու մտքովս՝ «այս շոգեկառքը արդեօք քանի՞ «կեանքի իրականութիւնը» փնտռող եւ նաւահանգիստի քաղաքէն ուրիշ երկիրներ գացող ընտանիքներ կը փոխադրէ» խորհեցայ:
Սակայն շոգեկառքը անհաղորդ ու անտեղեակ ճամբորդներու «տարտ»էն կամ նպատակէն, կայարանին մէջ կարծես կասկածով սկսած քայլերը դուրսը յանկարծ դանդաղ վազքի փոխեց, ու ապա հետզհետէ արագացնելով, հեռո՜ւն գիծերու դարձուածքի մը վրայ անհետացաւ…:
* * *
— Շարունակէ՛, — ըսի բազմոցին վրայ քովս նստած պզտիկ թոռնիկիս, — եթէ դժուար ու չհասկցուած բառերու հանդիպիս, դադրեցուր կարդալդ եւ ինծի հարցուր, — աւելցուցի Արային:
Արան, մեր բարձր ձեղունով տան միջնայարկի գրասենեակիս մէջ, պզտիկ մատը առջեւի բաց գիրքին տողերէն մէկուն տարաւ եւ բարձր ձայնով Աւետիք Իսահակեանի հեքիաթներէն մէկուն մէջ, «Երբ արեւը կամաց-կամաց իջաւ մօտակայ լեռներուն ետեւը» կարդաց:
Հեքիաթը արեւմտահայերէնի վերածուած, մաքուր տպագրութեամբ գրքոյկի մը մէջ հրատարակուած էր:
Ես հետեւեցայ իր բարակ ձայնին եւ բազմոցիս վրայ նստած, մտքիս հեռադիտակը բացի եւ պատուհանէն դուրս դիտեցի:
Հեռո՜ւն երկնքի մշուշոտ ճերմակ ամպերէն անդին, յանկարծ նեղլիկ փողոցներով, միջինարեւելեան փոշոտ քաղաք մը տեսայ:
Հոն դպրոց, ակումբներ եւ եկեղեցիներ կային, ուր կամարներու տակ շարժող բուրվառներու բոժոժիկներուն ձայնը, կարմրած ածուխի եւ խունկի հոտերուն խառնուած, ոլորուելով, ծննդավայրի եկեղեցիներէս յուշիկ երկինք կը բարձրանային:
Այդ բոլորը տարիներ առաջ ես տեսած ու վայելած էի, բայց հիմա հեռու էի անոնցմէ եւ կարօտցած էի: Մտայ հեռադիտակիս երկար խողովակին մէջ ու քալեցի… Անցայ մեր հին տունէն, թաղէն, քալեցի սիրած փողոցներէս, ուզեցի վերապրիլ առաջուան հին օրերս, եւ մեր եկեղեցիին ու դպրոցիս ճամբուն վրայ, յանկարծ քաղաքի երկաթուղիի գլխաւոր եւ աղմկոտ հին կայարանին մէջ, հին օրերուս սպիտակահեր տոմսավաճառին հանդիպեցայ:
— Օ՜, — ըրաւ մարդը ուրախացած՝ երբ զիս տեսաւ, — շատոնց քեզ չէի տեսած, իմացայ, որ վերջապէս Պրազիլ գացեր ես, շիտա՞կ է….
— Այո, եւ արդէն տարիներէ ի վեր հոն կ՚ապրիմ:
— Քանի որ այդպէս է, ուրեմն հաւնած ըլլալու ես երկիրը:
— Միայն երկիրը…
— Շատ կարճ պատասխանեցիր, միայն ա՞յդքան… ուրի՞շ… պատմէ նայիմ ուրիշ ի՞նչ կայ, ինչպէ՞ս է կեանքը հոն…:
— Տե՛ս, մենք տարիներ առաջ ընտանիքով գաղթեցինք այդ երկիրը, եւ շիտակը, գէշ բաներու կողքին, ուրիշ լաւ բաներ ալ տեսանք:
— Գէշ բանե՞ր ըսիր, շա՞տ գէշ…
— Աղքատութիւն, անարդարութիւն, չարաշահութիւն, սանձարձակ կաշառակերութիւն…
— Է՛հ, ես քեզի ասկէ առաջ արդէն չէի՞ ըսած, որ աշխարհը ամեն կողմ տակն ու վրայ է, բայց շիտակը ըսէ, այդ գէշ բաներէն զատ լաւ բան չտեսա՞ր հոն…:
— Տեսայ ծննդավայրիս մէջ նմանը չտեսած բարձր շէնքեր, քալեցի ու անցայ արեւահամ ճառագայթներու տակ հրապարակներէ ու փողոցներէ, եւ յետմիջօրէներուն երկնքէն գունաւոր կտուցներով ու փետուրներով գեղեցիկ թռչուններուն թեւածման ժամանակ, դաշտերու մէջ բացուած վայրի ծաղիկներ քաղեցի…:
— Ուրի՞շ, ուրիշ ի՞նչ ըրիր կամ տեսար այդքան երկար տարիներուն ընթացքին:
Ես այնքան բաներ ըրած էի, որ վայրկեանին չկրցայ յիշել եւ պահ մը ստիպուեցայ մտածել:
— Քարնաւալներուն ի՞նչ ըրած ես, — հարցուց մարդը յանկարծ եւ կարծես քարնաւալներն ալ շատ կարեւոր ըլլային, անհամբեր սպասեց:
— Քարնաւալը ինծի համար կարեւոր չէ, ես անկէ աւելի կարեւոր բաներ ըրած եմ անցած տարիներուն ընթացքին:
— Աւելի կարեւո՞ր… ի՞նչ ըրած ես:
— Ամուսնացած եւ ընտանիք կազմած եմ:
— Իրա՞ւ, քանի՞ հոգիէ կազմուած է ընտանիքդ:
— Ունիմ կինս՝ Արսինէն, աղջիկս՝ Անին, եւ պզտիկ թոռնիկս՝ Արան, որոնց բոյրն ու տաքութիւնը «երգող արեւ»ի երկրի մեր հիմակուան տան մէջ ես միշտ կը զգամ…:
— Օհօ՜, ի՛նչ լա՜ւ, ալ ի՛նչ ըսեմ, դուն ամենէն կարեւոր ու լաւ բանը ըրած ես կեանքիդ մէջ, — ուրախացաւ մարդը եւ թեւս բռնեց:
— Օ, Կա՛, — լսեցի յանկարծ քովէս Արային ձայնը, — էջին կէսը արդէն կարդացի, հիմա կրնա՞մ երթալ եւ բարեկամներուս հետ խաղալ…:
Նայեցայ՝ Արան էր, թեւէս բռնած:
— Գնա՛, գնա եւ զուարճացիր, ազատ ես, — պատասխանեցի:
Արան գոցեց գիրքը եւ վազելով միջնայարկի սանդուխներէն վար իջաւ:
Իր երթալէն ետք գոցեցի մտքիս հեռադիտակը եւ յուսացի, որ մեր լեզուն թոռնիկիս հետ սերունդ մը աւելի գոյատեւէր «երգող արեւ»ի երկրին մէջ: «Ինքնախաբէութի՞ւն» էր արդեօք մտածելու այս ձեւս, չուզեցի գիտնալ…: Ես գոհ էի: Ոտքի ելայ եւ հեռատեսիլէն օրուան վերջին լուրերուն մասին տեղեկութիւններ ստանալու համար, իջայ եւ նստասենեակին մէջ Արսինէին ու Անիին քով տեղ գրաւեցի:
Քամփինաս, Պրազիլ