Սագօ Արեան
Ոչ, սովորական երգ մը պիտի չգրեմ այսօր.
Աղօթքի եւ սերմի արքայութեան մասին պիտի չգրեմ,
Ոչ ալ արիւններուն մասին որոնցմէ անցանք
Արցունքներու մասին պիտի չգրեմ այսօր, որ դեռ չեն ցամքած ձեր աչքերուն տակ …
Հողի մասին պիտի չգրեմ, որ մեզի աղօթք էր ատեն մը.
Սուրբերուն մասին ոչ, պիտի չգրեմ այսօր, որ մնացին վանքի նկուղներուն մէջ, անպատսպար ու մինակ …
Պիտի չգրեմ եղբայրութեան մասին, որ կաթիլ կաթիլ ծորեցաւ գինիներուն հետ թափուած…
Եղբայրներուս մասին պիտի չգրեմ, որ մէկիկ-մէկիկ հեռացան, ու դարձան հողին, հող դարձան։
Կամ երազներուն, որ ամեն այգի կը մեռնէին, երբ արեւը բոսոր կը տարածէր բերկրութիւնը մեր սէրերուն…
Խանդին մասին, երգ ու պարին պսակումներուն մասին, ոչ, պիտի չգրեմ այսօր.
Ոչ ալ խաչեալ Քրիստոսին, որուն ծնունդն է այսօր ճերմակ ձիւնին վրայ։
Բանաստեղծ եղբայրներուս մասին, որ լքած են աւետարանը խօսքի, աղօթքը լքած են մեր հին խանձարուրին մէջ..
Ոչ, պիտի չգրեմ սիրոյ մասին, որ հատիկ հատիկ նռան հատիկներուն պէս ինկաւ հողին վրայ
Ոչ ալ սպասումներուն մասին, երբ ես եւ ուրիշ մը անծանօթ սարսռալով ճամբորդեցինք դէպի հեռուն…
Քաղաքներուն, շէներուն, լքուած պարտէզներուն, ամեհի վանքի կարօտներուն խաչուած խաչքարերուն ու պատուհասուած Ձեր ճակատագրին մասին։
Ձեր գաղթին, բռնագաղթին, Ձեր սեւ աչքերուն, որ լոյսին մէջ կը փայլին, անոնց մասին ալ պիտի չգրեմ։
Ինչքան դառն է այս երազը, որ փշուր-փշուր մէջս կը կ՚ընդելուզուի, կը խառնուի մենաւոր սենեակիս պատերուն, սպասումներուս ու կանչիս, պիտի չգրեմ ես։
Գրեմ միայն հանգստութեան մը համար, որ կամացուկ մը ներս կը մտնէ այս օճախէն ու բարակ ձեւով հայրենիք մը կը նկարէ ինծի…
Բոլոր անցորդներուն պէս, բոլոր հեռացողներուն համար, իրենց ճանապարհը կորսնցուցածներուն,
Այս դարու մեծ մեռելներուն մասին, մինչ ես նոր ակնոցս դրած, ոսկեայ շողերուն վրայ այս արեւին, որ կը բացուի, եւ ճերմակ գագաթներդ կը տեսնեմ։
Ես սիրեցի՞ այս երկիրը, ես ցանեցի անոր հողին մէջ, ես զգացի այս սիրոյ մեծ կարօտը եւ ես տեսայ սիրող աչքերը ձեր Արցախի։
Իմ անունս Արցախ դրէք, որ ետ գամ վէրքէն, ոչ թէ սուտ հայրենասիրութեան թմբուկներուն տակ, կամ տօներուն, որ տհաս էին միշտ։
Ոչ անոր համար որ Կարինը, Մուշը, Տիարպէքիրը ու Պոլիսը միշտ փայփայեցի, այլ անոր համար, որ դուք ալ իմ ճակատագրիս մէջ դարձած միասին…
Ես հայրենիք մը փնտռեցի, կախեցի ճերմակ խաչ մը իմ կուրծքին վրայ, աչքերս ճերմակ դարձան ցաւէն, ու մեռան իմ մէջ սերմերը բոլոր։
Ըսին նորէն պիտի ապրիս, այդ ապրումը մահուան չափ սեւ էր, ու թախիծը կը մտնէր ջիղերուս մէջ։
Ես որ բանաստեղծութիւնը վաճառեցի ու անոր փոխարէն քանի մը տրցակ լրագրութիւն ծալեցի հացին համար մեր նօթի։
Ես որ սիրեցի կեանքը, ու Ձեր խայտանքներուն մէջ զարկի իմ խարիսխները, ուր առանց ծովու կարօտ մը մեծցաւ ու մեծցաւ ինձմէ աւելի։
Իմ անօրէն աղմուկներուն մէջ, իմ երախտիքի լռակեացութեան համար, գետինները սրբելով ու տան փոշիները առնելով,
Մաքրեցէք իմ հոգին սեւ փոշիներէն ու թողէք, որ ես ճամբորդեմ սիկառի ծուխերուն մէջ…
Բոլորը չեն որ թշնամի են, բոլորը չեն որ բարեկամ են, բոլորը չեն որ բարակ են, շարուած են անոնք կը սպասեն այրումի պահին, ու դեռ կը սպասեն որ ես ալ հատնիմ…
Բայց ափէ ափ կը սաւառնիմ, բարձր պարիկները կը բռնեն ձեռքէս, մինչ ընկերս խարոյկներու շուրջ գաղափարներու աղմուկը կը պատմէ։
Ձգեցէք որ այս գիշեր ալ ես չգրեմ, չգրեմ իմ ափերուն մէջ պահուած գաղտնաբառին ու աղօթքին մասին, որ մաս մաս մարմնիս մէջ մտաւ ու իմ հետ է ընդմիշտ։
Ձգեցէք, որ այս հողը աւելի սիրեմ, մայրիկս, վա՜խ մայրիկս ձեռքդ համբուրեմ…
Ձգեցէք, որ դռնէ դուռ զարնեմ, ձգեցէք որ բառը, որուն համար մեռած էի երեկ, սպանեմ։
Ձգեցէք, որ աղօթեմ ձեզի համար..
Ձգեցէք, որ այս գիշեր ես չգրեմ, ձեռքերս կապեցէք, լեզուս կերպով մը մաքրեցէք, թեւերս արձակեցէք…
Ձգեցէք, որ ես ապրիմ, այս ցաւէն, այդ չչորցող արցունքներէն անդին…
Ձեր աչքերուն մէջ ես եմ,
Նայեցէք Ձեր մէջ, ես հոն եմ՝ ձեռքերս ահա պարզած ու նոր ոսկեզօծ ակնոցներով կը նայիմ հեռուն…
Երեւան