Որոտանը որոտա՛ց

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ

1976-ին երբ Երեւան էի, օր մը Վահագն Դաւթեանը ըսաւ.
— Այսօր Համօ Սահեանին պիտի երթանք։
— Ինչո՞ւ, հո՞ս է։
— Ո՞ւր պիտի ըլլայ, հո՛ս՝ Երեւանի մէջ է։
— Ի՛նչ գիտնամ՝ Որոտա՜ն, Որոտա՜ն. կարծեցի գիւղը կ՚ապրի, Որոտանի ափին։
— Այ աղջիկ,— ժպտեցաւ,— Որոտանը իր մէջ կ՚ապրի։ Continue reading “Որոտանը որոտա՛ց”

Խօսք` ընդ Ամենակալին

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Շաբաթներէ ի վեր ուզած էի Քեզի հետ խօսիլ: Քեզի դիմել: Մտահոգութիւնս յայտնել: Պարզել: Բայց սանկ տեսակ մը վախ, ակնածանք եւ անհամարձակութիւն պատճառ դարձած էին, որ չկարենամ ինծի համար շատ մտերմիկ եւ նոյնքան ալ հարազատ այդ զրոյցս իրականացնել: Continue reading “Խօսք` ընդ Ամենակալին”

Բանաստեղծութիւններ

ՆՈՐԱ ՊԱՐՈՒԹՃԵԱՆ
ՉԻՄԱՍՏ

պիտի քալեն փոշիները չհասկցուած ճամբաներու մայթերէն
ու ոչ մէկը դիմացէն հարցումով մը պիտի դպնայ ուսերնուն
պիտի տեսնեն բերանքսիվայր մրմռացող ցոլքերը
ու ձայներուն ափերը՝ աղմուկներէն ածխացած
կողպ կուրծքի արձանին տակ հով՝
պիտի շարժեն չորցած գնդիկները արիւնի
անոնց սմքած ուղեղները այլեւս
չեն գիտեր ե՞րբ
սիրաբանիլն ու սիրելը նոյնն էին Continue reading “Բանաստեղծութիւններ”

ՄԵՐ ՍԵՐՈՒՆԴԸ ՍԻՐԵԼ ՉՀԱՍՑՐԵՑ

ՎԱՐԴԻՆԷ ԻՍԱՀԱԿԵԱՆ

Երկրաշարժին յաջորդեց պատերազմը, մութը, ցուրտը, սովը… Նաւթէ պատրոյգով լամպի թանձր լոյսը միշտ թեւածում է մեր յիշողութեան մէջ… Պատերազմ էր, մեր հայրերը, առաւօտ կանուխ արտասովոր համազգեստը հագած, համբուրեցին մեր ճակատները ու մեկնեցին ռազմաճակատ: Մենք քնած էինք ձեւանում, բայց մինչեւ հիմա պարզորոշ յիշում ենք այդ համազգեստի կոշտ հպումը, նրանց ուսից կախուած ինքնաձիգի մետաղէ հոտը եւ զինուորական սապոգներից կոշտացած նրանց հեռացող քայլքի ձայնը… Continue reading “ՄԵՐ ՍԵՐՈՒՆԴԸ ՍԻՐԵԼ ՉՀԱՍՑՐԵՑ”

Յակոբ Կարապենցի ստեղծագործութիւնը — 6

ՆԱՆԱՐ ՍԻՄՈՆԵԱՆ

Արցախի Գրիգոր Նարեկացի համալսարանի դասախօս

ԳԼՈՒԽ ԵՐՐՈՐԴ
(Ա.)
ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԹԵՄԱՏԻԿ-ԲՈՎԱՆԴԱԿԱՅԻՆ ԱՐԾԱՐԾՈՒՄՆԵՐԸ ԵՒ ՆԵՐՔԻՆ ՄԱՐԴՈՒ ՊՐՈԲԼԵՄԸ ԳՐՈՂԻ ՎԷՊԵՐՈՒՄ

«Կարթագէնի դուստրը» վէպը Յակոբ Կարապենցը գրել է 1971-1972 թթ. Ուաշինգտոնում, տպագրել 1972-ին, Բէյրութի «Ատլաս» տպարանում: Նուիրուած էր հօր յիշատակին՝ ուշագրաւ խոստովանութեամբ՝ նրան, «…որի կեանքը շարունակում է ճառագել իմ եւ այլոց կեանքում»(77)։
Այն ամերիկահայ արձակագրի լայն կտաւի առաջին նշանակալից գործն էր եւ անմիջապէս գրական աշխարհում բուռն հետաքրքրութիւն առաջ բերեց, նախ ժանրի անակնկալ թուացող ընտրութեամբ եւ պատմուածքների մէջ ստեղծագործական հիմնաւոր փորձառութիւն ձեռք բերելուց յետոյ, ապա օտար միջավայրի մէջ իբրեւ «իւրային», այսինքն՝ իբրեւ զտարիւն ամերիկացի թափանցելու համարձակութեամբ, որը, անշուշտ, ընդգծելու էր ամերիկեան միջավայրն ու հոգեբանութիւնը «ներսից» ճանաչելու եւ ներկայացնելու իր խիզախութեամբ։ Continue reading “Յակոբ Կարապենցի ստեղծագործութիւնը — 6”

ԳՐՔԵՐՈՒ ՀԵՏ — Գէորգ Պետիկեանի «Ես տեսայ Անին» հատորը

ԲԺ. ՕՀԱՆ ԹԱՊԱՔԵԱՆ

Անցեալ տարի, 2019 թուականին Լոս Անճելըսի մէջ լոյս տեսաւ գրող, մտաւորական, հայ լեզուի ու մտքի հանրածանօթ մշակ, երկարամեայ տնօրէն, գրական բեղուն վաստակ ունեցող ու ազգային գործիչ, նախկին հալէպահայ Գէորգ Պետիկեանի «Ես տեսայ Անին» հատորը, մեկենասութեամբ տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Լօլա Գարապիպերճեաններուն, ձօնուած՝ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան եւ ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան հարիւրամեակին: Continue reading “ԳՐՔԵՐՈՒ ՀԵՏ — Գէորգ Պետիկեանի «Ես տեսայ Անին» հատորը”

ՀԱՄԱՎԱՐԱԿԻ ԱՅՍ ՊԱՐՏԱԴՐԱՆՔԻՆ ՏԱԿ

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Ձեզմէ աղէկ չըլլայ, պոլսահայ բարեկամ մը ունէի, որ նաեւ տերվիշ էր՝ այս բառին ազնիւ իմաստով, այսինքն՝ մօտաւորապէս փիլիսոփայ, առանց փիլիսոփայի յաւակնութիւններ ունենալու: Երբ ակնկալուած արդիւնք մը չստացուէր կամ կիսատ-պռատ ստացուէր, կ՚ըսէր… թրքերէնով. «Կարճ օրուան շահը՝ պզտիկ կ՚ըլլայ»:
Հիմա, համավարակի այս պարտադրանքին տակ, ա՛յդ է, որ յիշեցի:
Վասնզի պիտի գոհանամ քանի մը բառերու լուսաբանութեամբ: Continue reading “ՀԱՄԱՎԱՐԱԿԻ ԱՅՍ ՊԱՐՏԱԴՐԱՆՔԻՆ ՏԱԿ”

«ՆՈՐՔ»Ի ՎԵՐՋԻՆ ԹԻՒԸ

Լոյս է տեսել «Նորք» գրական-գեղարուեստական, հասարակական-քաղաքական հանդէսի անցեալ տարուայ չորրորդ համարը: Հանդէսը բացւում է գլխաւոր խմբագիր Լիլիթ Յովսէփեանի` Հայաստանի գրողների միութեան 85-ամեակին նուիրուած շնորհաւորանքով: ՀԳՄ յոբելեանին է նուիրուած նաեւ ՀԳՄ նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեանի համառօտ խօսքը: Այնուհետեւ ներկայացուած են տարբեր տարիներին ՀԳՄ-ն ղեկավարած գրողները: Դրաստամատ Տէր-Սիմոնեան Continue reading “«ՆՈՐՔ»Ի ՎԵՐՋԻՆ ԹԻՒԸ”