ՈՉ ԵՒՍ Է ԱՆԱՀԻՏ ԹՈՓՉԵԱՆ (1947-2021)

Վերջին պահուն իմացանք, որ սեպտեմբեր 20-ին մահացած է նաեւ Ալեքսան Թոփչեանի շնորհաշատ կողակիցը՝ յայտնի դերասանուհի, արձակագիր, թարգմանիչ, ՀՀ վաստակաւոր արտիստուհի Անահիտ Թոփչեան (ծնեալ՝ Մկրտչեան)։

Ինչպէս հիները կ՚ըսէին, Աստուած կը նայի լեռան ու կու տայ ձիւնը։

 

 

ԸՆԴՀԱՏՈՒԱԾ ԹՌԻՉՔ (Պետրոս Հերեանի դիմանկարի ուրուագիծ)

ԱԼԵՔՍԱՆԴՐ ԹՈՓՉԵԱՆ

Կայունացած մի օրինաչափութիւն է նկատւում գրականութեան պատմութեան մէջ: Առաջին քայլերն անող բանաստեղծների ջախջախիչ մեծամասնութիւնը, եթէ ոչ բոլորը, մի որոշ շրջան, մինչեւ հասունանալը, մինչեւ սեփականը հաստատելը, գտնւում են մեծերի մոգական ազդեցութեան ներքոյ, դրանով իսկ ասես նշելով իրենց ակունքը, քերթողական նախասիրութիւնները: Բաւական է յիշել թէկուզ Չարենցի օրինակը, որի առաջին բանաստեղծութիւններում նկատւում է Տէրեանի բացայայտ ազդեցութիւնը: Ֆրանսիացի դրամատուրգ եւ արձակագիր Ժան Ժիրոդուն էլ հետաքրքիր դիտարկում ունի` գրուած նման մի առիթով: Խօսելով իր առաջին քայլերի մասին գրականութեան մէջ, գրում է. «Ես հիւրասիրում էի ինձ ոչ թէ գրքերով, այլ հէնց նոյն Continue reading “ԸՆԴՀԱՏՈՒԱԾ ԹՌԻՉՔ (Պետրոս Հերեանի դիմանկարի ուրուագիծ)”

Գեղարուեստական ժամանակի եւ տարածութեան խնդիրը Համաստեղի արձակում

ՆԱՐԻՆԷ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ

բ.գ.թ., դոցենտ, Արցախի պետական համալսարան

Արեւմտահայ տոհմիկ ինքնութեան, կորսուած ծննդավայրով ամբողջացող պատմական հայրենիքի ոգեղէն գոյութեան վերահաստատման տեսանկիւնից Համաստեղի արձակը գեղագիտական նոր որակ ու նշաձող սահմանեց սփիւռքահայ գրականութեան մէջ՝ սկզբնաւորելով եւ առաջնորդելով կարօտի գրականութիւնը։ Արեւմտահայ նախաստեղծ ոգու յայտնաբերմամբ, բնութենապաշտ մարդու աշխարհայեացքային հետահայեաց խորաքննութեամբ, մարդ-բնութիւն հոգեւոր կապուածութեան ու ներդաշնակ համակեցութեան ենթաշերտերի բացառիկ ընկալմամբ, յիշողութեան մէջ փլատակուող հայրենի երկրի անխաթար պատկերի գոյաբանութեան մտայնութեամբ Համաստեղը ազգային մշակոյթի մէջ ամրագրեց Խարբերդի գեղարուեստական աշխարհը՝ Continue reading “Գեղարուեստական ժամանակի եւ տարածութեան խնդիրը Համաստեղի արձակում”

Առաջին դասապահը

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Յանկարծ զրոյցը փոխեց իր սովորական հունը, չես գիտեր ինչպէս:
— Ուրեմն, այդպէ՛ս… պարոն… համաձայնեցանք, — վերջապէս ըսաւ տարիքոտ եւ քիչ մըն ալ նիհարակազմ մարդը, — երկուշաբթի առաւօտ, Աստուած ուզէ, նախ կը մտնէ՛ք տնօրէնի գրասենեակ, եւ ապա ձեր դասացուցակը վերցնելէ ետք, կ՚անցնի՛ք ձեր դասարանը…, ձեր գործին…, հ՞ը…եղա՞ւ…: Continue reading “Առաջին դասապահը”

ՀԱՅԵՐԷՆԸ ԿԸ ԶՈՒԱՐՃԱՆԱՅ (Է.)

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

1. Կ՚երդնունք, որ պիտի շարունակենք պայքարը…

Բոլորս ալ հակամէտ ենք գործածելու այսպիսիները՝ կ՚երդնում, կը զբօսնուս, կ՚ընթեռնու, պիտի թողուր…
Իսկ եթէ շարունակել պէտք ըլլայ այս բայերու խոնարհումը՝ տարածելու զայն այլ դէմքերու, թիւերու, եղանակներու ու ժամանակներու վրայ, — ապա կը կարծեմ, թէ բոլորս ալ պիտի անճրկինք. միայն հմուտ գրաբարագէտ մը պիտի կարենար ընել այդ մէկը, եթէ իրապէս հմուտ գրաբարագէտ մնացած է ի մերում կողմանս: Continue reading “ՀԱՅԵՐԷՆԸ ԿԸ ԶՈՒԱՐՃԱՆԱՅ (Է.)”

Մեր ՕԳՈՍՏՈՍ 2021-ի թիւը

Սիրելի ընթերցող, «Հորիզոն գրական»ի ՕԳՈՍՏՈՍ 2021-ի թիւի նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։

Բարի ընթերցում։

ԹԷՅ

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ

Ամբողջ եղածը քախքէ եւ թէյ էր
Քախքէն կը մկրտուէր տարչին թէյին մէջ,
Ամենայն փութով՝ փափկացած մասին
Կը քսէինք կարագ, վրան՝ մեղրագոյն թուզի անուշ էր.
Աշխարհի ամենէն համով պատառն էր։ Continue reading “ԹԷՅ”

«Հայր մեր»-ը դուն գիտե՞ս, օղլո՛ւմ՝ Անդրանի՛կ

ԶԱՐԵՀ ՍԱՓՍԸԶԵԱՆ

Սուրիոյ բանակի ֆութպոլի խումբը, որ լաւագոյնը կը նկատուէր Սուրիոյ մէջ, Արեւելեան Եւրոպա իր շրջապտոյտին համար խումբը ուզեց զօրացնել յաւելեալ մէկ կամ երկու լաւագոյն խաղացողներով։ Եւ լաւագոյն թեկնածուն անշուշտ Անդրանիկն էր, Հալէպի ՀՄԸՄ-ի, նաեւ ամբողջ Սուրիոյ լաւագոյն ռմբարկուն, ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն յոյսը, իսկ հակառակորդ խումբի բերդապահներուն ահն ու սարսափը։ Երբ գնդակը Անդրանիկին ոտքը ըլլար եւ ան հակառակորդին բերդին մօտենար, համակիրները, մեծ եւ պզտիկ հաւասարապէս, տարօրինակ խանդավառութեամբ կը քաջալերէին զինք, խոստանալով համբուրել Continue reading “«Հայր մեր»-ը դուն գիտե՞ս, օղլո՛ւմ՝ Անդրանի՛կ”

Բաբելոնի աշտարակ ըստ Մարդամէկի

ՄՀԵՐ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ

Արդէն թւում էր թէ մուսաս անյոյս խռովել է ինձնից, երբ մայրաքաղաք Երեւանի երկնքում պայթած կայծակի հետագիծը ուրուագծեց մեր աւետեաց երկրի իրական սահմանները, վերջապէս յոյսի մի շող սփռելով յուսահատ ժողովրդի ընկճուած հոգիներին։
— Ասում էինք չէ, կայ ապագայ, — բացականչեցին ոմանք՝ նրանք, որ ուսապարկ էին կրում։
— Բա որ ասում էինք այլընտրանք կայ, չէիք հաւատում, — ձայնակցեցին այլոք՝ նրանք, որ ուսապարկ չէին կրում։ Continue reading “Բաբելոնի աշտարակ ըստ Մարդամէկի”