Գեղարուեստական ժամանակի եւ տարածութեան խնդիրը Համաստեղի արձակում

ՆԱՐԻՆԷ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ

բ.գ.թ., դոցենտ, Արցախի պետական համալսարան

Արեւմտահայ տոհմիկ ինքնութեան, կորսուած ծննդավայրով ամբողջացող պատմական հայրենիքի ոգեղէն գոյութեան վերահաստատման տեսանկիւնից Համաստեղի արձակը գեղագիտական նոր որակ ու նշաձող սահմանեց սփիւռքահայ գրականութեան մէջ՝ սկզբնաւորելով եւ առաջնորդելով կարօտի գրականութիւնը։ Արեւմտահայ նախաստեղծ ոգու յայտնաբերմամբ, բնութենապաշտ մարդու աշխարհայեացքային հետահայեաց խորաքննութեամբ, մարդ-բնութիւն հոգեւոր կապուածութեան ու ներդաշնակ համակեցութեան ենթաշերտերի բացառիկ ընկալմամբ, յիշողութեան մէջ փլատակուող հայրենի երկրի անխաթար պատկերի գոյաբանութեան մտայնութեամբ Համաստեղը ազգային մշակոյթի մէջ ամրագրեց Խարբերդի գեղարուեստական աշխարհը՝ պատմաաշխարհագրական որոշակի տեղանքով, նիստ ու կացով, վարք ու բարքով, հոգեբանութեամբ ու կենսամտածողութեամբ։
Կորսուած հայրենիքի եւ անհետացող արեւմտահայ ինքնութեան պատկերաստեղծման համակարգի առանցքային տարրը Համաստեղի արձակում կարօտաբաղձութիւնն է, հակընդդէմ ժամանակի ու տարածութեան մէջ իդեալականացուող անցեալի վերյուշը՝ պատրանքի ու թախծի նրբերանգներով։ Անցեալի կենդանագրումը, արեւմտահայ բնաշխարհիկ կենսագծերի եւ բնութենական- էութեան էմոցիոնալ յիշողութիւնը, մարդու նախաստեղծ ոգեընկալումը Համաստեղի արձակում նպատակաուղղուած է կորուսեալ հայրենիքի ոգեկոչմանը։
Բնաշխարհիկ հայ մարդու պատկերակերտումը՝ գեղարուեստական մանրաքանդակումներով ու հետահայեաց վերաիմաստաւորումներով, գրական համատեքստից դուրս Համաստեղի ստեղծագործութեան մէջ դառնում է ապագային միտուած գաղափարական կողմնորոշում։ Այդ առումով գեղարուեստական ժամանակն ու տարածութիւնը դառնում են առանցքային Համաստեղի պատմուածքներում, երբ գոյաբանական շարունակութիւնը տանում է դէպի նախասկիզբը, հոգեւոր նկարագրի եւ արժէքների արմատները։ Գեղարուեստական ժամանակը, այսպիսով, Համաստեղի ստեղծագործութիւններում անցեալն է, տարածութիւնը՝ հեռւում մնացած Խարբերդի Փերչենճ գիւղը, որոնք ոչ թէ առանձին բաղադրիչներ են, այլ միասնական ու փոխկապակցուած երեւոյթ։
Ներկան՝ որպէս ժամանակային փուլ, աներեւոյթ գործօն է Համաստեղի ստեղծագործական աշխարհայեացքում, իսկ գեղարուեստական անցեալը բացարձակապէս միտուած է ապագայի հեռապատկերին։ Այլ կերպ ասած, վերյուշը դարձի եւ վերադարձի հոգեւոր ճանապարհ է Համաստեղի արձակում, որ տեսական-աշխարհայեացքային բնոյթից ենթադրում է առարկայական վերափոխութիւն։

«Ծնած եմ 1895-ին Խարբերդի Փերչենճ գիւղին մէջ… Իմ մանկական ու պատանեկան աշխարհը գի՛ւղը եղած է իր հեռաւոր լեռներու սահմաններով, իր քարաշէն մեծկակ եկեղեցիով, իր դպրոցով, իր հոգերով, իր աշխատանքներով, իր սուրբերով, որոնք գիւղի սահմաններէն ներս կ’ապրէին։ Զարմանալի մտերմութիւն մը կար սուրբերու, աստղերու եւ գիւղացիներու միջեւ, ես հիմա կը տարուիմ ըսելու, որ այդ գիւղի երկինքը ուրիշ էր, ուրիշ էին նաեւ գիւղացիները»(1)։ Փերչենճ գիւղը, Խարբերդի բնաշխարհն առհասարակ, Համաստեղի շնորհիւ դառնում են գեղարուեստական բացառիկ աշխարհ՝ ընդհանրացնելով արեւմտահայ բնաշխարհի անհետացած համապատկերը հայ գրականութեան մէջ։ Ծննդավայրի ոգեղէն զգացողութիւնն ու ճանաչողութիւնը Համաստեղի արձակում որոշակիանում է արտաքին ու ներքին, առարկայական ու հոգեւոր տարածութեան բացայայտումներով՝ աստիճանաբար ընդարձակելով ստեղծագործական ընդգրկումները. «Գիւղէն եկող գրագէտներ շատ ունի մեր գրականութիւնը, — նկատում է քննադատ Մ. Թէօլէօլեանը։ — Սակայն, այդ գիւղը անոնցմէ ոչ մէկուն մէջ միայն կայ ա՛յնքան հարազատ, այնքա՛ն գիծով ու գոյնով, ա՛յնքան շունչով ու մթնոլորտով, ա՛յնքան կեանքով ու բաբախուն տարրերով, ա՛յնքան իսկական զարկով ու լման ապրումներով, ա՛յնքան անայլայլ բարքերով ու անխաթար իրականութեամբ, նաեւ՝ թաքուն, անլսելի, անտեսանելի, անսեւեռելի բովանդակութեամբ, որքան տրուած է ըլլալ Համաստեղի՝ իր ամբողջական վաստակին քանակական եւ որակական մեծութեամբ»(2)։
Առարկայական նկարչականութեամբ Համաստեղը վերակերտում է կորուսեալ գիւղաշխարհի հեռապատկերը՝ բնաշխարհիկ գոյներով ու գծերով, բոյրերով ու մանրապատկերներով՝ մարդկայնացնելով բնութիւնն ու բնականացնելով մարդուն՝ որպէս յաւերժական ընթացքի մէկ միասնական ամբողջութիւն։ Պարզ ու յստակ, չափաւոր ու ժոյժ, բայց միշտ գունեղ ու խորունկ իր ոճով, բանաստեղծականութեան հասնող պատումի բնոյթով Համաստեղը դառնում է աւանդոյթ ու ոճ՝ թէ՛ սփիւռքահայ, թէ՛ հայրենի արձակագիրների համար՝ հետագիծ թողնելով նաեւ այնպիսի բացառիկ գրողների ստեղծագործական ճանապարհին, ինչպէս, օրինակ, Ակսել Բակունցը։ Բանաստեղծականութիւնը, բառերի «ժլատ տնտեսումը», լռութիւնը՝ որպէս արեւելցուն ներյատուկ խոհափիլիսոփայութիւն, դառնում են ոչ միայն Համաստեղի, այլեւ Բակունցի ստեղծագործական նկարագրի բնորոշիչ յատկութիւնները. «Անոր անձնականութիւնը կը յայտնուի իր ոճին մէջ, որ իրն է, իրմէ ստեղծուած, եւ որ նոյն պայծառ ու յանկուցիչ գեղեցկութիւնը կը պահէ բոլոր էջերուն մէջ։ Այդ ինքնութիւնը կը յայտնուի նաեւ հոգեբանական թափանցողութեան կիրքին մէջ զոր ան ի յայտ կը բերէ իր պատմուածքներու ընթացքին(3), — գրում է Ա. Չոպանեանը։ — «Իր պատմելու արուեստը, եւ իր ոճին մէջ յայտնուող կատարելութեան, ժուժկալութեան, չափաւորութեան ձգտումը որոշապէս ցոյց կու տան, — շարունակում է քննադատը, — որ ան արեւմտեան վիպումի լաւագոյն վարպետներուն բարերար ազդեցութիւնը կրած եւ անոնց դասերէն գիտակցօրէն օգտուած է՝ առանց իր հայկական ոգին խաթարելու»(4)։
Համաստեղի ստեղծագործութեան գեղարուեստական առանձնայատկութիւնների համակարգում առանձնացնելով բոյրի յատկանիշը՝ քննադատ Մ. Թէօլէօլեանը միաժամանակ նկատում է, որ «Համաստեղեան գրականութիւնը, իր ամբողջութեան մէջ՝ հող կը բուրէ… Իր գրականութեան համար նո՛յն այն ենթահողը ունի, որուն ձգողութիւնը բերած է երկրէն»(5)։ Ոչ միայն գրաոճով, այլեւ աշխարհայեացքային առանձնայատկութիւններով Համաստեղը հաստատեց իր գրական անհատականութիւնը՝ գաղափարագեղագիտական օրինաչափութիւններ սահմանելով թէ՛ սփիւռքի, թէ՛ հայրենի արձակի զարգացման գործընթացում։
Համաստեղի կարօտի գրականութեան իւրայատկութիւններից առանձնադիտելի է կերպարաստեղծման արուեստը։ Դիմապատկերայնութիւնը գերակայող յատկանիշ է Համաստեղի կերպարաստեղծման համակարգում, ինչպէս, օրինակ, Տափան Մարգարի, Փիլիկ աղբօր, Երանոս աղբօր մոնումենտալ դիմաքանդակները, որոնք ոչ միայն նախաստեղծ մարդու, այլեւ ազգային հաւաքական կերպարի հզօր մանրաքանդակներ են, բնութեան նախնական էութիւնն իրենց մէջ կրող հերոսներ՝ ձուլուած հայրենի բնութեանը, հողին. «Գիւղը հիմնական բջիջն է ժողովրդի մը ազգային ինքնութեան, — նկատում է Ա. Չոպանեանը, — հոն է որ կը կազմուին ազգի մը բարոյական դիմագծութեան գլխաւոր յատկանիշները, որ յետոյ կը զարգանան, կը բարդանան, կ՚ընդլայնին, կը նրբանան ու մերթ կ’այլայլին, կը չարափոխուին քաղաքին մէջ»(6)։ Համաստեղի կերպարների ազգային հիմնագիծն է շեշտադրում նաեւ քննադատ Ե. Պոյաճեանը՝ գրելով. «Իր ստեղծած տիպարները, գրեթէ առանց բացառութեան, հայկական ինքնատիպ եւ բազմաբովանդակ բարութիւնը արտայայտող մարդեր են, անձի դէմք կերտելէ աւելի, պատմական եւ աշխարհագրական միջավայրի մը մէջ ուրոյն կեանք ապրող հաւաքականութեան մը դիմագիծը ներկայացնելու կոչուած կոտորակներ»(7)։
Հայրենական հողի ոգեղէն ներշնչանքով խորացող վերյուշի հանդարտ պատումը՝ քնարական նրբութեամբ, լռութեան խորքերում թանձրացած անամոք թախծի ներապրումով, եզակիի ու բացառիկի անսովոր ընկալմամբ, երբեմն միջարկւում է էմոցիոնալ բռնկումներով՝ հասնելով զգացմունքային-իմացաբանական խտացումների։ Հողի եւ մարդու հոգեւոր հաղորդակցման ջիղը հոսանքի պէս անցնում է Համաստեղի բնաշխարհիկ արձակի միջով՝ մարդու եւ բնութեան միասնականութիւնը որոշարկելով արտաքին ու ներքին օրինաչափութիւններով, պատկերավորման արտայայտչամիջոցներով։
Հողի ոգին ու բնութենականութիւնը կրող, արեամբ ու քրտինքով հողին միաձուլուած մարդու տեսակի հոգեւոր պեղումը Համաստեղի արձակում միտուած է կորուսեալ ինքնութեան վերագտնմանը եւ հողի ու մարդու արիւնակցական կապի վերահաստատմանը։ Իրապաշտական մանրամասներով, արտաքին ու ներքին երեւոյթների արձանագրումներով Համաստեղը կերպավորում է հողի եւ մարդու ներդաշնակ գոյաբանութիւնը՝ այդ կենսափիլիսոփայութեամբ ի յայտ բերելով բնագրի ենթախորքից կռահուող այն ողբերգականութիւնը, որ ծնւում է հողի եւ հողեղէն ինքնութեան կորստից, փոփոխուող աշխարհից ու ժամանակից։ Ծագումնաբանական հիմքերի եւ նախնական դիմագծի որոնումների վայրիվերումներում կարօտն է դառնում վերագտնումի ոգեղէն ճանապարհ, որ յիշողութեան լաբիւրինթոսներում որպէս ճառագող ճանապարհ հերոսին տանում է դէպի անցեալի ժամանակն ու տարածութիւնը, որ նոյնն է՝ դէպի տոհմիկ արմատներն ու նախնական ոգու ժամանակները։
Հողին միաձոյլ ազգային հաւաքական կերպար է Տափան Մարգարի մոնումենտալ դիմապատկերը: Պատկերակերտման նախադրեալը համաստեղեան բնափիլիսոփաիւթիւնն է, մարդուն եւ բնաշխարհը մասի եւ ամբողջի կենսափիլիսոփայութեամբ ընկալելու առանձնայատկութիւնը։ Այստեղից մարդու եւ բնութեան երեւոյթների, բոյսերի ու կենդանիների ուղղակի եւ անուղղակի զուգորդութիւնները, որոնցով այնքան հարուստ է Համաստեղի պատմուածքների աշխարհը. «Տափան Մարգար ունէր արեւէն այրուած դիմագիծ մը… Ճակատը միշտ փոթ-փոթ, ինչպէս հերկած արտ մը։ Ունէր տափանի չափ լայն, սերմնացանի թեւեր։ Ան միշտ լուռ էր. եթէ պէտք ըլլար, շատ կարճ կը խօսէր»(8) («Տափան Մարգար»)։ Կամ ՝ «Միջոն անհանգիստ էր, ինչպէս հողին տակի ցորենի հունտը, երբ արեւ կը տեսնէ»(9)(«Միջոյ»)։
Բնաշխարհի մէջ Համաստեղը տեսնում է կեանք ու հոգի՝ զգացական յատկանիշներ յայտնաբերելով բնութեան տարրերի ու երեւոյթների մէջ, ներթափանցելով անտեսանելի խորքերը. «Անոր մէջ դաշտի բովանդակ անհանգստութիւնը կար այնպէս, ինչպէս գիշերուայ լռութեան մէջ յորդ առու մը պիտի փլէր. խաղաղ ցորեաններու մէջէն հովը պիտի անցնէր եւ կամ հերկուած արտին մէջ լծուորուկ մը պիտի շարէր» («Տափան Մարգար»)(10)։
Համաստեղի բնաշխահիկ հերոսները ամբողջովին զգում են բնութեան շունչը, հողի բնաւորութիւնը, բոյսերի ու կենդանիների ենթագիտակցական աշխարհը եւ բնութեան, կենդանիների հետ յարաբերւում են մարդկայնօրէն.«Ան կը սիրէր իր գոմէշները, անոնց հետ կ՚ապրէր, անոնց հետ կը խօսէր սրտանց»(11)(«Տափան Մարգար»)։
Կորուսեալ աշխարհի մարդկանց կերպաւորման համաստեղեան արուեստում թախիծն ու կարօտը դառնում են արարչանիւթ, անհետացած եզերքի տեսիլքի շարժիչ ուժ։ Մի պայծառ տխրութիւն շղարշի պէս վարագուրում է նախնական պարզ ու անապակ այդ եզերքի դիմագիծը, որի առանցքը ազնիւ ու տքնավաստակ նուիրումն է հողին, արարչագործ աշխատանքին։
Համաստեղի ստեղծագործութիւնն առանձնանում է մի կարեւոր գաղափարագրութեամբ եւս. ազնուաբնոյթ նախնականութեան հետ միասին Համաստեղի պատկերային համակարգում գերիշխող է դառնում հայ ոգու բարութիւնը։ Նրա բոլոր հերոսները՝ մարդ թէ կենդանի, ծառ ու ծաղիկ, իրենց էութեան մէջ բարութիւնը կրում են որպէս հիմնանիւթ. «Ինչպէս որ աշխարհ կու գան եզը կամ ծառը, ճիշտ այնպէս ալ աշխարհ եկած էր Փիլիկ աղբարը. եզան պէս չարքաշ ու ծառին պէս բարի։ Ծառը՝ անգիտակ իր անսահման բարութեան՝ իր հովանին կը տարածէ յոգնած ճամփորդին եւ թոյլ կու տայ, որ թռչուններ վէրք բանան իր մարմնոյն վրայ, բոյն շինեն, ձագեր մեծցնեն, օր մըն ալ թեւ առնեն ու թիռ գան։ Փիլիկ աղբօր բարութիւնը անսահման էր ճիշտ այն մենաւոր ծառին պէս»(12)։ Կամ՝ «Ամեն առաւօտ, շատ կանուխ, արեւին հետ իր հասակին ստուերը օրհնութեան պէս կը տարածէր ուրիշի արտերուն ու այգիներուն վրայ. սրտանց կ՚աշխատէր, յոգնելիք չունէր»(13)։
Հայ մարդու բարեպաշտութեան արեւակոփ մանրաքանդակ է Փիլիկ աղբօր դիմապատկերը, բնութեան անխոնջ մի հիւլէ, կեանքի ակօսներում իր սէրը անխնայ ցրող, բազմաչարչար մշակ, ում բարութիւնը, ինքնամոռաց նուիրումը մարդուն եւ բնաշխարհին համարժէք է անանձնական երջանկութեան քրիստոնէական գաղափարին.«Փիլիկ աղբար մարդերէն արհամարհուած՝ Յիսուսի չափ կը սիրէեր մարդերը ու անոնց օգտակար ըլլալու համար էր, որ կը չարչրկէր ինքզինքը»(14)։
Համաստեղի իրապաշտութիւնն անսովոր նրբերանգներ է բացայայտում էրգրի հերոսների հոգեբանական ծալքերում։ Գրողի ներթափանցող հայեացքը հասնում է մարդու բնութենական էութեան ամենախորքերը, յայտնաբերում ոգու միջուկը՝ կազմուած բնութեան պարզ, անապական, ինքնաբուխ տարրերից, որով նրանք տարբերւում են քաղաքակրթութեան շրջանակած հերոսներից, բնութիւնից օտարուած, քաղքենիացուող աշխարհի փոքր ու մեծ կերպարներից. «Եղսիկի համար արտն այն վայրն էր, ուրկէ բամպակ պիտի գար. Թորիկ Պետոյի համար արտը Եղսիկի ու իր միջեւ ձգուած նարօտն էր, ուր բամպակին հետ հետզհետէ հասակ կ՚առնէր նաեւ իր սէրը»(15)(«Աղջի Եղսիկ»)։
Արարչագործութիւնը Համաստեղի կերպարների համար կենսակերպ է, որից դուրս նրանք պարզապէս գոյութիւն ունենալ չեն կարող։ Աշխատանքի կենսափիլիսոփաիւթիւնը Համաստեղի ստեղծագործութիւններում նոյն կշիռն ունի, ինչ Սահեանի պոեզիայում կամ Մաթեւոսեանի արձակում, եւ դա՝ որպէս կեանքի բարոյաբանութիւն եւ բնաշխարհիկ օրինաչափութիւն. «Ով որ այս հինաւուրց ժողովուրդին բարի, արեւելեանօրէն քրիստոնեայ, խաղաղ, պարզ ու միամիտ դէմքը կ’ուզէր տեսնել, առանց Համաստեղի գիւղացիներուն, թերի բան մը տեսած պիտի ըլլայ… Հայկական անսպառ բարութենէն Համաստեղ փոխ տուած է նաեւ կենդանիներուն, բոյսերուն, արեւին եւ համայն բնութեան»(16), — նկատում է քննադատ Ե. Պոյաճեանը։
Ծննդավայրի յիշողութիւները տաք հոսանքի պէս անցնում են Համաստեղի արձակի ընդերքով։ Պայծառ տխրութիւնն ու մեղմ երգիծանքը, բանաստեղծական նրբութիւնն ու լռութեան արուեստը խորացնում են անհետացած աշխարհի էլեգիան՝ առաջ բերելով մագնիսական ուժ ու ձգողականութիւն՝ հեռւում թողած հայրենական հողի հանդէպ։ Ինչի մասին գրէր Համաստեղը, միշտ առաջին գծի վրայ զգալի է կարօտը՝ որպէս վերյուշի թեւ, եւ թախիծը՝ իբրեւ անամոք յիշողութիւն («Հին օրերուն», «Աստղկան սայլը», «Չոպան լեռան հեքիաթը», «Աղաւնիները»). «Կար Ամու՝ ամեն անգամ, որ դրուագ մը պատմէր, մանրամասն կը յիշէր Սեւքարը, ուր գայլերու որջեր կային. Վանքին ճամբան, ուրկէ գիւղին նախիրը կ՚անցնէր։ Յաճախ կը յիշէր Պաղակը, որուն եզերքին վրայ, արագիլի մը խոշոր բոյնին դէմ դիմաց, շինուած էր նաեւ իր խուղը»(17)(«Զոհը Կար Ամուն էր»)։ Ծննդավայրը պատրանքի թեւերով գգւում է հերոսին, ջերմացնում միջավայրին օտար նրա հոգէաշխարհը, ներշնչում հարազատ յիշատակներով. «Ի՜նչ օրեր էին…. Կար Ամու իր գիւղէն բաժնուող մարդ չէր։ Է՜հ, չգիտես, ո՞ր անծանօթ ալիքը կոճղի մը պէս զայն այս ափերը նետած էր։ Անցան, անցան տարիներ։ Կար Ամուի վրայէեն դարեր անցան…. Ինչ պիտի ըլլայ Կար Ամուի վիճակը, եթէ երազները չըլլային։ Կ՚երազէր դաշտը, գոհարազարդ գլուխներով մողէսները….»(18)։ Կորսուած կեանքեր, ծննդավայրի հետապնդող յիշողութիւններ, ջրաղացը վերակառուցելու երազանք («Վարդան»), էրգրի կարօտն ու վերադարձի փափագը՝ մշտառկայ զգացողութիւն («Երանոս աղբար»). «յետոյ գրպանէն կը հանէր ծխախոտը, որ երեսուն տարի առաջ երկրէն իր հետ բերած էր…
— Երկրի ծխախոտները ուրիշ էին… Որ վաղը ճամբաները բացուին, որ Երկիր երթամ»(19)։
Ծննդավայրը դրախտից էլ թանկ, աներկրորդ եզերք է Համաստեղի կարօտաբաղձ հերոսների համար, ինչպէս՝ մահից յետոյ դրախտում յայտնուած Երանոսը, որի որոնած ափը բոլորովին դրախտը չէր, այլ Հայաստանը՝ իր կորուսեալ երկիրը. «Ըսել է ա՛լ Հայաստան, մեր Երկիրը, մեր գեղը պիտի չերթա՞մ…. Երանոս աղբար աւելի տխրեցաւ»(20)։
Հայրենիքի կորուստի ցաւի հետ մէկտեղ Համաստեղի արձակում առկայ է ցեղասպանութեան ողբերգութիւնը, բայց քանի որ ցեղասպանութեան մղձաւանջը չփակուող վէրք էր վերապրողների համար, հոգեբանական վէրք, մնացորդաց սերնդի գրողները, նաեւ Համաստեղը, գիտակցաբար չծաւալեցին այդ թեման՝ հոգեբանական խարանը չխորացնելու միտումով։ Այսպէս, Օշականը չգրեց «Մնացորդաց»-ի «Դժոխքը», Համաստեղը գրեց հպանցիկ, խուսափուկ, վերացարկուած պատումով։ Ցեղասպանութեան մասշտաբային պատմագեղարուեստականացման փոխարէն սփիւռքահայ գրականութեան մէջ ամրագրուեց կորուսեալ հայրենական երկրի կարօտի, վերադարձի ճանապարհի, ինքնութեան պահպանման գեղարուեստական գրականութիւնը՝ հոգեբանական ու գաղափարագրական բազմաշերտ հիմնախնդիրներով. «Ճամբայ ինկան սայլերու եղերական ճչոցներուն հետ, իրենց ետեւ ձգելով արտ ու այգի, տուն ու տաւար։ Ճամբու ընթացքին իրենց խառնուեցան կարաւաններ զանազան գիւղերէ։ Յաջորդ գիշեր եղերական գիշերն էր. երիտասարդ տղամարդիկ զատուեցան, կիները յափշտակուեցան. մայրը հարաւի, իսկ զաւակը հիւսիսի ճամբան բռնեց։ Այս բոլորը գէշ երազի մը պէս եկան»(21) («Երնէկ այն օրերուն»)։
Ցեղասպանութեան, բռնագաղթի եւ վերադարձի հաւատամքի քնարական պատկեր է Համաստեղի «Զրոյց շունի մը հետ» ստեղծագործութիւնը, հոգեբանական զրոյց կամ մենախօսութեան դրամա, որ փոքր տարածութեան մէջ ուրուապատկերում է ժողովրդի Գողգոթայի ճանապարհը՝ ջարդերից մինչեւ բռնագաղթ եւ աքսոր, տարագրութիւնից մինչեւ վերադարձի հոգեւոր ճանապարհ. «Ես տեսայ կմախքներ, ամբողջական, անհամար, օ՜հ, հազարաւոր կմախքներ… . Տեսայ վիզեր, ոտքեր, բազոսկրեր, կոնքեր, կողեր իրարմէ զատուած…. Տեսայ ցեղիս որբերը մերկ՝ Շամի փողոցներուն մէջ… Քաղաքէն քիչ հեռու, կիսափուլ տան մէջ, տեսայ ցեղիս աղջիկները սեւաչեայ, ուր կ՚այցելէին գողերն ու հարբածները քաղաքին, կ՚այցելէին զինուորները զօրանոցէն փախած, աւազակները ճամբաներէն…»(22)։
Ցեղասպանութիւնից յետոյ կենսաշարժիչ ուժը Համաստեղի արձակում վերադարձի ու վերագտնումի հաւատն է, որ թէեւ ենթադրում է խաչելութեան ճանապարհ, բայց գերակայ ուխտ է ու գերագոյն սկզբունք. «Ու ես պիտի հերկեմ հողը արեւին չափ բարի ու արեւին չափ արգասաւոր»(23)։
Համաստեղը, ինչպէս նկատում է Ա. Չոպանեանը, «մեծ նորութիւն մըն է մեր գրական կեանքին մէջ: Ան մերօրեայ մատենագրութեան մէջ կը բանայ գլուխ մը որ իրն է»(24)։

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ

ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

1) Համաստեղ, Երկեր, Ա. հատոր, Գիւղը եւ Անձրեւ, 1966, Բեյրութ., էջ 13։
2) Համաստեղ, Յուշամատեան, 1966, Նիւ Եորք, էջ 24;
3) Ա. Չոպանեան, Դէմքեր, 1929, Փարիզ, «Մասիս» տպ., էջ 154։
4) Նոյն տեղում, էջ 157-158։
5) Համաստեղ, Յուշամատեան, էջ 22։
6) Ա. Չոպանեան, Դէմքեր, էջ 139։
7) Ե. Պոյաճեան, Դէմքեր, Ա. հատոր, 1966, Բեյրութ, տպ. «Ատլաս», էջ 282։
8) Համաստեղ, Հայաստանի լեռներու սրնգահարը, 1988, Ե.,«Խորհրդային գրող» հրատ., էջ 3-4։
9) Նոյն տեղում, էջ 21։
10) Նոյն տեղում, էջ 6։
11) Նոյն տեղում, էջ 5։
12) Նոյն տեղում, էջ 53։
13) Նոյն տեղում, էջ 53։
14) Նոյն տեղում, էջ 54։
15) Նոյն տեղում, էջ 197։
16) Ե. Պոյաճեան, Դէմքեր, Ա. հատոր, էջ 282։
17) Համաստեղ, Հայաստանի լեռներու սրնգահարը, էջ 125։
18) Նոյն տեղում, էջ 127։
19) Նոյն տեղում, էջ 380, 391։
20) Նոյն տեղում, էջ 404։
21) Նոյն տեղում, էջ 52։
22) Նոյն տեղում, էջ 339, 341։
23) Նոյն տեղում, էջ 349։
24) Ա. Չոպանեան, Դէմքեր, էջ 158։

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *