Մեր հին թաղը խայտաբղէտ

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Նուէր՝ Արամ Հայկազի յիշատակին

Մթերքի մեր գերշուկան էինք, դուրս ելլելու պահուն կինս յիշեցուց, թէ լաւ կ՚ըլլար քիչ մը գումար քաշէինք մեր հաշիւէն, քանի որ եկող շաբաթ տունը մաքրողը պիտի գար, վճարելու դրամ պէտք է ըլլար մեր քով։
Ելքին մօտ զետեղուած դրամաբաշխ յատուկ սարքը չէր գործեր։ Կ՚երեւի պարպուած էր։ Դիմեցի մօտակայ արկղակալուհիին, որ սպիտակ մազերով, մշտաժպիտ ու ազնիւ ֆրանսուհի մըն է, մեզի հինէ՜ն ծանօթ։ Ինքն ալ եկաւ ստուգելու, դրամատան քարտս դարձեալ ներմուծեցի գործիքին մէջ, դարձեալ ի զուր։ «Եկուր, արկղէս տամ», ըսաւ։ Բացաւ, տեսաւ իր քով ալ շատ բան չկար, քանի որ գնորդները ընդհանրապէս քարտերով կը կատարեն իրենց վճարումները։ Դիմեց քիչ անդին Continue reading “Մեր հին թաղը խայտաբղէտ”

ԵՐԵՍՈՒՆՕՐԵԱՅ ԳՈՅԱՄԱՐՏ

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

«Գորոնա» կամ «Օմիքրոն»՝ մահացու համաճարակ: Այդպէս է եղեր:
Միտքս պարզեմ: Այսպէս, օր մը, երբ առաւօտուն աչքերդ հազիւ կը փորձես բանալ, կը զգաս, որ դո՛ւն՝ ինքդ չես: Տարբեր մէկն ես: Մկաններդ ուժ չունին, որ քեզ ոտքի հանեն: Զօրաւոր հազ մը կը ցնցէ ամբողջ մարմինդ: Կը կարծես, որ հիմա սիրտդ, թոքերէդ դուրս պիտի իյնայ: Քիթդ անընդհատ «կը վազէ»: Ձայնդ «քաշուած է»: Չես գիտեր ի՞նչ պէտք, որ ընես: Ահա քեզի անակնկալ նորութիւն մը: Հազին ստեղծած աղմուկէն արդէն կողակիցդ մօտդ կը հասնի, անմիջապէս գաւաթ մը ջուր եռացուցած, եւ մտահոգ կը հրամայէ, որ կամաց-կամաց խմես: Կը հնազանդիս, որովհետեւ ուժ-կարողութիւն ըսուածը չունիս: Չկայ: Կ՚ուզես քնանալ, ուստի տեղդ գամուած կը մնաս: Continue reading “ԵՐԵՍՈՒՆՕՐԵԱՅ ԳՈՅԱՄԱՐՏ”

ՀԱՅԵՐԷՆԸ ԿԸ ԶՈՒԱՐՃԱՆԱՅ (Ժ.)

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
Կապիկին մկրտութիւնը

«Յաճախ մտածած եմ եւ յիշած ֆրանսացի ծիրանաւոր Փոլինեաքի (1661-1741) արտայայտութիւնը վանդակի մէջ գտնուող կապիկ մը դիտելէ ետք. “Խօսի՛ր եւ քեզ մկրտեմ”»
(Յակոբ Պալեան, «Ազատ օր», 13-12-2021):

Փորձենք քիչ մը վերլուծել ու անդամահատել այս նախադասութիւնը՝ վասն տալոյ զկայսերն՝ կայսեր եւ զաստուծոյն՝ Աստուծոյ, եւ այնու տեսանիցեմք զի՞նչ ստասցի: Continue reading “ՀԱՅԵՐԷՆԸ ԿԸ ԶՈՒԱՐՃԱՆԱՅ (Ժ.)”

Մեր ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2022-ի թիւը

Սիրելի ընթերցող,

«Հորիզոն գրական»ի ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2022-ի  նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։

Բարի ընթերցում։

ԲԱՌԸ

ՌԱԶՄԻԿ ԴԱՒՈՅԵԱՆ (1940-2022)

Ինչպէս արեւի շողը բռնելով,
Կենդանանում է թրթուրը քնած
Եւ խլրտում է տաքուկ փոշու մէջ,
Այդպէս Հանճարի ճառագայթի տակ
Արթնանում Բառը
Եւ տաք խլիրտով
Շարժւում է դեպի յաւիտենութիւն:

Զգացմունքների խեղդող ալիքից
Բառն ինքը, ահա, Continue reading “ԲԱՌԸ”

* * *

ՌԱԶՄԻԿ ԴԱՒՈՅԵԱՆ

Հայաստանը մառախլապատ է. գտնւում է թանձր մառախուղի, քաղաքական ծխի, տնտեսական ծխի վարագոյրի ետեւում։ Ես ուզում եմ որ ամբողջ աշխարհի հայոց միտքը, մտքի պայծառութիւնը կարողանայ թափանցել այդ մառախուղը, այդ սեւ վարագոյրը եւ կարողանայ տեսնել Հայաստանի իրական վիճակը, եւ այն ժամանակ ամեն մէկը աւելի սթափ եզրակացութեան կը գայ. օրուայ կենցաղից թող մի քիչ բարձրանան վերեւ, հասնեն մտքի եւ հոգու պայծառութեան, եւ թափանցեն այդ շերտերը, որպէսզի Հայաստանի իրական պատկերը միշտ լինի իրենց աչքի առջեւ։ Ես կարծում եմ, որ իրենց կեանքը աւելի կ՚իմաստաւորուի եւ աւելի օգտակար կարող են լինել հայութեան։

«Հորիզոն», 16 օգոստոս 1993

Ոչ եւս է բանաստեղծ Ռազմիկ Դաւոյեան

Երեւանի մէջ 11 յունուարին մահացաւ մեծանուն բանաստեղծ Ռազմիկ Դաւոյեան։
Ռազմիկ Դաւոյեան ծնած է 3 յուլիս 1940-ին Մեծ Պարնի գիւղը: 1949-ին ընտանիքին հետ տեղափոխուեր է Լենինական (այժմ՝ Գիւմրի), ուր աւարտեց միջնակարգ դպրոցը, իսկ 1958-ին՝ Լենինականի բժշկական ուսումնարանը։ 1959-էն 1964 ուսանած է Երեւանի Խաչատուր Աբովեանի անուան Հայկական պետական մանկավարժական Continue reading “Ոչ եւս է բանաստեղծ Ռազմիկ Դաւոյեան”

ԵՏԱԴԱՐՁ

ՌԱԶՄԻԿ ԴԱՒՈՅԵԱՆ (1940-2022)

 

Որքան էլ դաժան խնդիրներ դնի
Կեանքը անողոք,
Ես չեմ ցանկանում, որ Քեզ հետ,
Տէ՛ր իմ,
Իմ այս զրոյցը համարես բողոք. —

Իմ հարցումներից ոչ մէկին ոչ մի
Պատասխան չեղաւ, Continue reading “ԵՏԱԴԱՐՁ”

ՈՒԻԼԻԱՄ ՍԱՐՈՅԵԱՆ — ՀԷՄԻՆԿՈՒԷՅԻ ՄՐՑԱԿԻՑՆ ՈՒ ԱՆՈՐ ՊԵԽԵՐԸ

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ

ԵՐԵՒԱՆ 1978
Թէեւ ամիսը չեմ յիշեր, սակայն կը յիշեմ որ մռայլ եւ տհաճ օր մըն էր։ Յանձնարարուած էր ինծի, իբրեւ դաս, գեղանկարչական անհատական ցուցահանդէս մը կազմակերպել, որուն արդիւնքը կրնար ազդեցութիւն ունենալ աւարտաճառիս վրայ։ Տարբեր տեղերէ մերժուելէ ետք, ղեկավարներս՝ գրականագէտ Էդուարդ Ջրբաշեանն ու արուեստաբան Վահան Յարութիւնեանը կը յանձնարարէին «Մշակութային կապի կոմիտէութիւն» դիմել։ Տեղը շատ յարմար չէր ցուցահանդէսի համար եւ այդ պատճառով ալ անտրամադիր էի ու մտահոգ: Սակայն ստիպուած էի յարմարուելու…: Continue reading “ՈՒԻԼԻԱՄ ՍԱՐՈՅԵԱՆ — ՀԷՄԻՆԿՈՒԷՅԻ ՄՐՑԱԿԻՑՆ ՈՒ ԱՆՈՐ ՊԵԽԵՐԸ”

ՓԼՈՂ ԴՊՐՈՑՆԵՐԸ (Ժ.) — ՀԱՆԱՇԻ ՍԷՐ

ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

Գիւղը, ուր աշխարհի հնագոյն քաղաքակրթութիւններու փշուրներ կը հանգչէին քարերուն տակ ու հողին մէջ, օձ ալ կար. մէկը իրական էր՝ քու եւ իմ ճանչցած օձը, որ շապիկը կը փոխէ, որ պոչը կոխես՝ կը խայթէ, իսկ միւսը կար մեր հաւատալիքներուն մէջ՝ արվանտը։
Օձն ու արվանտը։
Արվանտը, ըստ ոմանց տեսածին ու պատմածին, օձի կերպարանքով եղջերաւոր ու թեւաւոր արարած էր, ուրիշներու համաձայն՝ Continue reading “ՓԼՈՂ ԴՊՐՈՑՆԵՐԸ (Ժ.) — ՀԱՆԱՇԻ ՍԷՐ”