Հետաքրքրական հրատարակութիւն մը՝ Սփիւռքեան երկխօսութիւն՝ DIASPORALOGUE

Ս.Ա.Յ.

Վերջերս Հորիզոն գրականի խմբագրութեան ուշադրութեան յանձնուեցաւ DIASPORALOGUE խորագրեալ հրատարակութիւն մը (Thaddée հրատարակչութիւն, նոյեմբեր, 2017, 214 էջ), ուր ֆրանսաբնակ ծանօթ շարժանկարի բեմադրիչ, դերասան, գրող Սերժ Աւետիքեան եւ թղթակից Տիգրան Եկաւեան երկխօսութեամբ ընթերցողին կը փոխանցեն ինքնութեան, Սփիւռքի, Ֆրանսայի, հայութեան յուզող նիւթերու մասին իրենց խոհերը ամփոփուած վեց գլուխներու տակ, հետեւեալ շարքով. իրենց երազային Ֆրանսան, մանկութեան երկիրները, իրենց պատկերացումի անիրական Հայաստանը, լեզուական եւ մշակութային փոխանցումի հարցեր, հայ-թուրք երկխօսութեան եզրեր, հրեաներն ու հայերը, այժմու իրականութիւնը։ Continue reading “Հետաքրքրական հրատարակութիւն մը՝ Սփիւռքեան երկխօսութիւն՝ DIASPORALOGUE”

Դոկտ. Ռուբինա Փիրումեան կը հրատարակէ ստալինեան արհաւիրքներու մասին հատոր մը

My Father: A man of courage and perseverance, a survivor of Stalin’s Gulag, 257 էջ, ԱՄՆ 2017
 Ս.Ա.Յ.

Նուիրուած իր հօր եւ ընդհանրապէս ստալինեան բռնատիրութեան զոհերու յիշատակին, ցեղասպանագէտ դոկտ. Ռուբինա Փիրումեանի My Father: A man of courage and perseverance, a survivor of Stalin’s Gulag խորագրեալ այս անգլերէն հատորը իր իննը գլուխներու ընդմէջէն ընթերցողին կը ներկայացնէ իր ինքնակենսագրականը, հօր յուշերը, ինչպէս նաեւ այլ յուշեր եւ ուսումնասիրութիւններ Ստալինեան աղէտի մասին։ Continue reading “Դոկտ. Ռուբինա Փիրումեան կը հրատարակէ ստալինեան արհաւիրքներու մասին հատոր մը”

Մարիան Մեսրոպեան ՄագԳըրտիի «Սուրբ արդարութիւն» աշխատութիւնը

Marian Mesrobian MacCurdy with a forward by Gerard Libaridian, Sacred Justice. The voices of the Armenian Operation Nemesis. Transaction Publishers, New Brunswick, New Jersey, 2016.

Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին լայն հետաքրքրութիւն կար հայ արդարահատոյց ահաբեկութեանց շուրջ ինչպէս օրինակ Կէտիկեանի շարժանկարը («Une histoire de fou»), Էրիք Պօղոսեանի Operation Nemesis հատորը, Ժաք Տերոժիի նոյնանուն գիրքի վերահրատարակումը՝ առաջին հրատարակութենէն գրեթէ 30 տարի անց։ Continue reading “Մարիան Մեսրոպեան ՄագԳըրտիի «Սուրբ արդարութիւն» աշխատութիւնը”

Իգնա Սարըասլան, Դէպի հորիզոն։ Բանաստեղծութիւններ

Դէպի հորիզոն։ Բանաստեղծութիւններ։ Հայերէն, 2016, 132 էջ,  ներառեալ բովանդակութեան ցանկ։

Բանաստեղծ, բանասէր, թարգմանիչ, բժիշկ Իգնա Սարըասլանի Դէպի Հորիզոն 2016-ին հրատարած հատորը իր չորրորդ քերթողագիրքն է։ Continue reading “Իգնա Սարըասլան, Դէպի հորիզոն։ Բանաստեղծութիւններ”