Դոկտ. Ռուբինա Փիրումեան կը հրատարակէ ստալինեան արհաւիրքներու մասին հատոր մը

My Father: A man of courage and perseverance, a survivor of Stalin’s Gulag, 257 էջ, ԱՄՆ 2017
 Ս.Ա.Յ.

Նուիրուած իր հօր եւ ընդհանրապէս ստալինեան բռնատիրութեան զոհերու յիշատակին, ցեղասպանագէտ դոկտ. Ռուբինա Փիրումեանի My Father: A man of courage and perseverance, a survivor of Stalin’s Gulag խորագրեալ այս անգլերէն հատորը իր իննը գլուխներու ընդմէջէն ընթերցողին կը ներկայացնէ իր ինքնակենսագրականը, հօր յուշերը, ինչպէս նաեւ այլ յուշեր եւ ուսումնասիրութիւններ Ստալինեան աղէտի մասին։

Նախաբանին մէջ Փիրումեան կը պատմէ, թէ երբ 2015-ին Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին կը ստանար Հայոց Ցեղասպանութեան գրականութեան նուիրուած իր չորրորդ ուսումնասիրական հատորին օրինակները (The Armenian Genocide in Literature: The second generation responds. Yerevan, Armenian Genocide Museum Institute, 2015), իր կրտսեր որդին իրեն հարց կու տայ թէ ամբողջ կեանք մը նուիրելէ վերջ ցեղասպանութեան գրականութեան, արդե՞օք ժամանակը չէ գրելու իր մեծ հօր (Ռուբինայի հօր)՝ Բաղդիկ (Բաղդասար) Մինասեանի կեանքի ոդիսականի մասին։

Բաղդիկ Մինասեան ստալինեան աղէտի զոհերէն էր։ Ստալինեան տաժանակիր աշխատանքի ճամբարներէն ազատ արձակուած էր Ստալինի մահէն ետք, բայց իր յուշերը գրի առած էր գրեթէ իր մահուան սեմին։ Յուշերը հրատարակուած էի «Տասը տարի, տասն ամիս եւ տասնեօթ օր խորհհդային բանտերում եւ աշխատանքային ճամբարներում, 1944, 3 յունուար – 1954, 17 նոյեմբեր» խորագրով, Աթէնք, Հ.Յ.Դ. Յեղափոխական Գրադարան 13, 1991,Դրօշակ։

Երկար խորհրդածելէ ետք Ռուբինա Փիրումեան յանձն կ՚առնէ գրել իր ու իր հօր անձնական աղէտի պատմութիւնը։

Բաղդիկ Մինասեան (1902-1976) ծնած էր Իրան, Ատրպատական շրջանի Ղարադաղ լեռներու Ողան հայկական գիւղին մէջ։ Ուսումը առած էր Թաւրիզ, ուր նաեւ ականատես եղած էր Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած ապաստանեալներու ոդիսականին, երբ անոնք 1915-ին Ատրպատականէն անցած էին Հայաստան, ոմանք ալ մնացած Թաւրիզ։ Հ.Յ.Դ.ի շարքերուն միացած էր կանուխ հասակին։ Խանդավառ էր 1918-ի Հայաստանի անկախութեամբ եւ մեծապէս ազդուած 1920-ի խորհրդայնացումով։ 1921-ի փետրուարեան ապստամբութենէն ետք, ինչպէս Փիրումեան կը նշէ, մեծ թիւով Հ.Յ.Դ.ի ղեկավարներ ապաստան կը գտնեն Ատրպատական։ Բաղդիկ Մինասեան կը թրծուի որպէս ղեկավար ուսանողական միութեան մէջ ու ապա ուսումը կը շարունակէ Փրակայ (Չեխոսլովաքիա) ու կը ստանայ դոկտորայի վկայական բնական գիտութիւններու եւ քիմիագիտութեան մէջ՝ 1928-ին։ Վերադառնալով Ատրպատական, ան կ՚ունենայ բեղուն կրթական և հրատարակչական գործունէութիւն։

Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմին Իրան փորձեց չէզոք մնալ։ Սակայն 1941-ին Ատրպատական մուտք կը գործէ Խորհդային բանակը, իսկ Իրանի հարաւը կ՚անցնի բրիտանական ազդեցութեան տակ։ Խորհրդային իշխանութիւնները հետամուտ էին տեղական թուրք թաթար տարրերը հայերու դէմ կողոպուտի մղելու։ Չեկան նոյնպէս գործունէութիւն կը տանէր Հ.Յ.Դ.ի դէմ ու ձերբակալած էին բազամթիւ դաշնակցականներ։ Վախի ու ահի մատնուած էր Թաւրիզի հայութիւնը։ Ազգային Առաջնորդարանը նոյնպէս վախի մէջ էր։ Լուրեր կային ահաբեկումներու եւ առեւանգումներու։ Այդ սարսափի մթնոլորտին մէջ Բաղդիկ Մինասեանն էր Դաշնակցութեան կողմէ բանակցողը Չեկային հետ։ Օր մըն ալ կ՚առեւանգուի ու Երեւանի ճամբով կը հասնի Սիբիր, մինչ իր հարազատները ոչ մէկ լուր կ՚ունենան այդ մասին։ Ռուբինան փոքր տարիքին կը զրկուի հօր ներկայութենէն։ Ինքը, կրտսեր քոյրն ու մայրը տարիներ կը մնան որպէս որբ եւ այրիշ մինչեւ որ օր մը, Ստալինի մահէն վերջ, լուր կը ստանան թէ Բաղդիկ վերադարձեր է։

Գիրքի առաջին գլուխով Ռուբինա Փիրումեան ընթերցողին կը փոխանցէ իր հօր վերադարձին մասին իր յուշերը։ Երրորդ եւ չորրոդ գլուխները գրուած են իր հօր խօսքերով, քիչ մը սղուած եւ անգլերէն լեզուով ներկայացումն են անոր Տասը տարի, տասն ամիս եւ տասնեօթ օր խորհդային բանտերում եւ աշխատանքային ճամբարներում, 1944, 3 յունուար – 1954, 17 նոյեմբեր յուշերուն, ուր կը պատմէ թէ ինչպէս 1941-ին Կարմիր Բանակը Ատրպատական մտած էր ու առեւանգած ու ձերբակալած էր զինք եւ դաշնակցական այլ դէմքեր։

Յաջորդ գլուխով Ռուբինա Փիրումեան կը ներկայացնէ իր արխիւային որոնումները հօր առեւանգումին, ձերբակալումին եւ ն մասին, ինչպէս նաեւ ստալինեան արհաւիրքի ու տաժանակիր աշխատանքի ճամբարներու մասին։ Իսկ վեցերորդ գլուխով ան կու տայ վերապրողներու յուշեր ու ուսումնասիրական աշխատութիւններ։ Ութերորդ գլուխը նուիրուած է հօր վերադարձին։ Բաղդիկ Մինասեան քսաներկու տարիներ վերապրեցաւ որպէս պարգեւ իր ընտանիքին ու համայնքին ունենալով հարուստ գործունէութիւն սակայն Ստալինեան տաժանակիր աշխատանքի ճամբարի եւ բռնապետութեան թողած հետքերը իր եւ ընտանիքին վրայ միշտ մնացին։ Գիրքը կ՚աւարտի հեղինակին կողմէ իր հօր յիշատակին յղուած երախտագիտական հայերէն խօսքերով։

Քիչ ծանօթ է պատմութեան մէջ Ատրպատականի հայոց ապրած արհաւիրքը ստալինեան տարիներուն։ Երբ կը խօսուի կամ կը գրուի ստալինեան բռնատիրութեան մասին ընդհանրապէս կը կեդրոնանանք 1930-ականներու աղէտին վրայ, թուարկելով մեր մշակութային կորուստները՝ Եղիշէ Չարենց, Ակսել Բակունց, Զ. Եսայեան, Թոթովենց եւայլն։ Արդի ընթերցողը, մանաւանդ նոր սերունդը, պէտք է իրազեկուի այդ մասին, մանաւանդ երբ աշխարհ դարձեալ ծայրայեղ բեւեռացման ձգտումներ կը դրսեւորէ, որոնք միշտ յղի են ծայրայեղական մտայնութիւններու յոռեգոյն դրսեւորումներով։

Վարձքդ կատա՛ր, սիրելի Ռուբինա։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *