Արմենակ Եղիայեան
Շարունակուած նախորդ թիւէն
Շարահիւսական անհամասեռութիւն
Անհամասեռութեան այս տարբերակը կ’ընդգրկէ բառերէն անդին՝ ամբողջական նախադասութիւններ, ուր կը յառաջանան խօսքի կառուցային անմիօրինակութիւններ, աններդաշնակութիւններ, անհամատեղելիութիւններ:
Օրինակ՝
— Արկածեալը ունէր կոտրած անրակ մը, ճաթած կողոսկրներ եւ անոր թոքերէն մէկը վիրաւորուած էր:
Արկածեալին կրած վնասներէն առաջին երկուքը ունին անուանական բնութագրում՝ «կոտրած անրակ» եւ «ճաթած կողոսկրներ», մինչ երրորդը ունի նկարագրական բնութագրում, որ տրուած է ամբողջ նախադասութեամբ մը՝ «անոր թոքերէն մէկը վիրաւորուած էր», մինչդեռ ոճական հետեւողականութեան համար կարելի էր այս վերջինին նմանապէս տալ անուանական բնութագրում եւ ըսել.
— Արկածեալը ունէր կոտրած անրակ մը, ճաթած կողոսկրներ եւ վիրաւոր թոք մը:
Նաեւ՝
— Օդերեւութաբանական աղբիւրները ծանուցեցին մօտալուտ փոթորիկ մը, հեղեղային տեղումներ եւ թէ ալիքները արտակարգօրէն պիտի բարձրանան:
Սա նախորդին մէկ կրկնօրինակն է. բնական երեք նախատեսութիւններուն առաջին երկուքը անուանական են, իսկ երրորդը՝ նկարագրական, ինչ որ կարելի էր սրբագրել այսպէս՝
— Օդերեւութաբանական աղբիւրները ծանուցեցին մօտալուտ փոթորիկ մը, հեղեղային տեղումներ եւ ալիքներու արտակարգ բարձրացում:
Երրորդը կարելի է բանաձեւել նաեւ այսպէս՝ «եւ արտակարգօրէն բարձր ալիքներ»:
Անշուշտ ոչինչ կ’արգիլէ, որ այսպիսիները ստանան հակառակ լուծում մը, որ ահաւասիկ.
— Օդերեւութաբանական աղբիւրները ծանուցեցին, թէ պիտի փչէ զօրաւոր փոթորիկ մը, պիտի պատահին հեղեղային տեղումներ եւ (թէ) ալիքները արտակարգօրէն պիտի բարձրանան:
Այս կարգի լուծումը ի զօրու է բերուած բոլոր օրինակներուն համար:
Նաեւ՝
— Ցայտուն օրինակը Էլմար Մահմուտովի պաշտօնազրկումն ու կալանքի տակ առնուիլն էր («Ազգ», 20-11-15):
Ուր համադասուած են պաշտօնազրկումն (բայանուն) եւ կալանքի տակ առնուիլն (անորոշ դերբայական բառակապակցութիւն):
Սրբագրենք զայն՝
— Ցայտուն օրինակը Էլմար Մահմուտովի պաշտօնազրկումն էր եւ կալանաւորումը:
Կամ՝ պաշտօնանկութիւնն ու կալանքը:
Այլ նաեւ՝
— Ցայտուն օրինակը Էլմար Մահմուտովի պաշտօնազրկուիլն ու կալանքի տակ առնուիլն էր: Որով անհամասեռութիւնը վերցաւ, սակայն կառոյցը ճապաղ, ծանծաղ ու անհրապոյր է: Նկատել մանաւանդ բառակազմական անմիօրինակութիւնը.
— պաշտօնազրկուիլ-ը բառային մէկ ամբողջութիւն է, մինչ՝
— կալանքի տակ առնուիլը՝ ամբողջ բառակապակցութիւն մը:
Գոնէ համադասէր սա՛ ձեւով՝
— պաշտօնազրկուիլն ու կալանաւորուիլը…
Այլ օրինակներ՝
Արկածեալը կը տառապէր կոտրած բազկոսկրէ մը, քանի մը ճաթած կողոսկրներէ, եւ քիթը յարատեւ կ’արիւնէր:
— Արկածեալը կը տառապէր կոտրած բազկոսկրէ մը, քանի մը ճաթած կողոսկրներէ եւ քիթի մնայուն (կամ՝ անդադրում) արիւնահոսութենէ:
Վաճառորդուհին ունէր համոզիչ շեշտ մը, կիրթ շարժումներ եւ մեծ համբերութեամբ կը պատասխանէր մեր բոլոր հարցումներուն:
— Վաճառորդուհին ունէր համոզիչ շեշտ մը, կիրթ շարժումներ եւ մեծ համբերութիւն:
Ուր կատարելապէս համասեռ են՝ համոզիչ շեշտ-ը, կիրթ շարժումներ-ը եւ մեծ համբերութիւն-ը:
Արագ ակնարկով մը իսկոյն կրցայ զանազանել սեղանին բարիքները՝ ֆրանսական պանիրը, գերմանական նրբերշիկը, գիրուկ վառեակ մը եւ գինի որ իտալական արտադրութիւն էր:
— Արագ ակնարկով մը իսկոյն կրցայ զանազանել սեղանին բարիքները՝ ֆրանսական պանիրը, գերմանական նրբերշիկը, գիրուկ վառեակ մը եւ իտալական գինին:
Արտագաղթողները կը դժգոհին աշխատանքի պակասէն, ապրուստի սղութենէն, ազատութեանց բռնաբարումէն եւ կը բողոքէին տիրող անարդարութեան դէմ:
— Արտագաղթողները կը դժգոհէին աշխատանքի պակասէն, ապրուստի սղութենէն, ազատութեանց բռնաբարումէն եւ տիրող անարդարութենէն:
Անոնք մեկնեցան աշխատանք ճարելու, բաւարար դրամ շահելու, աժան ապրուստ գտնելու յոյսով եւ պիտի փորձէին նոր հայրենիք մը կերտել այդ ափերուն վրայ:
— Անոնք մեկնեցան աշխատանք ճարելու, բաւարար դրամ շահելու, աժան ապրուստ գտնելու եւ նոր հայրենիք մը կերտելու յոյսով:
Համասեռութեան սիրոյն ջնջեցինք «այդ ափերուն վրայ» բառակապակցութիւնը, որ շատ բան չի նշանակեր:
* * *
Անհամասեռութիւնը երբեմն այնքան լաւ սքողուած է, այլ խօսքով՝ ծուղակը այնքան լաւ լարուած է, որ յատուկ ճիգ եւ ուշադրութիւն կը պահանջէ անկէ խուսափումը:
Օրինակ՝
Եւրոպական Միութիւնը կը ձգտի Ռուսիոյ մօտ եղող երկիրները դնել ընտրութեան առջեւ՝ կա՛մ ըլլալ Ռուսիոյ հետ, կա՛մ Արեւմուտքի («Ազդակ», 13-2-2019):
Սա այնքան ճիշդ ու հարազատ կը թուի: Այսուհանդերձ անհամասեռ են կամ կրկնադիր շաղկապներով համադասուող բառերը. առաջին կամ-ը դրուած է ուղղական հոլով անորոշ դերբայի մը վրայ՝ ըլլալ, երկրորդը դրուած է սեռական հոլով յատուկ անունի մը վրայ՝ Արեւմուտքի:
Մինչդեռ պարտէինք ունենալ՝
— Եւրոպական Միութիւնը կը ձգտի Ռուսիոյ մօտ եղող երկիրները դնել ընտրութեան առջեւ. ըլլալ՝ կա՛մ Ռուսիոյ հետ, կա՛մ Արեւմուտքի:
Ուր Ռուսիոյ եւ Արեւմուտքի կատարելապէս համասեռ են. Երկուքն ալ յատուկ անուն են, երկուքն սեռական հոլով ունին:
Վստահ չէինք, թէ մեր նախագիծը իրապաշտ էր եւ կրնար գործադրուիլ:
Սա իր կարգին շատ քողածածուկ ծուղակ մըն է, ուր համադասուած են երկու տարաբնոյթ բայեր. ասոնք կարելի էր սրբագրել հետեւեալ ձեւով.
— Վստահ չէինք, թէ մեր նախագիծը իրապաշտ եւ գործադրելի էր:
Ուր համադասուած են երկու ածական ստորոգելիներ եւ անոնց հասարակաց էական բայը:
Ուսուցիչս մատնանշեց շարադրութեանս (1)սահուն լեզուն, սակայն (2)ուղղագրական մեծաթիւ սխալներ ունէի:
Ունինք շատ իւրայատուկ անհամասեռութիւն մը, ուր համադասուած են որոշիչ-որոշեալ բառակապակցութիւն մը (1) եւ… ամբողջ նախադասութիւն մը (2):
— Ուսուցիչս մատնանշեց շարադրութեանս սահուն լեզուն եւ ուղղագրական մեծաթիւ սխալներս:
Որքան մեծ հմայք ունին Հալէպի (1)արդիական ճաշարաններն ու սրճարանները, նոյնքան, եթէ ոչ աւելի հմայիչ են (2)հնաոճ ճաշարաններն ու սրճարանները:
Այստեղ բաղդատութեան հիմունքով համադասուած են Հալէպի արդիական(1) եւ հնաոճ(2) համասեռ ճաշարանները. բոլորովին աննկատելի անհամասեռութիւն մը կը գտնենք բայերուն միջեւ. առաջինը ներգործական է՝ ունին, երկրորդը չէզոք է՝ են: Սրբագրութիւնը կու տայ.
— Որքան մեծ հմայք ունին Հալէպի արդիական ճաշարաններն ու սրճարանները, նոյնքան, եթէ ոչ աւելին ունին հնաոճ ճաշարաններն ու սրճարանները:
Կամ՝
— Որքան հմայիչ են Հալէպի արդիական ճաշարաններն ու սրճարանները, նոյնքան, եթէ ոչ աւելի, հմայիչ են հնաոճ ճաշարաններն ու սրճարանները:
Շարահիւսական անհամասեռութեան ուրոյն օրինակ մըն է Երուանդ Օտեանի հետեւեալ շարադրանքը.՝
Բժիշկը քննեց տղան, լեզուն նայեցաւ, կոկորդը նայեցաւ, աչքերուն նայեցաւ եւ վճռաբար ըսաւ…» («Փանջունի», նախաբան):
Նայեցաւ բային տրուած է երեք խնդիր երկու տարբեր հոլովներով՝ լեզուն եւ կոկորդը՝ հայցական, իսկ աչքերուն՝ տրական:
Նայիլ բայը ինքնին չէզոք է, սակայն Օտեան զայն կիրարկած է իբրեւ քննել, այսինքն ներգործաբար. ուրեմն յարգելով իր ոճը, ըսենք՝
— կոկորդը նայեցաւ, լեզուն նայեցաւ, աչքերը նայեցաւ եւ վճռաբար ըսաւ…
Հետեւեալը շարահիւսօրէն անհամասեռ մտածուած կառոյց մըն է, որուն վրայ կ’աւելնայ շարադրական անբարեկարգութիւնը եւս.
(1)Ո՞ր պատանին պիտի փափաքի մտնել հայկական գրականութեան եւ մշակոյթի մարզը, եւ (2)նոյնիսկ հաւանաբար իր ենթագիտակիցին մէջ պիտի խորշի մայրենի լեզուէն (Յարութ Չեքիճեան, «Ազդակ», 3-6-2015):
Այս համադասական բարդ նախադասութեան առաջին բաղադրիչը(1)՝ «Ո՞ր… մարզը», հարցական նախադասութիւն մըն է, մինչ երկրորդը(2)՝ «նոյնիսկ… լեզուէն», ունի պատմողական/հաստատական բնոյթ. միւս կողմէ՝ պատանիին ենթագիտակիցը կը պատկերացնէ:
— նախ նոյնիսկ-ով, որ բացարձակ ինքնավստահութիւն կ’արտայայտէ,
— ապա հաւանաբար-ով, որ տատամսում, կասկած, շփոթ կ’արտայայտէ:
Լուծումներ՝
— Ո՞ր պատանին պիտի փափաքի մտնել հայկական գրականութեան եւ մշակոյթի մարզը եւ իր ենթագիտակիցին մէջ պիտի չխորշի մայրենի լեզուէն:
— Ո՞ր պատանին պիտի փափաքի մտնել հայկական գրականութեան եւ մշակոյթի մարզը՝ առանց ենթագիտակիցին մէջ խորշելու մայրենի լեզուէն:
Հետեւեալ անհամասեռութիւնը յատուկ է համբակ շարադրողներուն.
Մայրը այն նուիրական արարածն է, որ Աստուած զինք իր փոխանորդը նշանակեց («Հասկ», ՁԴ տարի, թիւ 8-9, էջ 665):
Այստեղ քերականօրէն համադասուած են՝
— որ յարաբերական դերանունը, որ հայցական է եւ ուղիղ խնդիրը «նշանակեց» բային,
— զինք դերանունը եւս, որ իր կարգին հայցական հոլով ուղիղ խնդիրն է նմանապէս «նշանակեց» բային:
Պարզ է, որ երկրորդը աւելորդ է.
— Մայրը այն նուիրական արարածն է, որ Աստուած իր փոխանորդը նշանակեց:
Շարահիւսական անհամասեռութեան ծիրէն ներս ուշագրաւ է համադասական բարդ նախադասութեան պարագան, ուր իբրեւ մէկ ամբողջութիւն հանդէս կու գան անհամատեղելի, անկապակից են ոչ թէ բառեր կամ բառակապակցութիւններ, այլ ամբողջական նախադասութիւններ:
Նման անհամասեռութիւնը ըմբռնելու համար՝ սերտենք նախ իսկական համադասութիւն մը՝ պատահաբար առնուած օրուան մէկ թերթէն.
Օրինակ՝
(1)Թուրքիա օրըստօրէ կը հեռանայ օրինական երկրի ձեւաչափէն եւ (2)կը դառնայ բռնատիրական պետութիւն («Ակօս», 25/7/2025):
Այս համադասական երկանդամ բարդ նախդասութեան առաջին բաղադրիչը կը կատարէ հաստատում մը, որ է Թուրքիոյ հեռացումը օրինականութենէ. իսկ երկրորդը կը բացատրէ ընթերցողին թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ կամ կրնայ ըլլալ այդ հեռացումին հետեւանքը, որ է… բռնատիրութիւնը:
Սա բարդ համադասական նախադասութեան տիպարն է, ուր անոր բաղադրիչները ներդաշնակօրէն կը մասնակցին մտքի մը զարգացումին ձեւաւորումին: Ներդաշնակութիւն մը, որ բոլորովին հաշտ է մարդկային բանականութեան եւ կը գոհացնէ ամեն ընկալող:
Հիմա փորձենք խաթարել այդ ներդաշնակութիւնը. օրինակ՝
(1)Թուրքիա օրըստօրէ կը հեռանայ օրինական երկրի ձեւաչափէն, եւ (2)վերջին երկրաշարժին գործած աղէտները տակաւին կը գոյատեւեն:
Ուշադիր ընթերցողը պիտի զարմացած հարց տայ, թէ աղէտին գոյատեւումը ի՞նչ կապ ունի երկրիրն՝ օրինականութենէ հեռացումին հետ: Ոորովհետեւ ասոնք իրարու խորթ ու անհամատեղելի իրողութիւններ են, որոնք մտածական ոչ մէկ կապ ունին իրար հետ, այդ պաատճառով ալ անոնք չեն կրնար միաժամանակ յառաջանալ բանական ճիշդ մտածող էակին մէջ:
Այսուհանդերձ այսպիսիներէն զերծ չէ մասնաւորաբար մեր մամուլը, դուք ըսէք՝ մեր մամուլին սպասարկողները:
Ստորեւ ուսանելի օրինակներ, որոնց իւրացումը կրնայ մեծապւէս նպաստել ճիշդ մտածողութեան:
(1)Կը շարունակեմ հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին թեկնածու մնալ եւ (2) դրական կ’ընկալեմ ներկայ փուլին պատշաճ եղող որեւէ անուն («Ազդակ», 20/12/2024, էջ 8):
Այս բարդ կառոյցը կազմող նախադասութիւնները իրարու հետ որեւէ առնչութիւն չունին:
Առաջինով խօսողը իր թեկնածութիւնը կ’առաջարկէ նախագահական պաշտօնին՝ ատով մասնաւորաբար ի՛ր անձը արժանի գտնելով այդ պաշտօնին:
Մինչ երկրորդով բոլորովին ուրիշ բան կ’ըսէ. այստեղ անտարբեր աչքերով կը դիտէ ան ընտրութիւնը որեւէ մէկուն, որ «պատշաճ» կը նկատուի:
Այսպիսի իրարու հակադրուող միտքեր չեն կրնար համասեռութիւն, այլ խօսքով՝ համադասութիւն ստեղծել:
(1)Պատժամիջոցներու ջնջումը պիտի նպաստէ Սուրիոյ վերաշինութեան, եւ Իսրայէլի սուրիական հողերու բռնագրաւումը անընդունելի է («Ազդակ», 21/12/2024, էջ 8):
Նոյնպիսի անհամատեղելիութիւն կը գտնենք այս ենթադրեալ համադասական բարդ նախադասութեան երկու բաղադրիչներուն միջեւ, որոնց առաջինը կը վերաբերի վերաշինութեան, երկրորդը հողային բռնագրաւումի:
Տեսնել նաեւ ստորեւ բերուած օրինակները
Ուաշինկթընի մէջ մեծ փոփոխութիւններ պիտի կատարեմ, եւ Քոնկրեսին մէջ հանրապետական մեծամասնութիւնը կը զօրակզի պաշտօններու համար իմ առաջադրած թեկնածուներուս («Ազդակ», 24/12/2024, էջ 8):
Անհրաժեշտ է շարունակել Թաէֆի համաձայնագիրին մէջ նշուած բարեկարգումները, եւ վարչական ընդլայնուած ապակեդրոնացեալ դրութեան գործադրութեան ուշացումը յանգեցուց ոմանց դէպի համադաշնակցային դրութիւն շեղման («Ազդակ», 13/2/2025, էջ 8):
Ամերիկայի եւ Ֆրանսայի հետ հաղորդակցութիւնները կը շարունակենք իսրայէլեան հեռացումը ամբողջացնելու եւ շիի համայնքի պաշարում չկայ (Ազդակ», 19/2/2025):
Պըրրի սէյիտ Նասրալլայի յուղարկաւորութեան ներկայ պիտի ըլլայ, եւ մեր մօտ կառավարութեան վստահութեան քուէ շնորհելու ուղղուածութիւն գոյութիւն ունի («Ազդակ», 22/2/2025):
Մէկ կողմէ ինչ-որ մասնակցութիւն յուղարկաւորութեան մը, միւս կողմէ… վստահութեան քուէի շնորհում: Գրողը ի՞նչ կապ կը գտնէ այս երկուքին միջեւ… առեղծուած մըն է, որուն հասարակ ընթերցողիս խելքը… չի հասնիր:
Յուսանք չենք ստիպուիր ցամաքային ուժերով մուտք գործել հարաւային Սուրիա, եւ այդ մէկը չենք բացառեր («Ազդակ», 17/7/2025, էջ 1):
Շատ յատկանշական է. մէկ կողմէ կը յուսայ, կը մաղթէ, գրեթէ կը խոստանայ մուտք չգործել հարաւային Սուրիա, չգրաւել զայն, միւս կողմէ… չի բացառեր, որ այդ մուտքը, այդ գրաւումը կրնայ տեղի ունենալ:Լեզուն ինչպէ՞ս գլուխ ելլէ այսպէս «մտածող» ուղեղներու հետ:
Պարզ է. որ այս պարագային եւս եւ շաղկապին փոխարէն պարտինք ստորադասական այսուհանդերձ շաղկապը կիրարկել:
Խմբագրութեան կողմէ.
Այսպիսով կը փակենք (պիտի ըսէինք՝ կ՚աւարտենք, սակայն ան անաւարտ է) մեր հանգուցեալ աշխատակիցին յօդուածաշարքը, որուն վերջին բաժինը ստացած էինք իր մահէն քիչ առաջ։
Այս մասին կարելի է կարդալ նաեւ Արմենակ Եղիայեանի «Արեւմտահայերէնի ուղղագրական, ուղղախօսական, ոճաբանական ուղեցոյց»-ին մէջ (տես «Նայիրի»-ի կայքէջը, http://www.nayiri.com/)։
