Բանաստեղծութիւններ

Գրիգոր Զոհրապ

Խմբագրութեան կողմէ. Նորավէպի իշխանը աւելի ծանօթ է իր արձակ էջերով, սակայն ստորեւ կը ներկայացնենք փունջ մը իր բանաստեղծական փորձերէն։

Անծանօթը

Փողոցին մէջ կ՚երթար, կարծես կը սահէր,
Յուշիկ քայլով, դանդաղ, գրեթէ շփացող,
Դէմքը կազէ լաչակի մէջ կը պահէր,
Պատմուճան մը ունէր հովէն ծըփացող:

Աղուո՞ր, տգե՞ղ, ինչ փոյթ. բաւեց որ մտքէս
Մարմին մը տամ ես ուզածիս պէս իրեն,
Վրդովիչ հով, պչրանք մը լուռ, վերջապէս
Ամեն բաներն որոնց համար կը սիրեն:

Ու տարիներ սրտիս խորքը ջանացի
Պահել զինքը մասունքի պէս, եւ մէ՛կուն
Չըսի անոր հրապոյրները կանացի
Որ գիշերներս ըրին խռոված եւ անքուն:

Ի՞նչպէս եղաւ, ո՛վ երազի ծնունդ կին,
Որ ըստուգիւ մարմին առած, խրոխտ ու վես,
Դեռ անցեալ օր թատրոնի մը հոծ մուտքին`
Չճանչցողի մը պէս անցար իմ քովէս:

Լուսանալու դէմ

Լուսանալու դէմ գիշեր մըն է լուռ ու տխուր.
Մութ մը վճիտ, լեցուն լոյսէ բիծերով,
Գիշեր յստակ, համեստ իղձի մը պէս, ուր
Կը գծագրուի աշխարհ` տարտամ գիծերով։

Այս մութը չէ այրիին քողն, այլ աղուոր
Երեւնալու համար հնարուած թելը նուրբ.
Ընդնշմարել միայն տըուող շղարշը` որ
Կը ցուցընէ դէմքերն ամեն գողտր ու սուրբ։

Ես աւելի կը սիրեմ մութն այս պայծառ
Անգաղտնապահ ցորեկներու լոյսերէն.
Ինչպէս կնոջ համակրութիւնն անբարբառ
Բացէ ի բաց խոստովանած իր սերէն։

Զատկի առթիւ

Անկիւն մ՚ունիմ սրտիս մէջ ուր՝
Կ՚առանձնանամ ամեն ատեն,
Վերյիշումներ երբոր տըխուր
Երկրէն զիս պահ մը կ՚անջատեն։

Հոն` կը կենամ ես ծնադիր
Ինչպէս առաջքը խորանին,
Եւ ուր միայն կը ծաղկի իր
Կէս սուգին մէջ եղրեւանին։

Հոդ շարուած են իրարու մօտ
Մութ փոսերը իմ իղձերուս,
Յիշատակներ` հիմա աղօտ,
Անուններ` զոր չ՚ըսեր լեզուս։

Խոլ տենչանքներ, թռիչք անհուն
Զոր ձեռքովըս տուի հողին,
Մեռելներ` զոր ուրիշներուն
Պէս յարութեան յոյսը չունին։

Հսկում

Քակէ՛ մազիդ խուրձը ոսկի օձերու
Որ պլլուին պարանոցիդ ձիւնեղէն,
Ուսիդ, մէջքիդ փաթթուելով քեզ նեղեն
Միսիդ վրայ իբրեւ քօղք մը բոցերու։

Մերկ, խրոխտ, շքեղ օթոցիդ վրայ պառկէ՛ դուն
Սեւ մետաքսէ գուլպաներըդ պահելով,
Երազներ հիւսէ՛, քնացիր դէմս անվրդով,
Ես ըսպասեմ այսահարի պէս արթուն։

Կեցի՛ր այդպէս, որ իմ հոգւոյս մէջ տըպեմ
Ձայտքը, էջքը, թաւալումը գիծերուդ,
Յիշեմ տեղուանքն հոս հոն ցրուած բիծերուդ,
Ինքզինքըս անով խաբեմ, խաբխըբեմ։

Համակերպութիւն

Դուն լայն ճամբէդ գընա, ա՛ղուոր,
Ես կ՚երթամ մութ արահետէս,
Երջանիկ այն համոզմամբ, որ
Սրտով գոնէ ինծի հետ ես:

Ու անխռով կայքէս նըսեմ
Աչքըս յառած շաւղիդ, ո՛վ իմ
Դալուկ լոյսըս, պիտի սպասեմ
Քեզի որչափ որ ես ապրիմ:

Մէկ խնդիրք մը միայն. վերջին
Ժամուս կ՚ուզեմ որ մօտս ըլլաս,
Եւ երբ ամենքն ինէ փախչին,
Դու գէթ անուշ դէմքըդ ցոյց տաս:

Եւ ամեն փառքի փոխարէն,
Միայն պատկերըդ յստակ ու ջինջ
Հետըս տանիմ այս աշխարհէն
Չը յիշելով ուրիշ ոչինչ:

Ոչ ոք

Դաշնակ մըն է հոգիս լեցուն
Նուագներով շատոնց լռած`
Որ մատիդ ծայրը դիպչելուն
Կը սարսըռայ, կ՚երգէ յանկարծ:

Երգեր մոռցուկ, երգերս իմ հին,
Խոր քուներնին թողածի պէս,
Որ շըփելով գոց աչուընին
Կ՚անցնին կարգով ահա դէմէս:

Նախ երգերը օրօրոցիս
Որոնցմով մայրս զիս մեծցուց.
Ու խոլ երգերն իմ փողոցիս
Զոր տակաւին գիտեմ բերնուց:

Վերջը, սիրոյ երգերը որ
Կէս մը իրաւ, կես մը կատակ,
Նետեցի չորս դին ամեն օր,
Ծաղկանց նըման ոտքերու տակ:

Վերջը, վերջը բոլոր զուարթ
Այդ երգերուն, — դադարը մեծ,
Լըռութիւնը, զոր մինչեւ ցարդ
Քեզնից զատ ո՛չ ոք չէ վըրդովեր:

Հպարտութիւն

Ժամանակը թեւէս բռնած կը տանի.
Եւ կուրօրէն կը հետեւիմ ես անոր,
Փըճացող հէք իղձերուս տեղ մէկ քանի,
Մէկ քանի յոյս, լոյս դընելով ամեն օր:

Մերթ կը քալեմ գնացքով համր ու տարտամ,
Յորձանքին հետ մերթ կը վազեմ շուտափոյթ,
Կ՚ընկըղմիմ եւ իսկոյն նորէն կը ծփամ,
Կը ծփամ, վերն է միշտ երկինքը կապոյտ:

Փախչի՞լդ ինէ, իրաւունքդ է, ո՛վ սէրդ իմ,
Ինչպէս բոլոր երազներուս ծերունի,
Թռչուններու խուճապ, որուն կը ժպտիմ,
Ժպիտով մը, որ լացի շատ կը նմանի:

Եւ կամքով մը հըզօր սիրուս հաւասար,
Ես անտրտունջ կ՚երթամ ճամբէս զարտուղի,
Հիմա գոցուած գիշերով թանձր ու ըստուար,
Թանձր ու ըստուար` վաղորդեանով մը յղի:

Ձիւնը

Ակնախըտիղ անբըծութիւն մը վերէն
Երկնից վճիտ բարձրութենեն կ՚իջնար վար,
Վարանելով, օրօրուելով, ծուլօրէն,
Քալուածքին պէս կնոջ մը մարմնեղ եւ ըստուար:

Ու փողոցին մայթին վրայ կը փռէր
Ճերմակութիւնն իրեն քընքուշ` ցեխին քով.
Ոտքերու տակ կը կոխկըրտուէր, կը լռէր,
Անտրտունջ միշտ ու քիչ մըն ալ հաճոյքով:

Վերէն հիմա ձիւնը առատ կը մաղուէր,
Յօժարակամ թողլով եթերը կապոյտ.
Անձնամատոյց կին էր ան որ կը թաղուէր
Փոսի մը մէջ ցեխի, անհոգ ու անփոյթ:

Տարակոյս

Տանթելներուդ փրփուրովը կը մտնես
Երերալով` նաւու մը պէս ալեհերձ,
Աչքերու մէջ ցանկութիւններ կը գըտնես,
Ու կը հրճուիս կնկան մը պէս այլամերձ:

Մատուցումի մը պէս կարծես կը ծփան
Կոհակավետ մարմնիդ բոլոր գիծերը,
Ծըփանքով մը օձագալար խոլական,
Եւ կը զմայլին ապշած տղան ու ծերը:

Ամեն այրերն յորձանքիդ մէջ կը դառնան,
Ու կը փոխուին խելօքներն ալ խենթերու,
Սուրբերն անգամ իսկոյն վրադ աչք կը բառնան,
Հոսանքն ես դուն սարսուռներու, տենդերու:

Ըսէ՛ շիտակ, թէ որ սիրեցիր քիչ մը զիս,
Ո՜վ հասուն կին, որ խոնջենքը մարմնիդ մէջ
Տարիներուն դէմը կ՚ելլես, կ՚ընդվըզիս,
Ձիւնածաղի՞կ արդեօք կամ հո՞ւր ես անշէջ:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *