Մարուշ Երամեան
Կը յիշէ՞ք Հովիկը, մեր Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանի Հովիկը, որ անունը Հ-ով կը գրէր, չեմ հասկցած ինչու. Յովիկը Յ-ով մեզի համար յստակօրէն Յովհաննէս կ’ըսէր: Յովհաննէ՞ս… բայց Յովհաննէսը այնքա՜ն անյարիր էր մեր գիտցած Հովիկին, որ հանդարտ մանչ մը կ’երեւէր, բայց որուն շուրջ խորհրդաւոր մշուշ մը կար կարծես, որքան կը յիշեմ այն օրերէն:
Յետոյ բոլորս ալ շրջանաւարտ եղանք. ու չգիտցանք թէ մեր դասարանցիները ի՞նչ ըրին, ո՞ւր գացին: Մեզի ամենէն մտերիմներէն զատ, այնքան զբաղ էինք դպրոցէն դուրս մեր առջեւ ի վերջոյ բացուած կեանքով, որ ժամանակ չունէինք նախկին ընկերութիւնները պահելու:
Տարիներ ետք սկսանք մեր ընկերներուն ձայնը լսել, զանազան զարմանազան վայրերէ, զանազան զարմանազան մասնագիտութիւններէ. Տիգրանը Ռիչըրտ եղեր էր ու իր ձայնը Նիւ Եորքէն կու գար. Նուշիկը մեծ վաճառատան մը manager-ը դարձեր էր:
Հովիկին ձայնը առինք միջազգային լուրերէն.
««Օթթաուայի եռեակը» (կամ՝ «Օթթաուայի 3-ը») Հայ յեղափոխական բանակի երեք անդամներ էին, որոնք 1985-ին յարձակում մը իրականացուցին Օթաուայի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան վրայ։ Այս յարձակումը մաս կը կազմէր հայ զինեալներու կողմէ թուրք դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն դէմ իրականացած յարձակումներու շարքին։ Յարձակող երեքն էին՝ Գէորգ Մարաշլեան, Ռաֆֆի Թիթիզեան եւ Յովհաննէս Նուպարեան, որոնք մեղադրուեցան առաջին կարգի սպանութեամբ։ Այս յարձակումը միջազգային պատասխանատուներուն կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան մոռացումին դէմ քայլ էր, որուն նպատակն էր ստիպել Թուրքիան, որ ճանչնայ Համաշխարհային Ա. պատերազմին իր կողմէ իրագործուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Այդ յարձակման ընթացքին զոհուեր է դեսպանատան պահակներէն մէկը եւ պատանդ վերցուեր են դեսպանին կինը, աղջիկն ու այլ պաշտօնեաներ»:
Հովիկը իր ընկերներուն հետ ստացեր էր ցկեանս բանտարկութեան դատավճիռ եւ 25 տարի ետք պայմանական ազատ արձակուեր է:
Հովիկին կեանքին այս մանրամասնութիւնները կը յիշենք, որովհետեւ ստացանք իր հեղինակութեամբ գիրք մը, որ հրատարակուեր է Մոնթրէալ, 2025 թուականին եւ կը կրէ «Քրիստոսականութեան Բանաձեւը» խորագիրը:
Այս ստուար հատորը՝ 299 էջ, մեզ խորապէս զարմացուց, որովհետեւ Հովիկը այնքան ալ կապ չունէր, կը կարծէինք, գիրքերու հետ, ոչ միայն որպէս ընթերցող, այլ մանաւանդ որպէս հեղինակ:
Գիրքը խմբագիրի անուն չի նշեր:
Առաջին գլուխը, խորագրուած «Ինչո՞ւ», կը ծառայէ որպէս յառաջաբան, մուտք կամ ձեւով մը բացայայտում գիրքին նպատակներուն: Առաջին նախադասութիւնն իսկ կ’ըսէ, որպէս պատասխան խորագրի հարցումին՝ «Ճշմարտութիւնը որոնելու համար»: Ինչի՞ն ճշմարտութիւնը: Կրօնքի՞ն թէ հաւատքին:
«…ճշմարտութիւնը վաւերական իսկութիւն է, որմով չի պայմանաւորուիր կրօնքը»:
Իր կեանքին ամենէն բեղուն ու երիտասարդական աւիւնով լեցուած օրերը բանտին մէջ անցուցած անձի մը համար, մանաւանդ երբ բանտարկուած է արդարութիւն պահանջող եւ անոր հաւատացող արարքի մը որպէս հետեւանք, կեանքի էական բոլոր երեւոյթները, հաւատքէն մինչեւ արդարութիւն, կը դառնան մտասեւեռում, միտքը կը փորձէ հասկնալ անհեթեթութիւնը կացութեան, կը բացատրէ երեւոյթները, կը մտնէ անոնց խորքը, ճշմարտութիւնը գտնելու, անոր հասնելու յոյսով, թէեւ յոյսը հաւատքին հետ՝ «երկու զիրար ամբողջացնող խորհուրդներ», «խորքին մէջ… ինքնախաբէութիւն է»:
Այս գիրքը խորունկ վերլուծութիւն մըն է Աստուածաշունչին. իւրաքանչիւր գաղափար որ կը տրուի, հեղինակին կողմէ հաստատուած է ճշգրիտ մէջբերումներով:
Նման աշխատասիրութիւն մը կը յենի բազմաթիւ այլ աշխատութիւններու ընթերցումին եւ ուսումնասիրութեան վրայ:
Երեսուն երկար տարիներու ուսումնասիրական աշխատանքի մը արդիւնքն է այս գիրքը, ինչպէս ըսած է Հովիկը իր ընկերներուն:
Հոգեբանական ամբողջ խարիսխի մը վրայ հիմնուած այս ուսումնասիրութիւնը, ինչպէս ըսինք, կը բխի կեանքի դրուածքէն.
«Լսեր էք որ ըսուեցաւ աչքի տեղ աչք ու ակռայի տեղ ակռայ: Բայց ես ձեզի կ’ըսեմ՝ չարին հակառակ մի՛ կենաք… Ըսուեցաւ քու ընկերդ սիրես ու թշնամիդ ատես. բայց ես ձեզի կ’ըսեմ՝ սիրեցէք ձեր թշնամիները եւ այլն»:
«Having survived the cruelest of wars, how does one go on in a hostile or indifferent world?» (Ամենադաժան պատերազմը վերապրելէ ետք, ինչպէ՞ս շարունակել ապրիլ թշնամական կամ անտարբեր աշխարհի մը մէջ)։
Այսպէս կ’ըսէ Էլի Վիզէլ, Ողջակիզումէն փրկուած գրագէտը:
Իրապէ՛ս, գլխաւոր հարցումը այս է՝ ինչպէ՞ս ապրիլ, մահը տեսնելէ ետք. ըլլա՞լ թէ չըլլալ. ըլլալ ԵՒ չըլլալ միաժամանակ՝ վիճակներուն ամենէն դժխեմը:
Այս գիրքը կու գայ որպէս պատասխան այս բիւր անպատասխան հարցումներուն:
Եւ հակառակ իր բազմաթիւ փաստացի եւ Գիրքին խօսքերով իսկ հաստատուած խօսքերուն, նոր հարցադրումներու առջեւ կը դնէ հեղինակը:
Թերեւս կարելի է այլ իմաստ տալ Գիրքին «սիրեցէ՛ք ձեր թշնամիները» խօսքին, որովհետեւ բրտութիւնը, աչքին տեղ աչք հանելը երբեք լուծում չեն եղած ու կը շարունակեն չըլլալ. վկայ՝ պաղեստինցիներուն հաւատքով լեցուն եւ յամառ դիմադրութիւնը: Թերեւս կարելի ըլլայ «աչքի տեղ աչք»-ը հասկնալ որպէս յորդոր, «իրե՛նց զէնքերով» կռուելու, խորամանկութեան դէմ խորամանկութեամբ վարուելու, երկար տարիներու համար ծրագրելու, ու յետոյ հարուածելու:
Գիրքը իր բոլոր գլուխներուն մէջ կ’անդրադառնայ ազգային այն աւերին, որ կրօնքի անունով կը գործադրուի ներխուժող, բռնագրաւող եւ տիրապետող երկիրներուն կողմէ: Այս միջոցով է որ անոնք՝ ներխուժողները կու գան, կը յաղթեն, ապա կը սկսին ջնջել իսկական տէրերուն գոյութիւնը հաստատող բոլոր նշանները:
Հետեւաբար գիրքը ճիչ մըն է անդրադարձ տալու իրողութիւններու, որոնք կրնան վրիպիլ մեր հայեացքէն, ամէնօրեայ կեանքի տաղտուկներուն մէջ, բայց որոնք ի վերջոյ կը հասնին իրենց նպատակին՝ ապազգայնացումի տանելու ամբողջ սերունդ մը եւ սերունդներ:
Գիրքը կը փակուի Սիամանթոյի «Նաւասարդեան Աղօթք առ Դիցուհին Անահիտ» քերթուածին երկու՝ առաջին եւ վերջին քառատողերով.
Ո՜վ դիցուհի, ես մեղկութեան կրօններէն ահա իմ խիղճս լուացի
Ու պերճօրէն դէպի զՔեզ կը քալեմ: Հողաթափներս դեռ սուրբ են:
Բա՛ց մարմար դուռը մեհեանիդ, անոր դիմաց ես ճակատդ թող արիւնեմ…
Բա՛ց բագինդ եւ տուր ինծի շէկ զօրութիւնը Արտաշիսեան նախնիքներուս:
…
Կը պաղատիմ ես Քեզի, ո՜վ զօրութեանց Դուն աներկրորդ Գեղեցկութիւն…
Դուն Քու մարմինդ արեգակին ընծայելով՝ բեղմնաւորուէ անոր Տարրէն
Եւ անյաղթելի ահեղ Աստուած մը պարգեւէ դուն Հայութեան…
Քու ադամանդեայ արգանդէդ, ո՛վ Դիցուհի, ահեղ Աստուած մը ծնանէ՛ մեզ…
Արդեօ՞ք հրաւէր մըն է ասիկա վերադառնալու, կամ ստեղծելու զօրութեան եւ ոյժի նոր աստուածներ, որոնց այնքան կարիքը կը զգացուի այսօր:
Հետաքրքրական մօտեցումներով ընթացող այս գիրքը կրնայ տարբեր դիտանկիւն մը պարգեւել ուշադիր ընթերցողին, անոր միտքին մէջ ընթացող տիալէքթիք մտածումներով եւ ներքին վէճերով: Նոյնիսկ եթէ ընթերցողը համաձայն չըլլայ հեղինակին հետ, գիրքը պիտի փակէ հարստացած եւ յագեցած միտքով:
Կեանքիդ ծանր շրջանին գեղեցիկ հետեւանքը համարէ այս գիրքը, սիրելի՛ Հովիկ Նուպարեան:
(«Գանձասար», 16 յուլիս 2026)
