Եդուարդ Պոյաճեան
Ուզեց Գալուստ բարձր տուն։
Նոր կառուցուող գիւղին տնաբաշխութեան օրէնքը կարճ ու կտրուկ յօդուածներ ունէր սակայն, շատ յստակ, պարզ ու մեկին տրամադրութիւններ։ Վճիտ էր ամեն ինչ: Որով՝ չեղաւ Գալուստին ուզած տունը, կամ գոնէ նման տուն մը։ Էրիկ կնիկ մըն էին միայն, երկու ծերեր, հետեւաբար տնաբաշխութեան օրէնքը կը տրամադրէր նմաններուն ծայրամասի ցած վայրի վրայ տուն մը: Առաջարկուեցաւ իրեն, քաղաքավար, նոյնիսկ ժպտուն պաշտօնականութեամբ մը, վարի թաղերուն ծայրը բնակիլ: Ուրիշ ճար չկար. Տեղաւորման Յանձնախումբին գտած միակ բանաւոր ելքն էր ատիկա. գործադրել օրէնքը տառացիօրէն:
Հաղորդուած կարգադրութեան վերջնական թոնը, անսպասելիօրէն մերժողական, բիրտ թուեցաւ Գալուստին: Վիրաւորեց զինք իր ամենէն զգայուն կեդրոններուն մէջ: Զգաց որ կը պակսի, պակսեր է։ Զգաց հետզհետէ արժանապատուութիւնը ոտնակոխ եղած, տրորուած, անէացած:
Ինք ուրեմն կարեւոր մէկը չէ՞ր. խոշոր մարմնով խոշոր հոգի ունեցող ջորեպան Գալուստը չէ՞ր. Սիմոն Զաւարեանին հետ, ետինքի մը, Գարաչայէն անցնող լեռնցի մարդը չէ՞ր: Օրէ՜նք, գաղթականութի՜ւն։ Որքա՜ն պզտիկ, չնչին, արհամարհելի գտած էին զինք իր երիտասարդութեան պեխի՛ն չհասնող Յանձնախումբին երիտասարդները։ Ինք բան մը չէ՞ր արժեր այդ գիւղին մէջ, ինք ոչի՞նչ չէր արժեր։ Ինք լերան կռուէն փախած Սաղաթէ՞լն էր, ինք մուրացկան Միսա՞քն էր, Գեւոնենց կա՞ղն էր՝ ամենուն վրայ նախանձող, ամեն լաւ բանի թշնամի. զինք ինչո՞ւ կը դնէին Սխտոր–Անդրէասի մը տեղ։
Կատղեցաւ:
Ըսենք, Ժամանակ մը, ինք ոչինչ էր. ջորեպան մըն էր. բայց Զաւարեանը… սատանանե՞րը բերին լեռ, թէ ինք: Կուսակցութեան կոմիտէները խե՛նթ կ՚ըլլան Անոր համար, բայց ինչո՞ւ կը մոռնան այս խեղճ Գալուստը. ալ ջորեպան Գալուստ մնա՞ց թագաւորի չափ մարդու մը հետ քալելէն ետք։ Անոր խաթրը չկա՞յ։ Ան իրեն «ընկեր» չըսա՞ւ անգամ մը երբ ուրիշ մարդիկ ալ կային: «Աս հայ տղայ է» ըսաւ, զարկաւ կռնակին. չտեսա՞ն. այս բարակ խլէզները չե՞ն լսած: Թող իր կէսը ըլլային, կէսի՛ն կէսը ըլլային, թող իրենք Զաւարեանի մը փապուճը բերէին. նայինք հետերնին կը խօսուէ՞ր, նայինք քիթերնին մինչեւ ո՛ւր չէին տնկեր։ Իրենք զիրենք ի՛նչ կը հաշուեն. թող չկարծեն Գալուստ ջորեպան եղեր, ջորեպան մնացեր է. անցա՜ւ։
Ու ձեռքը կուրծքին դրած, հոն բան մը սեղմելու պէս՝
— Հոս թագաւորի չափ մէկու մը անունը կայ. ես մէջտեղ պիտի ըլլամ ու վե՛ր նստիմ: Մէջտեղ, վե՛ր. կտրիճ հայը՝ մէջտեղ, վե՛ր…:
Եւ Գալուստ պնդեց իր առաջարկին վրայ։ Ուժգնօրէն։ Փրփրոտ բերանով։ Հրապարակին վրայ, յունուարի մռայլ իրիկուններուն: Մերժուիլը գրգռած էր արժանապատուութեան բոլոր թելերը եւ փափաքը ընծայած աւելի քաղցր, անդիմադրելի՛.
— Կ՚ըլլայ ըսածս։ Չեղաւ։
Եղաւ անօգուտ՝ ամեն յամառութիւն։
Կար անոր պնդումին մէջ ցաւ, բարկութիւն, արժանապատուութիւն:
Կար ուրացուող ողբերգութիւնը ծեր մարդու վիրաւոր այլ անտեղիտալի ընդդիմութեան մը։
Եղան իր աչքին յանձնախումբին տղաքը՝
— Մանր մունր լակոտներ։ Չտես, անարդար, շփացած:
Եղաւ տարագրութեան հողը՝
— Ծանր, պաղ, թթու։
Աշուղ Մարգարին, անոր վրանին առջեւ.
— Վերջը վերջը մեր վրայ ալ դրին այս ծանր համետը:
— Ինչ կ՚ըսես, Գալօ:
— Այսինքն մուհաճիրութեան համետը։ Անցեալ պատերազմին քիչ մը մարդ եղած էինք, այս անգամ չկրցանք, ջորի եղանք, ջորի՛, այն ալ՝ Վրթանէսի՛ ջորի:
— Չհաւնեցայ ըսածիդ, Գալօ. համետը հայուն համար չէ. չե՛մ ընդունիր. հայը այս մուհաճիրութիւններուն մէջէն կ՚ելլէ՛. ամենէն ծանր համետը օր մը պիտի դնենք տաճիկներուն վրայ. կը տեսնե՛ն, թող հիմա խնդա՛ն:
— Դուն ըսէ՛. հիմա համետը մե՛ր վրայ է. թեթեւ կ՚ըլլային անոր փայտերը՝ եթէ իրար սիրէինք։
Աշուղ Մարգար, եղէգի կտորով մը գիծեր կը քաշէր առջեւի հողին վրայ. հասկցաւ Գալուստին խօսքերուն տակ պահուըտած ցաւը։
— Գալօ, տղայ մի՛ ըլլար, տարիքը առած մարդ ես ինծի պէս, ասանկ մանր մունր բաներ ամեն տեղ կը պատահին. իրար չսիրելու ի՛նչ կայ. չե՞ս գիտեր. մեր այս գիւղացիները քիչ մը շատ կը խօսին, սովորականէն քիչ մը աւելի յամառ են, կ’ըսեն, կը ծաղրեն, կը քֆրեն, բայց սրտերնին մաքո՛ւր է. իրար չսիրելու բան չկա՛յ. մինչեւ վերջ իրար կը նեղացնեն եւ իրարմէ չեն զատուիր. բոլորը ճիշդ իրարու պէս են. տղայ մի՛ ըլլար:
— Չէ՜, Մարգա՛ր, փոխուած շատ բան կայ. ինծի ատիկա ընելո՞ւ էին. մուհաճիրութեան մուրն է ասիկա, դուն չե՛ս գիտեր. կամաց կամաց եթէ սրտով տաճիկ չըլլանք, ան ալ Աստուծոյ մէկ ողորմութիւնը կ՚ըլլայ։
Աշուղ Մարգար կլորակ մըն ալ գծեց հողին վրայ. եղէգի կտորը ձեռքէն ձգեց. լռեց. նայեցաւ երկնքին. առտուան արեւը ամպէ ամպ կը ցատկէր, կ՚երթար առաջ։
— Ի՛նչ կը նայիս վեր, Մարգա՛ր, այստեղ աշուղութիւն չկայ. ցեխերու մէջէն քալող թրջուած արեւի՞ն կը նայիս. ի՜նչ կլոր, ուռած, ապուշ բան մըն է արեւը։
— Ոչ, Գալօ, ոչ. սիրտդ ուռած է, ոչ թէ արեւը։ Կը տեսնե՞ս ինչ ճարպիկ է, ինչ խելացի, ինչ գեղեցիկ, ամպերը կ՚ուզեն աղտոտել զինք, կ՚ուզեն փակչիլ իրեն, ամեն կողմէ կը հաւաքուին, բայց չեն կրնար պզտիկ աղտոտութիւն մը դնել վրան. բոլորին վրայէն կը ցատկէ, բոլորին վրայ կը խնդայ, կը մնայ միշտ փայլուն, միշտ մաքուր, միշտ անոյշ՝ կ՚երթայ ամառ թէ ձմեռ՝ կ՚երթայ արեւը. կապոյտ երկինքին հարսն է ան։
Ու շիտակ նայելով Գալուստին աչքերուն.
— Հայը այդ արեւն է, Գալօ՛. տաճիկ, տաճիկի պէս ազգեր, մուհաճիրութիւն՝ ամպ են, կը հաւաքուին մեր վրայ, կ՚ուզեն աղտոտել, կը ծածկեն երբեմն մեր լոյսը, բայց չեն կրնար մեր վրայ աղտ ձգել. հայը դարձեալ կը փայլի, կը մնայ մաքուր եւ կ՚երթայ առաջ: Հայը քաջութեան եւ լոյսի փեսան է։
Գալուստ սկսած էր նեղուիլ. շատ կը սիրէր Աշուղ Մարգարը. մանաւանդ անոր ձայնը, նիհար սրունքները, հողին վրայ գիծեր քաշելով խօսիլը. հիմա ալ կը սիրէր. եկած էր անկէ սեւ ու զօրաւոր բառեր լսելով սիրտը հովացնելու, եւ ան ըսած էր ժողովուրդին համար փայլուն խօսքեր. կը նեղուէր Գալուստին հոգին։ Վախնալով որ եթէ քիչ մը եւս մնայ, Աշուղ Մարգար զինք պիտի հանդարտեցնէ, համոզէ, նոյնիսկ խանդավառէ՝ ելաւ ոտքի, արդէն պատրաստ մեկնելու։
— Մարգար, եթէ այդ տունը ինծի չտան բոլոր ըսածներդ փուճ են. արեւը թրջած, ցեխոտած, Սխտոր–Անդրէասին պէս պտտող ապուշ մըն է, եւ մեր գիւղացիներն ալ՝ այդպէ՛ս…
Գնաց:
Աշուղ Մարգար կ՚ուզէր որ ուզուած տունը տրուի Գալուստին: Գիտէր անոր բարի, մաքուր, միամիտ ըլլալը, գիտէր որ քիչ մը փայլիլ, խոշո՛ր երեւիլ կ՚ուզէ ան, տարբե՛ր երեւիլ. բայց չէր կրնար բան մը ընել, ինքը պզտիկ, հին, ծերացած հայ մարդ մըն է։ Գալուստ մաքուր է, կտրիճ է եղած, այնպէ՜ս, այնպէ՜ս կռուեցաւ լերան կռուին. բայց խեղճ Յանձնախումբը ի՛նչ թող ընէ. ձեռքին օրէնք տուեր են, օրէնքով պիտի շարժի. թէ ոչ ամեն մարդ բան մը կ՚ուզէ, աղմուկ կը փրթի, «ես եմ, դուն ես», գործը կը քանդուի, գիւղերը ամբողջ խայտառակ կ՚ըլլան. հայուն գործն ալ դիտողը, փառք Աստծոյ, միշտ շատ կ՚ըլլայ: Չէ՛, գէշ բան մը սկսաւ Գալուստ, գէշ բան մըն է ասիկա. օրէնքը յամառ, Յանձնախումբը յամառ, Գալուստ յամառ: Ո՛վ յամառ չէ յետոյ այս գիւղերուն մէջ։ Բան մը ըսի՞ն, ըրի՞ն. ա՛լ երկար բարակ չեն մտածեր՝ կը բռնկին, հոս հոն կ՚երթան, կը խօսին, կը քֆրեն, կը սրդողին։ Ալ ամբողջ գործերնին իրար չհասկնալ եւ իրարու նեղութիւն տալ կ՚ըլլայ. գէշ բան մը սկսա՞ւ, դժուար կ՚առնուի առաջքը, դժուար. այսպէս խնդիրները ընես տեսակ մը, չընես տեսակ մը։ Բայց Գալուստ, ի՛նչ ալ ըսեն, արժող մարդ մըն է։
Ու սիրտը չափէն աւելի նեղուած՝ Աշուղ Մարգար չգտաւ որեւէ ելք։ Ըսաւ ինքնիրեն.
— Սպասե՛նք, նայի՛նք։
* * *
Աշուղ Մարգարին հանդիպելէն ետք, քանի մը օր, սրտի նոյն ճնշուածութեամբ, այլ անհնարին զոհողութեան մը գնով՝ Գալուստ ջանաց փոխել լեզուն: Եղան իր բառերը ողոքումի, աղապատանքի բառեր։
— Կ՚աղաչեմ, լաւ տուն մը, հրապարակէն կ՚ելլես՝ ապա այդ վերի տունը, ինծի շատ յարմար է. սիրտս արեւ կ՚ուզէ, հով կ՚ուզէ, բաց տեղ կ՚ուզէ. ամենէն աւելի ես չեմ սիրեր թուրքը, կ’աղաչեմ, ա՛լ հասկցէք։
Իր զգացումներուն համաձայն, որ կը կարծէր թէ ընդհանուրին զգացումն է նաեւ, չկար մէկը որ զինք գերազանցէր թուրքը ատելուն մէջ։ Որով՝ կը հանէր իրեն համար բացայայտ զգացումներու այդ գումարէն հողի եւ տնաբաշխութեան իւրայատուկ տրամաբանութիւն մը։ Ըստ ուրեմն այդ անվիճելի տրամաբանութեան՝ լաւ հող եւ լաւ տուն պէտք էր տրուէր բաղդատական ատելութեան կարգով մը: Դժուա՞ր է դեռ ստեղծել ատելութեան նման չափանիշ մը։ Գալուստին զգացումները ջիղ առ ջիղ, նեարդ առ նեարդ կը պոռան — ո՛չ: Թող կառավարութեան ղրկած օրէնքը չեղեալ համարեն, իրեն յանձնեն գործը եւ տեսնեն՝ ինչ արդարութիւններ կը հանէ մէջտեղ. ո՛վ կը ղրկէ վարի «աղբանոց» թաղերը եւ ո՛վ կը բերէ վեր։
Ո՞վ։
Կը բերէ անշուշտ Կրպօն եւ իր կինը. այդ կինը, Սիրան քոյրիկը, ի՜նչ գործեր տեսաւ լերան կռիւներուն. նետեր են զիրենք էն վարերը։ Կը բերէ Ուղտ-Յովհաննէսը, որ Անտիոքի մէջ իսկ թուրք չէթէի ոսկոր փշրեց ու փափախը այնպէ՛ս մը դրած մտաւ գիւղ, որ կարծես հարսնիքէ մը ուրիշ հարսանիքի կու գար. Փանոսին տունը ահա անոր կը վայլէր: Կը բերէ Զաքարենց Սամուէլը՝ որուն երիտասարդութիւնը գիշերներու մէջ մաշեցաւ. խեղճին ականջները միայն «Գնա՛» բառը լսեցին. գնաց տունէ տուն, թաղէ թաղ, գիւղէ գիւղ. գնաց Քեսապ, գնաց Անտիոք, գնաց Օրտու։ Ու գնա՛ց վրայէն երիտասարդութիւնը. մնաց՝ այսպէս ծեր, մէջքը ծուռ, մահուան մօտ, ու չկարգուած: Հիմա՝ բարեւ տուող չկայ իրեն: Աշուղ Մարգարին իր տունին կռնակը տուն մը կու տայ. այդ մարդուն հոգին բարձր է եւ ամուր քաշուած չուանի մը պէս ուղիղ. իր բոլոր ցաւերը կը պահէ. սրտին մէջ վէրք կայ եւ բերնին վրայ ծաղիկ. չհասկցա՞ւ զիս, իրաւունք չտուա՞ւ. բայց Աշուղ Մարգար այդպէս է. ան հայուն հոգին տեսնող մըն է, կշռող մըն է, սիրո՛ղ մըն է։ Դեռ Թրիփոլիի ճամբուն վրայ, անասուններ եւ հայ տանող թրէնին մէջ չըսա՞ւ. Ամեն անգամ երբ թուրք բառը լսեմ՝ կարծես տուներ կը քանդեն վրաս, պզտիկ տղու եւ ծեր մարդոց ճիչեր կը լսեմ —։ ՉԷ՛, Աշուղ Մարգարին տունը իմ տանս քով։
Կը ձգէ վարի տուները պարա՞պ։
Երբե՛ք:
Կը տանի հոն Շերեփ-Քերոփը՝ Վրթանէսին խառնակիչ տղան, կը տանի պոռպռան Վարդուհին եւ անոր փտած հոգի էրիկը. կը տանի թուղթ խաղացող Միսաքը, աղջկայ միջնորդ Ջիւանը, Պհատուրը, աղտոտ արիւնով Հաննայենց ամբողջ ընտանիքը՝ իրենց Յովսէփով ու Կարապետով, խնամիի տղայ Գասպար–Թորոսով միասին։ Ու այսպէս ուրիշներ, որոնք լեռը չկռուեցան, որոնք թուրքին երբեմն «այո՛» ըսին, գլուխ ծռեցին:
* * *
Չհասկցաւ Տեղաւորման Յանձնախումբը խօսք։ Չազդուեցաւ ոչ կծու եւ ոչ ալ քաղցր խօսքէ։ Մնաց միշտ յամառ, միշտ անդրդուելի. փակաւ՝ իրեն յանձնուած օրէնքին անիծեալ տրամադրութիւններուն: Նկատի առաւ ընտանիքի մը անդամներուն թիւը միայն: Երանի Գալուստին երկու տղաքը հետը արձանագրուած ըլլային. հիմա այս խնդիրը վերջացած կ՚ըլլար: Բայց երեք ընտանիք մէկ սենեակի մէջ կարելի՞ բան էր։ Ինք եթէ ընդունէր՝ տղաքը բնաւ պիտի չընդունէին։
Ու Գալուստին կատաղութիւնը օրէ օր սաստկացաւ: Եղաւ տարագրութեան կայանին հողը՝
— Ածուխի պէս սեւ, պիպեռի պէս կծու:
Եղան օրերը՝
— Օձ ու կարիճ, կմախքի պէս տգեղ։
Եզրակացուց՝
— Կեանքը ոջիլ մըն է հայուն ծոծրակին փակած։
Իսկ բարձր տուն ունենալու բաղձանքը ատկէ ետք ծծեց սիրտը ահաւոր տզրուկի մը ախորժակով։ Մաշեցուց զինք։ Տարապայմանօրէն զայրացուց։ Չգիտցաւ ինչ ընելը։ Արդեօք հանէր շալուարը խենթ խենթ պտտէ՞ր, վարտի՞քը հանէր. արդեօք դանա՞կ մը խոթէր մէկուն փորը. պոռազանի մը մէջէն իր լացն ու բարկութի՞ւնը պոռար այն ճաղատ բլուրին վրայ կեցած՝ իր բոլոր խոշորութեամբ, իր բոլոր ուժով, իր եօթանասուն տարիներու բովանդակ ծերութեամբ։ Ի՛նչ ընէր։ Չգիտցաւ։
Վրանին առջեւ կեցած, օր մըն ալ, երբ ձմեռուան արեւը նոր պիտի ծագէր՝ ըսաւ.
— Մեծ մեռելնե՜ր, լեռներո՜ւ չափ մեռելներ, ելէք տեսէք որչա՜փ պզտիկ մարդ կայ հոս, որչափ խոշո՛ր անարդարութիւն եւ աղտո՛տ արեւ կայ սա մուհաճիրութեան մէջ։ Որչա՜փ անխելք գլուխ կայ հոս։ Է՜յ մեռելներ, հոս փորերը կամաց կամաց պիտի ուռին եւ խելք ըսուածը պիտի լմննայ. ողջերը քսակի մասին կը մտածեն եւ ո՛չ քաջութեան, եւ ո՛չ արդարութեան, եւ ոչ խիղճ ունենալու մասին. ասոնց բերանը վարժուեր է սուտի, ծաղրի, հայհոյանքներու. ասոնց բերանը ա՛լ աղօթք չունի, ա՛լ երգ չունի, ա՛լ հայու պատմութիւն չունի։ Է՜յ մեռելներ, ուժե՜ղ–ուժե՜ղ մեռելներ, դուք աւելի՛ ողջ էք քան այս ապրողները՝ որոնք դրամի հոտ կը սիրեն, որոնք աշխարհի վրայ միայն իրենց պարկ մը փաթաթէսը, պարկ մը ֆասnւլիան եւ տաշտ մը խմորը գիտեն։ Ինչո՛ւ ձեզի պէս այսքան տարի գէշ դրացին եղայ դրամին, բարեւ չտուողը վերի բաներուն։ Ջորեպան էի ու մարդուն մէջ խե՛լքը սիրեցի, քա՜ղցր մեռելներ. սիրեցի արդար բանը, խղճով գործը, հայուն ոսկորին վրայ բուսած վեր ու ազա՜տ ապրելուն ծաղիկը։ Է՜յ իմ անոյշ մեռելներ, նայեցէ՛ք, լսեցէ՛ք, դուք ողջ էք, իրարու ըսէք, Աստծոյ ըսէք, Զաւարեանին ըսէք եւ այն աղուո՜ր Հրայրին ըսէք՝ թէ Գալուստ արդա՛ր հայ է, կռուա՛ծ հայ է, բարձրացա՛ծ հայ է. ըսէք՝ թէ Գալուստ աւելի՛ սիրած է աղքատ Աշուղ–Մարգարը հարուստ Ձէթ-Առաքելէն. եւ ըսէք այդպէ՛ս բաներ, ըսէք իմ կեանքիս բաները, սրտիս մէջ եղած բաները. ես ի՛նչ կ՚ըսեմ, Յանձնախումբը ի՛նչ կ՚ընէ: Ալ հայուն մէջ կարծես Զաւարեան չկայ, կէս Անդրանիկ մը չկայ, կաթիլ մը Սերոբ փաշա եւ հերոս քաջ Քեռի չկայ։ Չկա՛յ, հրեշտակ մեռելներ, չկա՛յ։
Ալ շաբաթ մը պոռպռաց, աղմուկ հանեց։ Առատ ձայնով լեցուց հրապարակները, ջաղացքին ճամբան, բացուող ջրանցքին շրջապատը, հոն ուր մարդ կար, հոն ուր գաղթական հայու ստուեր մը կը շարժէր։ Պտտեցաւ եւս առաւել առատութեամբ այս ու այն հանգամանաւոր անձնաւորութեան շուրջ՝ միշտ բացառիկ կարգադրութիւն մը պահանջելով, միշտ զայն չստանալով, ու միշտ բոլորը անարգելով: Անկարելի էր. չէին հասկնար զինք, չէին ըմբռներ, կը ծաղրէին նոյնիսկ, կը հեգնէին ամեն կողմէ։ Շատեր ձանձրացած՝ կը խուսափէին ներկայութենէն: Ըսին իրարու հին ծանօթներէն ոմանք.
— Մե՛ղք Գալուստին, գացեր է. ըսածն ու ըրածը չի գիտեր. ոչ համ մնացեր է վրան եւ ոչ ալ խելք. մե՛ղք Գալուստին:
Իսկ աւելի նորեր.
— Աշխարհ ձանձրացնող ծերուկին դասը տալու է. հանես Սանինին ծայրը տնկես զինք, սառի լմննայ, ի՛նչ փորձանք ջորեպան է եղեր, ջորիէ մը աւելի յամառ. աշխարհը մէկ կողմ, ինք մէկ կողմ. ըսածը կ՚ըսէ. լմնցնելու է գործը.— բարձր տե՞ղ. ահա քեզի Սանինին ծայրը։ Մեր գաղթականութեան ամենէն մեծ փորձանքը այս տեսակ խռֆածներն են:
Մանուկները սակայն.
— Աս պապուկը, մե՜նծ տուն ուզող խոշոր պապուկն է. հա՛րկաւ կ՚ուզէ. այսքան խոշոր պապուկ մը պզտլիկ տունի մէջ կը դրուի՞. ո՛ւր պիտի պառկի, ի՛նչպէս ոտքի կենայ. դեռ Գարուն նէնէն ալ կայ. խոշոր պապուկը ո՛ւր պիտի պառկեցնէ Գարուն նէնէն։
Անոնցմէ մէկը՝ միւսներուն.
— Հարկաւ կ՚ուզէ. ես ալ այդչափ մեծնամ՝ ես ալ կ՚ուզեմ . մե՜նծ մե՜նծ տուն կ՚ուզեմ. երկու մենծ տուն կ՚ուզեմ, եւ Գարուն նէնէ մըն ալ կ՚ուզեմ. Կարպիս, դուն չե՞ս ուզեր:
Կարպիս.
— Ես շատ տուն կ՚ուզեմ, պարտէզ կ՚ուզեմ, բայց Գարուն նէնէ չե՛մ ուզեր, ամօթ է, հայրիկները եւ պապուկները Գարուն նէնէ կ՚ուզեն, Վաչի՛կ։
— Ես, Աշոտը եւ Մանուէլը օր մը հայրիկ պիտի ըլլանք, պապուկ պիտի ըլլանք, մենծ տուն պիտի առնենք, մենծ մենծ նէնէ պիտի առնենք. մենծ՝ աղուո՛ր նէնէ։
Մանուէլը.
— Ծօ Վաչի՛կ, կնիկ պիտի առնենք, ոչ թէ նէնէ։ Դո՛ւն ըսէ, Աշոտ, այդպէս չէ՞:
— Այո, բայց դպրոց կ՚երթան, գիրք կը կարդան, դրամ կը շահին, յետոյ կնիկ կ՚առնեն. հայրիկս իմ Բագրատ եղբօրս այդպէս կ՚ըսէ միշտ:
Միւսները.
— Խօսքը խառնեցիք։ Մենծ տուն ուզող պապուկին տուն պիտի տա՞ն:
Վաչիկ.
— Հարկաւ պիտի տան: Խոշոր պապուկ է . ինչո՞ւ չտան. պզտի՞կ պապուկներուն պիտի տան. իմ պապուկս ալ խոշոր է, անո՛ր ալ պիտի տան. Գիրգորին պապուկը պզտլիկ է, հայրիկն ալ պզտիկ է, անոնց պզտլիկ պիտի տան:
— Հը՜, Գիրգոր. իմ պապաս … խո՛ւմբ է։
— Տուն տուո՞ղ խումբ է. թո՛ղ ըլլայ. եթէ աս պապուկը ուզէ՝ դե՛ռ խոշոր խումբ կ՚ըլլայ, քանի որ խոշոր է. պզտի՞կ մարդը խոշոր խումբ կ՚ըլլայ թէ մենծը. եթէ ուզէ իմ պապաս ալ խոշոր խումբ կ՚ըլլայ:
— Թող ըլլայ, իմ պապաս … խո՛ւմբ է։
Կը վիճէին այսպէս, կը բորբոքէին, կը հանդարտէին քիչ ետք, երբ նիւթէ նիւթ ցատկելով Գալուստ մոռցուէր բոլորովին։
Գալուստը ծաղրողներուն մէջ, Կատակ–Ալիշան ծաղրը հասցուց օր մըն ալ գագաթնակէտին, երբ ըսաւ իրեն համար՝ Երկինք–Գալուստ, մինչ սովորական մարդիկ կը գոհանային միայն Բարձր Գալուստ ըսելով: Բայց Գալուստին եօթանասուն տարեկան ըլլա՜լը. ապա թէ ոչ՝ թող երթային այդ թթու Ալիշանին կտորները գտնէին: Ու սրտին խորէն.
— Ա՜խ, ի՛նչ ըսեմ, այս ժողովուրդը թագաւոր չունի, հա՜րկաւ այսպէս կ՚ըլլայ:
* * *
Գարուն պաճին բարձրահասակ, աղուոր աղջիկ մըն էր, Գալուստին երիտասարդութեան: Եղաւ յետոյ Գալուստին կինը: Բարի, պայծառ պառաւ մըն էր իրենց արտագաղթին ատեն: Գիտէր միայն աղօթել, ամուսինին, տղոց եւ ինքն իր կարը ընել, մանաւանդ փիլաւ եփել։ Ուրիշ կերակուրներ թէեւ երբեմն կը պատրաստէր, բայց անոնցմէ շատ համ չէր առներ. իր խոհանոցին առանցքը պլղուրէ փիլաւն էր, ինչպէս այդ գիւղերու բոլոր կիներունը։ Շաբաթ իրիկունները միս խորովել, կիրակի՝ մածունի եւ բրինձի ապուրին մէջ հաւկթաձեւ քիւֆթէ նետել, գարնան երբեմն ձուկ տապկել եւ հարսնիքի ատեն՝ ուժ տալ հէրիսային եւ կուլուկասի ոսկորոտ ապուրին։ Քանի մը անգամ փաթաթէս, քանի մը անգամ լուբիա, բրինձ՝ եւ արդէն տարեկան ճաշացուցակը կը լմննար:
Կ՚ըսէր կնոջ համար Գալուստ, կէս լուրջ, կէս կատակով.
— Մեր կինը փիլաւին թագաւոր տեսակը կ՚եփէ. ամեն անգամ՝ պլղուրին վրայ տապակ մը ձէթ. զոքանչս կ՚ըսէր՝ ձէթը շատ ըլլալու է պլղուրին վրայ. կ՚ըսէր՝
— Պիտի լեցնես ձէթ՝ մինչեւ որ կարենաս համրել օսմանցիին բոլոր վիլայէթները։
Ուրախ էին։ Մնացեր էին ուրախ։
Իսկ հիմա։
Կը տեսնէր հալեւորին վիճակը ու Գարուն պաճիին սիրտը կը մատնուէր դողի:
— Աս մեր Գալուստին ճար մը խորհելու է, — կ’ըսէր հանդիպող կնկան, — խելքը պիտի թռցնէ:
— Լաւ տուն կ՚ուզէ, ո՛վ լաւ տուն չուզէր, — կը պատասխանէին իրեն շատեր:
Գարուն պաճին, սակայն, վրդովուած.
— Ի՛նչ կ՚ըլլայ, քոյրս, «վերը նստինք» կ՚ըսէ, թող ազգն ալ նստեցնէ մեզ. Յիսուս Քրիստոս, մե՞ղք է ատիկա, մե՞ծ բան, չըլլալի՞ք բան է. Գալուստ հաց ու փիլա՞ւ կ՚ուզէ իրենցմէ, հագո՞ւստ կ՚ուզէ:
Ու շարունակելով.
— Մեղք է, քոյրս, մեղք. գոյն չմնաց վրան. կը հալի, քուն ըսուածը չի գիտեր, որո՞ւն գէշութիւն ըրեր է. տէրտէրին, ժամին, ժամկոչին քի՞չ դրամ տուաւ. ինքը խեղճ ջորեպան մը, ո՛ր ջորեպանը տուաւ իրեն չափ. աղաները չտուին. այն միւս գիւղին աղան ինչ էր անունը, չծախսեց ուրիշին համար այդքան արծաթ. հա՜, Մաթո՛ս աղան, ծախսե՞ց: Ամեն տեղ մեր խենթը, ամեն բանի մէջ մեր խենթին դրամը. ծախսէ՛, ծախսէ՛, վերջն ալ այդպէ՞ս կ՚ընեն. մե՞ծ բան մըն է. ջորեպան եղած մարդէ մը ինչ կ՚ուզեն, կը հակառակին հա՛ կը հակառակին. ինչո՛ւ, քո՛յրս, ալ Յիսուս Քրիստոս չկա՞յ. այսպէս բաներով Աստուած կը պաղի մեզմէ, եթէ լաւ ըլլայինք ինչո՞ւ այս մուհաճիրութիւնը պիտի գար մեր վրայ: Ի՛նչ կ՚ըսէ որ մեր ծերը. կ՚ըսէ՝ «վերը նստինք». թող նստեցնեն մեզ, վերը նստելով թագաւո՞ր պիտի ըլլանք. թող չվախնան, մեր Գալուստին օդ պէտք է միայն, օ՛դ, մե՛ղք է:
Օր մըն ալ Կաղամբ Մանուկին տունը մնացած աղջիկը, Սուրբիկը, ուրիշ թաղի մը վրաններուն առջեւ ըսած էր Գարուն պաճիին.
— Ձեր այդ ծերուկն ալ իրա՛ւ որ չափը կ՚անցնէ, Գարուն մօրքուր. ինք ո՛վ է եղեր որ աչքը տնկեր է անպայման լաւ տունի. աշխարհքին բերանը ինկեր էք, ինչո՞ւ, ինք այդքան լա՞ւ մարդ է եղեր. մէկ տղուն տուն, միւսին տուն, իրեն ալ՝ լա՛ւ տուն. հասկնա՛նք, Գարուն մօրքուր, Համիտին գլո՞ւխը կտրեր բերեր է. եթէ ուզելով է, բոլորս ալ ուզենք, ես ալ ուզեմ. տուն ալ կ՚ուզեմ, ուրիշ բան ալ, հասկցա՞ր … Ուրիշ բան ալ: Ամեն տեղ «Գալուստ», ամեն տեղ «տուն», հոգինիս ելաւ. հիմա կէնճ Գալուստներու ժամանակ է, ա՛լ ջորեպան չկայ. հիմա Յանձնախումբ կայ, չաւուշ կայ, պահակ կայ. փառք Աստծոյ, ամեն ինչ փոխուեցաւ։
Ըսած էին շուրջի կիները — լռէ՛: Սուրբիկ բառ բառի վրայ շարած հեռացած էր սակայն, հինէն ի վեր Գարուն պաճիին կամ ուրիշի մը վրայ քէնոտածի պէս:
— Գարո՛ւն մօրքուր, դուն շատ լաւ ես, չնեղուիս, ձեր ծերը գէշ է. թող առաջ ասոր անոր դրամները տայ, վե՛րջը խօսի. խօսելո՞վ կ՚ըլլայ ամեն ինչ. խեղճ հայրս իր երեսէն մեռաւ. չունիմ չունիմ ըսելով՝ հայրս մեռցուց. անցաւ տասը տարի, բան մը տուա՞ւ, ղրուշ մը ցուցո՞ւց մեզի, դեռ լեզո՞ւ ունի, դեռ ելեր բարձր տո՞ւն կ՚ուզէ, փոսը խորունկ՝ ինք մէջը, չնեղուիս, Գարուն մօրքո՛ւր, դուն լա՛ւ ես:
— Ի՞մ մարդս:
Ու գոյնը նետած, լռած էր Գարուն պաճին։ Մտած էր մէջը թոնիր մը կրակ եւ մտքին խորէն, եւ սրտին խորէն, եւ խրխլած ոսկորներուն խորէն՝
— Երկի՜նք, երկի՜նք, դուն ինչու այդպէս կ՚ըլլաս. բա՛ց ճշմարտութիւնը՝ որ Սուրբիկ ամչնա՛յ։
Չխօսեցաւ այլեւս տունի մասին, ոչ ոքի: Լռիկ՝ պառաւը հանդուրժեց հալեւորի տառապանքին։ Տղաքը եւ աղջիկն ալ չէին գար իրենց, չէին հարցներ իրենց վիճակը. հարազատ արիւնն իսկ լքեր էր զիրենք իրենց բախտին: Հայրիկը իրաւունք չունի՝ ըսած էին։ Ուզած էին նախ համոզել, պնդած էին շատ, փորձած իրենց կարելին, ձախողած էին եւ ա՛լ կը խուսափէին անոր վրանը հանդիպելէ։ Երկու հարսերն ու աղջիկն ալ, կարծես խօսք մէկ ըրած, ըսած էին ամուսիններուն.
— Հայրիկը ձեզի ալ պիտի խայտառակէ. բոլոր ծերերուն պէս ինքն ալ թող սուս ըլլայ:
Միայն թոռնիկներն էին, որոնք օրը քանի մը անգամ կու գային պապուկենց քով ֆրանք ուզելու, պանիր եւ մածուն ուտելու համար։ Կը փաթթուէին պապուկին, նէնէին, կը նստէին պահ մը անոնց գիրկը, եւ մէկ ալ՝ թռե՜ր գացեր են իրենց խաղին: Երբ թոռնիկ մը չըլլար վրանին մէջ, Գալուստ կը փութար դուրս ելլել։ Կը մնար Գարուն պաճին, շրջապատուած տխրութեամբ եւ դժուարութիւններով։
Եղած էր այլեւս պառաւին համար ջուրը լեղի, օդը լեղի, արե՜ւը լեղի։ Ու կ՚անցնէր մտքէն յաճախ.
— Դուն չըրի՞ր, Տէ՛ր Աստուած, դուն չըրի՞ր այս բոլորը, այս խե՜նթ մուհաճիրութիւնը։ Եթէ դո՛ւն պիտի չօգնէիր մեզի, գոնէ ճերմակ ճերմակ աստուածիկներ ղրկէիր. օգնէի՛ն մեզի, բարձրացնէի՛ն մեզի. սուր ականջով մաքուր մաքուր աստուածիկներ՝ մեր սրտէն անցածը լսող, մեր պէտքերը շուտ գիտցող, շուտ հասկցող, շուտ ընող։ Դուն չեկար ու չղրկեցիր քու ազգականներէդ ոչ մէկը: Սատանաներուն խոշորնե՛րը հոս են հիմա, անոնց թագաւորները, եւ կը պտտին բոլորը կարմիր հողերու վրայ. մեր թոյլ չատըրներուն չորս կողմը բռներ են։ Անոնք ի՛նչ խօսքեր սորվեցուցեր են Կաղամբ–Մանուկին աղջկան. չլսեցի՞ր. Գալո՞ւստը Կաղամբ-Մանուկին տալիք է թէ Կաղամբ–Մանուկը Գալուստին: Թող երթար Սուրբիկ այդ տղուն հետ փախէր, առնէր բոլոր գիւղացիներուն անէծքը։ Տէր Աստուած, մեր խենթ մարդը մարդ կ՚ըլլա՞յ. ելաւ այդ գործին խառնուեցաւ, «Կաղամբ–Մանուկին ոսկորներուն մեղք է» ըսաւ. չձգեց որ աղջիկը փախի, առաւ քանի մը մարդ, տղան մեռցնելու չափ ծեծեցին, ա՛լ մեր գիւղը չերեւցաւ: Մեր Գալուստին ինչո՛ւն պէտք էր աղջկայ տղու գործի խառնուիլը, բնաւ հանդարտ չի նստիր որ, ծերացաւ գնաց, դեռ գործեր կը հանէ. «իրաւ» կ՚ըսէ, «անիրաւ» կ’ըսէ, «խիղճ» կ՚ըսէ. Տէր Աստուած, Գալուստ բարի սիրտ ունի, բայց իր ըրած բանը միշտ ուրիշին չըրածը կ՚ըլլայ, տեսա՛կ մը կ՚ըլլայ, ինչու այն ատեն խառնուեցաւ սա Սուրբիկի գործին. ալ այդ աղջիկը ուզող չեղաւ, ալ միշտ լեզուին տակ բան մը ունեցաւ կարծես մեզի դէմ. հիմա ալ՝ յայտնի ըրաւ ամեն ինչ։ Բայց թող Կաղամբ-Մանուկին ոսկորները խօսին, թող դագաղին տախտակը խօսի. նայինք ո՛ւր է ճշմարտութիւնը։
Կը հեւար, ախ մը կը քաշէր Գարուն պաճին ու կը վերսկսէր, կարծելով թէ կրնայ աւարտել իր զրոյցը Աստծոյ հետ.
— Տէր Աստուած, ուշ կ՚ըլլայ, բայց հոգ չէ, դուն մեծ ես. ճար ըրէ. պզտիկ աստուած մը ղրկէ, ձեռքին տալով գոնէ պզտիկ կշիռք մը. ան թող կշռէ Գարուն պաճին, Գալուստը, Կաղամբ-Մանուկին Սուրբիկը. թող մեզ երեքս կշռէ. իսկ հայուն մուհաճիրութինը դո՛ւն կը կշռես. պզտիկ աստուածներու եւ պզտիկ կշիռքի գործ չէ հայուն մուհաճիրութիւնը. դուն մեծ ես. կը կշռես տաճիկն ու հայ քրիստոնեան. ի՛նչ քաշեցինք, ի՛նչ եղանք, որչափ ցաւեր կրեցինք՝ կը կշռես քու խոշոր կշիռքով…:
Գարուն պաճին գիշեր մըն ալ զզաց՝ որ Աստծոյ հետ իր զրոյցը չի կրնար աւարտել վրանի մը տակ, մուհաճիրութեան մը մէջ։
— Մահէս վերջ միշտ քեզի՛ հետ պիտի խօսիմ. չխօսիմ հիմա։
(Շարունակելի)
(«Տոմար տարագրի», Պէյրութ, 1963։ Էջ 16-31)
